Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Մանկական Քաղցկեղի Ախտամերժ Բուժումը (Immunotherapy) Վաւերացուեցաւ, Շնորհիւ Հիմնական Հետազօտութեան

$
0
0

Marachelian-Araz-51716Լոս Անճելըսի Մանուկներու հիւանդանոցին մէջ երկու տասնամեակ տեւած իրենց հիմնական հետազօտութեան վրայ հիմնուելով` Արազ Մարաշլեան եւ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին մանկական ակադեմիաներու մէջ իր պաշտօնակիցները ցոյց տուին, որ ցարդ միայն հետազօտութեանց մէջ ներառուած հիւանդներուն համար մատչելի դիմադրողականութեան բուժումը (immunotherapy) համազօր է առեւտրական օգտագործումի համար պատրաստուած արտադրութեան, եւ կարելի է մատչելի դարձնել բոլոր հիւանդներուն: Տեղեկութիւնը, որ հրատարակուեցաւ «Քանսեր Չիմոթհերափի էնտ Ֆարմաքոլոկեըն» թերթի 20 յունուարի թիւին մէջ, առանցքային էր մանկական քաղցկեղի բուժման առաջին ախտամերժ բուժումի «ԷՖ.ՏԻ.ԷՅ.»-ի կողմէ վաւերացման համար:

Նիւրոփլասթոման  ջիղերու դրութեան քաղցկեղ է, որ կը գտնուի ուղեղէն դուրս եւ յատկապէս կը պատահի 5 եւ աւելի նուազ տարիք ունեցող երեխաներու մօտ: Հակառակ շատ ուժգին բուժումին` բազմաթիւ հիւանդներ ատոր չեն յաջողիր համապատասխանել, կամ` կը կրկնուի հիւանդութիւնը: Այս ախտը ունեցող բոլոր երեխաներուն գրեթէ 50 առ հարիւրը կը մահանայ ախտաճանաչումի 5 տարիներու ընթացքին:

Բուժում մը, որ տինիւթիւքսիմապ կը կոչուի, մշակուած է հիւանդին դիմադրողականութիւնը  զօրացնելու համար, որպէսզի պայքարի նիւրոփլասթոմայի դէմ:

«Երեխաներու ուռուցքաբանութիւն» խումբը վարած է տինիւթիւքսիմապի երրորդ փուլի պատահական փորձարկութիւն մը, եւ յայտնաբերած է, որ մոնոքլոնըլ անթիպատիով բուժում ստացող երեխաները ունեցած են  բարելաւուած, առանց միջոցառումներու գոյատեւում եւ բարելաւուած ընդհանուր գոյատեւում` համեմատած այն հիւանդներուն, որոնք դիմադրողականութեան բուժում չեն ստացած:

Բուժարանային փորձարկումներու մէջ օգտագործուողտինիւթիւքսիմապը` յարաբերաբար փոքր քանակներով կ՛արտադրէ Քաղցկեղի ազգային հիմնարկը (Միացեալ Նահանգներ): Որպէսզի դիմադրողականութեան բուժումը առեւտրականօրէն մատչելի ըլլայ, մոնոքլոնըլ անթիպատին աւելի մեծ քանակներով պէտք է արտադրուի դեղագործական ընկերութեան մը կողմէ: Նաեւ տինիւթիւքսիմապի առեւտրականօրէն արտադրուած տարբերակը պէտք է փորձարկուի հիւանդներու մէջ եւ տեսնուի համազօր ըլլալը Քաղցկեղի ազգային հիմնարկի արտադրած տարբերակին:

«Երկու տարուան հետազօտութենէ ետք, որ համեմատեց առեւտրականօրէն արտադրուած տինիւթիւքսիմապը Քաղցկեղի ազգային հիմնարկի արտադրածին հետ, մենք ոչ մէկ տարբերութիւն կը տեսնենք, թէ հիւանդներ ինչպէ՛ս կը փոխարկեն, կամ կ՛արձագանգեն բուժումին», կ՛ըսէ Արազ Մարաշլեան եւ կը շարունակէ. «Ամբողջ երկրի տարածքին իմ պաշտօնակիցներուս հետ հպարտ ենք կատարուած աշխատանքին համար, որպէսզի յաւելեալ բուժումները մատչելի ըլլան այս քանդիչ հիւանդութենէն տառապող երեխաներուն համար»:

Արազ Մարաշլեան նաեւ մանկաբուժութեան օգնական դասախօս է «Եու. Էս. Սի.»-ի բժշկական Քեք համալսարանին մէջ, եւ տնօրէնը «Նոր մօտեցումներ նիւրոփլասթոմա  բուժում»-ի ընկերակցութեան: Այս ընկերակցութեան միջոցով Մարաշլեան ներկայիս կը ղեկավարէ երկու գործուն փորձարկումներ` հետազօտելով տինիւթիւքսիմապի օգտագործումը այլ տարրերու հետ:

Լոս Անճելըսի Մանուկներու հիւանդանոցը Միացեալ Նահանգներու 10 ամէնէն որակաւոր հիւանդանոցներու շարքին դասուած է եւ Քալիֆորնիոյ մէջ մանուկներու լաւագոյն հիւանդանոցը անուանուած է իր դարմանական գերազանցութեան համար:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>