Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայու Գրականութեան Որոնում` Յակոբ Կարապենցի Հետքերով, Որպէսզի Մենք Մեզ Դիտենք

$
0
0

Hagop-Balian-Ed.Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յակոբ Կարապենց հայ գրող էր, «ծագումով հայ» չէր: Օտարագիր ծափահարուող հայածնունդ գրող չէր: Հարազատութեան շարունակող էր:

Երբեմն տխրութեամբ կը կանգնիմ գրադարանիս գիրքերուն առջեւ: Բարեւի կեցած զինուորներու պէս շարուած (եթէ այցելու ունենան) կամ ասդին անդին իրարու վրայ դիզուած, սպասելով բարեգութ ձեռք մը, որ զիրենք տեսանելի դարձնէ:

Դէզեր խառնշտկեցի եւ քանի մը գիրքեր ըսին, որ դեռ բոլորովին չեն անյայտացած, իրարու հետ կապ չունեցող գիրքեր: Այս ալ վարկած մըն է. կա՞յ գիրք, որ ծննդոցի միտումով կապ չունենայ միւսներուն հետ, սեպագիրներէն մինչեւ այսօր: Անոնք կեանքի, միտքի եւ հոգիի հետքեր են անոնց համար, որոնք կեանքը դեռ կ’ապրին միտքով եւ հոգիով, այսինքն` մասնակից դառնալով յաւերժութեան, որ ներկային մէջ է, եթէ գիտակցինք:

Այս գիտակցութիւնը մանր քաղքենիի այն արուեստասիրութիւնը չէ, որ կը փորձէ սնանիլ օտար անդաստաններէ քաղուած մուրացածոյ գաղափարներով եւ պատկերներով, չեղածի լուսապսակ որոնելով: Երեւոյթ, որ հայրենի հողէ կտրուած եւ ոստաններու մէջ թափահարումներով ապրող գրականութիւն է:

Աչք քթթող հատոր մը` «ԱԴԱՄԻ ԳԻՐՔԸ»* վէպն է մեր շարունակուող, սկսած եւ չաւարտող գաղթականութեան, «արմատախիլութեան» (déracinement), երբ մեզի հետ քարշ տրուած արմատները խորովածի (barbecue) կրակին վրայ կը մխան: Վէպին հերոսը անհատ մըն է` ԱԴԱՄ-ը, գրող, լրագրող, բայց ան ժողովուրդի մը ճակատագիրն է, գաղթական, որ ինքնութիւն կ’ուզէ պահել խելառ մաքառումով, դրժումներու հոսքին մէջ: Այդ մաքառումը հայկական սփիւռքի իրա՛ւ գրականութեան առանցքը պէտք էր ըլլար եւ չէ, որ ինքզինք կրկնող եւ ուշագրաւ ըլլալու միտող անշահ յուշագրութիւն չէ, որքան ալ յուզող ըլլան այդ յուշագրական պատկերները եւ պատումները, որոնք կը թարգմանուին յուզումներու օժանդակութեամբ քաղաքական մթնոլորտ ստեղծելու: Բայց ձախող ճառերու պէս բեմէն վար չեն իջներ:

Յակոբ Կարապենցի «Ադամ»-ը սփիւռքացած հայու բազմաշերտ պատկերն է: Իր արմատներով պոկուած հայրենի Ղարաբաղէն, ծննդավայր-հայրենիք դարձած Պարսկաստանէն, անցնելով երազուած Փարիզէն, իջեւանած Ամերիկա, ուր ինչպէս շատեր, արմատ նետած էր ուսումով, գործով, ամուսնութեամբ եւ զաւակներով: Հակառակ իր ներքին հզօր կրակին` «Ադամ» եւ իր շրջանակը կը վկայեն այլասերման մասին, որուն մասին խօսիլը մեղանչում կը համարուի: Եւ Յակոբ Կարապենց այլասերած-այլասերող սփիւռքներու մասին դիտող-զգացող գրողի իր անշպար դատումը կ’ընէ, երբ խօսելով Ֆրանսայի հայերուն մասին` կ’ըսէ, թէ անոնք «հայասէր ֆրանսացիներ են»: Գրողի պատկերացումը միշտ պէտք է տանիլ մասնակիէն ընդհանրացման: Այդպէս չե՞ն Անգլիոյ, Ամերիկայի, Ռուսիոյ եւ Արեւելքի «հայ»-երը:

