Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանը
Հռոմի Պապին Գիւմրի Այցելութեան Մասին
Տեղեկութիւն Հրապարակեց
Յունիսի վերջաւորութեան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին Հայաստան այցելութեան ժամանակացոյցը տակաւին պաշտօնապէս չհրապարակուեցաւ, սակայն Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդարանը մանրամասնութիւններ հաղորդած է այս մասին:
Կը նախատեսուի, որ պապը 25 յունիսին Ս. պատարագ մատուցէ Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ, ըստ ոչ վերջնական տուեալներու` Երեւանէն Գիւմրի պիտի հասնի առաւօտեան ժամը 11:00-էն առաջ, իր պապական ինքնաշարժով` պապամոպիլով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մօտէն պիտի ուղղուի դէպի Վարդանանց հրապարակ, ուր ինքնաշարժով շրջելով պիտի ողջունէ եւ օրհնէ հաւաքուած հազարաւոր բազմութիւնը: Հաւանական է, որ հրապարակ մուտքը ըլլայ հրաւիրատոմսերով: Վարդանանց հրապարակին վրայ` ճիշդ ժամը 11:00-ին, յատուկ պատրաստուած բեմին վրայ, պապը Ս. պատարագ պիտի մատուցէ` համապատարագութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու: Պատարագը պիտի մատուցուի լատինական ծէսով, բայց` հայկական շարականներով, զորս պիտի կատարեն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երգչախումբերը: Նորին սրբութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Ս. Եօթվէրք հայ առաքելական եկեղեցի, պիտի աղօթէ Տիրամօր պատկերին առջեւ: Անոր Գիւմրի այցելութեան վերջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ուր ժողովրդապետին եւ հայ կաթողիկէ կղերականներուն հետ աղօթք պիտի բարձրացնէ առ Աստուած, ապա հրաժեշտ պիտի տայ Գիւմրիին:
«Այժմ հայ կաթողիկէ համայնքները աշխուժութեամբ կը պատրաստուին սրբազան քահանայապետի պատմական այցելութեան եւ հոգեւորականներու առաջնորդութեամբ կը կազմակերպուին` առաւելագոյնս մեծ թիւով եւ պատշաճ ձեւով մասնակցելու յունիսի 25-ի Ս. պատարագին եւ լսելու նորին սրբութեան հայրական խօսքը: Պապի այցելութեան ժամանակացոյցը պաշտօնապէս դեռ չէ յայտարարուած, բայց յստակ է, որ յունիս 25-ին նորին սրբութիւնը պիտի այցելէ Գիւմրի: Այս պիտի դառնայ պատմական մեծ իրադարձութեան. կաթողիկէ (Տիեզերական) Եկեղեցւոյ առաջնորդը` Ս. Պետրոս առաքեալի յաջորդը, առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Հայաստանի երկրորդ քաղաքը», նշած է կաթողիկէ առաջնորդարանի մամլոյ դիւանը: Քահանայապետին Գիւմրի այցելելու վճռական փափաքին գլխաւոր պատճառը այն է, որ հայ կաթողիկէ համայնքը մեծաթիւ ներկայութիւն է Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, որոնց կեդրոնը Գիւմրին է: Հոն կը գտնուի նաեւ նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցին, որ մայր տաճարն է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց: Պապին Գիւմրի այցելութիւնը հայրական սիրոյ արտայայտութիւն է ո՛չ միայն իր կաթողիկէ հօտին, այլ նաեւ բոլոր գիւմրեցիներուն նկատմամբ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը
Ձեռք Բերած Է Վանի Հերոսամարտի
Բացառիկ Լուսանկար
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը ձեռք բերած է Վանի հերոսամարտի բացառիկ լուսանկար մը, զոր թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան հրապարակած է Դիմատետրի իր էջին վրայ:
«Վայրկեաններ առաջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հաւաքածոն համալրուեցաւ Վանի հերոսամարտի բացառիկ բնօրինակ լուսանկարով մը, որ կը ներկայացնէ 1915 թուականի ապրիլեան հերոսամարտի մասնակիցներուն եւ վերջիններուս կողմէ թրքական կանոնաւոր բանակէն 101 տարի առաջ ճիշդ այս օրերուն առգրաւուած հրանօթները», գրած է Դեմոյեան:
Տեղեկացնենք, որ այս լուսանկարը, որ առնուած է Վանի մէջ գտնուած ամերիկացի բժիշկ միսիոնարներուն կողմէ, ժամանակին տպագրուած է ամերիկեան մամուլին մէջ, սակայն բնօրինակը կորսուած կը նկատուէր:
Արա Յարութիւնեան Ողջունած Է
Հադրութի Վերականգնման
Աթայեանցի Ծրագիրը
Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 28 ապրիլին ընդունած է Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքի բնակիչ, արմատներով արցախցի բարերար Մաքսիմ Աթայեանցը, որ այս օրերուն Արցախ կը գտնուի Հադրութի շրջանի Առաքել համայնքին կից բնակավայրի վերականգնման եւ վերաբնակեցման ծրագիրին ընթացքը քննարկելու նպատակով:
Վարչապետը ողջունած է բարերարին հայրենանուէր ծրագիրին շարունակականութիւնը` յատկապէս Արցախի համար ստեղծուած այս ծանր օրերուն: Ան համոզում յայտնած է այն մասին, որ Մ. Աթայեանցի ծրագիրը նոր շունչ պիտի տայ համայնքին` դրականօրէն ազդելով անոր զարգացման վրայ:
Բարերարը տեղեկացուցած է, որ ծրագիրի ծիրին մէջ ցարդ կառուցուած է երկու բնակարան, նախատեսուած է նաեւ քանի մը բնակարանի կառուցում, եւ անոնք պիտի տրամադրուին բազմազաւակ ընտանիքներուն: Անոր համաձայն, բացի տուներու կառուցումէն, պիտի վերականգնին նաեւ բնակավայրի ենթակառուցուածքները, ինչպէս նաեւ պիտի հիմնուի արտադրամաս, որ բնակչութեան աշխատանք պիտի հայթայթէ:
Կառավարութիւնը Պիտի Փոխհատուցէ
Շրջանի Բնակչութեան Վնասներուն
Ապրիլ 28-ին կառավարութեան նիստին, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան ներկայացուցած է որոշում մը, որուն համաձայն, կառավարութիւնը պիտի փոխհատուցէ 2015 թուականի ամրան հակառակորդին կատարած մարտական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք Տաւուշի մարզի Կոթի համայնքի բնակչութեան պատճառուած վնասը` Տաւուշի մարզպետարանին յատկացնելով 8 միլիոն 935 հազար դրամ:
2015 թուականի ամրան Կոթի համայնքին մէջ հակառակորդին ռմբակոծման պատճառով չհնձուած հացահատիկի տարածքներու` 27,5 հեկտար կրած նիւթական վնասը կազմած է` 11 միլիոն 935,5 հազար դրամ: Նշուած գումարէն 3 միլիոն դրամը 2015-ի տարեվերջին օգնութեան կարգով փոխհատուցուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ, որ համամասնօրէն բաժանուած է բոլոր սեփականատէրերուն:
«Հայաստանի Տաւուշի մարզպետին ուղղուած` Կոթի համայնքի համայնքապետի` 2015 թուականի, յուլիսի թիւ 50 գրութեամբ ներկայացուած է ռմբակոծման պատճառով տուժած 20 սեփականատէրերու տուեալներ, որովհետեւ երկու սեփականատէրեր կը նախատեսէին հաւաքել բերքը: Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ վերոնշեալ երկու սեփականատէրերը եւս չեն կրցած հաւաքել հացահատիկի բերքը, այդ իսկ պատճառով նիւթական վնասի չափը փոխուած է` 10 հազար 879,5 դրամէն դառնալով 11 միլիոն 935,5 հազար դրամի:
Ներկայացուած նախագծով կը նախատեսուի Հայաստանի կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն Հայաստանի Տաւուշի մարզպետարանին յատկացնել մնացած 8 հազար 935,5 դրամ գումար` սահմանամերձ Կոթի համայնքի բնակիչներուն հասցուած վնասները փոխհատուցելու նպատակով», հաղորդուած է հիմնաւորման մէջ:
Հայաստանցի Դպրոցականները
Փայլուն Յաղթանակ Տարած Են
Միացեալ Նահանգներու Մէջ
«Այբ» դպրոցի մարդամեքենայի շինութեան խումբը 7-9 ապրիլին մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգի Մարիոն քաղաքին մէջ կայացող հեղինակաւոր «Նեշընըլ ռոպոթիքզ չելընճ» մրցումին, որուն ընթացքին տիրացած է արծաթ մետալի եւ «Հոնտա ինովէյշըն ըուորտզ» հեղինակաւոր մրցանակով` անգամ մը եւս Հայաստանի անունը բարձրացնելով միջազգային կրթական բնագաւառին մէջ:
«Այբ»-ի վերոնշեալ խումբը քանի մը ամիս շարունակ պատրաստուած է այս մրցումին, որուն ընթացքին աւելի քան 1300 մասնակից եւ աւելի քան 400 մարդամեքենայ ներկայացուած է: Հայ աշակերտները ներկայացած են իրենց սումօ ռոպոթով, եւ մրցոյթին ներկայացած խումբերուն մէջ մեծ թիւ կը կազմէին այդ բաժանմունքին մասնակիցները: Հազարաւոր հանդիսատեսներու աչքին առջեւ հայկական խումբին մարդամեքենան երկու օր շարունակ մարտի մէջ եղած է այլ աւագ դպրոցներու եւ քոլեճներու ներկայացուցած մեքենաներուն հետ: «Այբ»-ին մարդամեքենան յաղթած է այնպիսի խումբերու, որոնք տարիներ շարունակ մասնակցած են այս մրցումին` մրցանակ շահելու յոյսով:
«Այբ»-ի մարդամեքենայի շինութեան խումբի ղեկավար Վազգէն Գաբրիէլեան ըսած է, որ մրցումին մասնակիցներն ու հիւրերը հիացած են հայկական խումբին տարած աշխատանքով: «Բոլորը կարգով կը մօտենային մեզի ու կը խնդրէին ռոպոթը շօշափել, նկարուելու համար անոր հետ: Շատ ուսուցիչներ ըսին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ չկայ դպրոց մը, ուր ռոպոթները կը պատրաստուին բացարձակ զերոյէն` «Այբ»-ի ռոպոթաշինութեան մակարդակով», ըսած է ուսուցիչը:
«Ռոպոթաշինութիւնը եւ ճարտարագիտութիւնը կարեւոր բաղադրիչներ են «Այբ»-ի կրթական բովանդակութեան մէջ: Դպրոցի ռոպոթաշինութեան տարրալուծարանը եւ վերջերս գործարկուած արտադրական տարրալուծարանը` կրթութիւնը կը դարձնեն կիրառական` կարելիութիւն տալով փոքրիկներուն առաւելագոյնս դրսեւորելու իրենց ներուժը եւ նոր բացայայտումներ կատարելու: Այս մէկը «Այբ» դպրոցի ռոպոթաշինութեան խումբի առաջին նուաճումը չէր յայտնի միջազգային ռոպոթաշինութեան մրցումներուն, բայց ամէնէն նշանակալիցն էր: Ռոպոթաշինութիւնը ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ոլորտ է: Այս հեղինակաւոր մրցոյթին ընթացքին մեր խումբին յաղթանակը ո՛չ միայն «Այբ»-ի, այլ նաեւ Հայաստանի համար մեծ նուաճում է», դիտել տուած է «Այբ» դպրոցի տնօրէն Արամ Փախչանեան:
«Ամէն անգամ կը համոզուինք, թէ որքան շնորհալի, աշխատասէր, ջերմեռանդ եւ անպարտելի են հայ երիտասարդները: Անոնք կարիք չունին գաղափարներու, այլ հովանաւորութեան եւ ուղեցոյցի: Հայաստանի երիտասարդները կրնան ուղի հարթել դէպի միջազգային հարթակներ, եւ ո՛չ միայն յաղթահարել առաջադրուած ամէնէն խիստ պահանջները, այլ նաեւ սահմանել նոր չափանիշներ: Անոնք ընդամէնը պէտք ունին մեր աջակցութեան: Համոզուած եմ, որ Հայաստանի մէջ ռոպոթաշինութեան զարգացման համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կատարած ընկերային ներդրումները կ՛ունենան երկարաժամկէտ արդիւնքներ. մենք ականատես ենք այս երիտասարդներուն առաջին յաղթանակներուն: Յառաջիկային կը սպասուի բազմաթիւ նոր ձեռքբերումներ», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Գիւմրիի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ
Նազիկ Արմենակեանի` «Վերապրածները»
Լուսանկարչական Ցուցահանդէսին
Գիւմրիի մէջ «Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղ»-ի թանգարանին մէջ ապրիլ 23-ին բացումը կատարուած է Նազիկ Արմենակեանի «Վերապրածները» լուսանկարչական ցուցահանդէսին:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած փաստացի վաւերագրական նախագիծը մօտաւորապէս 10 տարուան պատմութիւն ունի: Նախագիծը, մեծածաւալ լուսանկարչական պատում մըն է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ողջ մնացածներուն մասին:
Այսպիսի լուսանկարներ նկարելու գաղափարը ծնած էր 2005 թուականին: «Ասոնք միայն լուսանկարներ չեն», այլ` վերապրողի կերպարին միջոցով 1915-ի իրադարձութիւնները նորօրեայ իրականութեան հետ կապելու փորձ: Առաջին անգամ լուսանկարեցի Ռեմելլա Ամլիկեանը, որ 100 տարեկան էր: Լուսանկարը յաջողեցաւ, որովհետեւ լուսանկարին ճամբով կրցայ ցոյց տալ անցեալի եւ ներկայի կապը` 100-ամեայ տատը իր ձեռքին մէջ կը պահէ իր 20-ամեակի լուսանկարը` կապելով անցեալն ու ներկան: 2 տարի անց որոշեցի շարունակել շարքը եւ գտնել աւելի շատ վերապրածներ` ինչպէս Երեւանի, այնպէս ալ մարզերու մէջ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է հեղինակը:
Այս շարքին համար լուսանկարիչը աշխատած է 10 տարի եւ ստացած` 45 վերապրածի լուսանկար: Հեղինակը, սակայն, ասով չի սահմանափակուիր` լուսանկարները եւ պատմութիւնները ներառած է նաեւ «Վերապրածները» գիրքին մէջ:
Բոլոր լուսանկարներն ալ խօսուն եւ տպաւորիչ են, իսկ ամէնէն տպաւորիչը եւ ծանրը այն լուսանկարն էր, որ չնկարուեցաւ վերապրածին կենդանութեան օրով:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը կատարուի 4-րդ անգամն ըլլալով: Նախորդ երեքը տեղի ունեցան անցեալ տարի: Այս տարի եւս անիկա պիտի շրջի հանրապետութեան տարբեր վայրեր, սակայն, Գիւմրիի մէջ պիտի շարունակէ ներկայացուիլ մինչեւ «Թանգարանային գիշեր» նախաձեռնութիւնը:
Յիշատակի Երգահանդէս` Օփերայի Եւ
Պալէի Ազգային Ակադեմական
Թատրոնի Մուտքին
Ապրիլ 24-ին Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գլխաւոր մուտքին մօտ` Ազատութեան հրապարակին կողմէ, ի յիշատակ Հայոց Մեծ եղեռնի զոհերուն, օփերայի թատրոնի երգչախումբին կողմէ ներկայացուեցաւ հոգեւոր երգեր: Ծրագիրին ներկայացման ընթացքին ներկայացուեցաւ Կոմիտասի եւ Մակար Եկմալեանի ստեղծագործութիւններէն: Գլխաւոր ղեկավարութեամբ` Ռադիկ Մելիքեանի, խմբավար` Զոյա Կարապետեանի:
«Լինելութեան Այբուբեն…».
Սուրիահայ Ասեղնագործողներու
Ստեղծագործութիւնները
Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնին մէջ այսօր բացումը կատարուեցաւ «Լինելութեան այբուբեն…» խորագիրով ցուցահանդէսին, որ նուիրուած էր Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին:
Հայու լինելութեան այբուբենը ասեղնագործութեան ճանապարհով` անցած է ժամանակաշրջաններու խաչմերուկներով եւ հասած է մեր օրերը: Վանի, Մարաշի, Ուրֆայի, Այնթապի, Սվազի կարատեսակները մեր նախնիներու ուղերձներն են, որ գեղագիտօրէն ամփոփուած են ասեղնագործ զարդանախշերուն մէջ:
Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ կանայք Սուրիոյ, Հալէպ քաղաքին մէջ ասեղնագործութեամբ կը շարունակէին իրենց գոյութիւնը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած է անոնց ժառանգորդներուն` սուրիահայ ասեղնագործողներուն ստեղծագործութիւնները, որոնք մեր լինելութեան եւ ստեղծագործ ոգիին վկայութիւնն են:
Սուրիահայ կանայք` 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն ժառանգները, երկար տարիներ պահպանած եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցած են հայկական ասեղնագործութեան աւանդոյթները: Սուրիան, մասնաւորապէս, Հալէպը, մնայուն յայտնի եղած է հայ կանանց ասեղնահիւս աշխատանքներով, որոնք անոնց առօրեային անբաժան մասը եղած են:
Վերջերս, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմէն ետք շատ մը հայ ընտանիքներ նորէն լքեցին իրենց համար արդէն երկրորդ հայրենիք դարձած երկիրը եւ վերջնականապէս հաստատուեցան Հայաստանի մէջ` շարունակելով պահպանել եւ վերականգնել ասեղնագործութեան աւանդոյթները: