Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17374

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան. Ապրիլեան Ոգեկոչում

$
0
0

hripsimyantz-(2)_42116

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտները խորազգաց յուզումով եւ ամրակուռ հաւատքով շաբաթ մը ամբողջ ապրեցան ապրիլեան յիշատակութեամբ:

Հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2016-ին վարժարանիս շրջափակին մէջ զետեղուած խաչքարին ու Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին դիմաց աշակերտները երկիւղածութեամբ հետեւեցան Ս. պատարագի խորհուրդին` ի յիշատակ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն` շարականներու ու մեղեդիներու ընդմէջէն եւ վերանորոգեցին իրենց ուխտը` հաւատարիմ մնալու, Հայ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին:

hripsimyantz-(1)_42116

Տեղին է յիշել, որ պատարագին սկիզբը աշակերտները իրենց ծաղիկները զետեղեցին խաչքարին դիմաց եւ կարմիր մոմերով լուսաւորեցին 100+1 խորհրդապատկերը:

Պատարագին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը` ասմունքներով, երգերով ու նուագով, աշակերտութիւնը միասնաբար պանծացուց անցեալի եւ ներկայ մեր հերոսներուն գերմարդկային արիութիւնը, անձնուրաց, անվեհեր նուիրումն ու զոհաբերումը, յատկապէս` Արցախի մեր քաջարի մարտիկներուն:

«Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» անժամանցելի կարգախօսը իւրացուցած եւ  յաւերժօրէն ապրելու յանձնառութեամբ, անգամ մը եւս Հռիփսիմեանց աշակերտութիւնը վճռականօրէն հաստատեց շարունակել իր նախնիքներուն ուղին` համոզուա՛ծ, թէ պիտի հասնի Արարատի վեհ գագաթին ու Արցախի ամբողջական ազատագրումին:

Ոգեկոչման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Հանգչեցէ՛ք դուք անդորր, նահատա՛կ եղբայրներ» հոգեզմայլ շարականով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17374

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>