Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Հովանաւորութեամբ`. Սուրիահայ Աշակերտներու Գարնանային Դպրոց` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Մէջ

$
0
0

Sofia1_42216

Ուրբաթ, 22 ապրիլի յետմիջօրէին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ բացումը կատարուեցաւ սուրիահայ աշակերտներու գարնանային դպրոցին:

Դպրոցը կը համախմբէ Պուրճ Համուտ եւ շրջակայքը բնակող 155 սուրիահայ փոքրիկներ, որոնք 11 շաբթուան ընթացքին, շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ (ուրբաթ կէսօրէ ետքերը եւ շաբաթ առաւօտները), պիտի հետեւին դաստիարակչական յատուկ ծրագիրի` բարելաւելու համար ուսումնական-կրթական իրենց մակարդակը:

Դպրոցին բացումը նախաձեռնութիւնն է Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին, գործակցութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ նիւթական հովանաւորութեամբ MECC-ի` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին: Դպրոցին ծրագիրը կ’ընդգրկէ անգլերէն լեզու, անգլերէնով ուսողութիւն եւ գիտական նիւթեր, ընդհանուր զարգացման գիտելիքներ, արուեստներ եւ մարմնակրթութիւն: 155 աշակերտեր, վեց դասարաններու մէջ բաժնուած, օրական պիտի կատարեն երեքական պահ: Նախատեսուած են նաեւ արտադպրոցական պտոյտներ եւ հաճելի ժամանցի պահեր:

Դպրոցին բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայացուցիչներ` Սամեր Լահամ եւ Սեդա Խտըշեան, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, գարնանային դպրոցի անձնակազմը, սուրիահայ փոքրիկներ, ծնողներ եւ հարազատներ:

Sofia3_42216Sofia4_42216Sofia2_42216

Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին տնօրէններ` Վիգէն Աւագեան, Սերոբ Օհանեան եւ Սամեր Լահամ:

Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ սուրիահայ աշակերտներու յատուկ գարնանային դպրոցը սովորական դպրոցներէ տարբեր է իր առաջադրանքով, որովհետեւ ան կը նպատակադրէ մանկավարժական արդի մեթոտներով եւ մասնագէտ անձնակազմով գիտելիք, արուեստներ եւ զանազան հմտութիւններ փոխանցել պատանիներու, որոնք սուրիական պատերազմի արհաւիրքէն փախուստ տալով` ապաստանած են Լիբանան եւ հասկնալի դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն իրենց նոր միջավայրին ընտելանալու համար:

Շարունակելով, տնօրէն Վիգէն Աւագեան նշեց, որ  Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը սուրիական տագնապի առաջին օրէն իր դռները եւ սրտերը լայն բացած է սուրիահայ պարագաներու դիմաց: Անցնող չորս տարիներուն, համեմատական կերպով, ան ամէնէն մեծ թիւով սուրիահայ աշակերտները ընդունած է իր յարկին տակ, յաճախ  կազմակերպելով նաեւ յատուկ դասընթացքներ` սուրիահայ աշակերտներու կրթական կարիքները բաւարարելու համար: Այս դպրոցը իր տեսակին մէջ չորրորդն է եւ միաժամանակ մեծագոյնն է, քանի ան կը համախմբէ 155 աշակերտներ:

Տնօրէն Վիգէն Աւագեան մաղթեց, որ սուրիական տագնապը յանգի իր արագ լուծման եւ բոլոր գաղթականները վերադառնան իրենց հարազատ տուներն ու դպրոցները: Մինչ այդ, իբրեւ կրթական պատասխանատուներ, ան հաստատեց, որ մեր ձեռքերը միշտ երկարած պիտի մնան հասնելու համար սուրիահայ բոլոր պարագաներուն, անխտիր:

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան ողջունեց ներկայ սուրիահայերը եւ յայտնեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, ինչպէս անցնող չորս տարիներուն, այսօր եւս կը ջանայ հասնիլ սուրիահայ ազգակիցներու ընկերային, բժշկական եւ խնամատարական կարիքներուն: Հաստատութիւնը միշտ եղած է հայ աշակերտի կողքին: Այսօր սուրիահայ աշակերտը ունի յաւելեալ կարիքներ, որոնց բաւարարման համար կը ստեղծուի գարնանային դպրոցը` Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին հետ գործակցաբար: Օհանեան յաջողութիւն մաղթեց դպրոցին աշխատանքներուն եւ թելադրեց առաւելագոյնս օգտուիլ անոր օգտաշատ ծրագիրէն:

Իր կարգին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայացուցիչ Սամեր Լահամ շեշտեց նման դպրոցներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը` սուրիացի գաղթականներու օժանդակութեան համար: Ան ըսաւ, որ կրթական կեանքը յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ունենայ Լիբանան ապաստանած սուրիացի փոքրիկներուն համար, որոնք ուսման ճամբով միայն պիտի կարենան ապահով եւ կայուն ապագայ մը ունենալ: Ուսումը զիրենք պիտի օժտէ այնպիսի հմտութիւններով եւ կարողութիւններով, որոնց շնորհիւ անոնք պիտի յաջողին յաղթահարել իրենց դէմ ցցուած բոլոր դժուարութիւնները, նշեց ան:

Բացման հանդիսութեան պաշտօնական խօսքերէն ետք ներկայ փոքրիկները զուարճացան աճպարար Քրիստինի խաղերով եւ կախարդական հնարքներով:

Ապա, այս առիթով պատրաստուած հիւրասիրութիւնը վայելելէ ետք, բոլորը տուն մեկնեցան գոհունակ տրամադրութիւններով`  կրթական-ուսումնական  արդիւնաւէտ փորձառութիւն մը ունենալու յոյսով:

Գարնանային դպրոցին դասընթացքները սկսան շաբաթ, 23 ապրիլի առաւօտեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>