Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Մէջ Հանդիսաւոր Կերպով
Բացուեցաւ Գարեգին Նժդեհի Արձանը

17707_b

Երեւանի մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի յարակից այգիին մէջ տեղի ունեցաւ Գարեգին Նժդեհի արձանին հանդիսաւոր բացումը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ եւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ներկայութեամբ:

Արձանին բացումը կատարեցին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը եւ Գ. Նժդեհի ծոռը` Արմէն Բաբայեանը:

Արձանին հեղինակը` Գագիկ Ստեփանեանը յայտնած է, թէ այս արձանով ինք կերտած է Գարեգին Նժդեհի հաւաքական կերպարը` նշելով, որ կրնան քննադատութիւններ ըլլալ, սակայն կատարելագործուած ստեղծագործութիւն է ու ճարտարապետական լուծում ունեցող, նաեւ ներդաշնակ է կապը ճարտարապետութեան եւ տեղադրուած տարածքին հետ:

Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ըսած է. «Երեւանի սիրտին մէջ Գարեգին Նժդեհի արձանը կանգնեցնելը ինծի համար հպարտութիւն է: Իսկ ինչ կը վերաբերի արտաքին տեսքին, ամէն մարդ իր տեսակէտը ունի: Կարեւորը, որ Երեւանի մէջ Նժդեհը իր տեղը ունեցաւ»:

Կայացած Է Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի
Քառահատոր Աշխատութեան 3-րդ Եւ 4-րդ
Հատորներու Շնորհահանդէսը

richard-(2)_60116

Վերջերս Մ. Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտական հետազօտական հաստատութեան` Մատենադարանի նոր շէնքի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ակադեմիկոս Ռիչըրտ Գ. Յովհաննիսեանի քառահատոր աշխատութեան 3-րդ եւ 4-րդ հատորներու` «Հայաստանի Հանրապետութիւն. Լոնտոնէն Սեւր, փետրուար-օգոստոս, 1920» եւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն. Սալի եւ մանգաղի միջեւ. Մասնատում Եւ խորհրդայնացում» գիրքերու հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը:

richard-(1)_60116Ձեռնարկը կազմակերպած էին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան, Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու Մատենադարան գիտական հետազօտական հաստատութիւնը եւ Ռազմավարական ու ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնը:

Շնորհահանդէսին բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց Րաֆֆի Յովհաննիսեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց հռչակաւոր պատմաբանին աւանդը հայագիտութեան զարգացման մէջ` լուսարձակի տակ առնելով մասնաւորապէս քառահատոր աշխատութեան ունեցած արժէքը:

Ապա խօսք առաւ ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեան, որ ընդգծեց, թէ անաչառ, սկզբունքներու տէր գիտնականի մեծագոյն հայրենասիրութիւնը անոր կոթողային աշխատութիւններն են, որոնք Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 2-2,5 տարուան պատմութիւնը ճշմարտացիօրէն, շատ ընկալելի շարադրութեամբ կը փոխանցեն հայ եւ օտար ընթերցողներուն:

Պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան` վերլուծելով «Հայաստանի Հանրապետութիւն» շարքի վերջին երկու հատորները, նկատել տուաւ, որ անոնց գլխաւոր արժանիքներէն մէկը ոճի գրաւչութիւնն է: Ան հաստատեց, որ յատկանշական են նկարագրուող ժամանակաշրջանի` 1919-1920 թուականներու արտաքին քաղաքական իրադրութեան եւ ներքին կեանքի փոխկապակցուած մատուցումը, ինչպէս նաեւ մեր պետականութեան ընդհատուած չըլլալու սկզբունքի պահպանումը:

Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար, փրոֆ. Էդիկ Մինասեան ողջունեց Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի հիմնարար աշխատութեան ամբողջական լոյսընծայումը: «Վերջին զոյգ հատորեակներուն բովանդակութիւնը նախորդներուն պէս խարսխուած է տարբեր երկիրներու պահոցներէն քաղուած փաստացի նիւթի եւ գիտական պրպտումներու վրայ», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ քառահատոր ուսումնասիրութիւնը ուսանողներուն եւ երիտասարդ պատմաբաններուն համար իսկական սեղանի գիրք է:

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեան շատ կարեւոր նկատեց Ռ. Յովհաննիսեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» շարքի չորս հատորները, առանց որոնց կարելի չէ ուսումնասիրել պատմութեան այն շրջանները, որոնք ներառուած են խնդրոյ առարկայ ուսումնասիրութիւններուն մէջ:

Եզրափակիչ խօսքին մէջ Ռիչըրտ Յովհաննիսեան ընդգծեց առաջին հանրապետութեան եւ մեր օրերու պատմութեան դասերէն քաղուած երկու կարեւոր արժէք, զորս պէտք է փայփայել աչքի լոյսի պէս` հայրենիքի տարածք եւ պետականութեան որակ: Ան շեշտեց, որ պէտք է պատմութենէն դասեր քաղել` ապագային սխալներէն խուսափելու եւ երկիրը պահպանելու համար:

«Հայ Ժողովուրդը Երախտապարտ Է Այն Վիթխարի
Աշխատանքին Համար, Որ Դուք Կատարած Էք».
Նախագահ Սերժ Սարգսեան` Փիթըր Պալաքեանին

17600_b

Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ 26 մայիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2015 թուականի մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը: Տարբեր բնագաւառներու մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար շնորհուած մրցանակները` համանուն վկայագիրը եւ դրամական պարգեւը, մրցանակակիրներուն յանձնած են նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ «Ռոպերթ Պօղոսեան եւ որդիներ» հիմնադրամի ներկայացուցիչ, սփիւռքահայ բարերար Ալպերթ Պօղոսեան: Նախագահը դիտել տուած է, որ Պօղոսեան ընտանիքին օժանդակութեամբ կը շարունակուի ամէն տարի հրապարակաւ խրախուսել տարուած կարեւոր աշխատանքը, մատնացոյց ընել լուսաւորը, մնայունն ու արժէքաւորը:

«Մենք համոզուած ենք, որ իւրաքանչիւր լուրջ աշխատանքի մասին պէտք է խօսուի եւ անիկա պէտք է գնահատուի: Այս մրցանակին ծրագիրը դրուած է նոյն տրամաբանութեամբ: Արժանաւորները գտնելու եւ գնահատելու առաքելութիւնը պետութեան կարեւորագոյն գործերէն մէկն է: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իմաստով նշանակալի աւանդ ներդնելու անուանակարգին մէջ այս անգամ ներառած ենք եգիպտացի վաւերագիրներու` «Ո՞վ սպաննեց հայերը» ժապաւէնի հեղինակներուն եւ ամերիկահայ գրող Փիթըր Պալաքեանի վաստակը: Հայ ժողովուրդը երախտապարտ է ձեզի այն վիթխարի աշխատանքին համար, որ դուք կատարած էք», ըսած է Հայաստանի նախագահը:

Սփիւռքահայ բարերար Ալպերթ Պօղոսեան նշած է, որ տարիներու ընթացքին հիմնադրամը կանգ չէ առած եւ շարունակած է իր գործունէութիւնը` ընդլայնելով զայն: «Մեր ընտանիքը ունի Արեւմուտքի եւ Արեւելքի պատմութիւն: Մանկութիւնս անցուցած եմ Արեւելքի երկիրներուն մէջ: Այսօր մենք կը տեսնենք, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Այնտեղ առկայ իրավիճակին պատճառով միլիոնաւոր մարդիկ գաղթական դարձան, հազարաւորներ զոհուեցան: Որքան երջանիկ ենք, որ Հայաստան կ՛ապրի խաղաղութեան մէջ` վայելելով իր անկախութիւնը», ըսած է Ալպերթ Պօղոսեան: Ըստ անոր, հայ ազգը պէտք է մշտարթուն ըլլայ, որովհետեւ երկրին շուրջ կայ փխրուն շերտ, որ կրնայ խաթարել եղած անդորրը: Այդ պարունակին մէջ Ալպերթ Պօղոսեան կարեւոր նկատած է լաւ ու ճիշդ կերպով առաջնորդուելու հանգամանքը:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իմաստով ունեցած նշանակալի աւանդին համար Հայաստանի նախագահի մրցանակին արժանացաւ ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Փիթըր Պալաքեան: Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան այս առիթով նշած է, որ Փիթըր Պալաքեանի ստեղծագործութիւնները ճանաչելի են ամբողջ աշխարհի համար, եւ ան իր գեղարուեստական խօսքով Հայոց ցեղասպանութիւնը, իբրեւ համամարդկային հարց, կը ներկայացնէ աշխարհին: Աշոտ Մելքոնեան հաստատած է, որ անոր երեւոյթ ըլլալու հանգամանքը իր իսկ արմատներուն մէջ առկայ է:

Մրցանակը ստանալէ ետք արտասանած իր խօսքին մէջ Փ. Պալաքեան անդրադարձած է իր արմատներուն` ներկայացնելով 100 տարի առաջ տեղի ունեցած պատմութիւն մը` իր մեծ հօր` Գրիգորիս Պալաքեանին առնչուած: «Հարիւր տարի առաջ ան վարդապետ էր: Գրիգորիս Պալաքեան մէկն էր այն 250 մշակութային գործիչներէն, որոնք 24 ապրիլին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցան: Ան տառապեցաւ, տեսաւ սով, սպանութիւն, բայց դիմացաւ իր քրիստոնէական հաւատքով, նոր, անկախ Հայաստանի ծնունդի յոյսով: Այսօր անոր երազը իրականութիւն դարձած է», ըսած է ամերիկահայ գրողը:

Անոր համաձայն, հայերը դիմացան, յաղթահարեցին դժուարութիւնները, ծաղկեցան` պահպանելով մշակոյթը, հարուստ լեզուն ու գրականութիւնը, տպաւորիչ ճարտարապետութիւնը եւ ունեցան յաջողութիւններ տարբեր ոլորտներու մէջ: Պալաքեան ընդգծած է, որ իբրեւ բանաստեղծ, իբրեւ գրող տակաւին պարտք ունի հայոց գրականութեան, հայկական մշակոյթին հանդէպ:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Փիթըր Պալաքեան հաստատած է, որ ազրպէյճանական յարձակողական քաղաքականութեան վերջ պէտք է դրուի: «Ես կը կարծեմ, թէ որքան աւելի շատ անձեր իրազեկ ըլլան Արցախի պատմութեան մասին, այդքան աշխարհը աւելի շատ պիտի ըմբռնէ հայկական պատմական ներկայութիւնը Արցախի մէջ: Յոյսով եմ, որ այս մէկը հիմք կը ծառայէ խաղաղութիւն հաստատողներուն համար` Ղարաբաղի հարցին  դիւանագիտական ճիշդ լուծում տալու առումով», ըսած է ան:

«Յակոբ Կարապենց» Կրթաթոշակներու
Բաշխում Եւ Գիրքի Շնորհահանդէս

2016-636001608405533404-553

«Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի, վերջերս, Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ «Հայոց եղեռնապատումի գրականութիւնը» եւ «Արդի հայերէնի հիմնախնդիրներ» գիրքերու շնորհահանդէսը: Ժողովածուներուն մէջ ընդգրկուած են Երեւանի պետական համալսարանի եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած երկու գիտաժողովներու նիւթերը:

Գիրքերու շնորհահանդէսի աւարտէն ետք, Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան եւ լրագրողներու բաժանմունքի հինգ ուսանողներու տրուեցան Համազգայինի «Յակոբ Կարապենց» կրթաթոշակներ: «Արդէն 10-րդ տարին է, որ Համազգայինի այս կրթաթոշակը կը յատկացուի առաջնակարգ այն ուսանողներուն, որոնք նաեւ գրելու տաղանդ ունին` այսպիսով հաւատարիմ կը մնանք Կարապենցի կտակին, որ կը յորդորէր նեցուկ ըլլալ գրելու տաղանդ ունեցող երիտասարդներուն եւ տարիներու ընթացքին հետեւելով այս կրթաթոշակը ստացող երիտասարդներու հետագայ գործունէութեան` կրնանք ըսել, որ  մեր ընտրութեան մէջ չենք սխալած, այս տասը տարիներու ընթացքին այս կրթաթոշակին արժանացած երիտասարդներուն մեծ մասը գիրի ու գրականութեան ասպարէզի մէջ են», ըսած է «Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային» հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան:

Տեղեկացնենք, որ «Յակոբ Կարապենց» 2016 թուականի կրթաթոշակին արժանացած են`

Զարուհի Յովհաննիսեան, Դաւիթ Սուքիասեան, Արա Զարգարեան եւ Վառվառա Ծատուրեան Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան  բաժանմունքէն, իսկ Սամուէլ Մելքոնեան Երեւանի պետական համալսարանի լրագրողներու բաժանմունքէն:

Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի Դիմաց
Ծառացած Հարցերուն Լուծումը Կը Տեսնէ
Երկրի Հզօրացման Մէջ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու անդամներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ըսած է, որ Հայ դատը այսօր միայն Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ, այլ ունի երեք ուղղութիւն` Ցեղասպանութիւն, Արցախի հարց եւ Հայաստանի հզօրացում:

Ըստ անոր, ներկայիս Հայաստանի դիմաց ծառայած են երեք հիմնական հարցեր: «Այսօր այս ցաւի մթնոլորտը նորէն համախմբած է մեր ժողովուրդը: Ցաւ է, որ ապրիլ 1-4 ազրպէյճանական վայրագութեան իբրեւ հետեւանք մենք կորսնցուցինք երիտասարդներ, հերոս տղաներ, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան համար, բայց նաեւ հպարտութիւն է, որ մեր հայկական բանակը կրցաւ շատ արագ դիմակայել ազրպէյճանական վայրագ յարձակումը` կասեցնելով անոնց յառաջախաղացումը: Այսօր եթէ Հայաստանը չհզօրանայ, յատկապէս տնտեսապէս չդառնայ հզօր երկիր, մեր միւս երկու հարցերուն լուծումը աւելի դժուար պիտի ըլլայ: Որքան հզօր է Հայաստանը, այդքան պաշտպանուած է Ղարաբաղը, այդքան մեզի հետ հաշուի կը նստին, հզօրներու խօսքը լսելի կը դառնայ», ըսած է նախարարը:

Բացի վերոնշեալ 3 հարցերէն, նախարարը յատուկ կերպով շեշտը դրած է նաեւ այլ հարցի մը վրայ, որ նոյնքան կարեւոր է: «Կայ նաեւ այլ հարց մը, որ այժմ ծառացած է Հայաստանի առջեւ, սփիւռքի ուծացման հարցն է. ի՞նչ պէտք է կատարել, որ սփիւռքը աւելի կայուն մնայ», ըսած է Հ. Յակոբեան:

Հանդիպման ընթացքին տեսերիզներու միջոցով ցուցադրուած է սփիւռքահայութեան կատարած աշխատանքը` ապրիլեան պատերազմի օրերուն: Հրանուշ Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ այդ օրերուն նախարարութիւնը 4500 նամակ ուղարկած է աշխարհասփիւռ հայկական բոլոր կառոյցներուն` բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու եւ այդպէս ազրպէյճանական յարձակումները կասեցնելու խնդրանքով. ան դիտել տուած է, որ մօտաւորապէս 84 երկիրներու մէջ սփիւռքահայերը կատարեցին բողոքի շարժումներ, տեղի ունեցածը դատապարտող խօսքով հանդէս եկան նաեւ հայ եւ օտար դէմքեր:

Նախարարը նաեւ յատկանշական նկատած է 18 մայիսին Չիլիի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած փաստաթուղթը, որ կը դատապարտէ ազրպէյճանական յարձակումները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ: Անդրադառնալով սփիւռքէն Արցախին յատկացուող նիւթական օգնութեան` նախարարը նշած է, որ այդ բոլոր ծրագիրները իրականութիւն դարձան բացառապէս սփիւռքի նախաձեռնութեամբ:

«Մենք այս ընթացքին ոչ մէկէ որեւէ օգնութիւն ստանալու առաջարկով հանդէս չենք եկած, սակայն անմիջապէս այս օրերուն նկատեցինք տարբեր կառոյցներու աշխոյժ աշխատանքը: Մենք չէինք  մտածած յաւելեալ հիմնադրամներու ստեղծման մասին, սակայն այսօր արդէն կայ 22 հիմնադրամ` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, տարբեր կառոյցներու կողմէ ստեղծուած հիմնադրամներ», յայտնած է ան:

Իր խօսքի եզրափակիչ բաժինով Հրանուշ Յակոբեան յորդորած է ներկաները` վերոնշեալ  չորս հարցերը վերածելու հիմնադրամի կարեւորագոյն հարցերէն, համագործակցելու այդ բոլոր հիմնադրամներուն հետ: Իսկ մասնաւորապէս Արցախի ճանաչման առնչութեամբ ան առաջարկած է աշխատիլ տարբեր երկիրներու քաղաքական կառոյցներուն հետ: «Ձեր երկիրներուն մէջ դուք պէտք է աշխատիք երեսփոխաններու, կառավարութեան անդամներու հետ, բացատրէք, որ չկայ յետդարձի ճանապարհ, Արցախը չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի մաս, ան միշտ եղած է անկախ: Այս իրադրութիւնը պէտք է հասցնել ձեր երկիրներու տեղական մարմիններէն մինչեւ վերի իշխանութիւններուն: Այնտեղ, ուր ուժ ունինք եւ կրնանք ազդել, պէտք է ազդենք եւ Արցախի ճանաչման հարցը դարձնենք մեր պետական աշխատանքի հարցը», եզրափակած է նախարարը:

Նիւթական Հարցեր Ունեցողները Պէտք Չէ
Զրկուին Բարձրագոյն Կրթութիւն Ստանալէ

Կրթական համակարգի բացթողումներու, ակնկալուող փոփոխութիւններու եւ ընդհանրապէս բնագաւառին վերաբերող տարաբնոյթ հարցեր քննարկուեցան Գիւմրիի մէջ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի Գիւմրի կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին:

Հանդիպումին, որուն ներկայ էին մարզի դպրոցներու տնօրէններ, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ղեկավարներ, Լեւոն Մկրտչեան ներկայացուցած է օրինագիծը այն փոփոխութիւններուն, որոնք ներկայացուած են կառավարութեան: «Կրթական համակարգը տարիներու ընթացքին փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի` համապատասխանեցուելով տուեալ կրթական տարածքին: Խորհրդային Միութեան ժամանակ այլ կրթական համակարգ էր, 1989 թուականին, երբ սկսան կրթական բարեփոխումները, սկսանք զայն համապատասխանեցնել այլ կրթական չափանիշներու: Այս տարիներուն ընթացքին կառուցուածքային փոփոխութիւններ կատարուեցան. խօսքը կը վերաբերի 12-ամեայ կրթական կարգին, համալսարանական եռաստիճան համակարգին, նախադպրոցական, միջին մասնագիտական հանգրուաններուն: Այդ փոփոխութիւններուն ընթացքին, բնականաբար, տեղի կ՛ունենայ որոշակի որակական անկում եւ շատ կարեւոր է, որ մենք կարենանք մեր ձեւաչափը որակական առումով փոխել եւ այդ մէկը պէտք է սկսինք հանրակրթութենէն: Մենք արդէն մշակած եւ կառավարութեան ներկայացուցած ենք կրթութեան զարգացման 10-ամեայ ծրագիրը, որ աւելի գործնական է: Մենք փորձած ենք այսպիսով տալ կրթական տեսլականը», նշած է Լեւոն Մկրտչեան: Որոշ փոփոխութիւն կ՛ակնկալուի նաեւ աւագ դպրոցներու մէջ: Խօսքը կը վերաբերի 12րդ դասարանի «բեռնաթափման»` որոշ առարկաներ 11-րդ դասարանի վրայ բաժնելու, հոսքային տարբերակները աւելի տեսանելի դարձնելու համար:

«Աւագ դպրոցի ամբողջ հարցը պէտք է ըլլայ այն, որ ապահովուի անով, ինչ որ պէտք ունի, որպէսզի ծնողներն ալ գիտակցին աւագ դպրոցի նշանակութիւնը եւ չմտածեն, որ ժամանակի կորուստ է:

«Մենք պէտք է նաեւ կարենանք վերականգնել ազգային կրթակարգը եւ որոշ նիւթերու դասաժամեր ներմուծել, դպրոցի ազգային կրթակարգը հաշուի առնելով. այս հիմնականօրէն կը վերաբերի բնագիտական առարկաներուն», նշած է Լեւոն Մկրտչեան: Ան աւելցուցած է, որ որոշ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան նաեւ մագիստրոսական կրթակարգի չափորոշիչներուն, ընկերային հարցեր ունեցողներուն կրթութեան կարելիութիւնը աւելցնելու ուղղութեամբ: Նախարարը նշած է. «Դրական միաւորներ հաւաքած, նիւթական կարելիութիւն չունեցող դիմորդը պէտք չէ զրկուի բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու կարելիութենէն: Ասոր համար պէտք է փոխենք պետութեան կողմէ անվճար համակարգի դրութիւնը, պէտք է կարենանք տարանջատել միասնական քննութիւնները անվճար եւ վճարովի համակարգէն: Այդ պարագային համալսարաններն ալ պէտք է ունենան աւելի ազատ գործելու կարելիութիւն», դիտել տուած է նախարարը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>