Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Այսօր Թալիշի եւ Մարտակերտի սահմաններուն գտնուող տղաքը չեն միայն, որ խրամատի մէջ հայրենիք կը պաշտպանեն:
Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի զգացինք, որ մեծապետական շահերը ամէն բանէ վեր են: Եթէ սխալմամբ ազերիները Ստեփանակերտ հասնէին, ամբողջ աշխարհը սրտցաւ յայտարարութեամբ մը միայն պիտի զօրակցէր մեզի:
Աղքատացած են մեր ուղեղները: Տնտեսական տագնապը մեծ է:
Մտաւորականութիւնը հրապարակէն բացակայ է: Քաղաքական հաւասարակշռող եւ հաւաքող լուրջ ուժ չկայ:
Ժողովուրդը կը նախընտրէ երթալ խրամատի մէջ զոհուիլ, քան թէ յուսահատ օրեր անցընէ…
Սփիւռքն ալ այս քառօրեայ պատերազմին պէտք եղած աշխուժութիւնը չցուցաբերեց:
Մեր բանակը, մեր տղաքը իրենց արեամբ պաշտպանեցին իւրաքանչիւր գիւղ, տուն, հող եւ եկեղեցի:
Փաստօրէն բոլորս ալ խրամատի մէջ ենք: Բացթողումները շատ են, պաշտպանութեան, արտաքին, սփիւռքի եւ այլ նախարարութիւններու տկար օղակները բացայայտուեցան:
Սակայն առիթն է ինքնասրբագրումի: Առիթն է միաւորուելու: Առիթն է մեր ուժերը մէկտեղելու:
Այսպէս կոչուած մեր գաղութները Արցախի գոյամարտի լինելութեան համար քանի մը հարիւրով հակաազերիական ցոյցեր կազմակերպեցին: Ուրիշ գաղութներ այդ ալ չըրին:
Այս բոլորին դիմաց լինել չլինելու հարցը աւելի հրամայական է, քան` այլ օրակարգեր:
Անկախ ըլլալու, ուրիշին վրայ յոյս չդնելու, քու սեփական բազուկներուդ վստահելու գաղափարը պէտք է արմատ նետէ մեր բոլորին հոգիներուն մէջ:
Դժուար է շրջափակուած, տնտեսապէս ուրիշէ կախեալ եղող, փտածութեան տիրական ներկայութեան եւ վստահելիներով աշխատելու սկզբունքով գործող իշխանութիւններուն այս ձեւով շարունակելը:
Սակայն հոս ալ կայ հիմնական լուծում` երկրին կարողականութիւնը համախմբելու: Վստահելիներով աշխատելու ոճը մեզ հոս հասցուց, ժամանակն է, որ մեր կարողականութիւնը արժեւորենք եւ մենք մեզի վստահինք:
Վաղը ուշ կ՛ըլլայ:
Բոլորս ալ խրամատի մէջ պէտք է զգանք մենք մեզի, որպէսզի զգաստանանք: