Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Իրաւական Առանցք (Դ.)

$
0
0

16919_b

2 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ կայացած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին նախագահը իր խօսքին մէջ կը յստակացնէր.

«Ես համոզուած եմ եւ առաջարկում եմ քննարկենք, որ մենք մէկ քայլ առաջ պէտք է գնանք: Արտաքին գործերի նախարարութեանը, կարծում եմ, անհրաժեշտ է համագործակցել Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործերի նախարարութեան հետ եւ աշխատել Լեռնային Ղարաբաղի հետ ռազմական փոխօգնութեան պայմանագիր կնքելու ուղղութեամբ: Անհրաժեշտ է պայմանագրի բնագիրն ունենալ, համապատասխան քննարկումներ անցկացնել եւ ուղարկել Ազգային ժողով: Հայաստանի Հանրապետութիւնը լիարժէքօրէն կատարելու է իր պարտականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման առումով, եւ մենք նաեւ ունենք դրա իրաւաբանական իրաւունքը, որովհետեւ ինքներս հանդիսանում ենք 1994 թուականին կնքուած հրադադարի համաձայնագրի կողմ»:

Փորձենք կէտ առ կէտ անդրադառնալ նախագահի ամէնէն վճռորոշ եւ ամէնէն համարժէք յայտարարութեան այս կարեւոր բաժինին.

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մէկ քայլ առաջ երթալու խնդիր ունի. քայլ մը առաջը դէպի նպատակ, որ այստեղ թէեւ բառացի ըսուած չէ, յամենայն դէպս Արցախի Հանրապետութեան ուղղութեամբ է, որուն առաջադրանքը միջազգային ճանաչումն է: Ուրեմն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նախապատրաստուի քայլ առնել այս ընթացակարգին մէջ:

Այդ քայլը նախաճանաչումն է. այստեղ պարզ է իրաւաքաղաքական տրամաբանութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր Ազգային ժողովով չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը, որովհետեւ կը շարունակէ ընդառաջել միջազգային ընտանիքին կողմէ որդեգրուած բանակցային գործընթացին: Այդ գործընթացի կարեւորագոյն բանակցելի կէտերէն մէկը կարգավիճակի ճշդումն է: Երբ կը կայանայ ճանաչումը, կարեւորագոյն կէտը եւ անոր հիմամբ գոյանալիք ընդհանուր համաձայնութեան համար տարուող բանակցային գործընթացը կ՛իմաստազրկուի, չըսելու համար կը խափանուի: Երեւանը չի  կրնար ինքնայայտնուիլ այդ հակասականութեան մէջ եւ այդ քայլով յաչս միջազգային ընտանիքին չ՛ուզեր երեւալ իբրեւ բանակցային գործընթաց խափանող կողմ:

Բայց: Արդէն իսկ այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ճամբով չճանչնալը իբրեւ փոխզիջման մօտեցում յայտարարող Երեւանը, պաշտօնապէս պարզ դարձուցած էր ճանաչումի ընտրանքը, եթէ Պաքուն գործնապէս սաստկացնէ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան դէմ գոյութիւն ունեցող սպառնալիքը:

Այլապէս ալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր բազմաթիւ պայմանագիրներ ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ կնքած` կրթական, մշակութային, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ամէն տարի պետականօրէն վարկ կը  տրամադրէ: Եւ աւելի՛ն: Չճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը համապատասխան պաշտօնական կարգավիճակով ներկայացուցչութիւններ ունի տարբեր երկիրներու մէջ: Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը, սեփական պիւտճէի հաստատման շրջանակին մէջ, իւրաքանչիւր տարի քուէարկութեամբ օգնութիւն կը  տրամադրէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Ֆրանսայի խորհրդարանը ունի  խորհրդարանական բարեկամական խումբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ: Ընտրութիւններու ժամանակ տարբեր երկիրներ դիտորդներ կ՛ուղարկեն Ղարաբաղ եւ այլն: Այս ամբողջը կը նկատուէր, եթէ միջազգային օրէնքներով նախատեսուած չըլլար: Վերջապէս համագործակցութեան ձեւաչափը կ՛որոշէ որեւէ  երկիր ինքը, ինչպէս որ կրնայ միայնակ ճանչնալ որեւէ չճանչցուած երկիր: Ինչպէս վարուեցաւ Ռուսիան Աբխազիոյ եւ Օսեթիոյ պարագաներուն: Ի դէպ, Ազրպէյճանը միշտ անհանգստացած է նման քայլերէ, ան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի միջեւ օդային կապի հաստատման դէմ է համարելով զայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախ ըլլալու դրսեւորում եւ անկախութեան ճանաչման տանող քայլ:

Երեւանի քայլերն ու յայտարարութիւնները միաժամանակեայ ձեւով ուսումնասիրուած են եւ տեղին: Այժմ կը պահանջուի համագործակցիլ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ եւ մշակել փաստաթուղթ Երեւան-Ստեփանակերտ փոխօգնութեան ռազմական պայմանագիր: Ընթացակարգը հետեւեալն է. երկու հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնները կը մշակեն միացեալ նախագիծ առաջադրուած պայմանագիրին. ապա երկու կողմերը կը քննարկեն այդ պայմանագիրի կէտերը, կը կատարուին պէտք եղած լրամշակումները եւ երկու հայկական հանրապետութիւններու Ազգային ժողովները կը վաւերացնեն զանոնք:

Հիմա բնական հարց կը ծագի: Ռազմական մակարդակի վրայ մինչ այդ, առանց պայմանագիրի իրողականօրէն տեղի չէ՞ր ունենար յատկապէս միակողմանի կամ ընդհանրապէս փոխադարձ օժանդակութիւն: Խնդիրը բնականաբար եղածը իրաւականացնելու եւ այդ իրաւականացման ընթացքին Արցախի Հանրապետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած պետութեան մը կողմէ համահաւասար դիրքերու վրայ կայացած համաձայնագիրի կնքումի հարց է: Ինչ որ` դեռ չամրագրուած իրականութեան մը իրողութիւնն է:

Նախագահին օգտագործած բառերը պատահականութիւն չեն. խօսքը միակողմանի օգնութեան մասին չէ. նախ իրաւական առումով երկու գերիշխան պետութիւններու միջեւ կնքուած որեւէ համաձայնագիրի համահունչ է. երկրորդ` նաեւ ըստ էութեան, Արցախի անվտանգութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխիքներու անքակտելիութիւնը կը շեշտէ: Որքան Հայաստանի Հանրապետութիւնը անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղի, նոյնքան Լեռնային Ղարաբաղը` Հայաստանի Հանրապետութեան:

Պէտք է անպայման յիշել, որ Դաշնակցութիւնը վաղուց իր առաջադրանքներուն մէջ բանաձեւած էր ի պահանջել հարկին ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ: Ի պահանջել հարկի պահն է փաստօրէն եւ ըստ էութեան առաջադրուած պայմանագիրի առաջին բաղադրիչն է, որ կը կայանայ այս ձեւով: Ընթացակարգը ներառած է ուրեմն նաեւ քաղաքական բաժին, որ դէպի ճանաչում յաջորդ կարեւոր քայլերուն մաս կը կազմէ:

Այս ամփոփ յայտարարութեան մէջ բանաձեւուած է նաեւ իրաւական հիմքը` նման քայլի երթալու: Յաչս միջազգային ընտանիքին Արցախը ինքնորոշուած է եւ անկախացած. անկախ հանրապետութիւն կը նշանակէ անկախ ոչ միայն Ազրպէյճանէն, այլ նաեւ որեւէ երկրէ, ընդ որում նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն: Բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային ընտանիքին որոշումով իբրեւ կողմ բանակցելու իրաւունք ստացած է: Եւ իբրեւ բանակցող կողմ յայտարարած է, որ նման քայլի դիմելու իրաւունքը ունի, երբ ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնը լուռ կերպով կը վտանգուի Ազրպէյճանի դրսեւորած յարձակողապաշտութեան դիմաց:

Համապատկերը հետեւեալն է. Պաքուն կը սպառնայ միջազգային ընտանիքին, որ եթէ բանակցային ձեւաչափը չփոխուի եւ գոյավիճակը պահպանուի, ինք իր պատկերացուցած տարբերակով` պետական ռազմաահաբեկչութեամբ կը լուծէ իր առջեւ դրուած խնդիրը: Մինչ Հայաստանի Հանրապետութեան այլընտրանքը` ազրպէյճանական ահաբեկչական գործողութիւնները շարունակուելու պարագային իրաւական է:

Միջազգային ընտանիքին նկատմամբ այլընտրանքային գործողութիւններու առումով ազրպէյճանական պահուածքը ահաբեկչական է, մինչ Երեւանինը` իրաւական:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>