Չորեքշաբթի, 11 մայիս 2016-ի առաւօտուն ՀԲԸՄ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ համախմբուած էին լիբանանահայ 15 վարժարաններէ արտասանական եւ նկարչական մրցումի մասնակից 100 աշակերտներ, ինչպէս նաեւ` զանոնք քաջալերելու եկած նոյնքան թիւով հայկական վարժարաններու հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտներ: Մրցումը կազմակերպուած էր «Խօսնակ» պարբերաթերթին կողմէ եւ նուիրուած էր էր Հայաստանի ու Արցախի անկախացման 25-ամեակներուն:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ եւ մշակութային յանձնախումբի ատենադիր Անժել Միսիսեան, որ կարեւոր ու օգտակար նկատեց նման հանդիպումներու կայացումը:
Այս տարի, ի տարբերութիւն այլ տարիներու, մասնակցած էին աւելի մեծ թիւով վարժարաններ եւ բնականաբար` աշակերտներ: Արդարեւ, մրցման մասնակցած էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանը, Հայ աւետարանական քոլեճը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս, Ազգային Ռուբինեան, Վահան Թէքէեան, Հ. եւ Մ. Ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Նազարեան, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Կարմիրեան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն եւ Մխիթարեան վարժարանները` իրենց Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտներով:
Արտասանական մրցման գնահատող յանձնախումբին մաս կը կազմէին վաստակաւոր մանկավարժ եւ հրապարակագիր Օհան Պոտրումեանը, ասմունքող եւ դերասանուհի Արփի Աւետիքեանը եւ Նոէլի Ազնաւուրեան:
Մինչ «Ահրամճեան»-ի սրահին մէջ տեղի կ՛ունենար արտասանական մրցում, առաջին յարկի սենեակներուն մէջ տեղի կ՛ունենար նկարչական մրցում` հսկողութեամբ վաստակաւոր մանկավարժ եւ գեղանկարիչ Վազգէն Մուղալեանի, որ կը հսկէր աշակերտութեան աշխատանքին եւ ի պահանջել հարկին կու տար անհրաժեշտ ցուցմունքները:
Երկու ժամ տեւած զոյգ մրցումներն ալ աւարտեցան կէսօրուան ժամը մէկին, եւ յանձնախումբը կատարելէ ետք իր գնահատականները, հասաւ արդիւնքներու յայտարարման ժամը: Նախքան այդ, գնահատական խօսքերով հանդէս եկաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանը, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցող վարժարաններուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն:
Համբիկ Մարտիրոսեան բարձր գնահատեց աշակերտներու մասնակցութիւնը, անոնց ճիգը, մրցելու ոգին եւ ըսաւ. «Այսօր, կատարուած մրցումէ ետք, բնականաբար, ըստ օրէնքի, պիտի յայտարարենք լաւագոյն արտասանողներն ու գծագրողները… սակայն ինծի համար բոլորդ լաւագոյն էք… բոլորդ առաջին էք, եւ կը գնահատեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը` պահանջելով սակայն, որ մնաք հաւատարիմ ձեր ազգի արժէքներուն` հայրենիքին, եկեղեցիին, հայ վարժարանին, հայ ընտանիքին ու մանաւանդ հայոց լեզուին: Դուք է, որ այլեւս պաշտպանը պիտի ըլլաք անոր, սիրէք ու սրտի մօտ պահէք զայն, որքան ալ օտար լեզու սորվիք»:
Անկէ ետք գնահատիչ յանձնախումբի անդամներուն ձեռամբ յանձնուեցան նուէրներ` տրամադրած Արփի Աւետիքեանի, Արմէն Յարութիւնեանի, Ալեքս Ֆաթթալի եւ Կարպիս ու Այտա Մարգարեաններու կողմէ:
Ըստ յանձնախումբին, Ե. դասարաններու արտասանական մրցման առաջիններ հանդիսացան Ագասիա Մարիա Ազատեան եւ Սելին Գոգեան, երկրորդ հանդիսացան Սեւակ Քէօսէեան եւ Սինթիա Վարդան, երրորդ հանդիսացան Յակոբ Աբանեան եւ Հրակ Մամիկոնեան, իսկ խրախուսանքի արժանացան Հրանդ Էլմայեան եւ Բալիկ Պաղտասարեան:
Զ. դասարանի առաջիններ հանդիսացան` Էլվիրա Զէյթունեան, Ռաֆայէլ Մխսեան, Համբիկ Մարտիրոսեան, Ռիթա Գասապեան, երկրորդ` Սէրլի Մանուկեան եւ Տաթեւ Արապօղլեան, երրորդ` Լորի Եահնիեան եւ Մարի Ռոզ Գասպարեան: Խրախուսանքի արժանացան Սինթիա Նազլիկեան եւ Մակի Տեկիրմենճեան:
Ինչ կը վերաբերի նկարչական մրցումին, Ե. դասարանի առաջին հանդիսացան Սամուէլ Մելիքեան եւ Գալին Քէշիշեան, երկրորդ` Մհեր Ջուլֆայեան եւ Սելինա Դաւիթեան, երրորդ հանդիսացաւ Սերժ Եագուպեան: Խրախուսանքի արժանացան` Արեւ Պոյաճեան, Մոսիկ Տէօլտիւրեան եւ Ճօ Վարդան:
Զ. դասարանէն առաջին հանդիսացան Ռիթա Սեմերճեան, Փաթիլ Աննա Աքանճեան, երկրորդ` Առլի Սեֆերեան եւ Զեփիւռ Գէորգեան, երրորդ` Սէրլի Եթիմեան եւ Լիւսի Ունճեան ու Լուչիանա Տիրացուեան: Խրախուսանքի արժանացան` Սերժ Սանոսեան, Վարագ Նարեկ Մանուկեան եւ Նարէ Գարամանուկեան:
«Խօսնակ»-ի խմբագրութիւնը, գնահատելու համար բոլոր մասնակիցները, նաեւ տրամադրած էր յիշատակի նուէրներ բոլորին: