Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երբեմն անցեալը, միտքեր եւ վերաբերումներ յանկարծ յիշողութեան մակերեսը կու գան, երբ էջ մը, քանի մը տող, կամ լուսանկար մը մոռցուած դարակէ մը աչք կը քթթեն: Այսօր հինցած թուղթեր եւ դիզուած թերթեր կը քրքրէի նորերուն տեղ բանալու համար, ձեռագիր երկու թերթ թուղթ հրաւիրեցին ընթերցումի:
Փարիզի հայկական ձայնասփիւռէն ամէն օր քրոնիկ մը կը կարդայի` արձագանգելով անմիջականի: Թուական` 27 հոկտեմբեր 1990: Օրը օրին գրուած, բաւարար չափով մշակուած չէին ըլլար այդ քրոնիկները, եւ մամուլին չէի ղրկեր: Խորագիր ալ չէին ունենար անոնք, քանի որ անմիջականը կը բերէին:
Իրապէս կը տագնապէինք Հայաստանէն տեղի ունեցող արտագաղթով: Հիմա ոչ ոք այդ տագնապը կ’ապրի: Նոր սփիւռքի անդամները հայրենի լրատուամիջոցներուն համար «մերոնք» են, կարծէք Փրական, Լոս Անճելըսը, Մարսէյը եւ Փարիզը Երեւանի արուարձանը ըլլային: Նորերը այդպէս ալ կ’ապրէին:
Այդ «օրուան քրոնիկը» նաեւ մեր ներկան է:
Որպէս յիշեցում եւ վկայութիւն` կ’արտագրեմ անոր ձեռագիր երկու էջերը:
«Հայրենի երիտասարդ մտաւորական Ամասիա Յովհաննիսեան տպաւորապաշտ եւ յուզող դրուագ մը նկարագրած է: Խորագիրն է` «ԿԱՆԳ Ա՛Ռ ՔԱՐԱՎԱՆ»… Հասկնալի է անշուշտ, Ամասիա Յովհաննիսեան կ’ակնարկէ Հայաստանէն դէպի Արեւմուտք կատարուող հոսքին, աւելի հասկնալի բառով` արտագաղթին: Արձանագրուած է զրոյց մը. երկու տող, բայց այնքա՜ն դիպուկ, ինչպէս կ’ըսեն մեր արեւելահայ եղբայրները:
«- Ինչպէ՞ս է Ամերիկայում:
«Պատասխանի փոխարէն` երիտասարդը բթամատն ու ցուցամատը օղակ դարձրեց, ասել կ’ուզէր` Օ’քէյ:
«Երեւանը կարօտե՞լ էիք:
Նա զարմացած ուսերը վեր բարձրացրեց ու դէմքը ծամածռելով, սակայն ինքնագոհ հպարտութեամբ, ասաց.
«- Ամերիկան չի թողնում կարօտենք: Լո՜սն ուր, Երեւա՜նն ուր: Սա էլ մնալու տե՞ղ է:
«Այս երիտասարդը եկած է Հայաստանէն կին առնելու եւ տանելու Աւետեաց Երկիր:
«Հայ ժողովուրդը, իր ամբողջութեան մէջ դէմ յանդիման կանգնած է շատ լուրջ տագնապի, որ կապ չունի զէնքի, սննդամթերքի, հիւլէակայանի եւ պատերազմի հետ: Հայրենիքի վերապրումի խնդիրն է այդ: Ընենք նպարավաճառի հաշուեկշիռ: Չմնացինք, կամ թոյլ չտուին, որ մնանք հայրենի հող Նախիջեւանի մէջ, դատարկուեցաւ հայրենիքի բեկորը, եւ այսօր ան դարձած է թրքաստան, ուրկէ Գերագոյն խորհուրդի անդամ կ’ընտրուին Հայտար Ալիեւներ: Այսօր կ’ուզեն Արցախը դատարկել, կ’ըսեն, կը կրկնեն, կը յայտարարեն` առանց թաքցնելու: Իսկ մենք ի՞նչ կ’ընենք: Հայաստան կ’երթանք, ամբարտաւան շռայլութեամբ պատկերներ ցոյց կու տանք, այդ շռայլութեան խոստումներով կեանքի ընկերուհի կը զատենք ու կը տանինք Ամերիկա կամ այլուր:
«Եւ Ամերիկա հաստատուած հայ երիտասարդը, Ամերիկա գաղթած, կը յայտարարէ ի լուր աշխարհի, որ «Ամերիկան չի թողնում կարօտենք»: Այսինքն, Ամերիկան թոյլ չի տար, որ գաղթողը իր մայրենի երկրի ու սեփական քաղաքի կարօտը զգայ: Եւ Հայաստանէն կին տանելու եկած երիտասարդը կ’աւելցնէ.
«- Լո՜սն ուր, Երեւա՜նն ուր: Սա էլ մնալու տե՞ղ է:
հայութիւն պահուած էր, ճգնած էին Մեսրոպներ, զոհուած են Գէորգ Չաւուշներ, մե՜ղք իրենց: Բայց զարմանալի կը գտնեմ, որ այդքա՜ն գեղեցիկ եւ հրապուրիչ «Լոս»-էն գալով` ինչո՞ւ հայ կին առնել, քանի հոն է դրախտը, հուրի-փերիներն ալ հոն կրնան գտնուիլ, գոյնզգոյն, խառնածին, այլազան հորիզոններէ եկած, որոնք կրնան բաւարարել նաեւ տարաշխարհիկ (exotique) զգայնութիւններու մեր ճաշակները:
«Ինչպէ՞ս առաջքը առնել այս արիւնահոսութեան:
«Կարելի չէ՞ բացատրել արտերկրի հայոց, որ սպառողական ընկերութեան շռայլութիւն չտանին եւ չփռեն Հայաստան, երթան առանց «Մերսետես»-ի եւ առանց 4-4-ի: Կարելի չէ՞ բացատրել, որ արտերկրի հայոց առասպելական պատմութիւնները կը խռովեն Հայաստանի ներկան եւ ապագան: Ինչո՞ւ չպատմել նաեւ, որ արտագաղթած հայեր կան, որ ամիսներով եւ տարիներով դիմումներ կ’ընեն, ունենալու համար ձրի բժշկական իրաւունք, կամ` իրենց ապրուստին համար պետական-ընկերային նպաստ:
«Այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ աշխարհի այն հազուագիւտ ժողովուրդներէն է հայը, որ կորսնցուցած է «սեփականով ուրախանալու» եւ «տիրոջ իրաւունքով» ապրելու առաքինութիւնը, ինչպէս կ’ըսէ Ամասիա Յովհաննիսեան: Եւ եթէ որոշած ենք հրաժարիլ տիրոջ իրաւունքէն, ա՛լ ինչ բանի կը ծառայեն տեսակ-տեսակ պայքարները, ի՛նչ բանի կը ծառայէ հայախօսութիւնը, ինչո՞ւ կապուած պիտի մնանք Էջմիածնի գմբէթին, մկրտութեան աւազանին…
«Հաճոյակատարութեամբ, զանգուած սիրաշահելու աղքատ ամբոխավարութեամբ, իրաւունք չունինք Հայաստանի դատարկումին հանդէպ աչք գոցելու:
«Բարեբախտաբար կան յուսադրիչ երեւոյթներ: Մարդիկ կան Ամերիկայէն, Միջին Արեւելքէն, Ֆրանսայէն, որոնք որոշած են վերադառնալ հայրենիք, ազատ կամքով, հոն տուն-տեղ ըլլալ եւ ապրիլ «տիրոջ իրաւունքով», բաժնել հայրենի ժողովուրդի յոյսերն ու ցաւերը, նուիրուիլ հայրենիքի վերակառուցման: Սակայն կենսական նշանակութիւն ունի այլեւս, ազգին համար, կասեցնել արիւնահոսութիւնը: Եղածը եղած է: Առաջքը առնել աւերին:
«Գաղտնի՞ք է միթէ, որ արտերկրի պայմաններուն մէջ աստիճանաբար պիտի օտարանանք մեր պապերուն եւ հայրերուն յարաբերաբար»:
26 տարի առաջ ըսուած խօսքեր:
Եւ արտագաղթ-աղէտը կը շարունակուի: Ան բնական կացութիւն դարձած է: Մեկնողները կը մեկնին, մնացողները յաճախ իրենք զիրենք զրկուած կը զգան:
Ո՞վ կամ որո՞նք են պատասխանատուները այս աղէտին: Անվարան պէտք է ըսել` «ղեկավարութիւնները», որոնք ազգային գաղափարախօսութիւն չեն յաջողիր ներշնչել, մնալու եւ տէր ըլլալու պայմաններ չեն ստեղծեր, նաեւ` իրենց անձին դրական օրինակով: Նաեւ` արտասահմանը, որ բարեսիրութենէն անդին անցնելու պայմաններ հազուադէպօրէն ստեղծեց: Միաժամանակ, հայրենադարձութիւն չկազմակերպուեցաւ, չիրականացաւ, որ օրինակի արժէքով լաւագոյն ձեւն էր արտագաղթ-աղէտին դէմ պայքարելու:
1990, 2016: Ինչո՞ւ առանց ամբոխավարութեան եւ ճապկումներու չենք նախատեսեր 2056-ը եւ ըստ այնմ չենք գործեր, որպէսզի այլեւս չգտնուին ըսողներ` «Ամերիկան չի թողնում կարօտենք: Լո՜սն ուր, Երեւա՜նն ուր: Սա էլ մնալու տե՞ղ է»:
21 ապրիլ 2016, Նուազի-լը-Կրան