Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մայիս 9-ին նամակ մը ստացած է Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն` ի պատասխան Հայ դատի յանձնախումբի կոչին` հրապարակայնօրէն դատապարտելու Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ ուղղուած յարձակումներն ու սպառնալիքները եւ Ամերիկայի անունով պաշտօնական մտահոգութիւն արտայայտելու անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու գծով:
«Տեղեակ ենք, որ պարոն Փայլան մէկն է տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններ ներկայացնող այն երեսփոխաններէն, որոնք տուժած են վերջերս քաղաքական հարցի մը քննարկման ընթացքին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ սկսած ծեծուռտուքին պատճառով», գրած է դեսպանատունը:
«Մինչ Հայ դատի յանձնախումբը գոհունակութիւն կ՛արձանագրէ, որ այս նամակը կը վկայէ, թէ Կարօ Փայլան փաստօրէն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան տեսադաշտին վրայ կը գտնուի, մենք կը կարծենք, որ այդ պատասխանը շա՜տ հեռու է Կարօ Փայլանի վրայ յարձակումներու՛ դատապարտումէն: Անոնք չեն նշած, թէ Ուաշինկթըն կը դատապարտէ Կարօ Փայլանի վրայ յարձակումներն ու սպառնալիքները, եւ ոչ ալ մտահոգութիւն յայտնած են անոր ապահովութեան վերաբերեալ», ըսուած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին յայտարարութեան մէջ: