ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ուրբաթ, 29 ապրիլին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն բնագիրը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.
Արցախի հերոսական ժողովուրդը իր երիտասարդներուն թափած թանկագին արեան գնով կը պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Իր նահատակ զաւակը հողին յանձնող մայրը, արտայայտելով Արցախի քաջարի ժողովուրդին զգացումները, մեզի յստակօրէն կը պատգամէ, որ` «մենք թանկագին կեանքեր կորսնցուցինք մեր հողը պաշտպանելու համար: Մէկ թիզ հող իսկ պիտի չյանձնենք թշնամիին»:
Ազրպէյճանական ուժերուն Արցախի վրայ վայրագ յարձակումները` ապրիլ 2-ին, ո՛չ միայն ապակայուն վիճակ ստեղծած են տարածաշրջանէն ներս, այլեւ ամբողջական պատերազմի մը բռնկումը հաւանական դարձուցած են` վտանգելով Արցախի եւ իր ժողովուրդի գոյութիւնը: Արցախի Պաշտպանական բանակը կանգնեցուց այս յարձակումները եւ ուժեղ հարուածով ետ շպրտեց թշնամի ուժերը, սակայն աւերուեցան Թալիշն ու Մատաղիսը, եւ ծանր վնասներ հասցուեցան Մարտակերտին: Այս սադրիչ յարձակումները քաղաքացիական ու զինուորական բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձան:
Մենք կը վերահաստատենք մեր զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին, կառավարութեան եւ Պաշտպանութեան բանակին, իրենց մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման այս վերջին դրսեւորման դէմ կանգնելու ճիգին մէջ:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, անսալով Արցախի մեր եղբայրներու կոչին, վճռած է կարեւոր դեր ստանձնել` շուտով վերականգնելու համար քանդուած շէնքերը, որպէսզի մեր հայրենակիցները վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին, եւ որպէսզի Ազրպէյճանին համար յստակ դառնայ, թէ իր զինուորական ուժով ու սպառնալիքով չի՛ կրնար կոտրել հայ ժողովուրդին կամքը` ո՛չ Արցախի մէջ, ո՛չ սփիւռքով մէկ:
Կեդրոնական կոմիտէս կոչ կ՛ուղղէ շրջանիս հայութեան` միանալու Հայ մշակութային միութեան «Արցախի հետ» եւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան «Մեր զինուորներուն հետ» զոյգ նախաձեռնութիւններուն` ապահովելու համար Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ ամրացնելու համար Արցախի անկախ պետականութիւնը:
Արցախի ազգային ազատագրական պայքարը սկիզբ առաւ 1988-ին, եւ արցախցին կենաց-մահու պատերազմ մղելու պարտադրուեցաւ 1990-ականներու առաջին տարիներուն: ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութիւնը իր շարքերով, համակիրներով եւ ուղեկից կառոյցներով մի՛շտ կանգնեցաւ Արցախի կողքին եւ իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դրաւ անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար: Ժամանա՛կն է, որ վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը` աջակցելու հայրենի մեր արիասիրտ եղբայրներուն ու քոյրերուն: