Դարերով անկախութիւնը կորսնցուցած եւ ծով արեան գնով զայն վերագտած մեր ժողովուրդի զաւակներու երակներէն ահեղ վճռակամութիւն կը ժայթքէ:
Այդ ուժին ու վճռակամութեան առջեւ խոնարհելու ամէնէն յարմար պահն է այսօր` Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին:
Կը խոնարհինք հայրենի հողը սրբօրէն պաշտպանող հայոց բանակի իւրաքանչիւր զինուորի առջեւ:
Կը խոնարհինք թշնամիին անհամեմատ զինավառութեան եւ ստուար համրանքին առջեւ չընկրկող ժամկէտային զինուոր` անժամկէտ առիւծներու ամրակուռ ոգիին առջեւ:
Կը խնկարկենք նահատակութեան պսակին արժանացած հերոսներու անմոռաց յիշատակը:
Ահա՛ անգամ մը եւս ապացուցուեցաւ, որ Սարդարապատի ոգին յաւերժօրէն կը թեւածէ հայոց երկնակամարին տակ, որ ամէն անգամ, երբ մեր թշնամիները մեզ պաշարեն, ամէն անգամ, երբ մեր վրայ ատելավառ հորդաներ խուժեն` սպառնալով քանդել մեր տուն ու օճախ, մեր շէն ու աւան, ամէն անգամ, երբ այնպէս թուի, թէ չկայ ելք ու ճար, հայկեան խենթերը դարձեա՛լ դուրս կու գան ասպարէզ եւ ծունկի կը բերեն վատ ու չար թշնամին:
Հայրենի երիտասարդ սերունդը ապրիլեան հոյակապ սխրանքով ապացուցեց, թէ արժանի՛ ժառանգորդն է մայիս 28 կերտողներուն, թէ` Արցախի ազատամարտի նուիրեալներու դրօշը պատուո՛վ կը կրէ եւ հայոց դիւցազներգութիւնը նորանոր դրուագներով հարստացնելու կարողութի՛ւնն ունի:
Այո՛, այսօր ալ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը օրհնուած է գիտակից, նուիրեալ նոր սերունդով, որուն համար ինքնիշխան պետութեան մէջ ապրիլը արտասովոր երեւոյթ չէ, եւ որ` պատրաստ է իր քաղաքացիական պարտականութիւնները լիուլի կատարելու, պատրաստ է պայքարելու, պատերազմելու, բայց նաեւ` աշխատելու եւ ստեղծագործելու:
Այս սերունդը, այսօր աւելի՛ իմաստնացած, պատասխանատուութեան աւելի՛ մեծ գիտակցումով, սեփական ճակատագիրի տնօրինումը չի՛ կրնար այլեւս վստահիլ նեղ խմբակային շահեր հետապնդողներու, չի՛ կրնար հանդուրժել ապիկարութիւն, անարդարութիւն, չի՛ կրնար թոյլ տալ, որ իր արեամբ պաշտպանած հողերուն վրայ կաշառակերութիւն ծաղկի:
Այս սերունդը արժանի է միայն հանրութեան շահը գերակայ նկատող ու նուիրեալ պետական ծառայողներու, որոնք մեր երկիրը բարգաւաճ, կենսունակ, զարգանալու անսահման կարելիութիւններով լի միջավայրի վերածելու առաքելութեամբ կը ծրագրեն ու կը գործեն:
Արժանի՛ն մատուցենք նուիրեալներուն ու ազգովին համախմբուած` Հայաստան-սփիւռք հնարաւորութիւններու զօրաշարժով կառուցենք մեր երազած ապագան, ու Սարդարապատի ղօղանջներով ճանապարհ դուրս եկած, արցախեան հրետանիներու կրակով մկրտուած հայոց երթը հասցնենք արարատեան բարձունքներու: