Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հաուայի նահանգի Հոնոլուլու գաւառի իշխանութիւններն ու քաղաքապետական խորհուրդը ապրիլ 20-ին վաւերացուցած են թիւ «16-78, CD1» բանաձեւը, որ կը զօրակցի եւ կը սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շարունակական ջանքերուն` երաշխաւորելու իր քաղաքացիներուն այն իրաւունքները, որոնք բնորոշ են ազատ եւ անկախ հասարակութեան. բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին` սատարելու միջազգային հանրութեան այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած են Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովական հարցերու արդար եւ երկարատեւ լուծման:
Բանաձեւին մէջ կը շեշտուին հետեւեալ հիմնաւորումները.
– Լեռնային Ղարաբաղը, որ յայտնի է նաեւ Արցախ անունով, դէպի ծով ելք չունեցող տարածաշրջան մըն է, որ պատմականօրէն կը հանդիսանայ հայկական տարածք եւ անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայ է:
– Շրջանը 1921-ին անջատուած է Հայաստանէն եւ փոխանցուած է Խորհրդային Ազրպէյճանի իշխանութեան` որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզ:
– 1988-ի փետրուար 20-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սկսաւ ազգային-ազատագրական շարժում մը, երբ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար ներկայացնող ընտրուած օրէնսդիր մարմինը որոշեց Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Հայաստանին վերադարձնել:
– 1991-ի սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի օրէնսդրական մարմինը հռչակեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:
– 1991-ի դեկտեմբեր 10-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը քուէարկեց յօգուտ անկախութեան, եւ 1992 յունուար 6-ին ժողովրդավարականօրէն ընտրուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օրէնսդիր մարմինը պաշտօնապէս յայտարարեց իր անկախութիւնը:
– Անկախութեան հռչակումէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կառուցած է ազատ շուկայական տնտեսութեամբ եւ կենսունակ քաղաքացիական հասարակութեամբ ժողովրդավարական պետութիւն, որ կ՛իրականացնէ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ, որոնք միջազգային ոչ կառավարական դիտորդներու կողմէ որպէս ազատ եւ արդար ճանչցուած են:
Բանաձեւի օրինակները պիտի փոխանցուին Միացեալ Նահանգներու նախագահին, ծերակոյտի նախագահին, Ներկայացուցիչներու տան նախագահին եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հաուայիի պատուիրակութեան անդամներուն: