ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Հակառակ անցնող շաբաթներուն լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ տիրող թերահաւատութեան եւ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու եւ քաղաքական շրջանակներու փոխանցած ու տարածած` ընտրութիւններու թուականի յետաձգման լուրերուն, ահաւասիկ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները իրականութիւն են արդէն եւ ընթացք կ՛առնեն այս կիրակի, 8 մայիսին:
ՀՅԴ ընտրական մեքենան կը գործէ աշխուժ, ակումբները եւ ժողովրդային տուները վերածուած են երիտասարդներու, փորձառու ընկերներու եւ համակիրներու կամաւոր աշխատանքի խճողուած վայրերու եւ կազմակերպչական աշխատանքները կ՛ընթանան ճշդուած ժամանակացոյցի հիման վրայ: Այս ընտրութիւններուն ընդհանրապէս եւ մայրաքաղաք Պէյրութի ընտրութիւններուն մասնաւորապէս հայ համայնքի լիիրաւ, ամբողջական, յանձնառու, կարգապահ եւ խիտ շարքերով մասնակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի:
Որքան ալ հայ համայնքի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցութիւնը վայելող ցանկերուն եւ առաջադրած թեկնածուներուն յաջողութեան գրաւականները մեծ են, որքան ալ Դաշնակցութեան ծաւալած քաղաքական, յարաբերական աշխատանքները եւ ընտրական դաշինքները վերջին օրերուն տուած են իրենց դրական արդիւնքը, այսուհանդերձ այս ընտրութիւններուն մեր համայնքի ամբողջական մասնակցութիւնը կը զգենու յաւելեալ վճռական նշանակութիւն: Մայրաքաղաքին մէջ հայ համայնքի ներկայութեան ուժեղ եւ խոր ամրագրումի կարեւոր առիթ է այս հանգրուանը` համայնքի իրաւունքներու երաշխաւորման եւ երկրի պետական կառոյցին մէջ յաւելեալ գործօն ու աշխուժ դերակատարութիւն ստանձնելու առումով: Արդարօրէն ակնկալելի է, որ Պէյրութի քաղաքապետութեան բարիքներէն օգտուի նաեւ հայ համայնքը իր ծաւալած ընկերային, բարեսիրական, կրթական, մշակութային եւ մարզական հարուստ գործունէութեանց մարզերուն մէջ, եւ այդ առումով քաղաքապետական խորհուրդի եւ անոր ենթայանձնախումբերուն մէջ անպայման որ հայկական գործօնի տիրական ներկայութիւնը կարեւոր է այս պարագային:
Մայրաքաղաքը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի նաեւ որեւէ երկրի քաղաքական եւ տնտեսական կառուցուածքին ու գործընթացներուն համար: Աւելի՛ն, մայրաքաղաքը` Պէյրութը խորհրդանիշ է համայնքներու միջեւ խաղաղ գոյակցութեան, հանգամանք մը, որ հայութեան համար կը ներկայացնէ յատուկ նշանակութիւն եւ կը հանդիսանայ առաջնահերթ խնդիր:
Այս ընտրութիւններուն ողջունելի երեւոյթ է, որ հայ համայնքը ջախջախիչ տոկոսով կը ներկայանայ համախմբուած ու միաւորուած իր հայ թեկնածուներուն շուրջ: Այս դրական երեւոյթին ամբողջական ու հարազատ ընկալումը անպայման պիտի դառնայ ամուր ենթահող յառաջիկայ քաղաքական եւ ընտրական գործընթացներուն ճշդորոշման մէջ եւ ազգային ու համահայկական խնդիրներու շուրջ գաղութին նուաճած միասնականութիւնը պիտի համալրուի Լիբանանի ներքին քաղաքական հարթակին վրայ նաեւ դրսեւորուելիք հայ համայնքի երբեմնի միասնակամութեամբ:
Հետեւաբար, մեկնելով այս բոլոր հանգամանքներէն եւ իրողութիւններէն, 8 մայիսին մայրաքաղաքի հայկական քուէատուփերուն շուրջ ստեղծուելիք աշխուժ եւ վարակիչ մթնոլորտը բոլոր տուեալները ունի նոր հանգրուանի մը սկիզբը դառնալու: Աւելի՛ն, հակառակ շրջանային առկայ ծանր իրավիճակներուն եւ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու դիմագրաւած դժուարին մարտահրաւէրներուն, ներկայ հանգրուանին հայութեան միացեալ ու ամբողջական մասնակցութիւնը մայրաքաղաքի եւ այլ ընտրատարածքներու մէջ` Այնճար, Զահլէ, Պուրճ Համուտ, Հիւսիսային եւ Հարաւային Մեթն, Քեսրուան, Ժիպէյլ եւ Հիւսիս` Թրիփոլի, հիմնական է եւ այս երկրին հանդէպ վստահութեան գործօնի բարձրացման յաւելեալ փաստ մը դառնալու բոլոր տուեալները ունի:
Այո՛, եկէ՛ք յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն, մեր օրինակելի մասնակցութեամբ եւ արձանագրած յաջողութեամբ հաւաքաբար, հպարտութեամբ ու վճռակամօրէն ըսենք` ԱՀԱՒԱՍԻԿ ՄԵՆՔ` ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ …