Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Արցախի սահմաններուն վրայ հայ զինուորն ու կամաւորը ապրիլի առաջին օրերուն սխրանքներ արձանագրեցին, ազերի յելուզակները ետ մղեցին գրաւեալ տարածքներէ եւ հայկական դրօշը վերահաստատեցին Թալիշի, Մատաղիսի ու շրջակայ դիրքերու վերեւ:
Քանի մը օր ետք հայ մարզիկներ հայկական դրօշը ծածանեցին Նորվեկոյ մէջ ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն (10-16 ապրիլին). անոնք շահեցան ոսկեայ, արծաթեայ ու պրոնզեայ մետալներ, հնչեցուցին մեր քայլերգը եւ ազդարարեցին, որ պատրաստ են քանի մը ամիս ետք Ռիոյի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիականներուն եւս կրկնելու հայկական սխրանքը:
Մետալակիրները երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ են. հոգեխռով էր մանաւանդ յաղթականներուն այն յայտարարութիւնը, թէ իրենց մետալները կը նուիրեն Արցախին ու անոր սահմանները պաշտպանող զինուորներուն: Անոնք կը կոչուին, տղոց խումբերուն մէջ` Անդրանիկ Կարապետեան, Տիգրան Մարտիրոսեան, Գոռ Մինասեան, իսկ աղջկանց խումբերուն մէջ` Նազիկ Աւդալեան եւ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան: Մետալակիրներուն կողքին, ոչ արհամարհելի արդիւնքներ արձանագրեցին նաեւ երիտասարդներ` Վանիկ Աւետիսեան, Աղասի Աղասեան, Առաքէլ Միրզոյեան, Սիմոն Մարտիրոսեան, եւ երիտասարդուհիներ` Իզապելլա Եայլայեան, Քրիստինէ Պետրոսեան, Սոնիա Պօղոսեան եւ Արփինէ Տալլալեան: Ո՞վ գիտէ. վերջիններն ալ կրնան վաղը իրենց անունները արձանագրել մետալակիրներու ցանկին:
Ի դէպ, չենք ուզեր անտեսել այն հայ ծանրաբարձները, որոնք իրենց անունները արձանագրեցին այս մրցաշարքին, թէեւ կը կրէին Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Ռումանիոյ եւ այլ երկիրներու շապիկները:
Հայաստանը ներկայացնող այս երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները առաջին անգամը չէ, որ իրենց անունները կ՛արձանագրեն ախոյեաններու տոմարներուն վրայ: Այս հանգրուանին ուշագրաւը այն է, որ անոնք իրենց յաղթանակներով մասնակից-հաղորդակից են արցախեան ճակատումներուն:
Կ՛արժէ, որ իւրաքանչիւր հայ աւելի մօտէն ծանօթանայ այս հերոսներուն ու հերոսուհիներուն, որոնք բարձր կը պահեն այն դրօշները, որոնք քանի մը տասնամեակ առաջ բարձրացուած էին Եուրի Վարդանեանի, Օգսէն Միրզոյեանի եւ աշխարհահռչակ այլ ախոյեաններու կողմէ, այն հերոսներուն, որոնք կը խաղային աշխարհի մրցանիշներուն հետ: Անոնք կը մրցէին խորհրդային դրօշի տակ, սակայն հայ էին ողն ու ծուծով:
Ժամանակակից ախոյեաններէն կ՛արժէ առանձնացնել գոնէ մէկը` գիւմրեցի Նազիկը, որուն պատմութիւնը կարելի է նկատել կրկնակի սխրանք:
Նորվեկիայէն Հայաստան վերադարձին, պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը պահուն, ան յիշեցուց, որ աշխարհի 2009-ի ախոյեանութիւնը նուաճելէն տարի մը ետք, 2010-ին, Երեւան-Գիւմրի ճամբուն վրայ ինքնաշարժի ծանր արկած մը ունեցած էր. անոր ողնասիւնը ծանրօրէն վնասուած էր. վիրաբուժները ստիպուած էին մետաղեայ ցպիկներով վերակազմել զայն: Բոլորը կ՛ափսոսային, որ երիտասարդուհիին մարզական կեանքը կանխահասօրէն աւարտին հասած էր: Ան Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը ներկայացնող աշխարհի առաջին ախոյեանուհին է:
Ախոյեանները դիւրութեամբ տեղի չեն տար: Ան վերականգնած է, ամուսնացած, մայր դարձած է (մայր է նաեւ Հռիփսիմէն) ու վերսկսած` փորձերուն` անտեսելով բժիշկներուն արգելքները: Եւ ահա, ան վերստին կը դառնայ ախոյեան, կը նուաճէ Եւրոպայի ոսկի մետալը` մինչեւ 69 քկ. ծանրութեան դասակարգին մէջ, ապացուցելով, որ միայն անունով նազիկ է, իսկ կամքն ու մկանները պողպատեայ են:
… Կար ժամանակ, երբ մեր երիտասարդներն ու պատանիները քայլ առ քայլ կը հետեւէին Եուրիներու, Օգսէններու եւ այլ հայ հերոսներու նուաճումներուն, կ՛ապրէին ազգային հպարտութիւն: Այսօր այս երիտասարդները նո՛յնքան հպարտանքի աղբիւր են երիտասարդներուն ու ողջ հայութեան համար:
Սպասենք անոնց Ողիմպիական նուաճումներուն…
19 ապրիլ 2016