ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Հինա ու Հարսանիք:
Քանի մը օրով, ինքզինքիս արձակուրդ կու տամ եւ կ՛որոշեմ հաստատութիւններու կամ բարեկամներու այցելութիւնները յետաձգել:
Հարսնեւոր ենք:
Մեծ թիւով հրաւիրեալներ ժամանած են Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն ու Եւրոպայէն:
Անգլիայէն արդէն հասած է Թնճուկեան ընտանիքը:
Հարսանիքի որոշուած թուականէն երկու օր առաջ աւանդութիւն դարձած հինաի գիշերն է:
Հայկական երաժշտութիւնն ու ուրախութիւնը մեզի մոռցնել կու տան քանի մը օր առաջ պատահած արկածը: Կը հանդիպինք հին բարեկամներու ու կը ծանօթանանք նորերու, մինչ այդ իսկական հայկական քէֆը կը շարունակուի մինչեւ առաւօտեան ժամերը:
Հինայէն քանի մը օր ետք պսակի արարողութիւնն է կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Քանի մը օրէն միւռոնօրհնէքն է եւ այդ առիթով աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած են բարձրաստիճան կղերականներ, որոնք գրեթէ բոլորը, կը մասնակցին Յովանի եւ Նանարի պսակադրութեան, ապա բոլոր հրաւիրեալները կ’ուղղուին պանդոկ «Ֆենիսիա»` խրախճանքի:
Գրիչով անկարելի է բացատրել յուզումս եւ ուրախութիւնս, երբ ընդունելութեան ժամանակ կը հանդիպիմ ծանօթներու եւ բարեկամներու, որոնք չէի տեսած տասնամեակներ, սակայն ուրախութենէ եւ յուզումէ աւելի` անկարելի է նկարագրել երախտագիտութիւնս, երբ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի) հեռուէն կը նշմարէ կնոջս թեւը գաճի մէջ, ու ճեղքելով խճողումը` կը մօտենայ մեզի իր մտահոգութիւնը յայտնելու:
Իսկական առաջնորդ մը, որ կը հետաքրքրուի իր հօտով:
Ներսն ենք, «Ֆենիսիա» պանդոկի շքեղօրէն զարդարուած պարասրահը, ուր եւրոպական նուագախումբի մը մեղեդիներու ընկերակցութեամբ կ’ընթրենք: Կը հանդիպինք նոր ծանօթներու, մինչ այդ սրահէն ներս կը մտնեն օրուան թագաւորն ու թագուհին` նորապսակ զոյգը, ու կերուխումի կողքին, կը սկսի իսկական հայկական հարսանիքը` ընկերակցութեամբ երկար տարիներու բարեկամիս` Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին:
«Հարսանիք է հարսանիք, բոլորս ենք երջանիկ»:
* * *
Շաբաթ, յուլիս 18: Պիքֆայայի վանքն ենք:
Միւռոնօրհնէք: Համայն հայութեան համար պատմական օր մը:
Պիքֆայայի յուշարձանին ստորոտը կառուցուած է ժամանակաւոր խորան մը, ուր տեղի պիտի ունենայ միւռոնօրհնէքը: Հազարաւոր աթոռներ շարուած են վանքի շրջափակին մէջ, որպէսզի ամէն ուխտաւոր առիթը ունենայ մասնակցելու այդ խիստ տպաւորիչ արարողութեան: Խորանին վրայ կողք կողքի կը նշմարենք աշխարհի 4 ծագերէն հրաւիրուած հայ եւ օտար բարձրաստիճան կղերականներ: Աջին երգչախումբն է` իր սքանչելի երգեցողութեամբ, եւ հեռուէն կը նշմարենք Արամ Ա. հայրապետի ժամանումը: Ներկաներուն դէմքերն ու բջիջային հեռաձայնները անմիջապէս կ’ուղղուին այդ կողմը: Ամէն մարդ ճիգ մը ունի նկարելու: Շատեր նոյնիսկ աթոռներու վրայ կը բարձրանան` աւելի յաջող նկարներ ձեռք ձգելու, առանց նկատի առնելու, թէ բացօթեայ եկեղեցիի մը մէջ կը գտնուին, եւ անընդունելի է եկեղեցիի մը մէջ ոտքի բարձրանալ աթոռներու վրայ: Այս մէկը խիստ տպաւորիչ կրօնական ծէս մըն է, ո՛չ թէ պարզ հանդիսութիւն մը:
Վեհափառը արդէն գրաւած է իր տեղը խորանին կեդրոնը, ու կը սկսի միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը: Ինքնաբերաբար կը վերադառնամ աւելի քան 50 տարի ետ, երբ վերջին անգամ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ներկայ գտնուեցայ միւռոնօրհնէքին` ձեռամբ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. վեհափառին: Դարձեալ բազմահազար ժողովուրդ: Դպրոցական ընկերներս ու ես բարձրացած էինք վեհարանին տանիքը, ուրկէ կը «հետեւէինք» ծէսին: Այդ տարիքին չէինք գիտակցիր այս խիստ կարեւոր ծէսին իմաստը: Կարծես դաշտագնացութեան մը ներկայ կը գտնուէինք: Ընկերներով մրցումի ելած էինք, թէ ո՛վ աւելի պիտի կարենայ հաւաքել Անթիլիասի մայր տաճարը ներկայացնող կուրծքի ասեղներէն, որուն վրայ արձանագրուած էր այդ օրուան թուականը: Այսօր, կուրծքի ասեղի փոխարէն, ներկաներուն կը բաժնուին փոքրիկ գորգանման պատկերներ` Արամ վեհափառի նկարը` նախորդ միւռոնօրհնէքի պահուն, Անթիլիասի մէջ, որուն վրայ արձանագրուած է վեհափառին քարոզէն հատուած մը:
«Սուրբ միւռոնը աղբիւր է սրբութեան եւ ճամբայ` վերստին ծննդեան ու հոգեւոր վերանորոգման»:
Արամ Ա. կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Երկրորդ գորգանման պատկեր մը, որ կը ներկայացնէ Պիքֆայայի յուշարձանը, որուն վրայ կը կարդանք`
«Յիշենք, յիշեցնենք ու պահանջենք…»
100-ամեակ Հայոց ցեղասպանութեան»:
Նոր միւռոնը օրհնուած է եւ միաձուլուած` հինին հետ:
Վեհափառ հայրապետին խիստ դաստիարակիչ քարոզէն ետք կ’ուղղուինք դէպի մեր ինքնաշարժները: Քանի մը վայրկեան տեւող ճամբան կը կտրենք աւելի քան մէկ ժամէն: Ամէն քայլափոխի կը հանդիպինք ծանօթի մը, բարեկամի մը, եւ կը ծանօթանամ նոր անձերու:
Յակոբ Բագրատունի: Լիբանանի խորհրդարանի անդամ:
Անունով ու գործունէութեամբ ծանօթ, սակայն` անձամբ առաջին հանդիպումս:
Գովասանական ու քաջալերական խօսքերով կը խրախուսէ, որ շարունակեմ գրել: Մտքէս բաղդատական մը կ’ընեմ իմ համեստ գրութիւններուս եւ իր տարած ազգանուէր աշխատանքին համար, ու աւելի կը հիանամ իր համեստութեան վրայ: Լիբանան գտնուած միջոցիս ներկայ գտնուեցայ զանազան հայկական ձեռնարկներու, ըլլան անոնք ազգային, կրօնական, թէ մշակութային: Բոլորին ներկայ էր անխտիր: Իմ ժամանակներուս հայ երեսփոխաններուն ծանօթ էինք պատերուն փակցուած նկարներով միայն, քանի մը անգամ ալ հանդիպած` ընտրապայքարի ժամանակ հայկական ակումբներու մէջ եւ ընտրութիւններու աւարտին, գոնէ ես, չեմ հանդիպած ոեւէ մէկուն, որեւէ հայկական ձեռնարկի: Դարձեալ կը հանդիպէինք միայն յաջորդ ընտրութիւններու ժամանակ:
Յակոբ Բագրատունի:
Հայութեան հետ, հայութեան համար:
Վարձքդ կատար, նոր ծանօթացած ընկեր Բագրատունի:
19 յուլիս 2015:
Առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուիմ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզադաշտ-սրահը ուր բազմահարիւր համազգայնականներ եւ Համազգայինի համակիրներ հրաւիրուած են` ներկայ գտնուելու Համազգայինի ֆորումի բարեկամներու մտերմիկ ճաշկերոյթին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութեան կողմէ, իսկ կը հովանաւորէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:
Հրաւիրուած ենք` պատուելու «Ֆորում»-ի հիմնադիրներէն Սելլա Թնճուկեանը, Շուշիկ Արսլանեանը, Հրաչ Սիմոնեանը, եւ Հուրի Պաղտասարեանը, որոնց տքնաջան աշխատանքով այսօր աւելի քան 20 տարի է կը գոյատեւէ այս խիստ կարեւո, հայապահպանման օժանդակող դժուար գործը:
Սրահին մէջ մեծ է թիւը նախկին «ֆորում»-ականներու, որոնք հաճելի դէպքեր պատմելով` զուարթ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն:
Հոն նմանապէս կը հանդիպիմ շատ մը բարեկամներու ու կը ծանօթանամ նորերուն, մեծամասնութեամբ` արուեստի ու գրականութեան նուիրուած մարդիկ:
21 յուլիս 2015:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահն ենք` ներկայ գտնուելու Աշոտ Աւագեանի գործերուն նուիրուած ցուցահանդէսին, որ կը հովանաւորէ Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան ամոլը:
Երկուքն ալ իրենց խօսքերուն ընդմէջէն կը շեշտեն լիբանանահայ գաղութի, ի մասնաւորի «Շաղզոյեան» կեդրոնի մշակութային, հրատարակչական եւ գրական գործունէութիւնը, որոնք միշտ հետապնդած են հայապահպանումն ու Հայ դատը:
Արուեստագէտը շատերու մօտ ճանչցուած է «Սիսիանցի Աշոտ» անունով, միշտ իր հայրենի հողին` Սիսիանին կառչած մնալուն պատճառով:
Տեղի կ՛ունենայ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, խմբավարութեամբ երիտասարդ ուժ Գոգօ Ալլոզեանի: Սրինգով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Մկօ Եափուճեանի դուստրը` Լոռի Եափուճեան:
Ամէն տարի, յուլիս ամսուան 26-ին, Լոս Անճելըսի մէջ ներկայ կը գտնուիմ Լիզպոնի 5 նահատակներուն նուիրուած յուշ-երեկոներուն: Առաջին անգամը ըլլալով, այս տարի, նոյն յուշ-երեկոյին ներկայ կը գտնուիմ Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ, ուր կը հանգչին 5 հերոսներուն` Սեդրակին, Վաչէին, Սիմոնին, Արային եւ Սագոյին աճիւնները: Քանի մը օր առաջ այցելած էի իրենց շիրիմը. մոմ վառած, խունկ ծխած ու աղօթած: Այսօր` 26 յուլիս 2015-ին բազմահարիւր մարդոց նման, ես ալ ներկայ եմ նահատակներու շիրիմին վրայ հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ գտնուելու, ապա` մասնակցելու իրենց նուիրուած յուշ-երեկոյին:
Խիստ տպաւորիչ ձեռնարկ մը, տարբեր` ամէն տարուընէ:
Մեծ է թիւը երիտասարդ ԼԵՄ-ականներու, որոնք եկած են իրենց նահատակ ընկերներուն անունով երդուելու:
Տեսերիզի վրայ կը դիտենք Լիզպոնի դեսպանատան գրաւումն ու պայթումը ու կը լսենք անմահ հերոսներու վերջին գիշերուան խօսակցութենէն հատուածներ: Լիզպոն մեկնելէն ու կամովին իրենց երիտասարդ կեանքը Հայ դատին նուիրելու նախորդ գիշերը, բոլորը միասին վերջին անգամ ըլլալով այնքան ինքնավստահ կ’երթան դէպի մահ ու կ’երգեն.
«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ
Յոյսս դուք էք, ընկերնե՛ր»:
Ներկաները միաբերան կը ձայնակցին հերոսներուն, ապա բեմ կը հրաւիրուի օրուան գլխաւոր բանախօսը` ընկեր Յակոբ Բագրատունի ու կու տայ իր պատգամը, որ առաւելաբար ուղղուած է երիտասարդ սերունդին:
Պաշտօնական ձեռնարկները, որոնք այնքան բազմաթիւ են ու հաճելի, հասած են իրենց աւարտին:
(Շար. 2)
Լոս Անճելըս 2015