ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ազերի ղեկավարներուն ցեղապաշտ ծրագիրները օրըստօրէ կը բացայայտուէին, եւ Պաքուի վարիչները քսաներորդ դարու վերջին քառորդին սկսած էին գործադրութեան դնել մէկ տարբերակը Թուրքիոյ իրենց ազգակիցներուն այն ծրագիրին, որ գործադրուեցաւ առաջին աշխարհամարտի օրերուն:
Ազերպէյճանի ղեկավարները կը հետեւէին հայերը գաղթի մղելու յստակ քաղաքականութեան մը եւ ցեղասպանութեան սպառնալիքով բացայայտօրէն հայերը կը մղէին հեռանալու ազրպէյճանական քաղաքներէն:
Պաքուի մէջ առօրեայ հաւաքները բացայայտօրէն սարքուած էին սարսափի մատնելու համար հայերը. բացայայտ սպառնալիքներ ուղղուեցան հայերուն, մինչեւ իսկ ազերի մանուկներ իրենց հայ դասընկերներուն սպառնական բովանդակութեամբ նամակներ յանձնեցին:
Ազրպէյճանական իշխանութիւնները յաճախ բռնի կերպով գաղթի կը մղէին հայերը, զանոնք կը տեղաւորէին փոխադրակառքերու վրայ, առանց ժամանակ տալու որ հագուստ կամ դրամ առնեն, եւ ուղղակի սահման կը տանէին: Հայկական փոխադրակառքեր այդ գաղթականները սահմանէն Երեւան կը փոխադրէին:
1988 նոյեմբերի վերջաւորութեան արդէն աւելի քան 40 հազար հայ գաղթականներ հասած էին Երեւան եւ հաստատուած ընդունելութեան յատուկ կեդրոններու մէջ: Գաղթականները կ՛ուղարկուէին հայկական հանրապետութեան տարբեր շրջաններ, ուր անոնց կը տրամադրուէր բնակութեան միջոց` պանդոկներու, պատսպարաններու եւ անձնական տուներու մէջ:
Երեւանի մէջ քաղաքային իշխանութիւնը այլեւս հեղինակութիւն չունէր: Զինուորական հրամանատարութիւնը կ՛իշխէր եւ կ՛արգիլէր ամէն հաւաք, մինչդեռ ցոյցերը կը շարունակուէին Ազրպէյճանի մէջ:
Պաքուի մէջ հաստատուած մասնակի կրակմարը կ՛արտօնէր ցոյցերու կազմակերպումը: Բանակը կը գոհանար պաշարուած պահելով Լենինի հրապարակը, ուր բազմութիւնը հաւաքուած կը մնար:
Կիրովապատի գաղթականներէն ոմանք մօտակայ Խանլար գիւղը ապաստան գտած էին: Քանի մը օր ետք, անոնցմէ պահանջուեցաւ հեռանալ Ազրպէյճանէն:
Կիրովապատի մէջ բանակը միայն հայկական թաղամասերը կը պաշտպանէր, չէր միջամտեր եւ կը հակադարձէր միայն երբ ինք ուղղակի յարձակումի կ՛ենթարկուէր ազերի ցուցարարներուն կողմէ: Իսկ Կիրովապատի հիւանդանոցները կը մերժէին ընդունիլ հայ վիրաւորները:
1 դեկտեմբեր 1988-ին արդէն Հայաստան հասնող գաղթականներուն թիւը հասած էր 50 հազարը:
Գաղթականները կը խուժէին Երեւան, ուր իշխանութիւնները չէին կրնար գոհացնել բոլորը: Գաղթականները կ՛երթային հոն, ուր կրնային երթալ: Բանակին ձեռք առած խիստ միջոցառումները կը դժուարացնէին գաղթականներու ընդունումը:
Մինչ այդ Կիրովապատէն գաղթը ընդմիջուած էր, որովհետեւ տեղւոյն ազերի իշխանութիւնները կը պահանջէին որ մեկնողները հրաժարէին քաղաքին մէջ իրենց ունեցած ստացուածքներէն եւ անդորրագիր ստորագրէին: Քաղաքի զինուորական իշխանութիւնը յայտարարեց, որ ի վիճակի չէ ապահովութիւնը տարածելու հայկական թաղամասերէն դուրս գտնուող շրջաններուն վրայ եւ հրաժարած է ցամաքի ճամբով գաղթականներու կարաւան կազմակերպելէ: Հայկական թաղամասերուն մէջ 30 հազար հայեր պատսպարուած էին:
Հայաստանաբնակ ազերիները եւս կը լքէին իրենց բնակավայրերը եւ կը փախչէին դէպի Ազրպէյճան: Մինչեւ դեկտեմբեր 1 արդէն 40 հազար ազերիներ մեկնած էին Հայաստանէն:
Խորհրդային իշխանութիւնները դեկտեմբեր 2-ին յատուկ յանձնախումբ մը կազմեցին, օժանդակութիւն տրամադրելու համար Հայաստանէն եւ Ազրպէյճանէն փոխադարձաբար գաղթական դարձած բնակիչներուն: Յանձնախումբը գործի լծուեցաւ, աշխատելով սննդանիւթ եւ այլ անմիջական պէտքեր ապահովել գաղթականներուն:
Մինչ այդ, միայն դեկտեմբերի առաջին երկու օրերուն աւելի քան 11 հազար հայ գաղթական հասաւ Հայաստան, ինչ որ Ազրպէյճանի քաղաքներէն բռնի կերպով գաղթական դարձած հայերուն թիւը կը հասցնէր 60 հազարի:
* * *
«Ազդակ», 3 դեկտեմբեր 1988-ի թիւով եւ «Պէտք է ընտրենք Զաւարեանական ուղին» խորագիրով խմբագրականով կ՛ըսէր, որ քաղաքական եւ յեղափոխական պայքարը յաճախ կը հանդիպի լուրջ դժուարութիւններու, որոնց դիմաց մարդիկ կը յուսալքուին, կը շուարին եւ կը քալեն համակերպումի անփառունակ ճամբաներէն: Անհրաժեշտ է ըլլալ ամրօրէն գաղափարական, անտեղիտալի կերպով` յեղափոխական:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ այսօրուան քաղաքական եւ յեղափոխական աշխարհը յաճախ կու տայ այն անճիշդ տպաւորութիւնը, թէ` բիրտ ուժը իրաւունք է ինքնին եւ մաքիաւելական հաշիւով է որ կը տարուին բոլոր պայքարները: Այս պատճառ կ՛ըլլայ, որ սայթաքին գաղափարական շարժումները եւ փոխանակ ծառայելու մարդուն եւ ընկերութեան, վերածուին ինքնանպատակ ձեռնարկներու:
Բայց, ինչ որ ինքնանպատակ է բարոյալի չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ պարկեշտութիւնը եւ ազնուութիւնը, ինչպէս նաեւ յեղափոխականին գաղափարապաշտութիւնը պայմանաւորուած են ուրիշին ծառայութեամբ, անձէն դուրս` ուրիշով տագնապելով:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ պէտք է մերժել ըսելով, որ նիւթապաշտ եւ հակամարդկային այն մօտեցումները, որոնք ազատագրական պայքարը կը վերածէր երեւոյթով` յեղափոխական, բայց բարոյականով անդիմագիծ կազմակերպութիւններու սեփական գործադաշտին: Եւ աւելի՛ն, կը լծուին մեծապետական հաշիւներով ղեկավարուող դրութեան: Ազատագրական կռիւը արդարութեան եւ ճշմարտութեան, իրաւունքի եւ հաւասարութեան, անկեղծութեան եւ վեհանձնութեան պայքար է եւ չի կրնար ընդունիլ, որ աղճատուին իր սկզբունքները եւ խաթարուի գաղափարական ընթացքը:
Այսօր, երբ կը վերանորոգուի հայ ազատագրական շարժումը, երբ կը զգացուի անհրաժեշտութիւնը միակամութեան, փոխադարձ վստահութեան, համազգային գործակցութեան եւ ինքնավստահ պայքարի, Սիմոն Զաւարեանի բարոյական-յեղափոխական հանգանակը կը ներկայանայ իբրեւ պարզ եւ յստակ ճշմարտութիւն, կը հաստատէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրափակէր ըսելով.
Խիղճը եւ յեղափոխական կամքը նաեւ այն փարոսներն են, որոնք կը լուսաւորեն քաղաքական ռազմավարութիւնը: Առանց այս ուղեցոյցներուն պայքարը կը շեղի իր նպատակէն եւ կը վերածուի պատեհապաշտ յարմարեցումի: Հեշտ ճամբաները կը տանին ընկրկումի եւ նահանջի:
* * *
Խորհրդային բանակը 4 դեկտեմբերին սպառնալիք ուղղեց Պաքուի մէջ ցոյցեր կազմակերպող ազերիներուն, թէ` ուժի պիտի դիմէ, եթէ անոնք անտեսեն կրակմարի դրութիւնը:
Մինչ այդ, երկու ուղղութեամբ գաղթականներու հոսանքը կը շարունակուէր եւ ապահովութեան ուժեր միջոցառումներ որդեգրած էին, կարաւանները «աւազակներէ պաշտպանելու համար»:
Արցախեան պահանջատիրութեան իրադարձութիւններու առօրեայ լրատուութիւնը կատարելով «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ բացայայտ կը դառնայ այն իրողութիւնը, որ Մոսկուա հաստատ կը մնայ հայ-ազերի հակադրութիւնը եւ Ղարաբաղի հարցը դիտել առաւելաբար տնտեսական մտահոգութեանց անկիւնէն եւ լուծումի կարելիութիւններուն մէջ նկատի չունի 1920-ական տարիներէն ի վեր գոյութիւն ունեցող անարդար իրավիճակին եւ ստալինեան կամայականութեամբ գծուած սահմաններուն սրբագրումը:
Արդարեւ, խորհրդային կեդրոնական կառավարութեան որոշումով, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արդիւնաբերական եւ փոխադրամիջոցներու կեդրոնները խիստ հսկողութեան տակ առնուած էին, որ ի զօրու էր օրուան 24 ժամերուն, գիշեր եւ ցերեկ: Հսկողութեան տակ առնուած էին քարիւղատար խողովակներ, գործարաններ եւ ցամաքային ու օդային ճամբորդութեան յատուկ սպասարկութեանց կեդրոններ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի վարիչներուն թելադրուեցաւ «ժողովուրդին բացատրութիւններ տալ», լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:
Իր կարգին Միխայիլ Գորբաչով յայտարարեց, որ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ հարցերը լուծման ճամբու մէջ դնելու միակ միջոցը մթնոլորտի փոփոխութիւնն է: Ան շեշտեց ըսելով, որ լուծումը պէտք է հետապնդուի այժմ գոյութիւն ունեցող սահմաններու հիման վրայ:
Միաժամանակ, Քրեմլինի որոշումով բարձրաստիճան յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, որուն վստահուեցաւ հայ եւ ազերի գաղթականներու տագնապին յանձանձումը: Յանձնախումբին կ՛անդամակցէին Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի վարչապետները: Անոնք պիտի հոգային բժշկական, սննդանիւթի եւ բնակեցման գաղթականներու կարիքները:
* * *
Հակառակ Խորհրդային բանակին հաստատած արգելքին եւ զգուշացման կոչերուն, Պաքու կը շարունակէր թատերաբեմ մնալ ցոյցերու եւ հաւաքներու, որոնք սակայն Լենինի հրապարակէն այլ վայրեր փոխադրուած էին: Լենինի հրապարակը պաշարուած էր ապահովութեան ուժերուն կողմէ եւ հոն հաւաքները արգիլուած էին:
Դեկտեմբեր 5-ին ազերի ցուցարարներ բախում ունեցան ապահովութեան ուժերուն հետ. ինկան վիրաւորներ:
Դեկտեմբեր 6-ին ազերիներ Պաքուի մէջ յարձակում գործեցին հայերու վրայ եւ բախում ունեցան անոնց հետ, իսկ բանակային ուժեր միջամտեցին: Ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Ազերի ցուցարարները կը պահանջէին հայերուն մեկնումը: Արդէն Պաքուի բոլոր հայերը գործէ արձակուած էին եւ կամ գործի չէին երթար:
Ազերի պատասխանատուներ յայտարարեցին, որ իրենք չեն բաւարարուած Քրեմլինի որոշումներով, որովհետեւ իրենց պահանջները գոհացում չեն գտած: Անոնք յիշեցուցին, որ ազերիները ինքնավար մարզ մը կ՛ուզեն Հայաստանի մէջ եւ կը պահանջեն Լեռնային Ղարաբաղի պատասխանատուներուն պաշտօնազրկումը:
Իր կարգին Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան պետ Ապտիւլ Ռահման Վեզերով յայտարարեց, որ խռովարարները դատական հետապնդումի պիտի ենթարկուին: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւելի քան հարիւր անձեր արդէն յանցանքով ամբաստանուած էին, որովհետեւ անտեսած էին Քրեմլինի այն որոշումը, որ կը մերժէր Ղարաբաղը անջատել Ազրպէյճանէն:
Միւս կողմէ, նախապէս ազրպէյճանական ութ քաղաքներու մէջ հաստատուած կրակմարը տարածուեցաւ տասներկու այլ շրջաններու վրայ: Կիրովապատի եւ Նախիջեւանի մէջ, մթնոլորտը կը մնար լարուած:
Լեռնային Ղարաբաղի եւ Աղտամի մէջ եւս լարուած մթնոլորտ կը տիրէր եւ բոլոր ճամբաները փակուած էին ազերիներուն կողմէ:
* * *
Բանակին հաստատած կրակմարի դրութիւնը արգելք կը հանդիսանար հաւաքներու Երեւանի մէջ կազմակերպումին, հետեւաբար ցոյցերը Էջմիածին փոխադրուած էին:
Ցոյցերը կազմակերպուած էին Ղարաբաղի յանձնախումբին կողմէ, բողոքելու համար Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանի միացումի ժողովուրդի պահանջին դիմաց Մոսկուայի առած միջոցառումներուն դէմ:
Մինչ այդ, տասնեակ հազարաւոր հայ եւ ազերի գաղթականներ կը շարունակէին կտրել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանը: Դեկտեմբեր 5-ի տուեալներով հայ գաղթականներուն թիւը հասած էր 69 հազարի:
* * *
«Ազդակ», դէպքերու առօրեայ լրատուութիւնը կատարելով կը յայտնէր, որ ազերիները կ՛անտեսեն իրաւախոհութեան ամէն կոչ ու թելադրանք եւ բռնի կերպով գաղթի կը մղեն հայերը:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ խորհրդային մամուլը ահազանգային բնոյթ կու տար «Հայաստան վտանգաւոր դրութեան», մինչդեռ նոյն այդ մամուլը գրեթէ բացարձակ լռութեամբ կը դիտէր Կիրովապատի հակահայ խժդժութիւնները եւ Պաքուի խուժանային ցոյցերը:
«Ազդակ» ուշագրաւ կը նկատէր նաեւ այն երեւոյթը, որ իբրեւ թէ անխտրականութեան համար, դէպքերու մասին պաշտօնապէս անորոշ եւ ոչ-յստակ տեղեկութիւններ կը տրուէին:
Արդարեւ խորհրդային մամուլը կը յայտնէր, որ այլազան շրջաններու մէջ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով Հայաստանի մէջ կացութիւնը «Խիստ վտանգաւոր» է:
Մամուլը կը շարունակէր ըսելով որ Հայաստանի 37 մարզերէն 14-ին մէջ կրակամար հաստատուած է. այդ շրջանները հայ եւ ազերի խառն բնակչութիւն ունէին:
Խորհրդային թերթեր կ՛ըսէին, որ «զոհեր» ինկած են Հայաստանի Կալինինօ, Մասիս եւ Գուգարք շրջաններուն մէջ, եւ թէ այդ շրջաններուն մէջ պատահած բախումները «պատասխան էին» Ազրպէյճանէն դէպի Հայաստան հայերու արտաքսումին: Գուգարքի մէջ կացութիւնը կը նկատուէր «շատ ծանր»: Կը նշուէր նաեւ որ Հայաստանի շատ մը շրջաններու մէջ վիճակը «գրեթէ անհակակշռելի է» եւ «կայծ մը կրնայ հրդեհ յառաջացնել»:
Խորհրդային պետական տուեալներու համաձայն 6 դեկտեմբեր 1988-ի դրութեամբ Հայաստան հասած հայ գաղթականներուն թիւը հասած էր 106 հազարի, իսկ երկու հանրապետութիւններուն գաղթականներուն ընդհանուր թիւը կը գնահատուէր 200 հազար:
Խորհրդային կառավարութիւնը նաեւ խիստ ոճով, դատական հետապնդումով եւ կուսակցութենէն արտաքսումով սպառնաց բոլոր անոնց, որոնք ցեղային ծագումի հիման վրայ մարդիկ «զանգուածային կերպով» գործէ կ՛արձակէին: