Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Բարի Ճանապարհ…

$
0
0

ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ

Բարի ճանապարհ ձեզի, Հալէպէն մեկնող հալէպահայեր, ձեր կեանքը դալար եւ ձեր աշխատանքը պտղաբեր ըլլայ: Որովհետեւ հայ էք, պիտի շէնցնէք այն հողը, ուր կայք պիտի հաստատէք: Որովհետեւ հայ էք, պիտի հմտանաք այն գործին մէջ, որուն պիտի նախաձեռնէք: Որովհետեւ հայ էք, պիտի ստեղծագործէք եւ արժանանաք բարձր գնահատանքի ու գովասանքի:

Սակայն, սիրելինե՛ր, զգուշացէ՛ք ձեր մեկնումի պահուն կամ մեկնելէ ետք պղտորել այն բարի քաղաքին անունն ու մթնոլորտը, ուր դուք ապրեցաք ամբողջ հարիւր տարի: Ապրեցաք ու ապրեցուցիք, կառուցեցիք ու կերտեցիք, հնարեցիք եւ կատարելագործեցիք:

Զգուշացէ՛ք ձեզ հարիւր տարի իր տաքուկ երդիքին ներքեւ պատսպարող քաղաքին մասին վատ արտայայտութիւններ ունենալէ:

Չմոռնա՛ք, որ այդ հարուստ, բարի ու արդիւնաւէտ քաղաքը այսօր, կամքէ առկախ պատճառներով, հիւանդացած ու աղքատացած է: Յիշէ՛, որ հիւանդն ու աղքատը խնամքի, կարեկցութեան, դարմանումի եւ աղօթքի կը կարօտին: Եթէ վճռած ես հեռանալ հիւանդին ու աղքատին մօտէն, ապա հեռանալու պահուն կամ մեկնելէ ետք բժիշկի նման ախտաճանաչումներ մի՛ ըներ, արեան կենսունակութեան մակարդակի վերլուծումներ մի՛ կատարեր: Բարձրաձայն մի՛ արտայայտուիր, որ այս քաղաքը ոչ եւս է, մի՛ խղճար ու մի՛ գթար Հալէպ մնացող հալէպահայոց վրայ:

Պիտի երթաս` գնա՛, սակայն մի՛ պղծեր Հալէպի մէջ ապրած գեղեցիկ օրերուդ յիշատակը:

Պիտի երթաս` գնա՛, սակայն մի՛ սեւցներ այն տան պատերը, որուն ջերմութեամբ հասակ առիր:

Պիտի երթաս` գնա՛, սակայն մի՛ արհամարհեր անոնք, որոնք որոշած են տէր կանգնիլ իրենց օճախին:

Պիտի երթաս` գնա՛, սակայն մի՛ յուսահատեցներ անոնք, որոնք յոյսի ուժով կ՛ապրին:

Պիտի երթաս` գնա՛, սակայն ապերախտ մի՛ գտնուիր այն հողին նկատմամբ, որ տարիներ քեզ սնուցանեց:

Բարի՛ ճանապարհ, սիրելի՛ հայրենակից, բարով հասնիս հոն, ուր կը ծրագրես երթալ:

Բարի՛ ճանապարհ, հալէպահա՛յ ուղեւոր, գիտեմ, որ շատ իրեր ունիս հետդ տանելու եւ իւրաքանչիւր կտոր իր ծանրութիւնն ու գինն ունի, սակայն կ՛արժէ վճարել ճամպրուկիդ փոքր գրպանիկի մը մէջ տեղաւորելու համար հալէպահայոց անգին համբաւը, որպէսզի նոր հողերու վրայ, Աստուած մի՛ արասցէ, օր մը եթէ յուսահատիս եւ կարծես, թէ աշխարհը իր դռները փակած է դիմացդ, այդ պճեղ մը հալէպահայու համբաւին շնորհիւ յոյսով ոգեշնչուիս, վանես յուսահատութիւնը եւ վերստին բացուած տեսնես աշխարհի դռները:

Բարի՛ ճանապարհ:

Հալէպ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>