Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հայաստանի Ազատութիւնն Ու Անկախութիւնը Ամրապնդելու Ուղիով

$
0
0

sardarabad-27-5-2016

Ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-ամեակը կը տօնենք քաղաքականօրէն ծանր ու մտահոգիչ պայմաններու մէջ:

Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած մեր երկու դրացիները` Ազրպէյճանն ու անոր աւագ հովանաւոր Թուրքիան, նորովի թափ տուած են իրենց հակահայ զօրաշարժին` մէկ կողմէ ազատագրուած Արցախը վերստին ընկճելու, իսկ միւս կողմէ` վերանկախացեալ Հայաստանը, շրջափակման օղակը սեղմելով անոր շուրջ, Հայ դատի պահանջատիրութենէն հեռու վանելու համակարգուած ռազմավարութեամբ:

Ինչպէս մեր ժողովուրդը կ՛ըսէ` Թուրքիա եւ Ազրպէյճան իրենց թրքութիւնը կ՛ընեն…

Կը մնայ, որ Հայաստանն ու հայութիւնը չընկրկին թշնամիին դիմաց:

Չընկրկելու եւ ազգովին պատմութեան հետ մեծ քննութեան միշտ պատրաստ գտնուելու ա՛յդ խորհուրդն ու հրամայականը շեշտելու կու գայ մայիս 28-ի տարեդարձը:

Ապրիլի առաջին օրերուն Ազրպէյճանի ձեռնարկած բարբարոսական նախայարձակումին հայ զինուորը տուաւ Հայաստանի ու հայութեան հաշուոյն արժանի՛ պատասխան:

Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, հայկական բանակն ու հայ կամաւորականները, այլեւ` աշխարհասփիւռ հայօճախներու մեր կազմակերպ կռուանները, նախայարձակ եւ հայատեաց թշնամիին դէմ մէկ ու միասնական բռունցք դարձած, վերանորոգեցին մայիս 28-ի ուղիով հայոց պատմութեան յառաջընթացը աներեր շարունակելու համազգային մեր հաստատակամութիւնն ու մարտունակութիւնը:

Մայիս 1918-ին Երեւանի մատոյցներուն հասած թրքական զօրքը չկրցաւ հասկնալ, թէ պետականօրէն Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն մազապուրծ` ջարդակոտոր հայութիւնը ինչպէ՛ս կրցաւ այդպիսի՜ դիմադրականութիւն, այլեւ հերոսական հակագրոհ իրականացնել եւ ետ մղել թրքական արշաւանքը:

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պետական եւ տնտեսական հսկայական միջոցներով հայկական փոքր ածուին վրայ այսօր յարձակող թշնամին դարձեալ ի վիճակի չէ հասկնալու, թէ Հայաստանն ու հայութիւնը ուրկէ՞ կը գտնեն համաթրքական գրոհը կասեցնելու եւ ձախողեցնելու այս ուժն ու կորովը:

Ցեղասպան թուրքը դժուարութիւն ունի հասկնալու, որ նահանջի, համակերպումի եւ պարտուողականութեան բոլոր ճամբաները փակած Հայաստանի ու հայութեան հետ գործ ունի:

Ցեղասպան թուրքը ի վիճակի չէ ըմբռնելու, թէ անպարտելի է այն ազգը, որ այլեւս կորսնցնելու բան չունի…

Հայաստանի եւ հայութեան օրհասական` վերջի՛ն շունչով մաքառումին արգասիքը եղաւ մայիս 28-ի հերոսական յաղթանակը:

Չենք արհամարհեր ցեղասպան թշնամին: Ընդհակառակն, անոր հակահայ հարուածներուն որեւէ պահու պատրա՛ստ գտնուելու հրամայականով կ՛առաջնորդուինք:

Այդ ներշնչումով ալ Հայաստանի անկախութեան 98-ամեակը կը տօնենք օրհասական կռուի միշտ պատրաստ գտնուելու ազգային մեր ուխտը վերանորոգելով:

Այսօրուան եւ վաղուան մեր սերունդները մայիս 28-ի ուղիին մէջ կրնան գտնել ապահով գրաւականը հաւաքական մեր յաղթանակներուն:

Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան ամրապնդումը համազգային եւ միասնական ուժերով նուաճելու ուղիին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>