ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պաղեստինեան ուժերու Պէյրութէն հեռացումով եւ բազմազգեան ուժերու ժամանումով, 1982 օգոստոսի վերջաւորութեան սկսաւ գործադրութիւնը Պէյրութի ապահովութեան ծրագիրին: Ծրագիրը կ՛առաջադրէր, բազմազգեան ուժի տարածման կողքին, լիբանանեան բանակէն միաւորներու մայրաքաղաքէն ներս տարածումը:
Ամերիկեան արագ միջամտութեան ուժին պատկանող 800 զինուորներ չորեքշաբթի, 25 օգոստոսի առաւօտուն ցամաքահանման յատուկ նաւերով Պէյրութի նաւահանգիստը ժամանեցին եւ սկսան ստանձնել այն դիրքերը, զորս գրաւած էին չորս օր առաջ ցամաք ելած ֆրանսական ուժերը:
Ամերիկեան ուժերու ժամանումով սկսաւ գործադրութիւնը բազմազգեան ուժերու մայրաքաղաքէն ներս տարածման ծրագիրներուն: Այսպէս, մինչ ամերիկեան ուժերը կը ստանձնէին նաւահանգիստին, շրջակայքին` ելեկտրականութեան ընկերութեան կեդրոնէն մինչեւ Ֆաթթալ շէնքի դիրքերը, ֆրանսական ուժերը իրենց կարգին անցան թանգարանի շրջանը եւ առաջին հերթին դիրքեր հաստատեցին Ֆրանսայի դեսպանի բնակարանին շուրջ:
Միաժամանակ սկսաւ պաղեստինեան ուժերու ծովու ճամբով Սուրիա փոխադրութիւնը:
Օգոստոս 26-ին, իտալական եւ ֆրանսական զօրաբաժիններու Պէյրութ ժամանումով, ամբողջացաւ բազմազգեան խաղաղարար ուժին կազմը ու սկսաւ գործադրութիւնը այս ուժերուն դէպի նոր շրջաններ տարածման, ընկերակցութեամբ` լիբանանեան բանակի միաւորներուն:
Օգոստոս 27-ին սկսաւ պաղեստինցի զինեալներու ցամաքի ճամբով դէպի Սուրիա փոխադրութիւնը: Լիբանանեան բանակի պատասխանատուներ հետեւեցան հեռացման գործողութեան:
Միաժամանակ Պէյրութէն, ծովու եւ ցամաքի ճամբով փոխադրուեցան արաբական զսպիչ ուժերու շրջագիծէն ներս գործող սուրիական ուժերը:
Պաղեստինեան եւ սուրիական ուժերու Պէյրութէն փոխադրութեան կողքին, սկսաւ լիբանանեան բանակի տարածման ծրագիրը, գործակցութեամբ` բազմազգեան խաղաղարար ուժերուն: Առաջին հերթին բանակը դիրքեր հաստատեց նաւահանգիստէն մինչեւ Պուրճ Պարաժնէ եւ Մըրէյժի երկարող գիծին վրայ, անցնելով կեդրոնական հրապարակներու շրջանէն, Սոտեքոյէն, Թանգարանէն, Թայունէէն, Մար Մըխայէլ-Կալըրի Սըմաան գիծէն եւ Հատէթէն:
* * *
Մօտաւորապէս երեք ամիս տեւած իսրայէլեան օդանաւային եւ թնդանօթային ռմբակոծումները մայրաքաղաքին հարաւային շրջանը փլատակներու եւ քանդուած ճամբաներու գօտիի մը վերածած էին:
Գլխաւոր փողոցները փորուած էին, անոնց վրայ կային անցարգելներ, կամ անոնք ականուած էին. խանութներուն մեծ մասը կը մնար փակ, իսկ վառելանիւթ կը վաճառուէր միայն փոքր ընդունարաններով:
Այսուհանդերձ, բազմաթիւ ընտանիքներ կը վերադառնային մայրաքաղաք, ստուգելու համար իրենց բնակարաններն ու ստացուածքը:
Պաղեստինեան Պուրճ Պարաժնէ գաղթակայանին մէջ, ճամբաները խճողուած էին կարասիներ փոխադրող փոխադրակառքերով: Գաղթայականին մէջ ջուր եւ ելեկտրականութիւն չկար: Բազմաթիւ բնակարաններ, որոնցմէ մէկ քանին պաղեստինեան կազմակերպութեանց կեդրոններ եղած էին, դատարկուած էին:
Մեծամասնութեամբ շիիներով բնակուած շրջանի բնակիչները կը վերադառնային իրենց տուները, եթէ անոնք բնակելի էին: Ոմանք կիսովին այրած տուներու մէջ բնակութիւն հաստատած էին:
Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ, որ համեմատաբար նուազ վնասուած էր, կառավարական գրասենեակներ դանդաղօրէն վերսկսան աշխատանքի: Լիբանանեան բանակէն միաւորներ ստանձնեցին պաշտօնական հաստատութիւններու հսկողութիւնը, կեդրոնական կառավարութեան իշխանութիւնը ամրապնդելու քայլ մը առնելով: Այդ հաստատութիւնները տարիներէ ի վեր արաբական զսպիչ ուժերուն, պաղեստինցիներուն եւ ձախակողմեան կազմակերպութեանց հսկողութեան տակ կը գտնուէին:
Օդակայանի շրջանը կը նկատուէր վտանգաւոր գօտի: Իսրայէլեան ուժեր իրենց հակակշիռին տակ կը պահէին էջուղիին մէկ բաժինը, ու փոխադրական օդանաւեր կ՛երթեւեկէին հոն: Կեդրոնական շէնքը ամայի էր եւ ապահովութեան ուժերու փոքրաթիւ անդամներ կը մնային հոն: Հսկողութեան աշտարակին մէջ, փշրուած ապակիներ կը ծածկէին հաղորդակցութեան յատուկ գործիքները, իսկ հեռաձայնի գիծերը խանգարուած էին:
* * *
Ոչ-լիբանանեան ուժերէ զերծ լիբանանեան մայրաքաղաքին մէջ, սկսաւ գործադրութիւնը ապահովութեան յատուկ ծրագիրի մը: Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը պահանջէր Պէյրութի արեւմտեան գօտիէն ներս վերջ տալ զինեալ երեւոյթներու: Պահանջուեցաւ զինեալներու փողոցներէն հեռացումը, ոչ-օրինական որեւէ ուժի կ՛արգիլուէր զինուորական զգեստ կամ զէնք կրել եւ կը պահանջուէր հողաթումբերու եւ բոլոր տեսակի անցարգելներու վերացումը: Կ՛արգիլուէր նաեւ կրակելը, առանց արտօնութեան ցոյցերու կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ` փողոցներու մէջ «գրգռիչ եւ երկրի միասնականութեան վնասող» պաստառներու կամ արձանագրութեանց զետեղումը:
Ապահովութեան ծրագիրի գործադրութեան առաջին քայլերը կ՛ընդգրկէին մայրաքաղաքի մուտքերուն վրայ եւ կողմնակի փողոցներուն մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու հաստատուն անցարգելներու եւ շրջուն ջոկատներու գործունէութեան սկսումը:
Հինգշաբթի, 2 սեպտեմբերին բացուեցաւ Սոտեքոյի անցքը, եւ վարչապետ Շաֆիք Ուազզան անձամբ հետեւեցաւ ապահովութեան ծրագիրի գործունէութեան առաջին քայլերուն: Վարչապետն ու իրեն ընկերակցող շքախումբը հետիոտն կտրեցին Պշարա Խուրի-Սոտեքօ գիծը, ուր արժանացան ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան:
Անցքը վերաբացուած յայտարարելով, վարչապետ Ուազզան արտասանեց ճառ մը, որուն ընթացքին ան յատկապէս շեշտեց որ վերջ գտած է երկու Պէյրութներու վիճակը:
Միւս կողմէ, մուրապիթունները քաշուեցան Պարպիրի անցարգելէն եւ իրենց դիրքերը ներքին ապահովութեան ուժերուն յանձնեցին:
* * *
Մինչ Պէյրութի ապահովութեան ծրագիրին գործադրութիւնը կը շարունակուէր, ուրբաթ, 3 սեպտեմբերին Զոքաք Պլաթ-Ուատի Ապու Ժամիլ շրջանին մէջ ծայր առին ծանր բախումներ` Ամալի եւ քրտական Փարթի կազմակերպութեան միջեւ: Բախումները շարունակութիւնն էին նախորդ օր սկսած մասնակի կռիւներուն:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժեր Ուզահիի շրջանէն յառաջխաղացք արձանագրեցին դէպի Սէն Սիմոն եւ Սուլթան Իպրահիմ ճաշարանի շրջանը, ինչպէս նաեւ` դէպի քուէյթեան դեսպանատան շրջանը` Սապրա գաղթակայանի դուռներուն առջեւ:
Շաբաթ, 4 սեպտեմբերին ներքին ապահովութեան ուժերն ու լիբանանեան բանակը նոր դիրքեր հաստատեցին հարաւային արուարձաններու մէջ, վերստանձնելով Ուզահիի շրջանի Հանրի Շեհապ զօրանոցը:
Իսկ կիրակի, 5 սեպտեմբերին ներքին ապահովութեան ուժերը մուրապիթուններէն ստանձնեցին ռազմագիտական երկու դիրքեր` Մըր աշտարակն ու Հոլիտէյ Ին պանդոկը:
Այնուհետեւ, օրինական ուժերը շրջանին մէջ շրջուն ջոկատներ գործի լծեցին, վերացնելու համար զինեալ երեւոյթները: Յատկապէս Մըր աշատարակի ստանձնումին կապուած էր Ֆուատ Շեհապ կամուրջին վերաբացումը:
Սեպտեմբեր 6-ին բանակային միաւորներ սկսան Նըժմէ հրապարակի եւ մօտակայ փողոցներուն մէջ տարածման եւ դիրքերու ամրապնդման գործողութիւնները: Հողակոյտերու վերացման եւ ականահաւաքումի կողքին, բանակային միաւորներ դիրքեր հաստատեցին Ուէյկան եւ Ալենպի փողոցներուն վրայ, ինչպէս նաեւ` Պապ Իտրիսի շրջանին մէջ:
Զուգահեռաբար, բանակային միաւորներ հարաւային արուարձաններու մէջ հաստատուեցան Ռեժիի եւ Լիբանանեան համալսարանի գիտական բաժանմունքի շէնքին մէջ, տարածուելով մինչեւ Հայ Սըլլոմ եւ Լէյլաքի:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժեր որոշ յառաջխաղացք արձանագրեցին Ժընահի շրջանին մէջ, գրաւելով եմէնեան եւ հունգարական դեսպանատան շրջանները, միաժամանակ սպառնալով յառաջանալ աւելի հիւսիս եւ ի հարկին թափանցել Պէյրութի ներքին թաղամասերը, եթէ մուրապիթունները չհեռանային ծովեզերայ գօտիէն:
* * *
Երեքշաբթի, 7 սեպտեմբերին լիբանանեան բանակի միաւորներ մուտք գործեցին Պէյրութի հարաւային ծովեզերեայ գօտին: Առաւօտուն բանակային ուժեր Շիահի Մար Մըխայէլ եկեղեցւոյ շրջանէն ուղղուեցան դէպի օդակայանի բոլորակը, Պիր Հասան, հասնելով մինչեւ ծովեզերք, ուր տարածուեցան եւ դիրքեր հաստատեցին Սէն Սիմոնէն մինչեւ Սուլթան Իպրապիմ ճաշարանի շրջանը:
Բանակային ուժեր տարածուեցան եւ դիրքեր հաստատեցին նաեւ Շիահի ներքին թաղերուն, Պիր Ապտի, Մշարրաֆիէի, Շաթիլայի բոլորակին եւ Ասաատ Ասաատ փողոցին վրայ: Աւելի հարաւ, բանակային ուժեր ստանձնեցին նաեւ Լէյլաքի եւ Հայ Սըլլոմ շրջաններն ու Լիբանանեան համալսարանի գիտական բաժանմունքի շէնքը:
Բանակային ուժերու վերոյիշեալ շրջաններէն ներս հաստատումը ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ եւ տօնական ու ցնծութեան մթնոլորտ ստեղծեց:
Միւս կողմէ, Պէյրութի կեդրոնական շուկաներու եւ հարաւային արուարձաններու մէջ գործի լծուած բանակային եւ ներքին ապահովութեան ուժերու միաւորներ շարունակեցին հողակոյտերու եւ ականներու վերացման աշխատանքը:
Չորեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին, բանակային ուժեր մուտք գործեցին Ղըպէյրի, Հարէթ Հըրէյք, Այն Սըքիէ, Հայ Սըլլոմ, Պուրճ Պարաժնէի կարգ մը թաղամասերը, ինչպէս նաեւ հաստատուեցան օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող Քոքոտի դիրքին վրայ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան չորս օդանաւեր ռմբակոծեցին Պհամտունի մօտակայ սուրիական դիրքեր, քանդելով Տահր Պայտարի շրջանին մէջ գտնուող հակաօդային հրթիռներու խարիսխ մը:
Սեպտեմբեր 9-ին իսրայէլեան օդանաւեր կրկին անգամ յարձակում գործեցին Պեքաայի եւ Տահր Պայտարի շրջաններուն մէջ հաստատուած սուրիական հակաօդային հրթիռներու խարիսխներուն վրայ եւ «Սամ 9» տիպի հրթիռներու չորս խարիսխներ քանդեցին:
* * *
Առաջին անգամ ըլլալով, լիբանանեան բանակը մուտք գործեց պաղեստինեան գաղթակայանէ մը` Պուրճ Պարաժնէէն ներս: Գաղթակայանը հիմնովին քանդուած էր իսրայէլեան օդուժին կողմէ:
Չորս զրահապատ կառքերէ եւ երկու ճիփերէ բաղկացած շրջուն ջոկատ մը, որուն կ՛ընկերանային տասնեակ մը հետեւակ զինուորներ, մուտք գործեց Պուրճ Պարաժնէ ու գաղջ ընդունելութեան արժանացաւ բնակչութեան կողմէ:
Մինչ գաղթակայանի պաղեստինցիները ընդհանուր առմամբ վերապահ ու պաղ կեցուածք մը որդեգրած էին, կարգ մը կիներ եւ մանուկներ զինուորներուն վրայ բրինձի անձրեւներ տեղացուցին: Կողմնակի փողոցներուն մէջ, ուր լիբանանցի խիտ բնակչութիւն մը կ՛ապրի, ընդունելութիւնը աւելի ջերմ եղաւ:
Լիբանանեան բանակին Պուրճ Պարաժնէ մուտքը մաս կը կազմէր Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ լիբանանեան ուժերու դիրքաւորման ծրագիրին:
Պուրճ Պարաժնէի գաղթակայանին 30 հազար բնակիչները վերադարձած էին իրենց քանդուած եւ վնասուած բնակարանները: Հետեւաբար, մէկ սենեակի մէջ երկու կամ երեք ընտանիք տեղաւորուած էր: Ջուրի եւ ելեկտրականութեան հոսանքները կտրուած էին:
Պուրճ Պարաժնէ մտած բանակային ուժերը խուզարկութեան աշխատանքներու ձեռնարկեցին եւ մեծ քանակութեամբ զինամթերք գրաւեցին, որ պահուած էր ստորերկրեայ անցքերու եւ դարաններու մէջ:
* * *
Պաղեստինեան եւ սուրիական ուժերու վերջին զօրաբաժիններուն Պէյրութէն եւ արուարձաններէն հեռացումէն տասը օր ետք, Պէյրութի ապահովութեան հսկող բազմազգեան ուժերու ամերիկեան զօրաբաժինը սեպտեմբեր 10-ին մեկնեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստէն, իր առաքելութիւնը աւարտած յայտարարելով: Յաջորդ օր մեկնեցաւ իտալական զօրաբաժինը:
Կիրակի, սեպտեմբեր 12-ին, ծանրակշիռ բախումներ տեղի ունեցան Ռաս Նապաա շրջանին մէջ, մէկ կողմէ` բանակային եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ու միւս կողմէ` տեղական կազմակերպութեանց միջեւ: Բախումները պատճառ դարձան Սոտեքոյի եւ Թանգարանի անցքերու փակման:
* * *
Ապահովութեան ծրագիրի գործադրութեան ճամբուն վրայ, մուրապիթուն ուժերը սեպտեմբեր 13-ին հեռացան պանդոկներու շրջանէն եւ իրենց դիրքերը ներքին ապահովութեան ուժերուն յանձնեցին:
Միւս կողմէ, բազմազգեան խաղաղարար ուժերուն վերջին զօրաբաժինը` ֆրանսականը Պէյրութէն մեկնեցաւ, ապահովութեան ծրագիրի գործադրութեան յառաջիկայ քայլերը ձգելով լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն:
Այդ օր առաւօտէն սկսեալ ու մինչեւ յետմիջօրէ Պեքաայի, Լեռնալիբանանի եւ Մեթնի արեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող պաղեստինեան ու սուրիական դիրքերը թիրախ դարձան իսրայէլեան օդուժի իրերայաջորդ յարձակումներու եւ ռմբակոծումներու շարքի մը:
Ռմբակոծումները սկսան առաւօտեան ժամը 7:30-ին ու տեւեցին մօտաւորապէս 8 ժամ, խլելով շուրջ 50 զոհ եւ վիրաւոր, ինչպէս նաեւ` պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ, որոնց շարքին` անգործածելի դարձած ճամբաներ եւ կամուրջներ: Ռմբակոծուեցան Շթորան, Թաալապայան, Մրէյժաթը, Մաժտալ Այնճարը, Թաանայէլը, Քսարան, Հազրթան, Թալիայի վարժարանը, Ռաշայա Ուատիէն Մասնաայի սահմանակայանը տարածուող շրջաններ, Տահր Պայտարն ու Զահլէէն Տհուր Շուէյր տարածուող շրջաններ: Քանդուեցաւ Նամլիէի կամուրջը, իսկ Տահր Պայտարի մէջ կարգ մը ճամբաներ անգործածելի դարձան:
Իսրայէլեան օդանաւեր թռիչքներ կատարեցին նաեւ հիւսիսի Պարէտ եւ Պըտտաուի գաղթակայաններուն վերեւ, կազմակերպելով սուտ յարձակումներ:
* * *
Իսրայէլ վճռական կերպով սկսած էր ճնշում բանեցնել ընտրեալ նախագահ շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի վրայ, որպէսզի ընդունի իրեն հետ խաղաղութեան դաշինք մը կնքել, կարելի եղածին չափ շուտ:
Իր կարգին Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Արիէլ Շարոն պահանջեց Լիբանանի հետ խաղաղութեան դաշինք մը, այլապէս սպառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ, 40 քիլոմեթր խորութեամբ ապահովութեան գօտի մը հաստատել:
Շարոնի սպառնալիքը կու գար այն պահուն, երբ վարչապետ Մենահիմ Պեկինի կառավարութեան եւ շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի յարաբերութիւնները այլեւս նախկինը չէին եւ ընտրեալ նախագահը կը մեղադրուէր անցեալի իր խանդավառութիւնն ու յանձնառութիւնները կորսնցուցած ըլլալով:
Միւս կողմէ, Սաատ Հատտատի միլիսներու գործունէութեան դաշտը եռապատկուած էր եւ տարածուած մինչեւ Սայտայի հիւսիսը:
Իր կարգին շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ ամերիկացի պատուիրակ Ֆիլիփ Հապիպէն պահանջեց, որ ամէն ճիգ ի գործ դնէ եւ Իսրայէլի հետ բանակցի, Հատտատի ուժերը սահմանափակելու եւ հանգրուանային կերպով զանոնք շրջանէն հեռացնելու համար, որպէսզի լիբանանեան բանակը շրջանէն ներս մուտք գործելու կարելիութիւն ունենար եւ շրջանին ու անոր բնակչութեան ապահովութեան հսկողութիւնը ստանձնէր: