Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17706

Հայաստանը` Անտիրապետելին

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

«Փրկիչ» անուանեցին մարդու մը, որ փաստեց, թէ դրածոյ է արտաքին ուժերու: Ան կատարեց իրեն տրուած պատուէրը` յանձնեց Արցախը: Հիմա կարգը հասաւ ներկայ Հայաստանի սահմաններու քննարկման` պատրուակելով աղբաման նետուած հին քարտէսներ: Պէտք է համբերել, կռուելով, պէտք է շարունակել պայքարը` ի սպաս Հայաստան աշխարհի ամբողջականութեան: Այս ոջիլանման մարդն ալ կ՛անցնի` իրեն հետ տանելով ներկայ խորշակը:

Հայաստանը կը մնայ կանգուն: Կը վերականգնի: Բռնագրաւուած հողերը կ՛ազատագրուին, որովհետեւ միայն հայն է, որ կրնայ տիրապետել Հայաստան աշխարհին: Իր կրանիթեայ լեռներով, խաղաղ դաշտերով եւ անվերջ գետերով Հայաստանը ադամանդն է հայութեան:

Պէտք է անսալ Հայաստանը հայացնող Ռուբէն Տէր Մինասեանի խորհուրդին: Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը կը գտնուի այն գիծին վրայ, որ Եւրոպան կը միացնէ Միջին Արեւելքին եւ Ասիոյ: Դէպի հարաւ թէ դէպի հիւսիս արշաւողները միշտ պահ մը կանգ առած են Հայաստանի դիմաց:

Անոնցմէ շատեր իրենց գերակշռող ուժով փորձած են տիրել Հայաստանին: Ոմանք յաջողած են: Ոմանք այսօր եւս նման յաջողութիւն կը վայելեն: Բայց այդ վայելքը ժամանակաւոր է, ինչպէս եղած է պարագան մեր պատմութեան ընթացքին հայաստանեան պարիսպին բախող մնացեալ արշաւողներուն:

Հետեւաբար, Հայաստանին տիրողին կեանքը միշտ ժամանակաւոր է: Անոնցմէ ոմանք դատապարտուած են մահուան, ուրիշներու պարագային, իրենց տիրութեան երջանկութիւնը եղած է կարճատեւ:

Ռուբէն կը բացատրէ իր «Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ» գործին մէջ. «Կ՛ըսեն` ամենամեծ ադամանդ քարերը պատճառ կը դառնան սեփականատիրոջ մահուան եւ նոր տիրոջ կարճատեւ երջանկութեան: Այդ ադամանդներէն է Հայաստանը»:

Հայաստան այդ անտիրապետելի անդամանդն է, որ միշտ պիտի պատկանի միա՛յն հայ ժողովուրդի տիրութեան:

Լոս Անճելըս,
27 նոյեմբեր 2020


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17706

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>