Կիպրոսի Հայոց Թեմին Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Ստրովոլոսի Քաղաքապետ՝ Պրն. Անտրէաս Բաբախարալամպուսի անձնական հրաւէրին, Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, պաշտօնական հիւրը եղաւ անոր, որ առ ի յարգանք իր ինքնաշարժով վարորդին հետ, Ազգային Առաջնորդարանէն ընկերացաւ սրբազանին եւ միասին ներկայ գտնուեցան ամէն Ուրբաթ օրերու գործադրուող ժողովրդական պազարին՝ «Laiki Agora» Ստրովոլոսի շրջանին մէջ:
Օրը, իւրայատուկ էր, որովհետեւ Քաղաքապետին նախաձեռնութեամբ առաջին անգամ ըլլալով յատուկ տեղ մը տրամադրուած էր, ուր կազմակերպութեամբ Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղի ՀՕՄ-ի վարչութեան, ծախու դրուեցան ՀՕՄ-ուհիներու կողմէ պատրաստուած մսաշոթերը՝ (լահմաճուն), որուն ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախահայութեան Օգնութեան Համար:
Սրբազան Հայրը, Պրն. Քաղաքապետին հետ անկախ հայկական կրպակէն շրջեցաւ ամբողջ տարածքը, ծանօթացաւ, ողջունեց ու օրհնեց շատերուն եւ ապա քաղաքապետին, քաղաքապետարանի անձնակազմի ու այլ անձնաւորութեանց հետ միասին, հիւրասիրութեան սեղանին շուրջ, զրոյց ունեցան ՀՕՄ-ի, Հայաստան-Արցախ, Կիպրոսի եւ հայ սփիւռքի մասին: Պրն. Անտրէան կը փափաքէր որ հայկական այս կրպակը մնայուն դառնար, ինչ որ բաւականին դժուար էր տիկիններուն համար:
Սրբազանը բոլորի ներկայութեան մասնաւոր գնահատական խօսք արտասանեց Քաղաքապետին, որ ամէն գնով միշտ զօրավիգ կանգնած էր ե՛ւ կը շարունակէ կանգնիլ Կիպրահայութեան, անձամբ անցեալ Նոյեմբերին գտնուած էր Հայաստան ու Արցախ եւ յարատեւօրէն իր աջակցութիւնը կը բերէ մեր կողքին գտնուելով:
Կաթողիկոսական Փոխանորդը նաեւ գնահատեց եւ քաջալերեց ՀՕՄ-ուհիներն ու բոլորը, կատարուած նուիրական ծառայութեան, ոչ միայն Կիպրահայ գաղութին այլեւ մարդկութեան, հայկական համայնքներու եւ ի մասնաւորի հայրենի ժողովուրդին նկատմամբ: Դրուատեց անոնց ծառայական տիպար ոգին, թելադրեց հաւատարիմ մնան իրենց ուխտին եւ նոյն եռանդով շարունակեն իրենց ստանձնած շնորհապարտ ու երախտագործ առաքելութիւնը։
Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն տասնեակ ՀՕՄ-ուհիներուն, որոնք կամաւորապէս աշխատեցան, տքնեցան, պատրաստեցին եւ յատկապէս այն անձնաւորութեանց, որոնք գնեցին եւ սատար կանգնեցան Հայութեան:
Ահաւասիկ անգամ մը եւս գնահատելի այս մտածումով ու աշխատանքով, տարեց թէ երիտասարդ, ցոյց կու տանք թէ, որքան թանկագին են Հայրենիքն ու Արցախը եւ որքանով կարիքը ունին մեր բոլորի հաւաքական նեցուկին։
Յիշատակի պատկերներ առնուեցան եւ ապա դարձեալ Պրն. Քաղաքապետը, անձամբ իր ինքնաշարժով վերադարձուց Սրբազանը Ազգային Առաջնորդարան:
Անխտիր վարձքը կատար, յարգանք եւ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
5 Դեկտեմբեր 2020