Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձեռք բերած քաղաքական առաւելներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն մօտ բարձրացած հակաթրքական ալիքի գոյացումը: Այս մակընթացութիւնը անշուշտ իր պատճառները ունէր:
Հիմնականը տարածաշրջանին մէջ իսլամական ծայրայեղականութեան վայրագ մագլցողականութեամբ քրիստոնեայ տարրին դէմ վախի, սարսափի մթնոլորտի ստեղծումով յառաջացած կացութեան ետին կանգնած շարժիչ գործօնին եւ այս պարագային Անգարայի ձեռագիրն էր: Իբրեւ այս գործընթացներուն անմիջական հետեւանք քրիստոնէութեան ծննդավայրին` Արեւելքին ապաքրիստոնէացման միտումներու արագացումն էր:
Ժողովրդագրական այս կտրուկ շարժը յաւելեալ թափ կը ստանար, երբ քրիստոնէական սրբավայրերու թէ Քրիստոսի լեզուով խօսող եզակի շրջաններու դէմ յարձակումներ կը գործուէին միեւնոյն տարրերուն կողմէ, յստակ ցեղային զտումներու համապատկեր մը հրամցնելով աշխարհին: Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած քաղաքակրթութիւններու կազմաքանդումի նպատակաուղղուած այս արշաւները ընդհանրապէս տարածաշրջանի ազգաբնակչութիւններուն եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն համար անհեռանկարային վիճակներ կը պարզէին: Կ՛արագանար արտահոսքը:
Ցեղային զտումի այս քաղաքականութիւնը ծայրայեղականներու ձեռամբ կը կատարուէր, ներշնչումովն ու ֆինանսական թէ զինական աջակցութեամբը Անգարային: 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը կազմակերպողները կ՛իրականացնէին 21-րդ դարու ամէնէն ժամանակակից ցեղային զտումները` միջնորդաւորուած ձեւով:
Այս իրականութիւնը աւելի քան պարզ էր իրադարձութիւններուն հետեւողներուն եւ այս պարագային արեւելքցի քրիստոնեային համար: Անգարայի ձեռագիրին ինքնութիւնը նուիրականացաւ, երբ անցեալ տարի, ապրիլ 12-ին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Վատիկանի մէջ մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը յստակ ակնարկ կատարեց Անգարայի դերակատարութեան` Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ կիրարկուող ցեղային զտումներուն գծով: Պապին կողմէ համեմատումը 20-րդ ցեղասպանութեան եւ 21-րդ ցեղային զտումներուն միջեւ նոյն ձեռագիրին մասին կը խօսէր փաստօրէն:
Այս հանգամանքները բարձրակէտին հասցուցին Անգարայի նկատմամբ տարածաշրջանի քրիստոնեաներուն համոզումը Անգարայի ցեղասպան դիմագիծը մատնացոյց ընելու:
Խնդիրը անշուշտ զուտ քրիստոնէական միջավայրերուն չի վերաբերիր: Այստեղ կրօնը պարզապէս շահարկումի թեմա է: Այսուհանդերձ այս հանգամանքները նկատի ունենալով մակընթացութիւնը երեւցաւ քրիստոնեայ համայնքներուն մօտ:
Լիբանանի մէջ եւս սուր կերպով տեսանելի դարձաւ այս զգայնութիւնը: Լիբանանեան տարբեր շրջանակներ ոչ միայն իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը ցոյց տուին լիբանանահայութեան կազմակերպած քաղաքական աշխատանքներուն, այլեւ ուղղակի իրենք նախաձեռնեցին նման համախմբումներ, ուր յստակ դարձուցին Անգարայի երէկուան եւ այսօրուան դերը ցեղասպանութիւններ կազմակերպելու առումով: Բազմաթիւ անգամներ ընդգծուեցան հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ Օսմանեան կայսրութեան կիրարկած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ այսօր շարունակուող ցեղային զտումներու եւ ժողովրդագրական մաքրազտումներու վարքագիծերը:
Լիբանանեան տարբեր քաղաքական դէմքեր Լեռնալիբանանի ժողովուրդին դէմ կանխամտածուած սովամահական քաղաքականութեան մասին ժամանակակից հնչեղութիւն տուին եւ հայերու հաւաքական յիշողութենէն դասեր վերցնելու պատգամներ փոխանցեցին:
Այդ դասերը իւրացուցած ըլլալու տարակուսանքն է այսօր, որ հարցականի տակ կ՛առնէ տակաւին երէկ սուր զգայնութիւններ ցոյց տուած լիբանանեան շրջանակներուն այս հարցերուն քաղաքական գնահատականներ տալու բացակայութեան ի տես:
Հարիւր հազարներ սովամահ դարձնելով բնաջնջելը ցեղասպանութիւն իրաւաեզրին տակ կրնայ դասակարգուիլ. Այդ ամրագրումին համար սակայն նախ համալիբանանեան մօտեցումով հաւաքական յիշողութիւն կառուցելու գիտակցական մօտեցումի փոխանցման եւ քաղաքական կամքի անմիջական խնդիր կը դիմագրաւէ լիբանանեան հասարակութիւնը: Այստեղ հերթական անգամ գլուխ կը ցցէ համայնքայնութիւնը համալիբանանեանութեան գերադասելու տեղայնական մղումը: Բոլոր համայնքները չեն, որ Անգարայի նկատմամբ ունին միեւնոյն քաղաքական գնահատականը: Մինչդեռ Նահատակաց հրապարակին վրայ կանգնեցուած կոթողը կը խորհրդանշէ Օսմանեան կայսրութեան զոհ գացած հաւասարապէս թէ՛ քրիստոնեայ, թէ՛ իսլամ լիբանանցին:
Մայիս 6-ը ո՛չ միայն միջհամայնքային համակեցութեան, այլ նաեւ համանահատակման խորհրդանիշի օր է. եւ նման խորհուրդներու աւելի քան անհրաժեշտութիւնը ունի Լիբանանը` իբրեւ ազգ կայանալու եւ իր առջեւ ծառացած բարդ ու բազմաթիւ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար: