ՍԻԼՎԱ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ուրախութիւնը ունիմ ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած` Յակոբ Եագուպեանի «Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններու մէջ» գիրքի շնորհահանդէսին: Սիրով ստանձնած եմ գիրքը ներկայացնելու պարտականութիւնը: Արտօնեցէք, որ առաջին հերթին ձեզի հետ բաժնեկցիմ կարգ մը մտածումներ, եւ ապա անցնինք գիրքի ներկայացման:
Գիրքի ընթերցումէն առաջ իսկ` խորագիրէն թափանցող նիւթին ընտրութիւնը մե՛ծ նշանակութիւն կը ներկայացնէ իր երկու երեսներով: Ա) Քննադատական մտածողութիւն եւ Բ) Լիբանանահայ վարժարաններ: Քնադատական մտածողութիւնը, գիտելիքներու, հմտութիւններու եւ վերաբերելու եղանակներու ամբողջութիւն մը ըլլալով` կարեւոր եւ անհրաժեշտ է ոեւէ անհատի համար, որպէսզի ան գոյատեւէ, արդիւնաւէտ ձեւով գործէ ու իբրեւ քաղաքացի` մասնակից դառնայ հանրային կեանքին: Այս բոլորը շաղկապելով հա՛յ անհատի կազմաւորման` յստակ կը դառնայ հայ վարժարաններու դերակատարութիւնը լաւ Մա՛րդ ու լաւ Հա՛յ պատրաստելու գործընթացին մէջ: Ահաւասիկ ա՛յս դիտանկիւնէն մեկնած` կարելի է հաստատել, որ Եագուպեանի գիրքը կ՛արծարծէ հիմնական ու շա՛տ կարեւոր հարց մը` մեր ապագայ սերունդներու գոյատեւման ու գործունէութեան որակին կապակցութեամբ:
Գիրքի ընթերցման աւարտին կարելի է հաստատել, որ այս գիրքի պատրաստութիւն-հրատարակութիւնը`
1. Արեւմտահայերէնով հրատարակութիւններու պաշարը կը հարստացնէ:
2. Արեւմտահայերէնով գրուած սակաւաթիւ հրատարակութիւններէն է ընդհանուր առմամբ գիտահետազօտական աշխատանքի եւ յա՛տկապէս մանկավարժական-կրթական բնագաւառէն ներս գիտական ուսումնասիրութեան առումով:
3. Ընթերցողին կը հրամցնէ, տուեալ գիտահետազօտական աշխատանքի բնոյթին, արդիւնքներուն ու եզրակացութիւններուն ներկայացման կողքին, ընդհանուր առմամբ քննադատական մտածողութեան հասկացողութիւն մը, որ օգտակար կրնայ հանդիսանալ ոեւէ հայ անհատի առօրեայ աշխատանքներուն ու ապրելակերպին` առանց սեռի, տարիքի, մասնագիտութեան կամ պաշտօնի տարբերութեան:
«Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններու մէջ», Յակոբ Եագուպեան, Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2016, 158 էջ:
Գիրքին վերնագիրը արդէն կը յուշէ, որ «քննադատական մտածողութիւն» հասկացողութիւնը նիւթին գլխաւոր առանցքը կը կազմէ: Հոս պէտք է մատնանշել, որ գիրքին հեղինակը գործօն անդամ է զանազան միջազգային մանկավարժական հետազօտութիւններու կազմակերպութիւններու, հեղինակած է 10 գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են միջազգային ակադեմական պարբերաթերթերու մէջ եւ անոր աշխատասիրութիւններուն մէկ կարեւոր տոկոսը կը կեդրոնանայ քննադատական մտածողութեան վրայ: Այս տեղեկութեանց լոյսին տակ կարելի է սեպել, որ «Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններու մէջ» գիրքը բնական շարունակութիւնն է Յակոբ Եագուպեանի ուսումնասիրական աշխատանքներու շարքին:
Գիրքին մէջ քննադատական մտածողութեան դերը կը քննարկուի տիպար քաղաքացիի եւ տիպար հայու պատրաստութեան կապակցաբար: Այս առումով, գիրքին առաջին երկու գլուխներուն մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ աշխատասիրութեան նպատակն ու կարեւորութիւնը` հիմնուելով համապատասխան տեսութիւններու վրայ: Ապա յաջորդող գլուխներուն մէջ կը ներկայացուի գիտահետազօտական աշխատանք մը` կատարուած 24 լիբանանահայ վարժարաններէ ներս: Կը բացատրուին գիտաշխատութեան մեթոտը, արդիւնքները, կը կատարուի ընդհանուր քննարկում, կը բխին եզրակացութիւններ եւ, վերջապէս, կը ներկայացուին առաջադրանքներ`լիբանանահայ վարժարաններու կրթական քաղաքականութեան զանազան երեսներուն առնչուող: Աշխատասիրութեան հիմնական նպատակն է`լիբանանահայ վարժարաններէն ներս ծառայող տնօրէններու եւ ուսուցիչներու քննադատական մտածողութեան հետ առնչուող մանկավարժական ըմբռնումներու ուսումնասիրութիւնը: Այս մեկնակէտով, գիտահետազօտութիւնը կը նպատակադրէ անջատաբար քննարկել հետեւեալ 7 հարցադրումները.
1. Լիբանանահայ վարժարաններէն ներս ծառայող ուսուցիչներն ու տնօրէնները ինչպէ՞ս կ՛ըմբռնեն ու կը մեկնաբանեն քննադատական մտածողութեան յղածքը:
2. Որքանո՞վ կը ներառեն քննադատական մտածողութիւնը իրենց դասաւանդութիւններուն եւ կրթական գործի ղեկավարութեան մէջ:
3. Որքանո՞վ սատար կը հանդիսանան իրենց աշակերտներուն` հայեցի արժէքներ իւրացնելու քննադատական մօտեցումով:
4. Լիբանանահայ վարժարաններէն ներս ծառայող ուսուցիչները ինչպէ՞ս կ՛առաջնորդեն իրենց աշակերտները, որպէսզի անոնք զարգացնեն իրենց քննադատական մտածողութիւնը:
5. Լիբանանահայ վարժարաններէն ներս ծառայող տնօրէնները ինչպիսի՞ միջավայր կը ստեղծեն` սատարելու քննադատական մտածողութեան:
6. Գործող ուսուցիչներու եւ տնօրէններու վերապատրաստութեան ու նորերու պատրաստութեան ծրագիրներու մէջ ինչպիսի՞ տուեալներ ներառել, որպէսզի անոնք կարենան ազդու կերպով զարգացնել քննադատական մտածողութեան վերաբերեալ իրենց մանկավարժական ըմբռնումները:
7. Լիբանանահայ վարժարանները ինչպիսի՞ կրթական քաղաքականութիւն պէտք է վարեն քննադատական մտածողութեան նպաստող պայմաններ ապահովելու համար (Էջ 18-19):
Վերոյիշեալ 7 հարցադրումները քննարկելու միտող այս գիտահետազօտական աշխատասիրութեան վերլուծումը կարելի է ներկայացնել հետեւեալ պատկերով:
Յակոբ Եագուպեան գիրքի ներածութեան բաժնին մէջ կը սահմանէ քննադատական մտածողութեան յղացքը` հեղինակաւոր մասնագէտի մը ըմբռնումներէն մեկնած: Ապա կը ներկայացնէ աշխատասիրութեան հիմնական նպատակը` ուսումնասիրել քննադատական մտածողութեան վերաբերեալ լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու եւ տնօրէններու մանկավարժական ըմբռնումները: Հեղինակը կը հաստատէ երկու հիմնական հարց, առաջին` պատրաստել տիպար մարդ եւ երկրորդ` տիպար հայ: Համապատասխան տեսական պարունակի մէջ տեղադրելով այս հարցերը` Եագուպեան կը բացատրէ անոնց կապը քննադատական մտածողութեան հետ: Այս բաժնին մէջ կը լուսաբանուի տուեալ աշխատասիրութեան ձեռնարկելու կարիքը: Առաջին հերթին` քննադատական մտածողութեան կապակցաբար լիբանանահայ վարժարաններէն ներս ուսումնասիրութեան մը բացակայութիւնը: Հեղինակը կը բացատրէ, որ գիտահետազօտութեան հիման վրայ կարելի կը դառնայ կանխատեսել, թէ մեր վարժարաններէն ներս որքանով կը պատրաստուի ապագայ քաղաքացին եւ ապագայ հայը` քննադատական մտածողութեան սկզբունքներու հետեւողութեամբ: Երկրորդ հերթին` զարգացումի հեռանկարով, ուսուցիչներու եւ տնօրէններու քննադատական մտածողութեան ընկալումներն ու մօտեցումները բացայայտելով, կարելի կը դառնայ առարկայականօրէն կազմակերպել ու ծրագրել ուսուցիչներու եւ տնօրէններու պատրաստութեան եւ վերապատրաստութեան արդիւնաւէտ դասընթացքներ: Ուրեմն կը տեսնենք, որ Եագուպեան դիպուկ ձեւով կը ներկայացնէ հարցը, որ նաեւ յստակօրէն կ՛արտացոլայ գիրքի խորագիրին մէջ:
Առաջին երկու գլուխներուն մէջ քննադատական մտածողութեան հետ առնչուող գրականութենէն տեսութիւններ կը ներկայացուին: Առաջին գլուխին մէջ հարցը կ՛արծարծուի մասնաւորաբար մանկավարժութեան փիլիսոփայութեան դիտանկիւնէն. այսպէս` քննադատական մտածողութիւն յղացքի սահմանումն ու նկարագրութիւնը, անոր առկայութիւնը լաւ որոշումներ կայացնելու մէջ, ինչպէս նաեւ քննադատական մտածողութիւն – անհատի կազմաւորում կապը եւ, վերջապէս, կրթական մշակներու մանկավարժական ըմբռնումները քննադատական մտածողութեան առնչութեամբ: Պէտք է նշել, որ գրականութեան օգտագործման մէջ աղբիւրները եղած են այլազան գիտական աշխատասիրութիւններ` արդի մանկավարժական փիլիսոփայութեան, կազմաւորման հոգեբանութեան, ինչպէս նաեւ` վերջին տասնամեակներուն հրատարակուած կարգ մը ուսումնասիրութիւններու մարզերէն ներս:
Երկրորդ գլուխին մէջ, հարցը կ՛արծարծուի տիպար քաղաքացիի եւ տիպար հայու պատրաստութեան տեսանկիւնէն: Այս գլուխին երկրորդ բաժնով կը ներկայացուի ազգային դաստիարակութեան, հայեցի արժէքներ փոխանցելու կերպին եւ քննադատական մտածողութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը: Հոս պէտք է նկատել, որ հեղինակը նշանակալից մէջբերումներու օգտագործումով բովանդակալից կերպով նկատի առած է կարգ մը հայ մանկավարժներու գաղափարները: Կ՛արժէ մէջբերել այս կապակցութեամբ Եագուպեանի արժեւորումը. «Հպարտալի է այն իրողութիւնը, որ շուրջ դար մը առաջ հայ մանկավարժներու արտայայտած մտքերը քննադատական մտածողութեան առնչութեամբ, եղած են յառաջադէմ, խորաթափանց եւ ժամանակակից տեսութիւններու համապատասխան» (էջ 53):
Գիտաշխատութեան նիւթին հետ առնչուող գրականութեան ներկայացումը պարզապէս տեսութիւններու կամ գաղափարներու հում ներկայացում մը չէ. այլ անդին անցնելով` զանազան մօտեցումները իրարու կը շաղկապէ քննական ակնոցով մը, երբեմն բաղդատութիւններ կատարելով ու յատկապէս իւրաքանչիւր բաժնի աւարտին` եզրակացութիւններու յանգելով. եզրակացութիւններ, որոնք գիտահետազօտական աշխատանքը իմաստաւորելու կը միտին: Գիրքին այս բաժինը կը նպաստէ նիւթի ընդհանուր ընկալման:
Գիրքին 3-րդ գլուխին մէջ կը պարզաբանուի ուսումնասիրութեան մեթոտը: Յստակ մանրամասնութիւններ կը տրուին հետազօտութեան համար նկատի առնուած ընդհանուր խումբին թիւին, մասնակցութեան բնոյթին (բոլորովին կամաւոր) եւ արձագանգողներու համեմատութեան մասին: Բացատրութիւններ կը տրուին նաեւ տուեալներու հաւաքման եղանակին (հարցարաններ եւ հարցազրոյցներ) ու տեւողութեան մասին: Այս բոլորին կողքին, կը մանրամասնուին տուեալները վերլուծելու գործընթացին համար օգտագործուող միջոցները, հիմնուած` մասնագիտական աղբիւրներու վրայ, արդիւնքներուն վստահելիութիւնը ապահովելու միտումով: Նաեւ կը լուսաբանուի հարցարաններու եւ հարցազրոյցներու վաւերականութիւնը ապահովելու համար կատարուած ուղղորդող ուսումնասիրութիւնը: Առաւել, կը նշուի, որ դա՛րձեալ վստահելիութեան ապահովման նկատառումներով, տուեալներու վերլուծումը մի՛շտ կատարուած է հետազօտող խմբակի 3 անդամներէն առնուազն 2-ին կողմէ:
Աշխատասիրութեան մեթոտը կը ներկայացնէ ու կը լրացնէ գիտական-ակադեմական հետազօտութեան մը բոլոր հիմնական տուեալները: Հոս կարելի է աւելցնել նաեւ, որ վերոյիշեալ տուեալները ներկայացուած են բաւական պարզ ու ընթերցողին մատչելի ոճով:
Գիրքին 4-րդ 5-րդ եւ 6-րդ գլուխները կը ներկայացնեն գիտաշխատութեան արդիւնքներուն զեկուցումը: Համապատասխան անջատ գլուխներու տակ կը բացատրուին քննադատական մտածողութեան առնչութեամբ ուսուցիչներու եւ տնօրէններու մանկավարժական ըմբռնումները. ապա` աշակերտին հայեցի արժէքներ փոխանցելու սկզբունքներուն եւ եղանակներուն մասին անոնց մանկավարժական հասկացողութիւնները: Արդիւնքներու զեկուցումին մէջ նկատի առնուած են զանազան ազդակներ, ինչպէս օրինակ`
– Կրթական ծրագիրներ ու դասագիրքեր,
– Դասաւանդութիւն,
– Աշակերտներու աշխատանքի արժեւորում,
– Քննադատական մտածողութեան պատրաստելու համար որդեգրուած միջոցներ,
– Տնօրէններու եւ ուսուցիչներու դիմագրաւած դժուարութիւններ կապուած`
1. Աշակերտներու վերաբերեալ հարցերու,
2. Դպրոցի ընձեռած հնարաւորութիւններու,
3. Դպրոցէն դուրս շրջապատին հետ կապուած հարցերու,
– Հայեցի արժէքներ փոխանցելու նկատմամբ ուսուցիչներու եւ տնօրէններու ըմբռնումներ ու իւրաքանչիւրին կողմէ օգտագործուած միջոցներ:
Գիտահետազօտական աշխատանքին արդիւնքներուն զեկուցումը լաւ կազմաւորուած եւ դասաւորուած ձեւով կը ներկայանայ: Ենթաբաժանումները յստակ են եւ առարկայականօրէն բանաձեւուած: Գործածուած են որակական եւ քանակական զեկուցման մօտեցումներ: Քանակական զեկուցումներուն մէջ համեմատութիւններ ներկայացուած են զանազան տուեալներու առնչութեամբ, օրինակ` մասնակիցներու տոկոս, քննադատական մտածողութեան ընդունելի ըմբռնումներ պարզողներու համեմատութիւն, հայեցի դաստիարակութեան մէջ ուսուցիչին դերակատարութիւնը կարեւոր նկատող ուսուցիչներու տոկոս եւ այլն: Կարելի է նշել, որ այս քանակական զեկուցումը, նկարագրայինի կողքին, աւելի՛ ամբողջական եւ պարզ պիտի ըլլար, եթէ նաեւ տախտակներու վրայ ներկայացուէր, թեմաները մեկնաբանելու եւ արդիւնքներու քանակական մանրամասնութիւնները աւելի՛ յստակ ներկայացնելու միտումով:
Կ՛արժէ հաստատել, որ հարցարաններէն եւ հարցազրոյցներէն քաղուած բոլո՛ր արդիւնքները կը ներկայանան հեղինակին նախապէս արծարծած հարցադրումներուն լոյսին տակ: Այս մէկը կարելի է նկատել գիտահետազօտական աշխատանքին կարեւոր յատկանիշներէն մէկը:
Աշխատասիրութեան վերջին գլուխը տրամադրուած է հետազօտութեան ընդհանուր քննարկումին եւ եզրակացութիւններուն: Բոլոր կարեւոր արդիւնքները կը քննարկուին ներածութեան բաժնին մէջ ներկայացուած հարցադրումներուն լոյսին տակ. անոնց կը տրուին բացատրութիւններ` դա՛րձեալ հիմնուելով մասնագէտ մանկավարժներու ըմբռնումներուն ու ապացոյցներու վրայ: Եզրակացութիւնները հիմնաւորուած են: Բաղդատականներ կատարուած են նաեւ այլ նմանօրինակ աշխատասիրութիւններու արդիւնքներուն հետ: Եագուպեան այս գլուխին մէջ կը հիմնաւորէ նաեւ նոյնանման այլ ուսումնասիրութիւններ կատարելու հարկաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու դասաւանդութիւնն ու տնօրէններու կրթա-տեսչական ղեկավարութիւնը, գետնի վրայ` անոնց աշխատանքի ընթացքին ու պահուն ուսումնասիրելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ կը բացատրէ կրթական ծրագիրներ, օգտագործուած դասագիրքեր ու այլ տեսակի աղբիւրներ ուսումնասիրելու կարեւորութիւնը, դարձեալ` քննադատական մտածողութեան զարգացման գործընթացին տեսանկիւնէն: Հեղինակը կը յայտնէ, որ ուսումնասիրութեան արդիւնքները կ՛ապացուցեն, թէ քննադատական մտածողութեան վերաբերեալ հասուն, խորաթափանց եւ մասնագիտական ըմբռնում ունեցող ուսուցիչները նուազագոյն թիւ կը ներկայացնեն. այս պատկերը, ահազանգային ըլլալով հանդերձ, կը համապատասխանէ նաեւ այլ միջավայրերու մէջ կատարուած աշխատասիրութիւններու արդիւնքներուն: Տնօրէններու մօտ երեւոյթը աւելի՛ դրական է, բաղդատած` ուսուցիչներուն:
Աշակերտներուն հայեցի արժէքներ փոխանցելու կապակցաբար` հեղինակը գիտահետազօտութեան ի յայտ բերած ապացոյցներուն վրայ հիմնուելով, ինչպէս նաեւ` շուրջ դար մը առաջ հայ մանկավարժներու յառաջադէմ մօտեցումները եւ մերօրեայ մանկավարժներու տեսութիւնները նկատի առնելով, ահազանգ կը հնչեցնէ` եզրակացնելով. «Եթէ կրթական մշակներ մտահոգ են ազգի գոյատեւումով եւ «տիպար հայ»-ու պատրաստութեամբ, ապա անոնք պէտք է սատարեն յանձնառու սերունդներու կերտման, որոնք ո՛չ միայն նախանձախնդիր են ազգային արժէքներու պահպանման, այլ նաեւ ջատագովը` անոնց ընդմիշտ քննարկման, վերանորոգման եւ պատշաճեցման: Հայեցի արժէքներու դաստիարակութեան ոչ քննադատական մօտեցումը կը խաթարէ այդ արժէքներուն գոյատեւումը, այնպէս` ինչպէս կը հաստատեն Արծրունի (1926), Հինդլեան (1913), Քասունի(1939) եւ ուրիշներ» (Էջ 131):
Այս բաժնի աւարտին պէտք է հաստատել, որ ուսումնասիրութեան արդիւնքներու քննարկումը եւ եզրակացութիւններու յանգումը կատարուած է տրամաբանական, ճշգրիտ ու առարկայական մօտեցումով, համապատասխան` գիտահետազօտական աշխատանքի այս հանգրուանի սկզբունքներուն:
Որպէս վերջաբան, Եագուպեան հիմնուելով աշխատասիրութեան եզրակացութիւններուն վրայ, կը ներկայացնէ 8 առաջադրանքներ` կրթական քաղաքականութիւններու կապակցութեամբ: Այս առաջադրանքները կը կառուցէ երկու կարեւոր սկզբունքներու վրայ: Առաջինը` ուսուցչութեան մտաւորական աշխատանք ըլլալու հանգամանքը: Իսկ երկրորդը` լիբանանահայ վարժարաներու բուրգին խարիսխը հանդիսացող կրթական մշակներուն ուժեղ ըլլալու հրամայականը: Այս սկզբունքները ընդլայնելով, շեշտը կը դրուի` 1) Վարժարաններու Մա՛րդ պատրաստելու գործընթացին եւ 2) Լիբանանահայ վարժարաններու մեծագոյն դրամագլուխը հանդիսացող` ծառայութեան մէջ եղող կրթական մշակներու ուժեղացման, որ կարելի է իրականացնել քննադատական մտածողութեան նպաստող միջավայրերու զարգացումով:
Յակոբ Եագուպեանի «Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններու մէջ» գիրքի ներկայացման աւարտին կարեւոր է անգամ մը եւս հաստատել, որ գիրքը կը հրամցնէ մասնագիտական գիտահետազօտութիւն մը` գրուած բոլորին մատչելի ոճով: Հոն տեղ գտած տեսութիւնները, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութեան արդիւնքներն ու առաջադրանքները թէ՛ տեսականօրէն եւ թէ՛ գործնականօրէն օգտակար են գործող ու ապագայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ ուսումնասիրողներուն համար, եւ կ՛առաջնորդեն զիրենք դէպի որակաւո՛ր մանկավարժական կիրարկում մը, որ կը յատկանշուի աւելի՛ խոր քննադատական մտածողութեամբ: Աւելի՛ն. այս աշխատասիրութիւնը նորութիւն կը բերէ եւ իր մտքերով ու աշխատանքային լո՛ւրջ մեթոտով խթանո՛ղ է ընդհանրապէս մանկավարժութեամբ հետաքրքրուող հայ մտաւորականին համար: Հարկաւոր է նաեւ մատնանշել ա՛յն իրողութիւնը, որ գիրքին մէջ յատուկ անջատ բաժիններով մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձած է քննադատական մտածողութեամբ հայեցի՛ արժէքներու փոխանցումը աշակերտին, ինչ որ շա՛տ գնահատելի է:
Եագուպեանի այս գիրքը ուսումնասիրութեան ոլորտէն ներս շա՛տ հետաքրքրական եւ նշանակալից աշխատասիրութիւն մըն է անկասկած: Սփիւռքահայութեան մանկավարժական տարերքը կարիքը ունի նման որակով յաւելեա՛լ աշխատասիրութիւններու:
Այստեղ պէտք է նաեւ նշել, որ շա՛տ գնահատելի է Հայկազեան համալսարանի եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին այս աշխատասիրութեան բերած նեցուկը եւ հովանաւորութիւնը: