Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀՄԱՄՃԵԱՆ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Նուիրուած
Նախաձեռնութիւններ` Նախագահին Ներկայութեան

1117mousaler

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յոբելենական յանձնաժողովի անդամներուն մասնակցութեամբ, 16 նոյեմբերին Արմաւիրի մարզին մէջ տեղի ունեցած են Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր տօնակատարութիւններ: Ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչները, մուսալեռցիները փրկած նաւերու նաւապետներու հարազատները, մարզի բնակիչները եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Այս առիթով ծաղիկներ զետեղուած են Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցուած` անոնց, ապա Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արմաւիրի թեմի առաջնորդին կողմէ կատարուած է «Ի յիշատակ սուրբ նահատակներու» արարողակարգը:

Հերոսամարտի յոբելեանին առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանը իր «Մուսա Լերան հերոսամարտի եւ մուսալեռցիների ազգագրութեան թանգարան» մասնաճիւղի ցուցասրահին մէջ կազմակերպած է «Մուսա Լերան հերոսամարտը» խորագիրով մնայուն ցուցադրութիւն` շրջանառութեան մէջ դնելով նոր ուշագրաւ նիւթեր: Հանրապետութեան նախագահն ու ձեռնարկին մասնակիցները շրջած են թանգարանին ինքնապաշտպանական մարտերուն նուիրուած ցուցասրահին մէջ, ծանօթացած` ներկայացուած նիւթերուն, որոնք հրամցուած էին արդիական նոր լուծումներով:

Յուշարձանի կամարին տակ տեղադրուած են Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին նուիրուած «Փառապանծ սուր» տուֆէ յուշակոթողը եւ «Մասունք Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակաց» տապանաքարը:

«Մուսա Լերան քառասուն օրերը» դիւցազներգութեան հեղինակ Ֆրանց Վերֆելի ծննդեան 125-ամեակին առիթով եւ ի նշան երախտագիտութեան ու յարգանքի` յուշահամալիրի տարածքին մէջ տեղադրուած են նաեւ անոր եւ չորս հազարէ աւելի մուսալեռցիներ փրկած ֆրանսացի ծովակալ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէի դիմաքանդակները:

Այս առիթով տեղի ունեցած է Արմաւիրի մարզի Մուսա Լեռ եւ Փարաքար գիւղերու կարգ մը փողոցներու անուանակոչութիւն` Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէի, Շարլ-Տիրան Թեքէեանի, Տիգրան Անդրէասեանի եւ Մովսէս Տէր Գալուստեանի անուններով, կատարուած են Մուսա Լերան յուշահամալիրի հիմնանորոգութիւն եւ տարածքի բարեկարգման աշխատանքներ:

Յուշահամալիրին մէջ կազմակերպուած է նաեւ տօնական համերգ:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ը Կ՛օժանդակէ Երիտասարդներուն
Բարձրագոյն Ուսում Ստանալու Համար

Educ-Fund_112515

Տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ եղող ուսանողներուն օժանդակելու նախաձեռնութիւնը «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը կը կատարէ 2011 թուականէն: «Կրթական հիմնադրամ» նախագիծէն օգտուած են տարբեր հիմնարկներու մէջ յառաջադիմութեամբ ուսանող, յատուկ կարիքներ ունեցող, ծնողազուրկ եւ նիւթական հարցեր ունեցող ընտանիքներուն զաւակները: Այդ ուսանողներուն աջակցելու նպատակով «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը ցարդ յատկացուցած է մօտաւորապէս 600 միլիոն դրամ:

Յաղթահարելով ընտանիքի ընկերային բեռը եւ անոր պատճառած հոգեբանական արգելքը` աւելի քան 700 ուսանողներ ներառուած են կրթութեան գործընթացին մէջ: Անոնցմէ 53-ը ծրագրէն օգտուած են չորս տարի շարունակ եւ աւարտած են համալսարանը` ստանալով պսակաւոր արուեստից կամ գիտութեան աստիճան:

«Կրթութեանն աջակցութիւնը կարեւոր եւ պատասխանատու մօտեցում է: Այստեղ ներդրումներ իրականացնողներէն կը պահանջուի համբերութիւն` արդիւնքը տեսնելու եւ գնահատելու համար: Հոգատարութիւնը ընկերային մշակոյթ է: Երկարաժամկէտ այս ծրագրով մենք կը ձգտինք խրախուսել ուսանիլ ուզողներուն ցանկութիւնը եւ այսօր արդէն ունինք արդիւնք: Խելացի մասնագէտներու առկայութիւնը թոյլ կու տայ զարգացնելու երկրի տնտեսութիւնը եւ ըլլալ մրցունակ», ըսած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Յայտենք, որ ընկերութիւնը կարեւոր կը նկատէ իրենց մասնագիտութիւնը շարունակելու առումով երիտասարդները խրախուսելու եւ զարգացման կարելիութիւնը բոլորին հասանելի դարձնելու ջանքերը:

ՀՕՄի Նախաձեռնութեամբ Սահմանամերձ Գիւղերու
120
Պատանիներ Ներկայ Եղած Են Կրկէսի Ներկայացումներուն

1117circus

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին նախաձեռնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի սահմանամերձ երկու շրջաններու` Մատաղիսի եւ Թալիշի 120 պատանիներ 13 նոյեմբերին ներկայ գտնուած են Ստեփանակերտի մէջ Ս. Փեթերսպուրկի «Իմփերիալ» կրկէսի ներկայացման:

Արցախի ՀՕՄ-ին իր օժանդակութիւնը ցուցաբերած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը` ապահովելով երեխաներուն մայրաքաղաք այցելութիւնը:

Նախքան ներկայացումը` երեխաները այցելած են Ստեփանակերտի տեսարժան վայրեր:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը վերջերս Երեւանի մէջ կայացած ՀՕՄ-ի Համահայկական 71-րդ ժողովին ներկայացուցած է սահմանամերձ գիւղերու աջակցութեան եւ օժանդակութեան ծրագիր` «Ապահով մանկութիւն սահմանամերձ գիւղերում» խորագիրով, որուն ծիրին մէջ իրականացուցած է այս ծրագիրը:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեանի համաձայն, ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ` ներառելով ո՛չ միայն ժամանց ապահովելու, այլ նաեւ բազմաթիւ ուրիշ ծրագիրներ:

«Սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ապրող որեւէ երեխայ պէտք է զգայ մեր աջակցութիւնը, եւ, որ կարեւորագոյնն է, կարելիութիւն ունենայ մասնակցելու պատանեկան մշակութային ներկայացումներու, ծրագիրներու: Մենք կը գիտակցինք, որ ամուր սահմանը հզօր պետութեան կայացման գրաւականներէն մէկն է, եւ այս երեխաները իրենց ծնած օրէն արդէն  սահմանապահ են:  Պարտաւոր ենք ամէն ինչ ընել, որպէսզի գոնէ քիչ մը թեթեւցնենք իրենց կեանքը  եւ գոյներ տանք մանկութեան», դիտել տուած է Արմինէ Յարութիւնեան:

Ժաննա Եդիգարեան` Մատաղիս եւ Տօնաշէն  գիւղերու բնագիտութեան ուսուցչուհին, որ կ՛ընկերակցէր Մատաղիսի աշակերտներուն, նշած է, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ աշակերտները կարելիութիւն կ՛ունենան միասին մասնակցելու  որեւէ մշակութային նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ ամբողջ օր մը մարդոց ուշադրութեան արժանանալու` առանց մտահոգուելու, թէ յանկարծ կրակոցները կրնան սկսիլ:

«Պէտք է նշեմ, որ երեխաները, հակառակ չդադրող կրակոցներուն եւ ընդմիշտ սպառնացող վտանգին, լաւատեսօրէն կը շարունակեն իրենց «անհոգ մանկութիւնը»:  Սակայն անհրաժեշտ է անոնց յատուկ ուշադրութիւն դարձնել` փորձելով ապահովել այն կարելիութիւնները, զորս ունին քաղաքի երեխաները», յայտնած է ան:

Սահմանամերձ Վահան Գիւղը Օժտուած Է
Արտաքին Լուսաւորութեամբ

Vahan112515

Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը «Այլընտրանքային էներկիա» միացեալ ծրագրի ծիրին մէջ ամփոփած են հերթական նախագիծին արդիւնքները: Գեղարքունիքի մարզի սահմանամերձ Վահան գիւղին մէջ տեղադրուած է 37 լամբերով օժտուած արտաքին լուսաւորութեան յատուկ արդիական (LED) համակարգ:  Ծրագրի իրականացումով լուսաւորուած է 1100 մեթր երկարութեամբ տարածք:

Համակարգի գործարկման մասնակցած են` «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեան, Վահան համայնքի ղեկավար Գուրգէն Բալեան եւ համայնքի բնակիչները:

Բնապահպանական եւ ելեկտրական-արդիւնաւէտ LED լամբերով 80 առ հարիւրով կը նուազեցնեն ելեկտրականութեան ծախսը: Ամրան շրջանին անոնք փողոցները պիտի լուսաւորեն ժամը 22:00-01:00, իսկ ձմրան` 18:30- 00:00: Տօնական օրերուն լուսաւորութիւնը պիտի ապահովուի ամբողջ գիշերուան ընթացքին: LED լամբերը արդիւնաւէտ են, դիմացկուն եւ կրնան շատ աւելի երկար ծառայել, քան` սովորական լամբերը:

Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը եւ անոր գլխաւոր գործընկեր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը չափազանց կարեւոր կը նկատեն բնութեան պահպանման մէջ նորագոյն արհեստագիտութեան օգտագործումը: Այս մէկը կը նպաստէ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան, ելեկտրականութեան խնայողութեան բարձրացման եւ համայնքային զարգացման:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը այստեղ է Վահանի բնակիչները ոգեւորելու համար: Այս այցելութեամբ կը ձգտինք լուծել երկու հարց` արտաքին եւ ներքին: Սահմանամերձ համայնքի մէջ իրականացուող աշխատանքը հակառակորդը զինաթափելու միջոցներէն մէկն է: Անոնք պէտք է զգան, որ այստեղ կեանքը կը շարունակուի` հակառակ գիւղը լքուած տեսնելու իրենց ցանկութեան: Միւս կողմէ` մենք կը ձգտինք քայլ առ քայլ  նուազեցնել մայրաքաղաքի եւ հեռաւոր մարզերու միջեւ եղած տարբերութիւնը` մեր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ լուծելով գոյութիւն ունեցող հարցերը: Վահանը պէտք է ամուր մնայ վահանի պէս», շեշտած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

«Մանկական Եւրատեսիլ-2015-ի Մրցումներուն`
Հայաստան Երկրորդ Դիրքի Վրայ

Junior-Eurovision1_102115

Հայաստանը ներկայացնող 12-ամեայ Միքայէլ Վարոսեանը (Միկա) շաբաթ, 21 նոյեմբերի գիշերը Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ «Մանկական եւրատեսիլ-2015»-ին մասնակցած է եւ գրաւած երկրորդ դիրքը:

Junior-Eurovision_102115

Արհեստավարժ դատական կազմին եւ եւրոպացի ակնդիրներուն միացեալ քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանի մասնակիցը ստացած է 176 միաւոր` իր ռոքնռոլլ ոճի «Սէր» երգին համար:

Մալթայի ներկայացուցիչ 13-ամեայ Տեսթինի Չուքունյերէն` հաւաքելով մրցանշային 185 կէտ` իր «Ոչ իմ հոգին» (Not My Soul) երգով յաղթած է մրցումին: Երրորդ դիրքը գրաւած է Սլովենիոյ ներկայացուցիչ Լինա Քուտոզովիչը` «Առաջին սէր» (Prva ljubezen) երգով:

Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան բարձր հովանաւորութեամբ կայացած երգի մրցումին մասնակցած են 17 եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներ:

Ֆրանսահայ Գրող Եւ Թարգմանիչ Մովսէս Պչաքճեան
Պարգեւատրուած Է Հայաստանի Վարչապետին Յուշամետալով

Movses-Btchakdjian_112515

Սփիւռքի մէջ հայ գրականութեան եւ մշակոյթի տարածման նպաստող գործունէութեան եւ այդ բնագաւառին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար ֆրանսահայ գրող եւ թարգմանիչ Մովսէս Պչաքճեան պարգեւատրուած է Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետի յուշամետալով:

Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետին յանձնարարութեամբ, պարգեւը գրողին յանձնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը:

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային Մէջ
Տեղի Ունեցած Շնորհահանդէս` Նուիրուած
Յակոբ Վարդիվառեանի Գիրքին

IMG_7148

Վերջերս Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս` նուիրուած Յակոբ Վարդիվառեանի վերջերս լոյս տեսած «Մեծ երազի ճամբուն ուղեւորները եւ համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար ազատական կուսակցութեան» վեցհատորեայ շարքին առաջին հատորին: Գիրքը նուիրուած է Արմենական կազմակերպութեան եւ ժողովրդական կուսակցութեան պատմութեան:

Հայաստանի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան հանրապետական վարչութեան ատենադպիր Սուրէն Սարգսեան, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց հրատարակութիւնը:

Խօսք առաւ «Ազգ» թերթի երկարամեայ խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանը, որ տուաւ իր ականատեսի վկայութիւնը Յակոբ Վարդիվառեանի ունեցած կուսակցական եւ ազգային արխիւին եւ մամլոյ հաւաքածոներուն մասին: Յ. Աւետիքեան հրամցուած հատորը գնահատեց եւ հրաւիրեց Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի նախագահ ու պատմաբան փրոֆեսէօր Ռուբէն Միրզախանեանը կատարելու գիրքին գինեձօնը: Հեղինակը ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք հատորները մակագրեց:

Դաշտադէմի Ամրոցի Պահպանման
Նախագիծը Կը Գործադրուի

amrotz_112515

Հայաստանի կառավարութեան, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, «Ամափ» մարդկային զարգացման կազմակերպութեան եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին համաֆինանսաւորմամբ կը գործադրուի Դաշտադէմի պահպանման նախագիծը:

Յայտնենք, որ ըլլալով Կովկասի մէջ պահպանուած մեծագոյն ամրոցներէն մէկը, անիկա նաեւ պատմական եւ ճարտարապետական արժէք ունեցող վայր է: Հոն կը գտնուին Ս. Սարգիս եկեղեցին` 7-րդ դար, Խանի պալատը` 12-րդ դար եւ քրիստոնէական տապանաքարեր` 9-րդ դար:

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութենէն լրագրողներուն յայտնած են, որ նախագիծին շնորհիւ տարածքը մաքրուած է աղբէն եւ շինութիւններու մնացորդներէն, ինչ որ առիթ կու տայ պեղումներ իրականացնելու միջնաբերդի եւ պարիսպի տարածքին: Աւելի քան 1000 քառակուսի մեթր տարածքին մէջ իրականացուած հնագիտական պեղումներուն իբրեւ արդիւնք` յայտնաբերուած է պարսպապատ` 62 գծամեթր երկարութեամբ, կառուցուած սրբատաշ տուֆով եւ կրաշաղախով: Պեղումներուն շնորհիւ բացայայտուած են միջնադարեան տուներ եւ առեւտուրի մէջ օգտագործուող առարկաներ, օրինակ` վառարաններ, յայտնաբերուած են նաեւ վիմագիր արձանագրութեամբ քարեր, խաչքարերու մասեր, բազմաթիւ հնագիտական նիւթեր:

9 նոյեմբերին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան: Նշուած է, որ Արենիի քարանձաւին մէջ առկայ կարեւոր հնագիտական գտածոներու պահպանման աշխատանքները եւ Ռաֆայէլ Աթոյեանի «Ջաղացի ճանապարհին» որմնանկարի վերականագնումը եւս կատարուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ֆինանսաւորմամբ: Ընդհանուր առմամբ, երեք ծրագիրներու համար հիմնադրամը յատկացուցած է 200 հազար տոլար:

«Հայաստան երկարամեայ եւ հարուստ պատմութիւն ունի: Անիկա նաեւ բազմաշերտ է, տարբեր մշակութային դարաշրջաններէ եկած, միախառնուած եւ անցած է: Պահպանելով Դաշտադէմի ամրոցը` մենք կ՛օգնենք ապագայ սերունդներուն հասկնալու, թէ ուրկէ՛ սերած է ժամանակակից հայ ժողովուրդը», իր խօսքին մէջ յայտնած է դեսպանը` հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2000 թուականին ստեղծելով Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը` ամէն տարի աշխարհի տարածքին տարբեր ծրագիրներ կը ֆինանսաւորէ եզակի մշակութային արժէքները պահպանելու համար:

Հայաստանի Արագածոտնի մարզի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու պետական ցանկին մէջ ներառուած Դաշտադէմի միջնադարեան ամրոցը հանրապետութեան մէջ կարելի եղածին չափ պահպանուած, հանրապետական նշանակութեան եզակի ամրաշինական համակարգերէն է: Նկատի ունենալով ամրոցին գիտական, պատմական, ճարտարապետական բացառիկ նշանակութիւնն ու պահպանուածութեան վիճակը` մշակոյթի նախարարութիւնը 2006-ին ձեռնարկած է միջնաբերդի տարածքի մաքրութեան, յուշարձանի համակողմանի ուսումնասիրութեան եւ վերականգնման աշխատանքներուն: 2006–2008 պետական պիւտճէէն յատկացուած գումարով ամբողջութեամբ վերականգնուած են առաջին պարսպապատի տարածքին մէջ գտնուող Ս. Սարգիս եկեղեցին, ամրոցի մուտքը, ամրակայուած եւ մասնակի վերանորոգուած են միջնաբերդը, առաջին եւ երկրորդ պարիսպներու առանձին հատուածները: Ամրոցի վերականգնման աշխատանքերը ընդհատուած են 2008–2010 եւ վերսկսած` միայն 7 տարի ետք:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles