Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Արթուն Նազարէթ Ֆըսթըգճեան

$
0
0

005_f_57Արթուն Նազարէթ Ֆըսթըգճեան չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2016-ին խաղաղութեամբ մահացաւ Ժել էլ Տիպի իր բնակարանին մէջ, Պէյրութ, Լիբանան: Ան 91 տարեկան էր:

Անոր մահը կը սգան իր այրին` Ալիս Կիտանեանը, զաւակները` տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Նիլա Ֆըսթըգճեանները, տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Նինա Ֆըսթըգճեանները, տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Նենսի Ֆըսթըգճեանը եւ տէր եւ տիկին Գէորգ  եւ Թալին Պապիկեանը: Թոռները` Արթուն, Ալեք, Անտրէ, Արմէն, Ալլան, Արամ, Ճէք, Մարիա, Անթոնի եւ Ալինա: Քոյրը` Արփինէ Ֆերեշէթեան եւ ընտանիքի հարազատներ:

Ծնած էր 10 նոյեմբեր 1924-ին, Հալէպ, Սուրիա: Զաւակը` Նազարէթ Գէորգ Ֆըսթըգճեանի եւ Արուսեակ Գէորգ Տեմիրճեանի: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած էր Հալէպի Կրթասիրաց եւ Մարիսթ Ֆրերներու վարժարաններուն մէջ: Պաքալորէայի քննութեան մէջ ամբողջ Սուրիոյ բարձրագոյն միջինը ապահովելով` կը յաճախէ Լիոնի Հիւսուածեղէնի բարձրագոյն վարժարանը, Ֆրանսա (Ecole Supérieure de Tissage): Սուրիա վերադառնալով, եղբօր` Շահնուրի հետ կը հիմնեն գորգի արտադրութեան յաջող գործարան մը, որ պետութեան կողմէ կ’ազգայնացուի 1964-ին:

1965-ին Արթուն Ֆըսթըգճեան իր նորակազմ ընտանիքը կը փոխադրէ Պէյրութ, ուր դարձեալ իր եղբօր` Շահնուրի հետ կը հիմնեն «Թափի Լիպան» գորգագործական ընկերութիւնը, որ շուտով կը դառնայ գորգի արտադրութեան Միջին Արեւելքի մեծագոյն գործարանը, 1200 աշխատողներով: Լիբանանեան պատերազմի տարիներուն, երեք տարի կը մեկնի Քանատա, ապա կը վերադառնայ Լիբանան 1992-ին: Պարբերաբար կ՛այցելէր Միացեալ Նահանգներ` տեսնելու համար իր զաւակները եւ թոռները: 2015-ի յուլիսին վերջին անգամ ըլլալով Պէյրութ կը վերադառնայ:

Ըլլալով զաւակը յայտնի իրաւաբան Նազարէթ Գէորգ Ֆըսթըգճեանի` ան միշտ հպարտ էր իր հայկական փայլուն ժառանգութեամբ ու յատկապէս իր հայրենի Այնթապով: Հայրը համեմատաբար կանուխ հասակին մահացած էր, ինչ որ կը մղէր զինք միշտ հետամուտ ըլլալու, որ ինք իր յաջող իրագործումներով արժանի ըլլար անոր բարձր ակնկալութիւններուն:

Արթուն Ֆըսթըգճեան զօրաւոր կամքի տէր եւ սկզբունքային նկարագրով, արդարամիտ անձնաւորութիւն մըն էր: Ծայր աստիճան ուղղամիտ, վստահելի եւ պատուախնդիր էր, հաւատարիմ` իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն: Մասնաւորապէս` ոսկի սրտով, ազնիւ, հոգածու եւ առատաձեռն հոգիով անձ մըն էր ան:

Իր եղբօր` Շահնուրի հետ բազմաթիւ նպատակներու համար բարերարութիւններ կատարած էր ան` համեստօրէն եւ լուսարձակներէ հեռու: Բարեգործութեան արարքը  շատ աւելի կարեւոր կը նկատէր, քան փառաբանուիլը: Զանազան առիթներով օգտակար կ՛ըլլար եկեղեցիին եւ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէր ուսման, միշտ սատար հանդիսանալով կրթութեան գործին: Օգնած է հայ դպրոցներուն եւ աշակերտներուն, եւ Հայ օգնութեան խաչին: Լիբանանեան պատերազմի դժուար տարիներուն օժանդակած է նաեւ Հայ երիտասարդներուն, որ կազմակերպեն հայկական թաղամասերու պաշտպանութիւնը: Քաղաքացիական պատերազմի շրջանին, վիրաւորներու օգնելու համար, ան իր եղբօր` Շահնուրի հետ հիմնած էր Նազարէթ Ֆըսթըգճեան հիւանդանոցը: Իսկ երբ 1988-ին երկրաշարժը ցնցեց Հայաստանը, հոն եւս հասաւ օգնութեան իր աջը:

Իր բարեգործութիւններով ան բարի օրինակ հանդիսացաւ իր զաւակներուն, որոնք ամբողջանուէր ոգիով կը շարունակեն քալել իր ճամբէն` պահելով իր աւանդը:

Անէն բանէ վեր կը դասէր իր ընտանիքը: Հպարտ էր իր զաւակներով, անոնց կիներով եւ ամուսինով, իր տասը թոռներով ու բոլորին յաջողութիւններով: Ան մեկնեցաւ այս աշխարհէն հանգիստ խղճով, լիովին կատարած ըլլալով իր պարտականութիւնները, արժանաւորապէս վայելելու յաւիտենական հանգիստը: Այսօր ան, իբրեւ իր ընտանիքի հրեշտակը, երկինքէն կը հսկէ իր հարազատներուն:  Թող Աստուած լուսաւորէ իր հոգին եւ օրհնեալ ըլլայ իր բարի յիշատակը:

ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>