Յակոբ Կարապենց հետաքրքրաշարժ ըլլալու ձգտող գրող չէ, չէ ձգտած դատարկաբան երեւելիութեան, բեմ զարդարելու, այսինքն` իսկական համոզումներ, մշակոյթի եւ խորքի ըմբռնում ունի: Այնքան դիպուկ եւ արդիական են իր մտածումները մշակոյթի եւ քաղաքականութեան մասին, անոնց հետ մարդոց յարաբերութեան մասին: Գիտէ սեւեռել կեանքը ընդհանրապէս եւ մեր կեանքը մասնաւորաբար: Իր «ԵՐԿՈՒ ԱՇԽԱՐՀ – գրական փորձագրութիւններ»** հատորի «Մշակոյթ ու քաղաքականութիւն» գլխուն տակ Յակոբ Կարապենց կ’արտայայտէ կարեւոր եւ այսօր ալ «մեր աշխարհը» յուզող հարցեր:

«ԱԴԱՄԻ ԳԻՐՔԸ»-ի հերոսը կը խօսէր գրող ըլլալու դժուարութեան, այսինքն ընկերութեան մէջ անոր դասական եղանակով պատշաճեցման մասին: «ԵՐԿՈՒ ԱՇԽԱՐՀ» հատորի նշուած գլխուն տակ, էջ 265, Յակոբ Կարապենց կը գրէ.

«Պէտք է, որ խօսուի մտաւոր անկախութեան մասին, երբ համաշխարհային առումով արուեստն ու արուեստագէտը հետզհետէ կաղապարւում են տիրող հասարակարգերի տնտեսական եւ գաղափարական պայմանականութիւնների մէջ: Խօսքը, բնականաբար, վերջին հարիւրամեակի արդիապաշտ  շարժման նահանջի մասին է, մի շարժում, որի յեղափոխական ու քանդիչ բնազդները, աւելի լայն առումով, մշակոյթի շանթիչ ազդակները հանդիսացան: Մշակութային մոդեռնիզմի դէմ պայքարելով, դասական ու աւանդապաշտ ամրոցները կամայ թէ ակամայ մեղսակիցն են դառնում հասարակարգային այն ուժերի, որոնց նպատակն է պահպանել իշխող շրջանակների իրաւակարգը, տեղքայլը, որն ապահով է քաղաքական ու ընկերային տեսակէտից: Այսպիսով, դրամատիրական աշխարհում արուեստագէտը ենթակայ է շուկայական պահանջներին, իսկ ընկերվարական երկրներում` կուսակցապետութիւնների պարտադրած ընկերվարական իրապաշտութեան: Երկու դէպքում էլ տուժողը մշակոյթն է»:

Յակոբ Կարապենցի «մտաւոր անկախութիւնը» երազ մըն է, երբ բեմերը` լրատուամիջոցները, թերթերը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, կը հակակշռուին իշխանաւորներու կողմէ, անոնք ըլլան քաղաքական-պետական կամ դրամագլուխի տէրեր, որոնցմէ կախում ունին նաեւ արուեստագէտները, արուեստի գործերը գնողներէն: Այս ուղղակի-անուղղակի արգելարանային դրութեան վրայ կը բարդուի այլ նահանջ մըն ալ, որ ընդհանրապէս մտահոգիչ է, բայց նաեւ խիստ մտահոգիչ` մե՛ր պարագային: «Ընդհանրապէս գրելու մասին»*** գլխուն տակ Յակոբ Կարապենց կ’ըսէ. «Բառը սկսել է նահանջել: Խօսքի նահանջի հետ ամբողջ քաղաքակրթութիւնն է բռնել նահանջի ճամբան, որովհետեւ բառի աղաւաղումով փլուզում է սպառնում համայն մշակոյթին»: Արդարեւ, երբ բառը կը դադրի «իմաստ» կրող-փոխադրողի իր դերէն, ֆրանսացի իմաստասէր Լէոն Պրէօնշվիկ կ’ըսէր` «բառերու ժառանգութիւն, իմաստներու ժառանգութիւն», եւ աղաւաղման կը հետեւի այլասերումը, տուեալ քաղաքակրթութիւնը կը դադրի շարունակութիւն ըլլալէ, կ’ըլլայ անդիմագիծ նորի մը սկիզբ: Երբ օտարագրութիւնը կը համարուի նորարարութիւն, օտարագիրը եւ անոր ջատագովները կը դառնան ինքնութեան կորուստը տնտեսողները, նոյնիսկ երբ կը ներկայանան, օրինակ, «հայասէր»-ի դիմակի խաբէութեամբ: Այս` Հայաստան եւ բազմագոյն սփիւռքներ:

Հարազատ բառի եւ խօսքի նահանջը թաքցնելով մարդորսական եւ քաղաքական քարոզչութեան պատեհապաշտական դատարկութեան վարագոյրի ետին, այլասերման առջեւ լայն պողոտայ կը բանանք: Ո՞ւր հասնելու համար:

Ո՞ւր հասնիլ կ’ենթադրէ հեռանկար: Բառի եւ խօսքի կորուստը, գրականութեան անցագիր սեփական լեզուի լքումը, ինքնութիւն կը քանդեն, նոյնիսկ եթէ դեռ ժամանակ մըն ալ պիտի կարծենք ինքնութիւն պահել հայասիրական մակերեսայնութեան շղարշին տակ:

Ինչո՞ւ չենք ուզեր իրատես ըլլալ եւ հասկնալ, որ հարազատութիւնն է, որ կը պատկանի մեզի, անհարազատը սեփականութիւնն է ուրիշի, որքան որ ալ ճառագայթող եւ ամպագորգոռ ըլլայ… արդիականութիւն համարուող անհարազատ նորը:

Երբեմն զրոյցի պէտք է նստիլ ազգի հետ եւ ազգի համար բաբախած դէմքերու հետ: Անոնց հետ, որոնք մինչեւ մեզի հասցուցած են «բառերու ժառանգութիւն, բառերու իմաստ»: Եթէ հաճոյք կը պատճառէ գիտուն եւ ժամանակակից ըլլալու թափահարումը, ըսենք, որ հայերէն բառ ու խօսքը մեր ADN-ի յականիշներն են: Երբ անոնք նահանջեն, մենք մեզ կը գտնենք անհետացման անվերադարձի զառիթափին վրայ:

Բանա՛լ հայերէն գիրքը, հաղորդուի՛լ հայ գրողով: Չբնակիլ վարձու երդիքի տակ:

Բանաստեղծները միշտ ունեցած շող մը Աստուծոյ հետ խօսող Մովսէս մարգարէէն: Եթէ երբեմն մենք մեզի կրկնենք Հայ Լեզուի մասին Մուշեղ Իշխանի տողերը, մեր հոգեկան-ոգեկան տաճարը կը վերականգնենք.

«Հոն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին

Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,

Անցեալն անհուն եւ  ներկան, նոյնիսկ մթին ապագան…»:

Բայց գիտակից անձի կամք պէտք է վերականգնելու համար… Բառը` խաժամուժ:

6 մայիս 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք

 

* «ԱԴԱՄԻ ԳԻՐՔԸ», Յակոբ Կարապենց, 256 էջ, ՈՍԿԵՏԱՌ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ, Նիւ Եորք, 1983:

** «ԵՐԿՈՒ ԱՇԽԱՐՀ», Յակոբ Կարապենց, 402 էջ, Blue  Crane Books հրատարակչութիւն, Ուոթըրթաուն, 1992:

*** Նոյն տեղը, էջ 275:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>