Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գաղութէ-Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի
Անկախութեան 98-Ամեակի Նշում

DAMASGOS_52616

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Դամասկոսի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 26 մայիսի երեկոյեան Դամասկոսի «Ամինեան» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 98-ամեակը:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:

Բացման խօսքով Յաւերժ Սագայեան անդրադարձաւ մայիսեան պատգամներուն:

Գեղարուեստակսն յայտագիրը սկսաւ Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»-ով, կատարողութեամբ դաշնակահար Աբրահամ Չունտուրեանի, ապա Ասպետ Քելխաչերեան մեներգեց Ալ. Հեքիմեանի «Բարի արագիլ»-ը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շիրազ Այարեանի, այնուհետեւ Նորա Խաճարեան-Պալեան ասմունքեց Ալիսիա Կիրակոսեանի «Նամակ առ Հայաստան» քերթուածը:

Ասպետ Քելխաչերեանի հմայիչ ձայնով հնչեց Ռ. Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր» երգը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շիրազ Այարեանի, որմէ ետք հանդիսատեսը վայելեց Արազ Պուրունսուզեանի, Քարոլ Արիսեանի, Քարին Արիսեանի, Ռիթա Քալեմքերեանի, Ռիթա Մահսէրէճեանի, Մարի Քարակէօզեանի հեզաճկուն Նազպարը, պարուսոյց` Յաւերժ Սանոսեան:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք Հայաստանի դեսպան դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց անկախութեան խորհուրդը:

Օրուան բանախօսն էր Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար, արցախեան ազատամարտի յառաջամարտիկ Դաւիթ Իշխանեան:

Բանախօսը նախ անդրադարձաւ մայիս 28-ի խորհուրդին եւ անկախութեան արժէքին, այնուհետեւ շեշտեց սուրիահայ համայնքի կարեւորութիւնը, պատերազմի դժուարութիւններու յաղթահարման անոր կամքը եւ արցախահայութեան զօրակցութիւնը յայտնեց սուրիահայ համայնքին:

Հուսկ Իշխանեան անդրադարձաւ Արցախի հիմնախնդիրին, արցախեան ազատամարտին, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման, պետականաշինութեան եւ բանակի կազմաւորման հանգրուաններուն, արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի դրսեւորումներուն եւ, վերջապէս, Ազրպէյճանի սանձազերծած կայծակնային պատերազմին, Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան, Արցախի դիմադրութեան ու Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութեան կարեւորութեան:

Ազգային-յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ Մարտիկ Քաթգըլեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հովուական
Այցը Ծովափնեայ Շրջան

Սուրիոյ վերջին հինգ տարուան իրադարձութիւններուն բերումով եւ նկատի առնելով, որ Սուրիոյ ծովափնեայ շրջանը համեմատաբար աւելի ապահով է, սուրիահայեր հաստատուեցան Թարթուս, Պանիաս, Լաթաքիա եւ այլ շրջաններ:

Գործերը աւելի հեզասահ եւ կազմակերպ յառաջ տանելու միտումով Ազգային իշխանութիւնը   Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Թարթուսի եւ շրջակայքի մէջ յառաջացուցին Թաղական խորհուրդ եւ Շտապ օգնութեան մարմին, որոնք կազմակերպեցին վերոյիշեալ շրջանները տեղափոխուած սուրիահայերու օժանդակութեան աշխատանքները:

Արդարեւ, առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Ազգային իշխանութիւնը յաճախակի այցելութիւններով փորձեցին խրախուսել եւ օժանդակել անխտիր բոլորին:

19-22 մայիս 2016-ին Շահան արք. Սարգիսեան,  ընկերակցութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր անդամ Ժիրայր Րէիսեանի, այցելեց Սուրիոյ ծովափնեայ շրջանի զաւակներուն: Անոնց առաջին հանգրուանն էր Թարթուսի, Մաշթա Հլուի եւ Պանիասի շրջանները, ուր հայորդիներ համախմբուած էին Թարթուսի Ս. Դանիէլ եկեղեցւոյ մէջ:

Shahan-Arch-Sarkissian_52016

Ուրբաթ, 20 մայիս 2016-ի կէսօրին առաջնորդ սրբազանն ու անոր ընկերակցող խումբը հասաւ Լաթաքիա եւ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւին եւ ազգայիններուն կողմէ: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին կանոնական աղօթքէն ետք, երեկոյեան ժամը 5:00-ին անոնք ներկայ գտնուեցան Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսին:

Շաբաթ, 21 մայիս 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ առաջնորդ սրբազանը յաջորդաբար ընդունեց տեղւոյն պատասխանատու մարմինը, թաղական խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ Շտապ օգնութեան մարմինի նախկին եւ նորանշանակուած անդամները, որոնք համալրուած էին Սուրիոյ զանազան շրջաններէ տեղափոխուած նոր անդամներով:

Առաջնորդ սրբազան հօր այցելեցին նաեւ Լաթաքիոյ մէջ գործող միութիւններու վարչութիւնները, ՍՕ Խաչի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը, ՀԲԸՄ-ի Լաթաքիոյ պատասխանատու մարմինը, ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը, Ազգ. Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու ուսուցչական կազմը, շրջանին մէջ գործող Քեսապի Ազգ. միացեալ վարժարանի հոգաբարձութիւնը, Եագուպիէի, Արամոյի եւ Ղնեմիէի եկեղեցիներու թաղականութիւնները, Լաթաքիոյ մէջ գործող կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմը:

Հանդիպումներու ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատեց բոլորին կատարած ազգօգուտ գործունէութիւնը եւ ըսաւ. «Ներկայիս ծովափը կը նկատուի, Հալէպէն ետք, հայութեան կարեւորագոյն շրջանը, ունի իր ուրոյն տեղը սուրիահայութեան համար, կը թելադրենք, որ այս շրջանի մէջ ծաւալէք եւ կրկնապատկէք ձեր գործունէութիւնը: Ինչպէս գիտէք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2016-ը հռչակեց «Ծառայութեան տարի», բնականաբար վեհափառ հայրապետը նկատի ունէր ձեր բոլորին ծառայութիւնը Սուրիոյ այս տագնապի ընթացքին»:

Ապա առաջնորդ սրբազան հայրը անդրադարձաւ սուրիական խորհրդարանի վերջին ընտրութիւններու ընթացքին հայկական միացեալ գործունէութեան, որ Սուրիոյ բովանդակ հայութիւնը ցուցաբերեց Ժիրայր Րէիսեանի ընտրութեան ժամանակ: Սուրիական հանրապետութեան խորհրդարանի նորընտիր անդամ Ժիրայր Րէիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին եւ  ծովափնեայ շրջանի բոլոր միութիւններուն, անհատներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով եւ միասնակամութեամբ աշխատանք տարին` դէպի քուէատուփ առաջնորդելով այս շրջանի հայորդիները, ի նպաստ հայութեան միասնական թեկնածուին: Ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց բոլորին եւ յատկապէս սուրիահայութեան ձայնը եւ պահանջները հասցնելու խորհրդարան:

Նախօրօք առնուած ժամադրութեան համաձայն, առաջնորդ սրբազան հայրը այցելեց Լաթաքիոյ նահանգապետ Իպրահիմ Խըտր Սալեմի, որմէ ետք այցելեց Լաթաքիոյ նահանգի ոստիկանապետ զօր. Եասեր Շարիթիին: Սրբազան հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի պատասխանատուներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով կը հսկեն եւ հոգատարութեամբ կը դիմաւորեն շրջան տեղափոխուած գաղթականները, ինչպէս նաեւ յատուկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն հայ համայնքին: Ապա ներկայացուց սուրիական խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Րէիսեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխանական ընտրութեան առիթով ի նպաստ Հալէպի միասնական ցանկի ընծայուած դիւրութիւններուն համար:

Կիրակի, 22 մայիս 2016-ին ան նախագահեց Ս. պատարագին, որ կայացաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, օրուան պատարագիչն էր Լաթաքիոյ առժամեայ հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան:

Յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, առաջնորդ սրբազան հայրը սրբալոյս միւռոնով, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն, օծումը կատարեց խորանի Աստուածամօր եւ Յիսուս Մանկան նկարին: Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին:

Յաւարտ Ս. պատարագի առաջնորդ սրբազան հայրը նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան` 1918 մայիս 28-ի Սարդարապատի հերոսներուն եւ Լաթաքիոյ թաղականութեան վաստակաշատ անդամ, Մեծի Տանն «Կիլիկիոյ ասպետ»-ի շքանշանակիր Պօղոս Ղազարեանի յիշատակին: Ապա ցաւակցութիւններ ընդունեց եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահին մէջ:

Առաջնորդ սրբազան հօր եւ հանգուցեալ Պօղոս Ղազարեանի ընտանիքին ցաւակցութեան եկած էին քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ, Լաթաքիոյ Պաաս կուսակցութեան պետ Մոհամետ Շրէյթեհ, քաղաքապետ Սըտտիք Խալետ Մաթրաժի եւ հոծ բազմութիւն մը` բաղկացած հայերէ եւ օտարներէ:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ ըսաւ. «Տիար Պօղոս Ղազարեանին ընծայուած այս յարգանքին ընդմէջէն ես անձնապէս եւ հայ համայնքը մեծարուած կը զգանք»:

 

Կիպրոս

Ֆեթհիէ Չեթին Կիպրոսի Մէջ

Cetin_52916

Նիկոսիոյ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ ակումբի սրահին մէջ` տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթինի հեղինակած «Իմ մեծ մայրս» գիրքին ներկայացումը` կազմակերպութեամբ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ Ռութ Քէշիշեանի «Մուֆլոն» գրատան:

Ձեռնարկի լեզուն թրքերէնն էր, եւ ձեռնարկի ընթացքին տեղի կ’ունենար, զուգահեռ թարգմանութիւն դէպի, պոլսահայ Տիգրան Ալթունին կողմէ, որ յատկապէս այս նպատակով հրաւիրուած էր Կիպրոս: 100-է աւելի հաշուող ներկաները ծայրէ ծայր լեցուցած էին սրահը, ուր Ֆեթհիէ Չեթին մէկուկէս ժամէ աւելի տեւող մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ իր կեանքին եւ ընտանիքն մասին` մատնանշելով, թէ որո՛նք էին «Իմ մեծ մայրս» գիրքը գրելուն տուն տուող պատճառները:

Ան բացատրեց, որ այս գիրքի հրատարակութենէն ետք շատ բաներ փոխուած են Թուրքիոյ մէջ, եւ թէ` այս հարցին մէջ ետ-դարձ չկայ: Ան աւելցուց նաեւ, որ Թուրքիոյ տարածքին կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին, ինք կը ստանայ ջերմ ընդունելութիւն, եւ շատեր կը խոստովանին, թէ իրենց մեծ մայրերն ալ հայ եղած են: Իր խօսքի աւարտին ան խոստացաւ պայքարիլ, մինչեւ որ Թուրքիա պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Յաջորդեց հարցումներու շարան մը, որուն աւարտին ներկաները շարունակեցին Ֆեթհիէ Չեթինին հետ իրենց առանձնազրոյցը, մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ:

Ներկաները առիթը ունեցան նաեւ ապահովելու Չեթինի գիրքէն օրինակներ` մակագրուած հեղինակին կողմէ:

 

Յունաստան

Արցախի Զօրակցութեան Եւ
Օժանդակութեան Դրամահաւաք

artsakh_52216

22 մայիսին տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան նպատակով կազմակերպուած դրամահաւաքի ֆոնեթոնը:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00 աւելի քան 80 կամաւորներ իրենց առաւելագոյն ճիգը թափեցին, որպէսզի հեռաձայնային կապ հաստատեն հայ հայրենակիցներու հետ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ շրջանի հայ համայնքներուն մէջ` Ազրպէյճանի թշնամական հարուածները դիմագրաւող Արցախի հայոց բանակին եւ քաջարի ժողովուրդին նիւթապէս օգնութեան հասնելու դիմումով եւ հրաւիրելով Արցախի դրամահաւաքին մասնակցելու: Ֆոնեթոնի աւարտին, հանգանակուած գումարը հասաւ աւելի քան 60 հազար եւրոյի, որ պիտի փոխանցուի ուղղակիօրէն Արցախի կառավարութեան` տրամադրուելու համար ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի կարիքներուն:

Ֆոնեթոնի ընթացքին, կամաւորներուն եւ հանգանակիչ մարմինին այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով` ընկերակցութեամբ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի, որոնք բարձր գնահատեցին Արցախի ի նպաստ կատարուած աշխատանքը եւ շնորհաւորեցին կամաւորները:

Յայտնենք, որ Արցախին զօրակցութեան փութալու նախաձեռնութեամբ, մայիսի սկզբնաւորութեան, նուիրահաւաքի կոչով հանդէս եկաւ Արցախի օժանդակութեան ֆոնտը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Հայուհի Մը Նուաճեց
Էվերեսթի Գագաթը

everest_52016

20 մայիսին, ժամը 8:00-ին, Նեփալի ժամով, Իրինա Խարազովա ռուսական խումբի մը հետ  հասաւ Էվերեսթի գագաթը: Խումբը կը ղեկավարէր Ալեքսանտր Ապրամով, որ արդէն 7-րդ անգամն ըլլալով կը հասնէր գագաթ:

Իրինա Խարազովա 24 ապրիլին դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրած է լուսանկարներ, ուր ձեռքին ունէր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու դրօշները: Ան գրած է, թէ Էվերեսթի ճամբարին մէջ իսկ չի մոռնար 101 տարի առաջ կատարուած յանցագործութիւնը:

Այսպիսով, Իրինա Խարազովա կը հանդիսանայ առաջին հայ կինը, որ նուաճած է աշխարհի բարձրագոյն` Էվերեսթի գագաթը:

Բարերար Մայք Սարեան 250 Հազար Տոլար
Կը Նուիրէ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ
Վարժարանի 36-Ամեակի Առիթով

mike_51816

15 մայիսին նշուեցաւ Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանի հիմնադրութեան 36-ամեակը:

Վարժարանի տնօրէններու խորհուրդի անդամ Սօսի Աստուրեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ վարժարանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, որոնք կարելի եղած է յաղթահարել շնորհիւ նուիրեալներու:

Արդարեւ, «Փրայմ հելթքեր մենէյճմընթ» առողջապահական ընկերութեան նախագահ, բարերար եւ ազգային գործիչ Մայք Սարեան 250 հազար ամերիկեան տոլարի  նուիրատուութիւն մը ըրաւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին: Ան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ սփիւռքի մէջ որպէս հայ կարելի չէ գոյատեւել առանց երկու հիմնասիւներու` դպրոցի եւ եկեղեցւոյ,  աւելցնելով, որ մենք չենք կրնար արտօնել, որ ֆինանսական կամ որեւէ այլ հարցի պատճառով որեւէ հայկական դպրոց փակուի: Ան հաստատեց նաեւ հայ մանուկին եւ պատանիին համար ազգային վարժարան յաճախելու անհրաժեշտութիւնը:

Այնուհետեւ Սօսի Աստուրեան յայտարարեց, որ վարժարանի նախակրթարանը եւ մանկապարտէզը պիտի կոչուին Մայք Սարեանի դստեր` Քրիստին Սարեանի անունով: Աստուրեանը նաեւ յայտարարեց, որ այլ բարերարներու նուիրատուութիւններու շնորհիւ հաւաքուած է նաեւ 137 հազար տոլար:

Օրուան բանախօս, Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան նկատել տուաւ, որ դպրոցը լեցուն է հերոսներով, որոնք  աշակերտները, ուսուցիչները, հովանաւորներն ու համախոհերն են: Աշխատակիցները կրցած են պահպանել ու բարելաւել դպրոցը, ինչպէս նաեւ` մեր դարաւոր հաւատքն ու մշակոյթը փոխանցել մեր մանուկներուն:

Երախտագիտութեան խօսքով հանդէս եկան վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճեճիքեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Կերի Ճըրճըրեան, որոնք ընդգծեցին, որ կրթահամալիրի կայացման գործին մէջ անգնահատելի է անձնակազմին ու համախոհերու նուիրական աշխատանքը եւ պատուեցին վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհիներ Սեդա Թերզեանը, Այլին Պահարեանը եւ Արտա Իփէկեանը:

Երեկոյի ընթացքին ցուցադրուեցաւ վարժարանը ներկայացնող տեսերիզ մը եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Դոկտ. Շուշան Կարապետեան Կը Շահի
Հայագիտական Ուսմանց
Ընկերակցութեան Մրցանակը

shoushan_60916

Վերջերս դոկտ. Շուշան Կարապետեան շահեցաւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան «Բացառիկ աւարտաճառ»-ի մրցանակը, որ նուիրուած էր Լոս Անճելըսի մէջ հայերէնի պահպանման եւ կը կրէր` «Ինչպէ՞ս երեխաներուս սորվեցնեմ իմ կոտրտած հայերէնս» խորագիրը: Մրցանակին կ՛ընկերանայ 1000 տոլարի նիւթական վարձատրութիւն:

Դոկտ. Շուշան Կարապետեան շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, ուր այժմ հայերէն կը դասաւանդէ: Ան նաեւ մաս կը կազմէ հայախօսութիւնը խթանելու շարք մը նախաձեռնութիւններու:

Յայտնենք, որ պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ դոկտ. Սոնա Յարութիւնեանի աւարտաճառը, իսկ ուսանողական լաւագոյն ուսումնասիրութեան մրցանակը ստացաւ Վահէ Սահակեան:

1974-ին հիմնուած Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) ներկայիս հաստատուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ:

Հայագէտ Սերգէյ Աբրահամեանին
Նուիրուած Ժապաւէն

film_60916

Վերջերս «Հայրենիք» հայրենակցական խորհուրդի Լոս Անճելըսի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Հին լեզուի նոր պահապանը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած էին անուանի հայագէտ Սերգէյ Աբրահամեանի ջանքերը` խորհրդային համահարթեցման պայմաններուն մէջ հայոց լեզուի պահպանման ուղղուած: Աբրահամեան քանի մը համախոհներու հետ յաջողեցաւ խորհրդային տարիներուն ստեղծել արեւմտահայոց գրական լեզուի դասագիրք մը, որ սփիւռքի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն վայելեց:

ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» Հիմնադրամի
Տարեկան Ձեռնարկը

chavakhk_51516

15 մայիսին «Էլեքթրա Իթըրնիթի» զբօսանաւուն վրայ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին կազմակերպած տարեկան հանգանակային ձեռնարկը` ի նպաստ ջաւախահայութեան:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով օրուան հանդիսավար Քրիսթին Յովնանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Ջաւախքի մասին տեսերիզ մը, ուր ներկայացուեցան ջաւախահայութեան սպառնացող մարտահրաւէրները, դիմագրաւած դժուարութիւնները, առաջնահերթ պահանջներն ու ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին գործունէութիւնը:

Յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեան իր կարգին անդրադարձաւ ջաւախահայութեան դժուարութիւններուն եւ կարիքներուն թուելով դրդապատճառները, որոնք ջաւախահայութիւնը լուսանցքի եւ վտանգի մէջ ձգած են: Ան հաստատեց, որ դժուարին պայմանները բարւոքելու համար, ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը տարեկան մնայուն ծրագիրներ հաստատած է` երիտասարդական, կրթական, ընկերային օժանդակութեանց եւ հայկական մշակութային մարզերուն մէջ:

Օրուան գլխաւոր բանախօս Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ֆերահեան ազգային վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Ջաւախքի պատմական կարեւորութեան` վեր առնելով ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին տարած օգտակար գործունէութիւնը եւ ընդգծեց, թէ ամէն տարի յանձնախումբը հանգանակութիւններ կը կատարէ ի նպաստ Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն եւ երիտասարդութեան ուսումնական ծրագիրներուն:

Այնուհետեւ յանձնախումբին անունով գնահատագիրներ յանձնուեցան ՀՕՄ-ի «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուրի տնօրէնուհի Վեհիկ Գաբրիէլեանին եւ օրուան դասախօս Ժան Գոսագեանին` «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի աշխատանքներու յաջողութեան եւ ջաւախահայութեան կեանքի բարելաւման ուղղութեամբ իրենց թափած ճիգին համար:

Յանձնախումբը նաեւ գնահատեց ՀՕՄ-ի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէնուհի Ժասիկ Ջառահեանին աշխատանքը:

Ապա Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ռեպեքա Պէրպէրեան ելոյթ ունենալով ընդգծեց, թէ ՀՕՄ-ը օգտակար պիտի հանդիսանայ բոլո՛ր հայութեան, ո՛ւր ալ գտնուի ան:

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Գօգօ Հայիթեան:

ՀՕՄ-ի Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» Մասնաճիւղի
Արցախի Ի Նպաստ Դրամահաւաքին
Գոյացաւ 35 Հազար Տոլար

Նախաձեռնութեամբ Հայ օգնութեան միութեան Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնճիւղին, 21 մայիսին Ռիճֆիլտի հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախն է մեզ կանչում» կոչով նուիրահաւաք` ի նպաստ Արցախի:

Ձեռնարկը եւ նուիրահաւաքը վարեց «Շաքէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Անի Քէշիշեանը:

ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին խօսքը փոխանցեց Փոլին Տոսթումեանը, որ բարձր գնահատեց հայ զինուորի նուիրումը` շեշտելով,  որ մեր ժողովուրդին համախմբուածութիւնը, հայրենասիրութիւնը, կամաւորներու նուիրումը, սգակիր մայրերու քաջութիւնը կարելի չէ դրամով գնել, սակայն կարելի է նիւթական գումարներ գոյացնել` իրականացնելու համար կենսական ծրագիրներ Արցախի համար:

Ապա յաջորդաբար խօսք առին ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին անունով Յակոբ Մելքոնեան եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Յովնան քհնյ. Պօզոյեան:

Օրուան բանախօս ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նայիրի Տէրտէրեան մանրամասնօրէն  ներկայացուց Արցախի ապրիլեան ճգնաժամի ուղղութեամբ Հայ օգնութեան միութեան կողմէ ցարդ կատարուած աշխատանքները եւ նիւթական յատկացումները: Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հետ համադրուած ՀՕՄ-ի ընթացիկ ծրագիրներուն, որոնք կը ներառեն տեղահանուած ընտանիքներու հոգատարութիւն, զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու օժանդակութիւն, երեխաներու կրթական նպաստներ, վիրաւորներու օժանդակութիւն եւ աւերուած գիւղերու վերակառուցում:

Ձեռնարկը խանդավարեց Գառնիկ Սարգիսեան:

Աւարտին ներկաներուն նուիրատուութիւններով գոյացաւ 35 հազար ամերիկեան տոլար որ ՀՕՄ-ի կառոյցին միջոցով պիտի փոխանցուի Արցախ:

 

Վրաստան

Շուշիի Ազատագրման
Նուիրուած Ձեռնարկ

7 մայիսին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրման 24-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Ձեռնարկի բացումը կատարեց վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժնի տնօրէն, «Հայարտուն» կեդրոնի համակարգող Լեւոն Չիդիլեան` կարդալով Ուիլիըմ Սարոյեանի «Հայը եւ հայ»-ը յօդուածը:

Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Սամուէլ Ռամազեան իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ Շուշիի ազատագրման կարեւորութեան մասին: Ան անդրադարձաւ հայու բնորոշ ազատատենչ ու անսասան հոգիի յաղթանակին` աւելցնելով, որ Շուշիի ազատագրումը ազգի գոյատեւման ինքնագիտակցումն էր, պայքարի տարիներուն յաղթելու անսասան կամքը, հայրենիքը ազատագրելու գերնպատակը: Աւարտին ան կոչ ուղղեց սիրելու հայրենիքը, պահպանելու լեզուն, մնալու հայ եւ հայութիւնը միշտ բարձր պահելու:

Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մելիքեան իր խօսքին մէջ արժեւորեց Արցախի վերջին դէպքերուն 18-22 տարեկան երիտասարդներու հերոսութիւնը` ի խնդիր Արցախի պաշտպանութեան

Վիրահայոց թեմի Քուեմօ Քարթլիի տարածաշրջանի հայկական համայնքներու նորնշանակուած հովիւ Վիրապ քհնյ. Ղազարեան խօսեցաւ ազգի միասնութեան եւ եկեղեցւոյ կեդրոնացնող դերակատարութեան մասին:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Երուսաղէմ

ՀՄԸՄ-ի Երուսաղէմի Մասնաճիւղի
Հիմնադրութեան 80-Ամեակ

13217487_10153449405411898_8509936148676925535_o

13221277_10153449470941898_5653285831379920180_o13 մայիսին նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Երուսաղէմի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան հինգ վաստակաշատ անդամներ` իրենց ունեցած տարիներու վաստակին եւ կատարած աշխատանքին համար ՀՄԸՄ-ի Երուսաղէմի յարկին տակ:

Գեղարուեստական յայտագրով ներկայացուեցան երգեր, նաեւ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:

Օրուան պատգամը արտասանեց Յակոբ Տեմիրճեան, որ անդրադարձաւ  ՀՄԸՄ-ի ազգային դիմագծին ու այդ գծով նոյն յարկի տակ տարուած դաստիարակչական աշխատանքին:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեանի ողջերթով եւ օրհնութեամբ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>