Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իմ Հայրը Էստեղ Է Մահացել

$
0
0

ՀՐԱՆԴ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Սարդարապատի հերոսամարտը եղաւ մեր պատմութեան վերջին ու ամէնէն պանծալի ճակատագրական պատերազմներէն մէկը, որ ամբողջ ազգ մը փրկեց կորուստէ: Տասը երկար դարերու մաշումի կեանքէ մը ետք, երբ հայ ժողովուրդը հազիւ կրցած էր կենալ քսաներորդ դարու սեմին, ան ստիպուեցաւ կենաց ու մահու վերջին պայքարով իր կամքը պարտադրել թշնամիին եւ հիմը դրաւ անկախ հայրենիքի մը, որ երկա՜ր դարերու մեր յարատեւ գոյամարտին արդիւնքն էր:

Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնէր, որ տակաւին երէկ գլխատուող ազգ մը, որուն նահատակներուն թափած արիւնը անապատներուն մէջ տակաւին չէր ցամքած եւ անոնց գանկերով բլուրներ կազմուած էին:

Հազիւ մէկ սերունդ ետք, հայ զօրավարներ իրենց հայ մարտիկներով Սասունցի Դաւիթի անունով հրետանիի զօրաբաժիններ կազմած իրենց զինակիցներուն հետ` յառաջապահ գիծի վրայ, հասան մինչեւ Պերլինի դռները:

Հայրենասիրութիւնը հայ ժողովուրդին հոգիին մէջ այնպիսի ամուր կերպով հաստատուած է, որ ոչ մէկ զօրութիւն կրնայ արմատախիլ ընել զայն, եթէ աննպաստ միջավայրի մէջ իյնալով այլասերումի չենթարկուի: Հայաստան շրջապտոյտի մը առիթով, որոշեցինք ընկերներով երթալ տեսնել Սարդարապատի հերոսներու յիշատակին կանգնած կոթողները` մեր ուխտը կատարելու համար:

Այդ միջոցին հոգիի աչքերով կը տեսնէի հեռուն բազմաթիւ ռումբերու փայլատակումը եւ ականջիս կը հասնէր անոնց պայթումն ու փամփուշտներուն տարափը, եւ կրակէ փոշիէ ամպերուն մէջ կը տեսնէի թշնամիին խորտակուած բանակին նահանջը եւ հայկական հերոսական բանակին յառաջխաղացքը: Ի՜նչ հրաշք, տասը դարերու տառապանքէն ետք ազատութեան արշալոյսին շողարձակումը կը կատարուէր աչքերուն մէջ: Սեւ ապրիլին յաջորդեց մայիսի արեւը:

Հազիւ մօտեցած էինք մեր ուխտավայրը, կարծես հերոսներու հոգիները մեզ պաշարեցին, եւ սկսաւ փշաքաղում մը պատել մարմինս, եւ նոյնիսկ քալելու անկարող դարձուց զիս: Անոնք խորհրդաւոր լուռ ձայնով մը կ՛աղաղակէին «Զգուշ քալեցէք ուխտաւորներ, անշէջ մոմեր կան այնտեղ, հպարտ եղէք մեզմով, մենք յաղթեցինք մահուան»:

Հոն ծանօթացայ ութսուն տարեկանի մօտ հայու մը, որ պատմական Սարդարապատի գիւղացի մըն էր, որուն մարմինին վրայ կը տեսնուէին Համաշխարհային պատերազմէն ստացած վէրքերուն սպիները:

Ան փափաք յայտնեց արտասահման պտոյտ մը կատարել, մանաւանդ դէպի Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերը` տեսնելու համար հայ ժողովուրդի մշակոյթի եւ շինարարական կառոյցները, հայկական դպրոցներն ու եկեղեցիները:

Իր նկատողութեան յանձնեցի, թէ ուրիշ հայրենակիցները կ՛ուզեն արտասահման գաղթել ընտանեօք հոն փոխադրուելու համար:

– Նրանք հայրենիքի դաւաճաններ են: Եթէ ինձ մինչեւ պարանոցս ոսկիի եւ ադամանդի մէջ թաղելու լինեն ես չեմ լքի հայրենիքը. իմ հայրը էստեղ է մահացել:

Իրաւունք ունէր այս տիպար հայրենասէր հայորդին այսպէս արտայայտուելու, որովհետեւ կանգնած էր հայրենի հողին վրայ, մանաւանդ իր հերոս հօրը եւ բազմաթիւ հերոսներուն անյայտ գերեզմաններուն շրջակայքը, ուր կը մշակէր իր հօր արիւնոտ այգին` խմելու համար հայրենի հողով սնած որթան կարմիր խաղողին գինին:

Ան համոզուած էր, թէ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն», պայմանով որ հայը զէնքը ձեռքին հայրենի հողին վրայ կանգնի հերոսաբար:

Ան ցաւ յայտնեց, որ իր հայրը չէր ճանչցած, եւ ան գերեզման մը անգամ չունէր:

– Դուն քու հօրդ կենդանի պատկերն ես. քու հայրդ մահացած չէ, ան կ՛ապրի հայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգիին մէջ, հերոսները չեն մեռնիր, կը ծնին յաւիտեան ապրելու համար, ուրախ եղիր, քու հայրդ անկողնի դաժան մահով չէ մեռած, ինչպէս բազմահազար հայորդիներ կը մեռնին զանազան գաղութներու մէջ:

***

Մեր օրերուն եւս ունինք բազմաթիւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի նման ճակատամարտեր ցրուած աշխարհի տարածքին, այս անգամ բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ, աւելի վտանգաւոր, քան նախկինները, որովհետեւ հայը ստիպուած է փոխուիլ վատ պայմաններու բերումով, եւ կարգ մը գաղութներու մէջ հայը ստիպուած է տեղի տալ համաշխարհայնացումի դիմաց…

Առաջ սուրով էր մեր պայքարը, այժմ գրիչով, Մեծասքանչ լեզուով ու Հայաստանեայց Եկեղեցիով, որոնք «բարձր բերդերն են մեր հաւատքին» ու մշակոյթին: Քսաներորդ դարու հերոսներ են անոնք, որոնք կը պաշտպանեն այս անխորտակելի բերդերը:

Եւ պիտի գայ օր մը, մեր թոռները վեհ «Մասիս հօր» լանջին կանգնած` մեզ անտեսող աշխարհի պետութիւններուն դիմաց պիտի կանչեն բարձրաձայն:

Իմ հայրը էստեղ է մահացել:

Այնճար


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles