Քեսապ
Ապրիլ 24-ին Քեսապի ժողովուրդը համախմբուեցաւ Հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ մէջ` ոգեկոչելու ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը:
Քեսապահայութեան եւ հոգեւոր հայրերու կողքին ներկայ էին պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման յայտագիրը կ՛ընդգրկէր երգչախումբ, ասմունք, նուագ եւ դասախօսութիւն: Օրուան բանախօսն էր պատուելի Ժիրայր Ղազարեան:
Արարողութենէն ետք քեսապցիք միասնաբար ուղղուեցան դէպի Քեսապի գերեզմանատուն, ուր զետեղուած է ապրիլեան յուշակոթողը: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն համար, եւ ծաղիկներ զետեղուեցան յուշարձանին շուրջ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցան ոգեկոչման ձեռնարկներ:
Ապրիլ 22-ին Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանի նախագահութեամբ մատուցուած է ապրիլեան սուրբերուն նուիրուած պատարագ:
Ապրիլեան սուրբերուն նուիրուած պատարագ մատուցուեցաւ նաեւ ապրիլ 23-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանի:
Դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական եւ միջեկեղեցական գրասենեակի տեսուչ Յուսիկ ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:
Օրուան խորհուրդին վերաբերեալ իր ուղերձին մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեան անդրադարձաւ ապրիլ ամսուան սկիզբը տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն, միասնական հայ ժողովուրդին եւ անոր մարտիրոս որդիներուն:
Ոգեկոչման արարողութիւններուն ներկայ եղան դիւանագէտներ, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հայ համայնքի անդամներ:
Նոր Ջուղա
Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի Ազգային դպրոցի աշակերտներն ու պատասխանատուները Սուրբ Ամենափրկիչ վանքին մէջ, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Սպահանի հայոց թեմի աշակերտները: Ցոյցը Նոր Ջուղայի մէջ սկսաւ Հայոց ազգային կրթահամալիրէն, ուր բոլոր անցորդները ականատես եւ ականջալուր եղան խիզախ սերունդի պահանջատիրութեան:
Անգլերէն, պարսկերէն հնչեցուած կոչերով աշակերտները հատուցում կը պահանջէին: Իսկ դպրոցի յուշարձանին մօտ տեղադրուած ծաղկեպսակները զարդարուած էին Ծիծեռնակաբերդի պատկերով եւ Արցախի խորհրդանիշերով:
Պարսելոնա
Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցաւ հսկում եւ մոմավառութիւն` Պարսելոնայի մէջ զետեղուած խաչքարին առջեւ: Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Սպանիոյ եւ Փորթուգալի Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ հայրապետական պատուիրակ Սասուն ծ. վրդ. Զմրուխտեան, Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան ատենապետ Տաթեւ Սուլեան եւ պարսելոնաբնակ Ալեքս Մաղաքեան ներկայ բազմութեան իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին: Ձեռնարկի աւարտին Յովիկ Կարախանեան եւ իր ընկերները երաժշտական կատարումներ ներկայացուցին:
Յաջորդ օրը` 24 ապրիլին, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան սրբոց յիշատակին Մար տէ Տէու տէ Լոս Անխելես եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագ եւ բարեխօսական կարգ տեղի ունեցաւ:
Պելճիքա
Ապրիլ 24-ին Պրիւքսէլի եւ Պելճիքայի շարք մը այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ:
Պրիւքսէլի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակի արարողութիւն, որուն ներկայ էին պելճիքահայ համայնքի հարիւրաւոր անդամներ, համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութիւններ:
Արարողութենէն ետք ձեռնարկին մասնակիցները քայլերթ կատարեցին դէպի Պրիւքսէլի Հենրի Միշոյի անուան հրապարակ, ուր տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշակոթողը: Տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ եւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն` Պելճիքայի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու, տեղական վարչակազմերու ղեկավարներու` Պելճիքա բնակող ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ձեռնարկին ելոյթով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան:
Պուլկարիա
Պուլկարիոյ հայերու միութեան (ՊՀՄ) նախաձեռնութեամբ, ապրիլ 23-ին տեղի ունեցած է աւանդական դարձած ջահերով երթը: Երեկոյեան ժամը 20:00-ին հարիւրաւոր հայորդիներ եւ պուլկարացի բարեկամներ Վառնայի Ս. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ բակէն ջահերով շարժած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան: Այս մասին կը հաղորդէ «Կանթեղ Արարատեան» հայկական տեղեկատուական կայքը:
Երթի մասնակիցները, զորս առաջնորդած են Վառնայի հոգեւոր հովիւ Բարթուղիմէոս քհնյ. Յակոբեան եւ ՊՀՄ գլխաւոր քարտուղար Ներսէս Կէտիկեան, քալած են Վառնայի գրեթէ բոլոր կեդրոնական փողոցներով եւ հասած` յուշարձանին մօտ, որ կը գտնուի Վառնայի քաղաքապետարանի անմիջական հարեւանութեամբ:
Ներկաներուն իր հովուական խօսքը ուղղած է Բարթուղիմէոս քահանան: Այնուհետեւ ՊՀՄ անունով ելոյթ ունեցած է Ներսէս Կէտիկեան, որ նշած է, թէ այդ օրուան երթը կը նուիրուի նաեւ Արցախի մէջ հերոսաբար նահատակուած հայորդիներու յիշատակին:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Վառնայի բոլոր հայկական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ BMPO պուլկար քաղաքական կուսակցութեան ներկայացուցիչները: Ձեռնարկի աւարտէն ետք Վառնայի ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները վերադարձած են եկեղեցւոյ բակ, ուր ամբողջ գիշեր պատուոյ պահակութիւն կատարած են Հայոց ցեղասպանութեան յուշաքարին առջեւ: