Այսպէս անուանած էին ծրագիրը եւ այսքանով սահմանած այն տարածքը, ուր պիտի իրականացուէր ան` ամբողջ բեմի տարածքէն միայն 4 մեթր քառակուսին օգտագործելով:
Ընդհանուր 26 ներկայացումներէ թիւով միայն 3-ը հասան հանդիսատեսիս: Անոնք էին «Սպասելով Նոյին», «Կարծես Կ՛ապրինք» եւ «Ես»-ը:
Մասնակիցները իրենց ներկայացումներուն մէջ պէտք էր ներառէին «Քորոնա» համաճարակը, Պէյրութի նաւահանգիստի օգոստոս 4-ի պայթումը, Լիբանանի ժողովրդային շարժումը եւ ներկայացումը կատարէին միայն երկու դերասաններով` բեմի նուազագոյն յարդարանքով, տեսալսողական միջոցներու ամենասկսնակ եւ ամենաչնչին ձեւերը օգտագործելով:
Առաջինին` «Սպասելով Նոյին» (արաբերէնով` Նահնա ու նաթրին Նուհ) զաւեշտին մէջ Նոյը երկու ծերունիներու մէկ հատիկ զաւակն էր: Զաւեշտը տեղի կ՛ունենար տան մը համար ամէնէն բնական, եւ բեմի մը համար «ամէնէն բնական» վայրերէն մէկուն մէջ` բաղնիքին ներսն ու դուրսը: Այս զաւեշտի երկու դերասաններն էին ծերունի այր մարդը ու անոր կինը` Ֆուատ Եամինի եւ Սինթիա Քարամի դերակատարութեամբ: Զաւեշտի բեմադրիչներն էին Քարիմ Շալպի եւ Սարա Ապտօ:
Նիւթը կը դառնար առանձին ապրող, իրենց մէկ հատիկ զաւակէն հեռու մնացած այս զոյգ ծերունիին իրավիճակին շուրջ` սկսելով անոնց առօրեայ ամէնէն սովորական ընելիքէն, մինչեւ իրենց կեանքէն մնացած քանի մը տարուան ընելիքը: Հայրը կը մեղադրէր զաւակը, մայրը կը պաշտպանէր զայն, եւ դէպքին վայրը` մարդը բաղնիքէն ներս եւ կինը բաղնիքէն դուրս ըլլալով, պատկերը կը դարձնէր որքան տարօրինակ, նոյնքան հարազատ ու սրտի մօտիկ: Մարդը դիմած էր «պէտքարան», տարբեր «պէտքի մը» համար` ծխախոտ մը հանգիստ ծխելու, որովհետեւ կինը արգիլած էր իրեն ծխել` մտահոգուելով անոր առողջութեամբ: Երկխօսութիւնը կը սաստկանայ, երբ կինը կ՛իմանայ, որ մարդը,- առանց իր լուրին,- իրենց տունը ծախելու առաջարկ մը կատարած է ուրիշին:
Վարժ ու հմուտ այս դերակատարները յաջողեցան մեզ ապրեցնել այդ յուզմունքներուն ու զգացումներուն բոլոր վերիվայրումները, երկվայրկեաններու տարբերութեամբ` ծիծաղն ու յուզմունքը (երբեմն ալ արցունքը) իրար խառնելով: Անոնց մէջտեղ եկած կուզը, դանդաղաշարժ վիճակը, ծերունիի յատուկ գլխու երերումները պատկերը դարձուցին ամբողջական:
Զաւեշտը կ՛աւարտի իրերայաջորդ այն ցնցիչ ձայներով, որոնք տարբեր տարողութեամբ լսեց Լիբանանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր անձ` օգոստոս 4-ին:
Ի՞նչ եղաւ անոնց ճակատագիրը:
Հանդիսատեսը չգիտցաւ:
Ինծի կը մնայ սակայն հարցման նշան մը` տղուն անունը: Նոյ` արաբերէնով Նուհ, որ հնչիւնով ու գրութեամբ շատ մօտ է «Նրուհ» բառին, որ արաբերէնով կը նշանակէ «երթալ»: Եւ այս պարագային այս բառախաղը կրնայ այլ իմաստ մը տալ` «Սպասելով մեր երթալուն» (գաղթե՞լը, թէ՞ մահանալը): Արդեօք դիտմա՞մբ էր, թէ՞ սոսկ պատահականութիւն. համեստ կարծիքովս` առաջինը…
Երկրորդ ներկայացումը` «Կարծես կ՛ապրինք»-ն էր (արաբերէնով` ուա քաընա այշին). միջին արեւելքցին շատ յստակ կը տեսնէ այս երկու բառերուն մէջ խտացուած այդ մեծ ու ողբալի պատկերը: Այնպէս, որ գիտէ ինչի մասին է խօսքը, սակայն պէտք է պատմել, որովհետեւ նիւթի մը կարեւորութիւնն ու արժէքը մի՛շտ անոր մանրամասնութիւններուն մէջ է: Թատրոնի բեմադրիչն էր լիբանանահայ ծանօթ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, դերակատարները` Եարա Զախուրը Եւ Ռամի Աթալլան: Դէպքը կը պատահի օգոստոս 4-ի պայթումէն երկու օր ետք, նկուղի մը մէջ, ուր երկու հոգի, որոնց բախտը իրենց ձեռքին դրած է 2 միլիոն տոլար, քով-քովի եկած կը մտածեն այդ գումարով իրենց ընելիքին մասին:
Այս արկածը պայթումի վայրին մօտ ըլլալով, եւ այդ ամբողջ գումարը իրենց ձեռքը ըլլալով, աղջիկը կը յղանայ «նոր կեանք»-ի սկսելու միտքը. թող մարդիկ զիրենք մահացած սեպեն, իրենք ձեռք կը ձգեն կեղծ նոր անցագիրներ, նոր անուններով եւ այդ նոր ինքնութեամբ կը սկսին նոր կեանք մը: Սակայն տղան կը մերժէր տուն ու տեղ ձգել, հեռանալ շրջապատէն, ընկերներէն, բարեկամներէն, իսկ աղջիկը կը շարունակէր ճնշում բանեցնել տղուն վրայ ու պարտադրել իր միտքը. պէտք էր դուրս գալ հին շապիկէն, մոռնալ ու թողուլ ամէն ինչ եւ նոր կեանքի մը սկսիլ, որովհետեւ «այս երկրին մէջ կեանքը այլեւս անտանելի է ու խայտառակութիւն»: Այս պատկերը զոյգ դերակատարները փորձեցին խորհրդաւոր ձեւով ներկայացնել բեմի վրայ` հագուստներու յաճախակի փոփոխութեամբ (հագուստը որպէս կեցուածք)` իրենց խօսակցութեան ընթացքին պատկերացնելով իրենց կեցուածքի մէջընդմէջ փոփոխութիւնը եւ երկու որոշումներու միջեւ իրենց տատանումը: Սակայն անոնք, «մնալով երկրի մէջ, պարտադրուած էին անցեալը ապրելու, իսկ հեռանալով երկրէն` միշտ պարտադրուած պիտի մնային ապագան ապրելու»:
Աւարտին պարզուեցաւ, որ կինը իր ամուսնալուծուած ամուսինէն զաւակ մը ունէր, եւ երբ իր Լիբանանէն հեռանալու ճնշման ենթակայ տղան մատը այդ վէրքին վրայ դրաւ` հոն աղջկան խիղճը արթնցաւ, եւ զոյգը` իրենց հանդիպման առաջին օրերը յիշելով, աւարտեց ներկայացումը:
Մնացի՞ն, թէ՞ մեկնեցան. այդ հարցումին պատասխանը ձգեցին հանդիսատեսի երեւակայութեան, իւրաքանչիւրը իր ենթադրութեամբ եւ իր տեսողական դաշտէն մեկնելով…
Երրորդ եւ վերջին ներկայացումին` «Ես»-ին (արաբերէնով` անա), դերակատարներն էին Այա Ապի Հայտարն ու Ահմատ Նապհան, ներկայացման բեմադրիչը` էր Նուր Սաատ:
Թատրոնը թոհուբոհով սկիզբ մը ունեցաւ:
Երիտասարդ աղջնակ մը, զէն ի ձեռին, սեղան մը տապալելով կը դիրքաւորուի ու` իր զէնքին խողովակը հեռուէն անցնող թիրախին ուղղելով` նշանառութեամբ կը հետապնդէ զայն: Հետապնդած ժամանակ աղջիկը բարձրաձայն կը յայտնէր, որ թիրախը հագած ու կապած էր հանրայայտ մակնիշներով թանկարժէք հագուստեղէն ու զարդեղէն, սակայն խօսքին վերջը միայն հանդիսատեսին յայտնեց թիրախին ինքնութեան մասին, երբ ըսաւ, թէ «թիրախին ձեռքը պայուսակ մը կայ, եւ պայուսակին մէջ` ամոնիոմ նիթրաթ»: Այդ պայուսակին մէջ էին նաեւ մարդոց քանդուած եւ անկենդան տուները, որբացած զաւակները, այրիացած կիները եւ որդեկորոյս ծնողները, ինչպէս նաեւ` իր սէրը…
Ապա, ժամանակը ետեւ տանելով` տղան ներկայացաւ բեմ ու սկսաւ պատմել իր սիրոյ մասին` բոլոր ժամանակաշրջաններուն. առաջին հանդիպումը, իրենց խօսակցութիւնները, զրոյցները, վէճերը, եւ աղջիկը` իրեն միանալով, հերթաբար ամբողջացուցին մէկզմէկու խօսքը եւ իրենց յարաբերութեան լրիւ պատկերը, ուր կը դառնան ամուսիններ: Այսպիսով հասան այդ օրը` օգոստոս 4-ը, երբ զոյգը` վիճելէ ետք, տղան դուրս կու գայ տունէն, ու ժամանակ մը ետք զգալով վէճի անհեթեթութիւնը, իր հեռաձայնի ուացափով ձայնային նամակ մը կը ղրկէ իր սիրածին` եւ յայտնելու, թէ «նման վէճեր միշտ ալ կը պատահին», թէ «չ՛արժեր նեղանալ ասոր համար»:
Սակայն, նամակը չի հասնիր, եւ աղջկան ուշադրութիւնն ու ժպիտը երաշխաւորելիք տղուն գնած ճերմակ վարդերը կը ներկուին կարմիրով: Տղան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն կը մահանայ, առանց գիտնալու, թէ կինը յղի էր, ինք ալ պիտի հայրանար…
Աւարտին աղջիկը կը պոռթկայ առ Աստուած. «Ինչո՞ւ ինք: Ինչո՞ւ այսքան բան: Ի՞նչ ըրած էր»…
***
Մէկ ժամէն իւրաքանչիւրը քառորդ մը առնող այս ներկայացումները կրցան խտացնել պատգամները, իսկ եզրայանգումները` հանդիսատեսին ձգել: Անոնք պեղեցին հանդիսատեսի հոգին ու ալեկոծեցին զայն, յիշել տուին պահեր, եւս մէկ անգամ ապրիլ տուին զգացումներ, զորս հանդիսատեսը հաւանաբար պիտի չուզէր անգամ մը եւս ապրիլ: Սակայն հոգեխոցները հասկնալով, ընկալելով եւ անոնց դէմ յանդիման գտնուելով կը յաղթահարեն:
Չորս օրերու ընթացքին ամբողջովին լեցուն սրահը ապացոյց մըն էր, որ լիբանանցի ժողովուրդը ծարաւ ունի արուեստի գործին, որովհետեւ անով է, որ մարդու հոգին կը կրթուի եւ կը բարգաւաճի: