Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ
Մեկնարկը Կատարուեցաւ
Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի
Ձեռնարկներուն
Հովանաւորութեամբ Հալէպի պետական համալսարանի կուսակցապետ տոքթ. Մոհամետ Նայեֆ Սալթի, վերջերս Հալէպի Բժշկական համալսարանի «Ռազի» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի նուիրուած ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ համալսարանի ընդհանուր տնօրէն Մուսթաֆա Աֆիունիի, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կաթողիկէ առաջնորդ հայոց Պետրոս արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի:
Ցուցահանդէսին յաջորդեց բեմադրիչ Նաճտաթ Անզուրի «Ֆանիյա ուա թաթապատտատ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Յունաստան
Փրոֆ. Իոաննի Խասիոթիսի
Դասախօսութիւնը` «Հայկական-Յունական
Հայրենասիրութիւն» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Հայ դատի յանձնախումբին եւ Համազգայինի վարչութեան, 30 մարտին, Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ:
Օրուան բանախօս փրոֆ. Իոաննի Խասիոթիս ներկայացուց «Հայկական-յունական հայրենասիրութիւն»-ը նիւթը: Ան անդրադարձաւ երկու ազգերուն միջեւ եղած նմանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ցոյց տուաւ անոնց յաւերժականութեան արժէքը: Ան ներկայացուց հիմնական բաղադրիչները հայ ազգային գաղափարին, որ յայտնուած է ժամանակի ընթացքին եւ իրականութիւն դարձած` ներկայ ժամանակներուն:
Յայտնենք, որ փրոֆ. Իոաննի Խասիոթիս իր տարիներու գործունէութեամբ սէր եւ յարգանք ցուցաբերած է հայ համայնքին հանդէպ: Առ այդ, անոր յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:
Քանատա
Բաբգէն Արք. Չարեան Ընտրուեցաւ
Քանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Քանատայի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը տեղի ունեցաւ Լաւալի մէջ, 13-14 մայիս 2016-ի շաբաթավերջին, հիւրընկալութեամբ Ս. Գէորգ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան:
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Քանատայի տարածքին մէջ գործող հոգեւորականները, եկեղեցիներու ազգային երեսփոխանները, Ազգային պատգամաւորները, հոգաբարձական կազմերը եւ գործակից կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի եւ առաջնորդարանի շքանշանակիրներն ու հիւրերը: Օրակարգին մաս կը կազմէր նաեւ առաջնորդի ընտրութիւնը. քուէներու մեծամասնութեամբ Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Բաբգէն արք. Չարեան:
Թեմակալ առաջնորդը կը ծառայէր Սպահանի Հայոց Թեմին մէջ (Նոր Ջուղա)` որպէս առաջնորդ:
Վանական իր ծառայութիւններուն ընթացքին (1986-1993) վարած է նաեւ Գաւազանակրութեան պաշտօն եւ եղած է անձնական քարտուղար Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. հայրապետին: 1993-1996 տարիներուն եղած է առաջին հոգեւոր հովիւը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց: 1996-2002 տարիներուն ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն ներս, իբրեւ հոգեւոր հովիւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ:
2002-2004 սեպտեմբեր, ծառայած է Բերիոյ Թեմէն ներս (Սուրիա), իբրեւ Առաջնորդական փոխանորդ Ճէզիրէի:
Ապա 2004 օգոստոսին, Սպահանի թեմի Պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած է առաջնորդական տեղապահ Սպահանի Հայոց թեմին: 28 յունուար 2005-ին կ՛ընտրուի Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ:
2004-2016, 12 երկար տարիներ կը վարէ Սպահանի Հայոց Թեմի եւ հարաւային իրանահայութեան առաջնորդական պաշտօնը:
Քանատայի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդը Մոնրէալ պիտի մեկնի յունիսին:
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը
Ֆրանսայի Դեսպանատան Մէջ
11 մայիսին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Գրիգոր Տէր Ղազարեան Օթթաուայի Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցան դեսպանատան գլխաւոր գործակատար Ֆլորենս Ֆերարիի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անոնք ներկայացուցին Հայ դատի աշխարհատարած յանձնախումբերու միջազգային գետնի վրայ տարած աշխատանքները, նաեւ Ֆերարիի ուշադրութեան յանձնեցին Արցախի ապրիլեան պատերազմի գծով ազրպէյճանական կողմի նախայարձակ ըլլալու իրողութեան շուրջ մանրամասնութիւններ: Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ պահանջուեցաւ, որ Ֆրանսան իբրեւ համանախագահ Արցախի հարցով բանակցութիւններ համակարգող Մինսքի խմբակին` դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարը խախտելու ընթացքը: Ներկայացուցիչները նաեւ նկատել տուին, որ յանձնախումբին մօտ բաւարար փաստեր կան, որպէսզի ապացուցուի ազրպէյճանական բանակին կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ գործադրուած սպանութեան եւ բռնութեան վայրագ դէպքերը:
Ֆլորենս Ֆերարի իր կարգին յայտնեց, թէ Մինսքի խմբակի ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները մօտէն կը հետեւին կացութեան եւ լուրջ աշխատանքի լծուած են իրավիճակը բնականոն իր ընթացքին վերադարձնելու ուղղութեամբ:
Հանդիպման աւարտին կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել համագործակցութիւնը:
Հայ Դատի Յանձնախումբի Հանդիպումը
Քեպեքի Կրթութեան Նախարար
Սեպասթիէն Փրուի Հետ
9 մայիսին Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նահանգի կրթական նախարար Սեպասթիէն Փրուի հետ, որուն հետ քննարկեց Քեպեքի վարժարաններուն մէջ
20-րդ դարու ցեղասպանութեանց պատմութիւնը պարտադիր դասաւանդման նիւթի վերածելու հարցը: Յանձնախումբը նաեւ նախարարին ուշադրութեան յանձնեց Քանատա ներգաղթած սուրիահայ աշակերտներուն պարագան, որոնք կը յաճախեն Մոնրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարան: Նախարարը խոստացաւ մօտէն հետեւիլ յանձնախումբին ներկայացուցած հարցերուն:
Նշենք, որ Քեպեք նահանգի Ազգային ժողովի երեսփոխան Տէյվիտ Պիրնպամ Ազգային ժողովի փետրուարի առաջին նիստին խնդրագիր մը ներկայացուց «Դպրոցներու մէջ ցեղասպանութեան պարտադիր ուսուցման համար հիմնարկ»-ի կողմէ, որուն մէջ կը շեշտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հրէական ողջակիզումը եւ ռուանտացիներու ցեղասպանութիւնը Քեպեքի կրթական ծրագրին մէջ ընդգրկելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ այդ նիւթը ներկայիս ձգուած է ուսուցիչներու հայեցողութեան: Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբը այս ծիրէն ներս լայնածաւալ աշխատանք տարած է:
Միացեալ Նահանգներ
Կայացաւ Համազգայինի Արեւելեան Միացեալ
Նահանգներու 40-րդ Շրջանային Ժողովը
Մայիս 7-ին Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 40-րդ Շրջանային ժողովը:
Ելոյթ ունեցան ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մատոնա Գիզիրեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Էլիզապէթ Տրամկոչեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրայր Պարոնեան, որ յայտնեց, թէ անցնող տարեշրջանին շրջանէն ներս բազմաթիւ ձեռնարկներ կարելի եղած է մեծ յաջողութեամբ կազմակերպել, նաեւ` ՀՅԴ-ի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովսէփ Աւագեան, որ շեշտեց, թէ ՀՅԴ-ի հովանիին տակ Համազգայինի գործունէութիւնը կը շարունակուի ամենայն հեզասահութեամբ, հաստատելով, որ շրջանէն ներս նոյնքան կարեւորութիւն ունի մշակութային ներկայութիւնը: Աւագեան անդրադառնալով Արցախի կացութեան` շեշտեց, որ ամէն գնով պէտք է թիկունք կանգնիլ` օժանդակելու համար շրջանի բնակիչներուն ու պաշտպան մարտիկներուն: Այս զեկուցումէն ներշնչուած` ժողովականները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եւ յառաջացաւ հազար հինգ հարիւր տոլար գումար մը, որ պիտի փոխանցուի ՀՕՄ-ի Արցախի օժանդակութեան համար յատկացուած յատուկ հիմնադրամին:
Վարչութեան միամեայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագիրներու ընթերցումէն, լուսաբանական հարցումներէն եւ քննարկումներէն ետք կատարուեցաւ նոր Շրջանային վարչութեան ընտրութիւն, որուն անդամներն են` Արեւիկ Գաբրիէլեան (Նիւ Եորք, ատենապետ), Անի Աղաճանեան (Ֆիլատելֆիա, ատենադպիր), Քարի Ղազարեան (Ֆիլատելֆիա, գանձապահ), Յասմիկ Աբրահամեան (Նիւ Ճըրզի, փոխատենապետ), Թալին Մավլեան (Նիւ Ճըրզի, խորհրդական), Նանոր Պարսումեան (Պոսթըն, խորհրդական) եւ Խաչիկ Տաքարեան (Շիքակօ, խորհրդական):
Արաքսիա Ամիրխանեանի
Համերգը
Վերջերս Օրենճ Քաունթիի Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արաքսիա Ամիրխանեանի համերգը:
Արաքսիա Ամիրխանեան, որ կ՛ապրի Երեւան, ներկայիս, հիւրաբար գտնուելով Օրենճ Քաունթի, առաջարկած է Համազգայինի «Սիամանթօ» մասնաճիւղի վարչութեան` բարեգործական նպատակի մը համար համերգ տալ, առանց նիւթական ակնկալութեան: Վարչութիւնը, իր կարգին, յարմար նկատելով առիթը, ուզեց համերգին հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացնել Սուրիահայ օժանդակութեան մարմինին:
«Սիամանթօ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Զարեհ Սափսզեան կատարեց երեկոյի բացումը: Ան ներկայացնելէ ետք Արաքսիա Ամիրխանեանը, անդրադարձաւ վերջերս Արցախի եւ ամբողջ հայութիւնը յուզող դէպքերուն:
Սուրիահայ օժանդակութեան մարմինի ներկայացուցիչ Խաժակ Տիքիճեան ամփոփ ու հակիրճ կերպով ներկայացուց մարմինին տարած աշխատանքն ու այդ աշխատանքին ծաւալը` յիշեցնելով, որ սուրիահայերուն օգնելը մեր բոլորին խիղճի պարտքն է:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Արաքսիա Ամիրխանեան:
Երեկոյի եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան:
Չինաստան
Հայկական Դասական
Երաժշտութեան Համերգ
Մայիս 3-ին Չինաստանի Թիանժին քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական դասական երաժշտութեան համերգ, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Կոմիտասի, Սպենդիարեանի, Խաչատրեանի, Բաբաջանեանի գործերը:
«Հայաստանի գաղտնիքներ» նախագիծի ղեկավար եւ Չինաստանի Հայկական համայնքի գործադիր մարմինի ներկայացուցիչ Միքայէլ Հայրապետեան ծանօթացուց 20-րդ դարու երգահան Արօ Ստեփանեանի ստեղծագործութիւնները:
Յայտնենք, որ Չինաստանի հայկական համայնքի նորընտիր նախագահն է Մհեր Սահակեան: Համայնքը աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ. միաւորել Չինաստան եւ հեռաւոր Արեւելք բնակող հայերը, նպաստել հայապահպանութեան, չինացի ուսանողներուն Հայաստանի մէջ ուսանելու կրթաթոշակ յատկացնել, Չինաստանի մէջ հայկական ներկայութեան պատմութեան վերաբերեալ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին հետ ուսումնասիրութիւններ կատարել, Հայ ուսանողական միութեան գործունէութիւնը ապահովել, հայ հետազօտողներու եւ ուսանողներու միջեւ առցանց գիտաժողով կազմակերպել:
Պելճիքա
«Մեսրոպ Մաշտոց» Միութիւնը
Կ՛աջակցի 3 Զոհուած Զինուորներու
Ընտանիքներուն
Պելճիքայի Լիէժ քաղաքի «Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը օգնութեան դրամահաւաք կազմակերպած էր` աջակցելու Ազրպէյճանի կողմէ հրահրուած ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով զոհուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն:
Համայնքին եւ միութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ դրամահաւաքի կազմակերպիչ Գայեանէ Սարգսեանի գործօն մասնակցութեամբ Լիէժ, Պիլզեն եւ Թոնկերեն քաղաքներու հայ համայնքներէն հանգանակուեցաւ 1200 եւրօ գումար մը, որ պիտի փոխանցուի 3 զոհուածներ` Արամ Աբրահամեանի (Արմաւիրի մարզի Արտիմեդ գիւղ), Ադամ Սահակեանի (Երեւան) եւ Մանուէլ Գէորգեանի (Երեւան) ընտանիքներուն` իւրաքանչիւրին 400 եւրօ:
Յայտնենք, որ սոյն աշխատանքը Հայաստանի մէջ կը համակարգէ «Մեսրոպ Մաշտոց» միութեան հայաստանեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Զաքարեան: