Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Մեղմ Կրակի Վրայ Եփել

$
0
0

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Ինչո՞ւ մեղմ կրակի վրայ եփել ճաշը:

Ըստ սննդականոնի մասնագէտներու եւ անոնց հաստատումով, մեղմ կրակի վրայ, դանդաղ կերպով եւ փակ կաթսայի մը մէջ ճաշը եփելը ունի իր բարենպաստ կողմերը:

– Կ՛արտօնէ սննդականօրէն հաւասարակշռուած եւ նիւթականապէս համեմատաբար նուազ արժէքով ուտելիքներ պատրաստել:

– Թոյլ կու տայ մսեղէնի եւ ձկնեղէնի զանազան ճաշատեսակներ պատրաստել` բանջարեղէնի եւ համեմունքի տարբեր տեսակներ աւելցնելով:

– Կը պահպանէ ճաշին մէջ գտնուող հանքային աղերը, որովհետեւ ուտելիքէն առաջացած հիւթը կարելի է օգտագործել իբրեւ թացան:

– Կը փափկացնէ բոյսերուն մէջ գտնուող բնաթելերը, եւ որ կը դիւրացնէ մարսողութիւնը:

Եփելու այս ձեւը ունի նաեւ իր անպատեհութիւնները: Քանի որ ճաշը կ՛եփի դանդաղ ձեւով եւ երկար ժամանակի տեւողութեամբ ուտելիքին մէջ,  մասնաւորաբար մսեղէններուն մէջ գտնուող կենսանիւթեր Պէ1-ի եւ Պէ12-ի բաղադրիչ մասերէն բաժին մը կը ջնջուի, իսկ կենսանիւթ

Սէ-ն ամբողջութեամբ կը վերանայ:

Երեք ճաշատեսակներ, որոնք կարելի է վերոնշեալ ձեւով պատրաստել.

1- Սեւ գոյնի «Կաթս» ձուկի տեսակը

Իւրաքանչիւր 100 կրամը կը պարունակէ 76

քիլոքալորի, 18 կրամ փրոթէին եւ 0,4 կրամ ճարպ:

Ձուկի այս տեսակը հարուստ է փրոթէինով եւ աղքատ` ճարպով: Անիկա կուշտ կը պահէ ենթական: Կը պարունակէ փոթասիում, մակնիզիոմ եւ զանազան կենսանիւթեր: Կարելի է պատրաստել անոր վրայ աւելցնելով` բանջարեղէնի տեսակներ եւ իբրեւ համեմունք օգտատործել ճերմակ քացախը:

2- Սոյա Բոյսը

Իւրաքանչիւր 100 կրամը կը պարունակէ 30 քիլոքալորի, 3 կրամ փրոթէին, 0,2 կրամ ճարպ եւ 4 կրամ շաքարի տեսակներ: Պէտք է նշել, որ սոյա բոյսը յառաջ կու գայ «Մոնկօ» լուբիայի սերմանումով եւ ոչ մէկ կապ ունի բոլորին ծանօթ սոյային հետ: Սոյա բոյսը աղքատ է փրոթէինով եւ ճարպով, սակայն կը պարունակէ 90 առ հարիւր ջուր: Կարելի է զայն ներկայացնել իբրեւ աղցան, կամ տապակին մէջ թեթեւ մը կարմրցնելով` զետեղել ձուկի կամ միսի կողքին: Կարելի է նաեւ «թայ» թացանը օգտագործելով` սոյան սպառել քարիտէզին հետ, ինչպէս նաեւ կարելի է զայն օգտագործել ապուրին մէջ:

3- Հաւկիթը

Իւրաքանչիւր 100 կրամը կը պարունակէ 142 քիլոքալորի, 12,6 կրամ փրոթէին, 9,86 կրամ ճարպ եւ 0,89 կրամ շաքարի տեսակներ:

Հաւկիթը ուժի աղբիւր է: Անիկա հարուստ է փրոթէինով, ինչպէս նաեւ` ամինօ ասիտով, որ անհրաժեշտ է մարմնին համար: Ան նաեւ գլխաւոր աղբիւրը կը նկատուի քոլինի, որ նիւթ մըն է, որ կ՛արգիլէ քոլեսթերոլին երակները խցանել, ինչպէս նաեւ մեծ դերակատարութիւն ունի ուղեղի առնչութեամբ: Հաւկիթը կը պարունակէ նաեւ զանազան կենսանիւթեր եւ հանքային աղեր: Հետեւաբար հաւկիթը ամբողջութեամբ սնունդ է: Հաւկիթով ճաշ կարելի է պատրաստել զայն զետեղելով թեթեւ կրակի վրայ եւ անոր վրայ աւելցնելով բարակ շերտերով հնդկահաւու միս, կանաչ անուշ պղպեղ, լոլիկ եւ սոխ: Այս կարելի է նկատել կենսանիւթերով եւ փրոթէինով հարուստ ամբողջական սնունդ` իբրեւ ընթրիք:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles