Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական. Քուէն Ուժ Է. Մեր Համայնքը Ուժեղ Է

$
0
0

13177539_1120689327952313_6213463841116406154_

Պէյրութի ընտրաշրջանին քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը իր պատճառները ունի անշուշտ: Քաղաքական անորոշութեան մէջ, երբ երկրի պետական կարեւորագոյն հաստատութիւններու ղեկավարման թէ՛ անձերու եւ թէ՛ եղանակներու խնդիրները կը մնան անորոշ, երբ քաղաքացին մինչեւ վերջին վայրկեանը ընտրութիւններու կայացման իրողութիւնը կասկածի տակ կ՛առնէ նախընթաց օրինակները նկատի ունենալով, երբ հանգոյցներու հսկայական թիւեր կը յամենան, պետութեան հանդէպ վստահութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու ամէնէն անմիջական ձեւը որեւէ ընտրութեան նկատմամբ անտարբեր մնալը եւ չմասնակցիլն է:

Պէյրութի պատկերը համատարած չէ անշուշտ, եւ մենք տեսանք, թէ Պեքաայի նահանգին եւ յատկապէս Զահլէի մէջ ի՛նչ տեսակի աշխուժութիւն ցոյց տուաւ քաղաքացիութիւնը ընտրութեան օրը:

Այս կիրակի հիմնականին մէջ կ՛ամբողջանայ մեզի համար Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու այս հանգրուանը` առանց մոռնալու 29 մայիսին Թրիփոլիի մեր համայնքին մասնակցութիւնը:

Թէ՛ Այնճարի եւ թէ՛ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն  առանց մրցակիցներու կայացումը պատճառ պէտք չէ դառնայ որեւէ ձեւով, որ մեր համայնքը եւս ազդուի հակազդելու կարգով դրսեւորուող կրաւորականութենէն:

Մեր համայնքը պետական մարմիններու կայացման հանգրուաններուն գեղեցիկ աւանդութիւն ձեւաւորած է խուռներամ մասնակցելու, միանշանակ քուէարկելու եւ ընտրական դաշինքներուն հետ կայացուցած պայմանաւորուածութիւնները լիարժէք յարգելու:

Այս եզակի առանձնաշնորհումը ոչ միայն զարմացուցած է լիբանանեան քաղաքական շրջանակները, այլ նաեւ յարգանք պարտադրած նոյնիսկ ընտրական հակառակորդին: Ընտրական այս առանձնայատկութիւններուն եկաւ աւելնալու նաեւ ընտրաքաղաքական կամրջումներ կատարելու մեր կուսակցութեան հմտութիւնը, երկխօսութեան ջատագովութիւնը, բոլորին կողմէ ընդունելի ըլլալու իրականութիւնը:

Այս բոլորը երեւցան Պէյրութի ընտրութիւններուն ընթացքին: Հիմա պահն է, որ կրկնուին այս բոլոր հանգամանքները, եւ Դաշնակցութեան ընտրամեքենան կարենայ անգամ մը եւս տպաւորել եւ օրինակելի նկատուիլ:

Այս բոլոր պատճառներով մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն, իրաւունքը չունինք ազդուելու այլոց կրաւորականութենէն, հասկնալիօրէն ամբարուած դժգոհութիւնները պատրուակելով ընտրութեան չմեկնելու ամբոխային տրամադրութիւններէն: Մեր ամբոխը տարերային, բնազդային մղումներով շարժող ամբոխ չէ: Մեր ամբոխը ընտրազանգուած է այս պարագային, որ ուղղորդուած է, եւ որ կը շարժի գիտակցաբար ոչ միայն թեկնածու յաջողցնելու եւ ընտրական հանգրուան ամբողջացնելու կարճաժամկէտ խնդիր լուծելու սկզբունքէն, այլ ընտրութիւններու այս տեսակը ցուցադրելով համայնքին ուժականութիւնը փաստելու առաջադրանքներէն:

Երեւոյթները փոխկապակցուած են. մեր ընտրահամակարգը քաղաքական բովանդակութիւն ունի եւ համայնքային ուժականութեան փաստ է: Այս գիտակցութեամբ ալ պէտք է բացատրել մեր շրջաններուն մէջ մրցակիցներու չգոյութիւնը, խորհրդակցութիւններով, բանակցութիւններով եւ շրջանին մէջ գործող ուժերու ներկայացուցիչները ներառելով կազմուող ցանկերուն շուրջ միաւորումը եւ անոնց անվերապահ աջակցութիւնը:

Վաղը դարձեալ ընտրութիւն է եւ քուէարկութիւն: Լիբանանահայ համայնքը Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն եւ ցանկերուն իր վստահութիւնը վերայայտնելով պիտի ուղղուի դէպի քուէատուփ: Քուէն ուժ է.  մեր համայնքը ուժեղ է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>