Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը, լիբանանեան այլ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու շարքին, նախաձեռնած է լիբանանցի վաստակաւոր բեմադրիչ եւ թատերագիր Ռեմոն Ժպարայի «Զրադաշտը դարձաւ շուն» թատերախաղի ներկայացման, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:
Ռեմոն Ժպարայի մահուան Ա. տարելիցին առթիւ, լիբանանեան տարբեր շրջանակներ ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն ընթացքին կը յարգեն անոր յիշատակը` կազմակերպելով տարբեր ձեռնարկներ: Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբն ալ իր կարգին որոշեց յարգանքի տուրք մատուցել Ժպարայի մեծ վաստակին եւ ընտրեց անոր գլուխ գործոցներէն` «Զրադաշտը դարձաւ շուն» թատերախաղը: Կատարուեցան խորհրդակցութիւններ Ժպարայի ընտանիքին հետ, ինչպէս նաեւ թատերական նախապատրաստական աշխատանքներ եւ ուսումնասիրութիւններ:
Քանի մը ամիսներու հետեւողական փորձերէ ետք, թատերախումբը բեմ պիտի բարձրանայ 20, 21, 22, 26, 27, 29 մայիս 2016-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Հարկ է նշել, որ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի, կազմակերպած է նաեւ Ռեմոն Ժպարայի նուիրուած մեծարանքի երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 18 մայիս 2016-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: