ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Արդի մարդկային ընկերութեան սկիզբէն եղած են ընկերային բաժանումներ եւ կենաց մահու պայքար` աւատապետներու եւ ճորտերու, տէրերու եւ ստրուկներու միջեւ. միշտ ալ աւելի ուժեղը ճնշած է տկարը, իսկ ճնշումի պատճառը միշտ ալ եղած է անարդար համակարգը. այդ անարդար համակարգի հիմքը դրամագլուխն է, որ հիմնուած է ընկերային բարեկեցութեան շուկայացման եւ տնտեսական անհատապաշտութեան վրայ:
Ճարտարարուեստականացումէն սկսեալ աշխատաւորը դարձաւ իր տիրոջ ազատ ծառան (անմարդկային դրամագլուխին պատճառով), ո՛չ բարեկեցութիւն, ո՛չ ապահովագրութիւն եւ ո՛չ ալ որեւէ պզտիկ իրաւունք ունէր աշխատաւոր դասակարգը: Այստեղէն ալ ծագեցաւ այն միտքը, թէ աշխատաւորը պէտք է կազմակերպուի, իր սեփական ձեռքերով ինքզինք ազատագրէ, եւ այդ մտքէն ծնունդ առաւ ընկերվարութիւնը: Մարքսի եւ Էնկելսի «Աշխարհի՛ աշխատաւորներ, միացէ՛ք» կոչը արձագանգ գտաւ աշխարհի 4 ծագերուն:
Ժամանակակից ընկերվարական բոլոր մտքերը մուտք գործեցին հայկական հասարակութեան մէջ եւ այդ մտքերէն ծնունդ առաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրերէն հայկական հասարակութեան մէջ դարձաւ աշխատաւոր դասակարգի կուսակցութիւնը: Իր առաջին ծրագիրին (1892) մէջ ակնյայտ էր իր կրած ազդեցութիւնը մարքսականութենէն: ՀՅԴ-ն որդեգրեց աշխատաւոր դասակարգի ազատագրութեան դատը թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան եւ թէ՛ Ռուսիոյ մէջ ու դարձաւ ամէնէն ամուր կազմակերպուած աշխատաւորական կուսակցութիւնը: Ան կազմակերպեց աշխատաւորութիւնը, կայացուց հանրային զրոյցներ եւ աշխուժ մասնակիցը դարձաւ ռուսական յեղափոխութիւններուն (1905 եւ 1917), համագործակցեցաւ այլ ընկերվարական կուսակցութիւններու հետ եւ առաջին հանրապետութեան ժամանակ բարելաւեց հայ աշխատաւորի կեանքը:
Միջազգային մակարդակի վրայ ընկերվարական կուսակցութիւններուն նկատմամբ համակրանքը աճեցաւ, եւ շատ մը երկիրներու մէջ այդ կուսակցութիւնները հասան իշխանութեան` կերտելով բարեկեցիկ համակարգեր: Ասիկա չի նշանակեր, որ աշխարհը բարեկեցիկ եւ ապահով եղած է: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ տակաւին կը շարունակուին երեխաներու աշխատանքը, սեռային խտրութեան հիման վրայ անհաւասար աշխատավարձերը, աշխատանքի անապահով պայմանները եւ այլուր`ստրկութիւնը: Մայիսի 1-ը յարատեւ պայքարի օր է ընդդէմ վայրագ դրամատիրութեան, անիկա աշխատաւորական շարժման համախմբման օրն է յանուն միութեան: Մենք պիտի տօնենք եւ պիտի շարունակենք տօնել մայիսի 1-ը, որպէսզի աշխատաւորները յաւերժ ապրին բարեկեցիկ համակարգի ներքեւ: Դաշնակցականը պարտաւոր է տօնել մայիսի 1-ը, որովհետեւ ընկերային – տնտեսական պայքարը անբաժանելի մասն է մեր ազգային պայքարին. ամէն դաշնակցական պարտաւոր է իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ աշխատաւորութեան դատին` յանուն արդար եւ համերաշխ հայրենիքի մը կերտման: Դաշնակցականը պէտք է յաւերժ հաւատարիմ մնայ իր ընկերվարական սկզբունքներուն` ըլլալով աշխատաւորներու իրաւունքներուն պաշտպանը եւ ընկերվարութեան դաստիարակիչն ու քարոզիչը: Կեցցէ՛ մայիսի 1-ը եւ կեցցէ՛ աշխատաւորական շարժումը: