ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
… Տրտնջացող եւ յուսահատ խօսքերուն հակադարձելով, հայ ուսուցչուհի մը բարձրագոռ կը պատասխանէ. «Հայ զինուորը առանձինը կը կռուի բոլորիս համար, դո՛ւք ի՞նչ կ՛ընէք»:
Այո՛, իրաւացի է հայ ուսուցչուհին, որուն ի խորոց սրտէ արձակուած կանչը, թէեւ իր մէջ կը պարփակԷ դառնութիւն, բողոք ու ցասում, այդուամենայնիւ, անիկա կը մարմնաւորէ ամբողջ ժողովուրդի մը հոգեկերտուածքը` հայրենապաշտութիւնը:
Ի՛նչ կ՛ընեն բոլոր անոնք` սփիւռքի թէ հայրենի հողին վրայ ապրողներ, որոնք տիւ եւ գիշեր յագուրդ կու տան իրենց մեծախօսիկ եւ տմարդի վարքագիծին, կ՛ապրին բացառապէս իրենց մաշկին ու ստամոքսին համար, եւ փոխանակ ամօթէ լռելու եւ ամչնալու, կը շարունակեն իրենց դալուկ մտքերուն եւ խենեշ կենցաղին տուրք վճարել:
Առանց վարանելու հարկ է զգաստութեան հրաւիրել զանոնք, թէկուզ հրապարակային յանդիմանութեամբ եւ յականէ անուանէ, նոյնիսկ օգտագործելով արդի արհեստագիտութեան հաղորդակցական կարելիութիւնները, որպէսզի ազգը ցոյց տայ իր հակազդողի եւ վճռակամ կեցուածքի դիմագիծը:
Իսկ ազատ խօսքի թէ ժողովրդավարութեան անունով ճառախօսները, որոնք կը ծածկեն նմաններու պիղծ հոգիները, իրենց կարգին պէտք է արժանանան բոլոր հայրենապաշտներու բուռն հակազդեցութեան եւ դիմատետրեան պախարանքին:
Ապրիլ ամսուան առաջին օրերուն, երբ հայոց բանակի ասպետական ու քաջ տղաները ցոյց կու տային գերազանց մարտունակութիւն եւ ինքնազոհաբերութեան հրաշալի պատկերներ, դէմ դնելով վայրագ ազերիին ոտնձգութիւններուն, կը լսուէին նաեւ վեհերոտ ու թրքատիպ բարբաջանքներ, ասդին ու անդին, հայոց բանակին ու անոր կարողութիւններուն մասին:
Հայոց պարագային նմանօրինակ ստրկատիպ մարդոց գոյութիւնը այդքան ալ պէտք չէ զարմացնէ մեզ` հաւաքաբար, որովհետեւ հայոց պատմութեան էջերն ու կենդանի վկայութիւններ արձանագրած են բազում արիութիւններու կողքին` նաեւ դաւաճանութիւններ, ստրկացած ու տխեղծ հոգիներու զանազան դրսեւորումներ:
Հաւանաբար մեզ զարմացնողը այն է, եւ նոյն ատեն դատապարտելին, երբ մենք ականատես կ՛ըլլանք հայոց բանակի նահատակներու ընտանիքներու պարզած վիճակին ու անոնց ապրած խեղճուկ կացութեան, անշուշտ` ոչ բոլորին: Մանաւանդ այս օրերուն, նման ողբերգական կացութիւններու հոսք մը կը խուժէ հայ թէ օտար հաւաքականութիւններու տեսադաշտը, համացանցային կարելիութիւններու թէ պատկերասփիւռային յայտագիրներու ընդմէջէն:
Երբ հայութիւնը իր պետականութեամբ կը գտնուի գոյութենական մարտերու դէմ յանդիման, ազգային կերպարներու հանդէպ ներշնչումն է, որ պիտի տիրապետէ մեզի` ազգովին, որպէսզի մօտիկ անցեալի սխրանքները շաղախենք ներկային հետ եւ արժանին ըլլանք նախնեաց փառքին ու կտակին:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ հայրենի պետականութեան կարգ ու սարքէն ներս առկայ է փտածութեան, մենաշնորհային ահաւոր վիճակներ եւ կացութիւններ, որոնց դէմ դնելու ազգային պարտաւորուածութիւնը աւելի քան հրամայական է այս օրերուն:
Սակայն ինչո՞ւ նման մտմտուքներ, ինչպէս նաեւ իրաւացի մտահոգութիւններ այս օրերուն իրենք զիրենք կը յայտնաբերեն, երբ ազգը կը մղէ լինելութեան մարտեր եւ կը գտնուի ճգնաժամային կացութիւններու քուրային դէմ յանդիման:
Այլ խօսքով, հայոց պետական աւագանիին, կառոյցներուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան պարտքը չէ՞, որ խաղաղ օրերուն լծուին պետականաշինութեան գործին, աւելի՛ն. քաղաքական ու տնտեսական բարեկարգումներով անընդմէջ սրբագրեն ամէն բացթողում, որպէսզի պարտադրուած պատերազմներու թէ խաժամուժային վիճակներու մէջ, ազգն ու հայրենիքը կարենայ պաշտպանուիլ եւ ի հարկին շրջանցել ամէն արհաւիրք:
Պատերազմի ատեն կը փառաբանենք հայոց բանակի սխրանքն ու մարտունակ ոգիին մեծութիւնը, կը խոնարհինք իւրաքանչիւր նահատակի առջեւ, ի հարկին կը պահանջենք անոր արդի զինումն ու որակային յառաջդիմութիւնը, արդեօք ճիշդ կը գտնե՞նք հայ հերոս զինուորներու ընտանեկան պարագաներու տխուր կացութիւնն ու պարզած վիճակները:
Արդեօք ականատես չե՞նք, թէ քաղաքակիրթ ժողովուրդներ թէ ինքնահաստատ պետութիւններ ինչպիսի՛ մեծահոգութիւն եւ գուրգուրանք կը ցուցաբերեն իրենց բանակին ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն նկատմամբ: Չե՞նք տեսներ, թէ պետական եւ տնտեսական կառոյցներ ինչպիսի՛ միջոցառումներու կը դիմեն պարզապէս ամուր հիմերու վրայ պահելու ազգային բանակին ներուժն ու արհեստագիտական կարողականութիւնը:
Հայաստանի պետութիւնը պարտաւոր է շուտափոյթ լծուելու նման բացթողումներու սրբագրումին, եւ առանձնապէս ստեղծելու այնպիսի համակարգ, որուն մէջ պէտք է ներառուին համայն հայութեան ողջ կարելիութիւնները, առաջարկներն ու հեռանկարային պատկերացումները:
Այլապէս ինքնագոհ ճառերն ու խաբուսիկ երեւոյթները, կամ օտարին վրայ յոյս դնելու ճամարտակութիւնները, մեզ` ազգովին պիտի առաջնորդեն դէպի քաոս, ուրկէ նաեւ` ստոյգ մահուան գիրկ:
Նկատի առած, որ մեր հայրենիքը շրջապատուած է մարդակեր եւ հայատեաց պետութիւններով, մեծամտութիւն չէ երբեք ըսել, որ հայութեան թուաքանակին` տասը միլիոնի համահունչ բանակ է պէտք, միշտ պատրաստ ու սպառազէն:
Այս վարքագիծը կ՛իրականանայ, երբ մեր ազգային հաւատամքին շաղախենք այն ճշմարտութիւնը, որ հայոց պետականութեան հիմքը բացառաբար հայ զինուորի կօշիկին փառքն է, իսկ պահուածքը` հայ նահատակ զինուորի ընտանիքին բարեկեցիկ ու արժանավայել կեանքը: