Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարի Դպրոցական Սեմինար

$
0
0

HORIZON-(2)_42216

«Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակի կազմակերպութեամբ,  շաբաթ, 16 ապրիլ 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու 10-րդ դասարաններու տարեկան միօրեայ սեմինարը: Սեմինարին մասնակցեցան 46 աշակերտներ` հայկական հետեւեալ ինը դպրոցներէն` Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան եւ  Ազգ. Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան քոլեճ:

HORIZON-(1)_42216

Բացման խօսքը «Հորիզոն»-ի նախազգուշական գրասենեակի վարչութեան կողմէ կատարեց Սեւակ Քեթենճեան, որ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ «Հորիզոն»-ի հիմնադրութեան, որուն գլխաւոր նպատակն է կանխաւ զգուշացնել հասարակութիւնը թմրամոլութեան յոռի երեւոյթէն` մղելով զանոնք ճիշդ ճամբու ընտրութեան: Գրասենեակը կը հետեւի նաեւ թմրեցուցիչի մոլի դարձած պարագաներու հետ, հիւանդանոցային եւ հոգեբանական միջոցներով օգտակար կը դառնայ անոնց: Ան խօսեցաւ բռնաճնշումի (Bullying) մասին, որ ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն պատճառ կը դառնայ թմրեցուցիչի գործածութեան: «Հորիզոն»-ի ապագայի ծրագիրներու մէջ սեմինարի մասնակիցները կրնան իրենց նպաստը բերել կամաւորապէս օժանդակելով գրասենեակային աշխատանքներուն, փոխանցելով սեմինարէն իրենց սորվածները դասընկեր դասընկերուհիներու:

HORIZON-(3)_42216

Յայտագրին առաջին բաժնին վերնագիրն էր «Թմրեցուցիչի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ», որուն ընթացքին դեղագործ Ցոլեր Աղճեան ներկայացուց, թէ ի՛նչ է թմրեցուցիչը, անոր տեսակներն ու բաղադրութիւնը եւ ազդեցութիւնը մարդու մարմնին վրայ: Ան նաեւ խօսեցաւ օրինական եւ ապօրինի թմրեցուցիչներու մասին:

HORIZON-4_42216

Յայտագրին երկրորդ բաժնին մէջ ցուցադրուեցաւ «Հոգեհանգիստ երազի մը համար» (Ռեքուիըմ ֆոր է տրիմ) տեսերիզը, որմէ ետք Սարգիս Քէշիշեան (Clinical Psychologist) քննարկեց ժապաւէնին նիւթը եւ պատահածները` կեդրոնանալով երեք հիմնական կէտերու վրայ. ի՞նչ նշանակութիւն ունի մոլութիւնը երիտասարդի մը դիտանկիւնէն, երկրորդը` մոլութեան տեսակները, իսկ երրորդը` ինչո՞ւ երիտասարդները, գիտնալով հանդերձ թմրեցուցիչին վնասակար ըլլալը, զայն կը փորձեն:

HORIZON-(5)_42216

Ճաշի դադարէն ետք համալսարանի դասախօս,  մանկավարժական հոգեբան Շաղիկ Խիւտավերտեան խօսեցաւ կեանքի ու ընկերային հմտութիւններու զարգացման կարեւորութեան մասին, նաեւ` պատանիի առողջ անհատականութեան կազմութեան, լաւ քաղաքացի ըլլալու եւ ուրախ կեանք վարելու մասին:

Սեմինարի աւարտին աշակերտներուն բաժնուեցաւ հարցարան մը` օրուան ընթացքին փոխանցուած տեղեկութիւններուն շուրջ: Խմբային վերլուծումէ ու զրոյցէ ետք անոնք լեցուցին հարցարանը, եւ ապա տրուեցան յիշատակի նուէրներ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles