Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

«Ընկերվարութիւն» Հասկացողութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) Գ.

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ակնյայտ իրողութիւն է, որ բոլոր ընկերութիւններուն մէջ ընդհանրապէս տեղի ունեցած են շահագործութիւն, սակայն որքան կը զարգանան այդ ընկերութիւնները, այնքան կը բարդանան շահագործման երեւոյթները:

Ընկերվարութիւնը, իբրեւ միջազգային վարդապետութիւն, ցայտուն դարձած է 18-րդ դարուն` որպէս երազային կամ ցնորական ընկերվարութիւն, որուն գլխաւոր արտայայտիչները եղած են անգլիացի Թոմաս Մոր եւ ֆրանսացի Սեն-Սիմոն: Սակայն անոնք չունէին պայքարի յստակ ուղի:

Գիտական ընկերվարութիւնը կը բնորոշուէր ընկերութեան մէջ ախտաճանաչումներ կատարել եւ այս հիման վրայ հասնիլ արդիւնքներու:

Իսկ համագործակցական ընկերվարութիւնը, որուն գլխաւոր արտայայտիչն էր Ռոպերթ Օըն: Ան հիմնած էր գործարան մը, որուն հասոյթը հաւասարապէս կը բաժնուէր գործաւորներուն: Ան կը ձգտէր իր գաղափարները տարածել իր գիրքերու ընդմէջէն եւ ընկերվարութիւնը իրագործել նեղ շրջանակի մը մէջ:

Ընկերվարութեան գաղափարախօսներէն էր Քարլ Մարքս:

ՀՅԴ գաղափարաբանութեան հիմունքներուն շարքին է «Ընկերվարութիւնը»:

1892-ին Դաշնակցութեան անդրանիկ ծրագիրը Մարքսի գաղափարներու յստակ ազդեցութիւնը կը կրէր, որովհետեւ յիշեալ գաղափարները այդ օրերուն ամէնէն ազդեցիկներն էին, եւ Ռոստոմ ազդուած էր անոնցմէ:

1904-ին Սոֆիայի (Պուլկարիա) մէջ գումարուած 3-րդ Ընդհանուր ժողովին Դաշնակցութեան ծրագիրը դէպի ընկերվարութիւն քայլ մը արձանագրեց:

1907-ին Վիեննայի (Աւստրիա) մէջ գումարուած 4-րդ Ընդհանուր ժողովին վերամշակուած ձեւով ՀՅԴ ծրագիրը ունեցաւ իր ինքնուրոյն դիմագիծը, ուր բիւրեղացաւ ընկերվարութեան գաղափարը:

ՀՅԴ-ի ընկերվարութեան առանձնայատկութիւնները հետեւեալներն են.

1.- Ենթակայական արժէքներու գնահատում, ազգային նկարագիր, անհատական խիղճ, կրօն, գիտակցութիւն եւ այլն, ինչ որ չկար Մարքսի գաղափարախօսութեան մէջ:

2.- Անհատական նախաձեռնութիւններու արժեւորում: Մարքսի գաղափարախօսութեան մէջ չէր յիշուեր անձնական (անհատական) արժէքներ, մինչ Դաշնակցութեան մօտ անհատին հոգեւոր եւ մտային զարգացումը իր արժէքը կը ներկայացնէ:

3.- Ժողովրդավարութիւն:

Ազգային-հասարակական գործիչ ու գաղափարապաշտ յեղափոխական անբասիր դրօշակիր Մարտին Շաթիրեան այսպէս կ’արտայայտուի ՀՅԴ-ի ընկերվարութեան ձգտումներուն մասին. «Մենք ձգտում ենք ազգովին կազմակերպուել, մէկ ճակատ կազմել ազատ հայրենիք ունենալու համար, որտեղ մեր ժողովուրդը կարողանար հանգիստ ապրել, բարգաւաճել… Մեր ընկերվարական ձգտումները այդ միջոցին որոշւում էին ռամկավարական կարգերով մեր ժողովուրդի համար, որոնց պէտք էր հասնել յեղափոխութեան միջոցով` պարտադրելով մեր կեանքը թուրք կառավարութեան»:

Քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդ ու մտաւորական Նիկոլ Աղբալեան կը գրէ. «ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակն է վերադարձնել հայոց ազգին իր պատմական հայրենիքը եւ հաստատել այնտեղ ընկերվարական կարգեր` հայ պետութեան հովանու տակ: Այսպիսով, մեր կուսակցութիւնը ո՛չ շահասիրական եւ ո՛չ շահակցական միութիւն է. միաժամանակ նա բարեսիրական ընկերութիւն չէ»:

Հայ քաղաքական մտքի մեծավաստակ մշակներէն Եդուարդ Պոյաճեան ուղղակիօրէն կը գրէ, որ` «Կը շեշտեմ. պարզ մարդ է ամէն դաշնակցական, որովհետեւ ան կը նայի հայ իրականութեան վրայ բիւրեղացած գաղափարներու մէջէն: … Մահ կամ ազատութիւն. կուսակցական իր այս կտրուկ նշանաբանին տակ կը կրճատուին հոս հետեւեալ իմաստները. հայրենիքին ազատագրութիւնը, անոր նիւթական ու բարոյական իրաւունքներուն ամբողջական ստացումը, հայ ժողովուրդին բարօրութիւնը ընկերվար իրաւակարգի տակ»:

Գաղափարական մտաւորական, հայ մշակոյթի սպասարկու եւ անձնուէր հայրենասէր ու ժողովրդասէր գործիչ Բաբգէն Փափազեան բացառիկ բանաձեւումով մը կը բնութագրէ ընկերվարութիւնը` գրելով. «Ընկերվարութիւնը կը մերժէ ամէն տեսակի աշխարհակալութիւն ու բռնատիրութիւն: Ան կը դաւանի բոլոր ազգերու ազատ ինքնորոշման սկզբունքը եւ կը հաւատայ, թէ ամէն ազգի սեփական եւ անկապտելի իրաւունքը կը կազմէ սեփական հայրենիքը, որ անոր պատմաաշխարհագրական միջավայրն է, եւ որ տուեալ ազգի գոյատեւման, յառաջդիմութեան եւ ստեղծագործութեան կենսական ազդակն է»:

Միւս կողմէ, հայ ժողովրդի ծառան, Դաշնակցութեան զինուորը` Հրայր Մարուխեան, ստորեւ տրուած տողերով կը հաստատէ ՀՅԴ-ի ընկերվարութիւնը. «Կարելի չէ չհասնել այն համոզումին, որ շահագործող բոլոր ուժերի ու շահագործումների տուն տուող պատճառների ջնջումն է միայն, որ իրականութիւն պիտի դառնայ ազատ մարդու այնքան բաղձալի տեսլականը: Ի վերջոյ, այդ է բոլոր իրական յեղափոխութեանց եւ ազգային-ազատագրական պայքարների վախճանական նպատակը: Եւ ճիշդ այդ պատճառներով իսկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ԷՐ եւ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ընկերվարական կուսակցութիւն»:

Իսկ մտաւորական, դաստիարակ եւ հանրային գործիչ Հրաչ Տասնապետեան այսպէս կը գրէ. «Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհը ունի ընկերային շեշտուած աշխարհայեացք. դաշնակցական մարդը կը հաւատայ մարդ-անհատի անբռնաբարելի ազատութեանց, անոր գիտակցութեան, մտաւոր ու հոգեկան արժէքներուն, ազնիւ աշխատանքին եւ կը ձգտի աշխատող ու ստեղծագործ մարդոց լիակատար հաւասարութեան վրայ հիմնելի իրա՛ւ ու անկեղծ ընկերվարական հասարակարգի մը կերտումին»:

Վերը նշուած ՀՅԴ-ի եւ ՀՅ Դաշնակցականներու միտքերը ՀՅԴ «Ընկերվարութիւն» հասկացողութեան երեւան կը հանէ, որ ընկերվարութեան գրաւականը ազատութեան մէջ կը կայանայ, ուստի այդ սկզբունքներով է, որ ազգ մը կը գոյատեւէ:

(Շար. 3)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>