Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Զգացումներու Կայարան…

$
0
0

ԹԱՄԱՐ ԱԶԱՐ

Զգացումնե՜ր…
Մարմնաւոր թէ հոգեւոր…
Անհասանելի  թարգմանութիւն`
Կեանքի բնոյթին հետ մեղաւոր.
Անհասկնալի  իրականութիւններ
Կը շարժեն մեր զգացումները` մարմնաւոր եւ  հոգեւոր…
Ու այս մարմնաւոր երկրին մէջ,
Կը ծննդաբերենք ցաւոտ-ցաւոտ
Երազներ ու փափաքներ
Հոգեւոր ու մարմնաւոր կամուրջին վրայ…
Եւ ահա կրկին…
Երազները կը սաւառնին
Այնտեղ` ու կը թափառին
Խաւարը մեր իղձերու…
Եւ գիշերուան մթութեան մէջ,
Կեանքի թարմ ելեւէջներուն հետ միասին
Կը յայտնուին`
Էջերը մեր կիրքերուն…
Մութ ու ծածուկ թերթերը
Մեր հոգիներուն…
Սաւառնող իղձերը`
Մեր մարմիններուն…
Կեանք` դուն մեզ տուիր ,
Հարբած սրտերու տենչը…
Մարած սրտերու իղձը…
Կախուած երազներու անկատարը…
Ի՞նչ պիտի ըլլար գուցէ,
Թէ  սաւառնէր մեր հոգիները
Խորքը անտառին,
Եւ դպչէինք այնտեղ`
Մութ անկիւններուն մէջ պահուած
Մարգարիտներուն գուցէ՜
Համտեսելով կեանքի գեղեցիկ ելեւէջները խենթ.
Մերթ խաղով…
Մերթ պարով…
Կեանքի ծածուկ լարերուն վրայ օրօրուելով…
Եւ ահաւասիկ,
Կայարանին մօտ կանգնած`
Որոշումներ մեզ կ՛օրօրեն…
Կանգնի՞լ այնտեղ, թէ՞ սաւառնիլ
Երկինքը գուցէ…
Ուր կը ծնին կորուստէն
Ինքնութիւններ` մերթ նոր, մերթ հին
Չվերադառնալով եւս կրկին…

2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>