Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17226

Յաջողած Եւ Բարեգործ Գաղթականներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  

Հակամարտութիւնները, պատերազմները, քաղաքական հալածանքները, տնտեսական տագնապները, նոյնպէս ոմանց ընչաքաղցութիւնը համաշխարհային գաղթի պատճառներէն են: Անշուշտ գաղթականները զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն. բոլորը չէ, որ կը յաջողին, կամ իրենց երազները իրականացած կը գտնեն: Սակայն ոմանք` յաղթահարելով ամէն տեսակի անպատեհութիւնները, բարեկեցիկ կեանք կ՛ունենան, եւ ամէնէն կարեւորը` չեն մոռնար իրենց կրած տառապանքը եւ կը փորձեն օգտակար ըլլալ այլոց: Հեղինակաւոր «Ֆորպս» կայքի հրապարակած յօդուածը այդ բնաբանին կ՛անդրադառնայ:

Ն.  

Ճաշարանի գաղթական սեփականատէրը,
որ կ՛օգնէ աղքատներուն եւ անօթեւաններուն

Սաքինա ճաշարանի մուտքին

Փաքիստան ծնած գաղթական Քազի Մանան Ուաշինկթընի մէջ գտնուող «Սաքինա հալալ կրիլ» ճաշարանի սեփականատէրն է: «Եթէ մէկը կ՛ըսէ, թէ ինք անվճար կերակուր կ՛ուզէ … Լաւ», ըսաւ Մանան: Ան ամէն օր կը կերակրէ ոեւէ անօթեւան կամ աղքատ մարդ, որ կը մտնէ իր ճաշարանը եւ օգնութիւն կը խնդրէ: 2018 թուականին ան 16 հազար անվճար ուտելիք տուած է:

«Ժամանակ մը ես նման իրավիճակի մէջ էի, այն ատեն բաւարար ուտելիք չունէի: … Երբ դուն կը բարձրացնես այլ մարդ մը, ատիկա ատեն գեղեցիկ բան է», կը շեշտէ ան:

Հնդկաստան ծնած տիեզերագնացը, որ կը շարունակէ ոգեշնչել

Հնդկական ծագումով գաղթական տիեզերագնաց Կալպանա Չաուլան իր մահէն 16 տարի ետք կը շարունակէ ոգեշնչել երիտասարդները: Չաուլան աւարտած է Փունճապի ճարտարագիտական համալսարանը եւ մեկնած Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ միջազգային ուսանող, ստանալով մագիստրոսի կոչում եւ դոկտորական վկայական` Արլինկթոնի Թեքսասի համալսարանի եւ Քոլորատոյի Պոլտըրի համալսարանի օդատիեզերական ճարտարագիտութեան ասպարէզին մէջ:

Ան դարձաւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի, եւ ՆԱՍԱ-ն զայն ընտրեց տիեզերագնացներու ծրագիրին մէջ:

Կալպանա Չաուլան

1997 թուականին ան դարձաւ հնդկական ծագում ունեցող առաջին կինը տիեզերքի մէջ: Չաուլան եւ անձնակազմի վեց անդամները մահացան 1 փետրուարին 2003-ին, իր երկրորդ առաքելութեան ժամանակ, երբ «Քոլոմպիա» տիեզերանաւը քայքայուեցաւ կրկին մուտք գործելու ժամանակ:

«Ան կը տարբերէր եւ իւրայատուկ էր իր մանկութենէն», կ՛ըսէ Բանարասի Լալ Չաուլան: «Որպէս հայր, ես ամէն ինչ կ՛ընէի, որպէսզի անոր թեւերը չկոտրին: Ան կ՛ուզէր թռչիլ, ես պարզապէս թոյլ տուի անոր թռչիլ»:

Գաղթականներու իրաւունքի համալսարանական դասախօս

Գաղթականներու դէմ առաջարկուող ամէնէն թոյլ փաստերէն մէկը այն է, որ անոնք կը կառչին իրենց ծննդավայր երկրին ճնշող կառավարման աւանդութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական աւանդութիւնները իւրացնելու փոխարէն:

Նման փաստերը չեն ընդունիր, որ շատերուն գաղթականութեան պատճառը այն է, որ բազմաթիւ մարդիկ կը լքեն իրենց ծննդավայրը` իրենց երեխաներուն ազատութիւնը գնահատող երկրին մէջ մեծցնելու նպատակով:

Փրոֆ. Իլիա Սոմին

Ճորճ Մէյսոնի համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս փրոֆ. Իլիա Սոմին ծնողներուն հետ Խորհրդային Միութենէն գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, երբ տակաւին մանուկ էր: Ան մեծցած է որպէս ազատութեան բուռն ջատագով: 2019 թուականի յունիսին «Ռիզըն» թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածով ան  նշած է իր ընտանիքին Միացեալ Նահանգներ ժամանելու 40-ամեակը:

«Յոռեգոյն պարագային Ամերիկան ենթակայ է նոյն տեսակի ցեղային, կրօնական, խտրական եւ ազգայնական նախապաշարումներու, ինչպէս բազմաթիւ այլ երկիրներ», կը գրէ Սոմին: «Բայց լաւագոյն պարագային այդ այն երկիրն է, ուր  ազատութիւնն ու հնարաւորութիւնները կրնան ըլլալ ձերը, անկախ անկէ, թէ որոնք եղած են ձեր ծնողները կամ ուր ծնած էք. այն երկիրը, ուր գաղթականները աւելի լիարժէք կ՛ընդունուին, քան գրեթէ որեւէ այլ երկրի մէջ»:

Գաղթական արձանագործը, որ նոր կեանք կ՛ուզէր Ամերիկայի մէջ

Ալեքս Ցալիխինը (յայտնի է որպէս Սաշա) իր կնոջ եւ երեխային հետ Խորհրդային Միութենէն գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, Իլիա Սոմինի ընտանիքէն շուրջ 12 տարի ետք: Սաշան Ամերիկա հասած է որպէս գաղթական եւ «իր գեղարուեստական տաղանդին շնորհիւ ապրուստը շահած է»:

Թէեւ ան Խորհրդային Միութեան մէջ առեւտուրի սկսելու փորձառութիւն չէ ունեցած (գործարարութիւնը արգիլուած էր, երբ ան կ՛ապրէր այնտեղ), բայց եւ այնպէս Սաշան Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնած է երեք ընկերութիւններ, որոնց շարքին` A-Cast Studio-ն, որ մասնագիտացած է ճարտարապետական եւ քանդակագործական տարրեր ստեղծելու մէջ,  շէնքերու ներքին եւ արտաքին մասերը կառուցելու համար:

Ան պատրաստած է Սուրբ Միքայել հրեշտակապետի 14 մեթրնոց արձանը` ի պատիւ զոհուած ամերիկացի իրաւապահներու եւ  զինուորական անձնակազմի, Նիւ Եորքի Ուիլյամսուիլ քաղաքի Հայրենասէրներու եւ հերոսներու արձաններու պուրակին համար:

Ալեքս Ցալիխինի Սուրբ Միքայել հրեշտակապետի արձանը

«Ամերիկան այն վայրն է, ուր կարելի է նոր կեանք սկսիլ», ըսած է Սաշա:

Բժիշկը, փիցցայի ճաշարանատէրը, ճատրակի ախոյեանը, որոնք իրենց երազները կը հետապնդեն

Անիսա Իպրահիմ տանջուեցաւ քենիացիներու գաղթակայանին մէջ, նախքան Սոմալիայէն Միացեալ Նահանգներ գաղթելը` 6 տարեկանին: Այսօր ան բժիշկ է: «Այժմ կան միլիոնաւոր գաղթականներ, որոնց չեն շնորհուիր այն հնարաւորութիւնները, որոնք ինծի տրուած են», ըսաւ Իպրահիմ: «Եւ եթէ ըլլային, հիանալի կ՛ըլլար»:

Թուրքիա ծնած քիւրտ Հաքի Աքտենիզ նախ գաղթած է Քանատա, ապա` Միացեալ Նահանգներ: Անոր ճամբորդութիւնը դիւրին չէր. որոշ ժամանակ Հաքի կ՛ապրէր անօթեւաններու կացարանին մէջ, բայց կը կուտակէր բնակարանի գումարը: Ան սորվեցաւ փիցցա պատրաստել եւ բաւարար գումար շահեցաւ փիցցայի ճաշարան գնելու համար:

Այժմ ան ունի փիցցայի 7 ճաշարան եւ ունի 3,5 միլիոն հետեւորդ «Ինսթակրամ»-ի մէջ:

«Ի վերջոյ ան սկսաւ շաբաթական ուտեստեղէնի եւ հագուստի բաշխում Արեւմտեան 34-րդ փողոցի մայթերուն վրայ», ըսաւ Մայքլ Ուիլսոն «Նիւ Եորք Թայմզ»-էն: «Հաքի նոյնպէս կանոնաւոր կերպով փիցցաներ կը բաժնէր անօթեւաններուն Չայնաթաունի եւ Լոուըր Իսթ Սայտի մէջ, ուր յայտնի է որպէս «փիցցայի մարդ»:

_Նիւ Եորք Թայմզ»-ի յօդուածագիր Նիքոլաս Քրիստոֆ ներկայացուցած է Թանիտոլուվա (Տանի) Ատեւումիի պատմութիւնը: Ընտանիքը փախուստ տուած էր Նիճերիայէն, «վախնալով Պոքօ Հարամի ահաբեկիչներու յարձակումներէն իրենց նման քրիստոնեաներու վրայ»:

Ընտանիքը ապաստան խնդրած է Միացեալ Նահանգներէն: Ութամեայ Թանին մասնակցած եւ յաղթած է Նիւ Եորք նահանգի 2019 թուականի ճատրակի ախոյեանութեան իր տարիքային խումբին մէջ (մանկապարտէզէն մինչեւ երրորդ դասարան): Անոր հայրը յոյս ունի, որ ընտանիքին թոյլ կու տան մնալ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Օգնութիւն` գաղթականներուն եւ ապաստան խնդրողներուն

Գաղթի բոլոր դրական նորութիւնները չէ, որ կու գան  գաղթականներէն: Որոշ ընդդիմախօսներ փորձած են ծաղրել գաղթականներու եւ ապաստան խնդրողներու կողմնակիցները, վիճելով. «Ինչո՞ւ չէք ձգեր, որ անոնք մնան ձեր տան մէջ»: Նման բան ըրած են քանատացի Ճիմ Էսթիլ եւ Արիզոնայի մեծ մայրիկը` Մարիաննա Մորիարթին:

Ճիմ որոշեց, որ հարցերը ի՛նք կը լուծէ. ան կը ծախսէ 1,5 միլիոն տոլար իր սեփական դրամներէն, սուրիացի գաղթականները Միջին Արեւելքէն բերելով իր հայրենի Կէոլֆ, Օնթարիօ քաղաք, որ Թորոնթոյէն 60 քլմ. արեւմուտք կը գտնուի:

Կէոլֆ

Ան կարողացաւ այդ ընել քանատական ծրագիրի շնորհիւ, որ կը կոչուի «Գաղթականներու սեփական հովանաւորութիւն» ծրագիր, որ հաստատուած է 41 տարի առաջ: Պայմանը այն է, որ հիւրընկալող ընտանիքները կը պարտաւորուին հոգալ նոր ժամանողներու ծախսերը առաջին տարուան համար: Այսպիսով, Ճիմ վճարեց առաջին 50 սուրիացի ընտանիքներու ծախսերը, որպէսզի անոնք տեղափոխուին Կէոլֆ, որ ունի 135 հազար բնակիչ: Ան նոյնիսկ քանի մը ընտանիք իր տան մէջ հիւրընկալեց:

Արիզոնա նահանգի Ֆենիքս քաղաքին մէջ Մարիան Մորիարտին իր տունը նոյնպէս բացաւ Կեդրոնական Ամերիկայէն ապաստան հայցողներու համար:

«Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 9:30-ն է, եւ Մարիան Մորիարտին կը մեկնի Սէյֆուէյ` գնելու կաթ, հացահատիկ եւ ըմպելիներ այն հիւրերուն համար, որոնց ան երբեք չէ հանդիպած, եւ որոնք կրնան կամ չեն կրնար գալ իրեն հետ մնալու համար», գրուած Արիզոնայի Հանրապետութիւն թերթին մէջ:

«Ան կը նախընտրէր, որ երեխաներ ունեցող մայրեր ըլլան, թէեւ առաջին անգամ հայր եւ որդի էին: Այդ իսկապէս նշանակութիւն չունի: Ան իր օգնութեան կարիքը ունեցող ոչ ոքի կը մերժէ: Եթէ անոնք գան, Մարիան ընթրիքին փիցցա կու տայ, իսկ նախաճաշին` հացահատիկ: Թէեւ մեծ բան չէ ատիկա,  բայց ան այդքան կրնայ ընել որպէս հանգստեան կոչուած թոշակառու անգլերէնի ուսուցչուհի»:

Աջակցութիւն` գաղթին մրցանշային բարձր մակարդակներու վրայ

Կարելի է մտածել, որ բացասական հռետորութիւնը եւ գաղթի սահմանափակող  քաղաքականութիւնը գաղթականներու հանդէպ թշնամանքի պատճառ կը դառնան պատմական մակարդակի վրայ: Հակառակը եւս կրնայ ըլլալ:

Նոյնիսկ այն պարագային, երբ անոնք կ՛ընդունին գաղթը որպէս ազգի ամէնէն հրատապ խնդիրներէն մէկը, ամերիկացիները տակաւին ընդհանրապէս դրական կը վերաբերին գաղթին, անոնց 76 առ հարիւրը զայն կը բնութագրէ որպէս լաւ բան այսօրուան երկրին համար, իսկ 19 առ հարիւրը` որպէս վատ բան», կը նշուի «Կալոփ»-ի հարցախոյզին եզրակացութեան մէջ:

Այն օրուընէ, երբ Կալոփ առաջին անգամ ուղղած է այս հարցումը, 2001 թուականին, ոչ նուազ քան 52 առ հարիւրը հաստատած է գաղթին արժէքը, ընդ որում ընթացիկ տարուան ցուցանիշը մինչեւ այսօր ամէնէն բարձրն է մէկ կէտով: Յատկանշական է, որ ամերիկացիներուն երկու երրորդը, որոնք գաղթը կը նկատեն ամէնէն կարեւոր խնդիրը, դեռ կը կարծէ, թէ այդ լաւ բան է երկրին համար:

Գաղթականներու ընտանիքները յաջողութեան հասած են Միացեալ Նահանգներու պատմութեան ամբողջ ընթացքին

Արդեօ՞ք գաղթականներու եւ անոնց երեխաներու կեանքը կը բարելաւուի ժամանակի ընթացքին. ասիկա եղած է գաղթի շուրջը բանավէճի առանցքային հարցը: Յատկանշական հետազօտութեամբ մասնագէտներ եզրակացուցին, որ այդ հարցին պատասխանը «այո՛» էր:

Նոր հետազօտութիւնը, որ կ՛առնչուի 1880-ականներու միլիոնաւոր հայրերու եւ որդիներու, ցոյց կու տայ, որ աղքատ գաղթականներու երեխաները Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են, բարձրանալով տնտեսական սանդուղը, քան նոյնքան աղքատ հայրերու երեխաները, որոնք ծնած են Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Այդ օրինաչափութիւնը զգալիօրէն կայուն եղած է աւելի քան դար մը, նոյնիսկ երբ գաղթի մասին օրէնքները փոխուած են, եւ երբ փոխուած են այն երկիրները, որոնք գաղթականներ ուղարկած են Միացեալ Նահանգներ:

Մասնագէտներ բացատրած են արդիւնքները. «Անկախ անկէ, թէ ե՞րբ անոնց ծնողները եկած են Միացեալ Նահանգներ կամ ո՞ր երկրէն անոնք եկած են, գաղթականներու երեխաները աւելի բարձր շարժունակութիւն ունին, քան Միացեալ Նահանգներու մէջ  ծնած իրենց տարեկիցները: Աւելի՛ն. անոնց շարժունակութեան մակարդակը այսօր զարմանալիօրէն նման է անցեալի շարժունակութեան ցուցանիշներուն»:

Աշխարհի ամէնէն յաջող գաղթականները

Ըստ լրագրող, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի հաղորդավար Սթիւ Տուպների, աշխարհի ամէնէն յաջող գաղթականները ծագումով Լիբանանէն են: Այնտեղ ոչ մէկ անակնկալ կայ: Լիբանանցի գաղթականներու թիւը մօտաւորապէս 12-18 միլիոն է: Այս գաղթականներուն մեծամասնութիւնը լքած է Լիբանանը անոր անկայունութեան, կառավարման բացակայութեան եւ մարդկային տարրական կարիքներէն զրկուած ըլլալու պատճառով: Անոնք հեռացան Լիբանանէն` փնտռելով իրենց համար աւելի լաւ կեանք եւ իրենց երեխաները ապահովելու այն բաներով, որոնք երբեք չեն ունեցած: Ուստի անոնք աւելի յաւակնոտ, փառատենչ են եւ աւելի շատ կ՛աշխատին այս կայունութիւնը պահպանելու:

Սթիւ Տուպներ կը պատմէ. «Անգամ մը ես օդանաւով կը ճամբորդէի, քովս նստած էր Նասիմ Թալեպը: Ան տեսակ մը  փիլիսոփայ է եւ կը գրէ հետաքրքրական գիրքեր: Թալեպ ծագումով լիբանանցի է, եւ ան տակաւին տարին քանի մը անգամ իր հայրենիքը կը վերադառնայ: Ան այժմ կը բնակի Նիւ Եորքի արուարձանին մէջ:

«Օդանաւով այս ճամբորդութեան ընթացքին ան ինծի ըսաւ բան մը, որ ես նախապէս երբեք չէի լսած: Թալեպ ըսաւ. «Եթէ  նայիք աշխարհի ամէնէն հարուստ տասը, քսան կամ երեսուն երկիրներուն, անոնց ամէնէն հարուստ մարդոց շարքին Լիբանանէն մէկը կայ»:

Մենք սկսանք քննարկել լիբանանեան սփիւռքը…

Եւ երբ ան սկսաւ խօսիլ այս մասին, թէ որքան յաջող է լիբանանեան սփիւռքը, ես երեք արագ արձագանգ ունեցայ.

  1. Հետաքրքրական է, եթէ այդ ճիշդ է:
  2. Ճի՞շդ է:
  3. Եթէ ճիշդ է, ինչո՞ւ:

Նասիմ Թալեպ կ՛ըսէ, թէ լիբանանեան սփիւռքը աներեւակայելի կերպով յաջող եղած է: Թալեպ ունի որոշ տեսութիւններ, կան որոշ խոր արմատաւորուած պատմական տեսութիւններ, թէ ինչու այդպէս է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17226

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>