Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Յուշերու Շարքէն. Վերջին Քայլերգը (ՄԿՀ-ի Հիմնադրութեան 90-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

ՄԿՀ-ի երգչախումբը 1957-ի ամավերջի հանդէսին օրը Խմբավար պրն. Վ. Պէտէլեան բեմին վրայ Բեմէն վար, կեդրոնը նստած` տնօրէն Բիւզանդ Եղիայեան

ՄԿՀ-ի երգչախումբը 1957-ի ամավերջի հանդէսին օրը
Խմբավար պրն. Վ. Պէտէլեան բեմին վրայ
Բեմէն վար, կեդրոնը նստած` տնօրէն Բիւզանդ Եղիայեան

Մելգոնեանի մեր ուսանողութեան տարիներուն հաստատութեան ներքին կեանքի երաժշտական երեսը կը յատկանշուէր արտադասարանային երեք տարբեր գործունէութեամբ` երգչախումբ, նուագախումբ, փողերախումբ: Առաջինը` երկսեռ, միւս երկուքը` գրեթէ արական: Աշակերտներէն շատեր կամովին մաս կը կազմէին երեքին  ալ, քանի որ փորձերու խաչաձեւում չկար: Պատճա՞ռը: Շատ պարզ: Երեք խումբերն ալ կը վայելէին ղեկավարութիւնը նո՛յն անձին, որուն համբաւը արդէն իսկ սփռուած էր սփիւռքի տարածքին` որպէս վաստակաւոր երգահանի, ուսուցիչի, խմբավարի:

Պրն. Վահան Պէտէլեանը:

Քիչ չէ թիւը բոլոր այն երանելիներուն, որոնք անխոնջ այս մշակին շունչէն ու քրտինքէն օգտուեցան եւ իրենց ասպարէզը հիւսեցին գեղարուեստական այս մարզին մէջ: Մեզի՛ եւս վիճակուեցաւ իրեն աշակերտելու բախտը: Մելգոնեանի հողին վրայ, մեր կօշիկները դեռ փոշի չտեսած, նոթաներու նոր աշխարհ մը բացուեցաւ մեր առջեւ` մասամբ մեղմելով այրող կարօտը ա՛լ ծովեր անդին գտնուող մեր ծնողներուն: Գիշերօթիկի անմեղունակ ու անգիտակից այդ կեանքի լեցո՛ւն պահերէն եղան անոնք, երբեմն ֆութպոլէն ու փինկ փոնկէն ա՛լ աւելի հաճելի:

Ջութակի, սրինգի, փողի եւ այլ գործիքներու հետ, ամէն մէկուս նախասիրութեան կամ կարողութեան համաձայն, պրն. Պէտէլեանը երաժշտութեան այբուբենը կը զետեղէր մեր ճղճիմ մատներուն վրայ` իր հմտութիւնը բաշխող օրինակելի համբերութեամբ ու բարութեամբ:

Շատ չանցած, ատակ մեր շնորհները հրահրուած` անդամ կը դառնայինք նուագախումբերուն ու բեմ կը բարձրանայինք միամիտ պարծենկոտութեամբ: Քանի մը տարիէն արդէն «վարպետ» նուագողներ կը դառնայինք, երբ շրջանաւարտութեան վկայականները մեր ձեռքին, աղի արցունքներով հրաժեշտ կու տայինք մեր պաշտելի հաստատութեան: Հէգ Պէտէլեանը կը մնար ետին թողուած գործիքներու մխիթարութեանը մէջ, զերոյէն կրկին լծուելու` նորեկները թրծելու անխուսափելի աշխատանքին: Նուիրեալ ուսուցիչի բարոյական պարտքն էր այդ, ոչ միայն մեր մեկնումէն գոյացած բացը թուաբանօրէն գոցելու եւ նուագախումբը «ողջ» պահելու, այլ նաեւ` նո՛ր սերունդ մըն ալ աւելցնելու երաժշտական հակում ունեցող սաներու շարանին:

Մեր դասարանի տղաքս, բոլորն ալ առանց բացառութեան գործիք մը սորված ըլլալով, շատեր` քանի մը տեսակ, արդէն իսկ հիմնած էինք «դասարանի նուագախումբ»-ը: Տարի մը, բացառիկ երեւոյթ արդարեւ, զո՛ւտ դասարանային մեր ուժերով ներկայացուցինք հանդիսութիւն մը` նուիրուած Ալեքսանդր Սպենդիարեանի կեանքին ու գործին: Նուագեցի՛նք, խմբերգեցի՛նք, մեներգեցի՛նք, բանախօսեցի՛նք: Ես սորված էի փողերու երկու տեսակները (cornet եւ horn), բայց յայտագիրի ինքնուրոյնութեան սիրոյն, պրն. Պէտէլեանը ինծի վստահեցաւ նուագախումբին ղեկավարութիւնը, եւ ինքն ալ վարէն դիտեց ու ծափահարեց…

Երեք այս խումբերէն ամէնէն քաշողականը, սակայն, հաստատութեան երգչախումբն էր, որուն փորձերը տեղի կ՛ունենային աղջկանց շէնքի երաժշտութեան սենեակին մէջ: Տղայական չարաճճիութիւն մը կը քշէր մեզ հոն, «արգիլեալ գօտի»-ի այդ սահմանէն ներս, աղջիկներուն հետ աչք-աչքի, ժպիտ-ժպիտի փոխանակումներ կորզելու, խօսելու, խնդալու, կատակելու, «փլաթոնիք», անմեղ, բայց երբեմն ալ` չափազանց աղմկալի, հանդարտաբարոյ Պէտէլեանին համբերութիւնը պայթեցնելու աստիճան… Է՜հ, ի՜նչ ընես, երբ զիրար տեսնելու ընկերային ա՛յլ առիթը, դասապահերու լրջութենէն դուրս, կեդրոնական լայն բակին ցանկապատերով անջատուող հեռաւորութեան վրայ, երեկոյեան ճեմելու անբաւարար պահն էր…

Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ տարիներ ետք, ժամանակի փոփոխութեան հետ, այդ ցանկապատերը պիտի վերնային եւ տղայ-աղջիկ թէ՛ պիտի ճեմէին, թէ՛ պիտի ճաշէին միասին` արդիական պայմաններու յարմարելու փորձով:

Ինչե՜ր չի յիշեցներ մեզի մագնիսական այդ սենեակը` իր սեւ երկու պատերով, որոնց երկայնքին, նոթայի գիծերուն վրայ, երբ չգոյ էր դեռ բազմագրութեան մեքենան, պրն. Պէտէլեանը օրեր առաջ, ի գին թեւի ցաւերուն, տող առ տող ընդօրինակած կ՛ըլլար նոր խմբերգի մը ամբողջական չորս ձայները` սոփրանօ, ալթօ, թենոր, պաս: Երբ երգչախումբը հաւաքուէր սենեակին մէջ, աղջիկները` առջեւը, տղաքը` ետեւը, պրն. Պէտէլեանը, առոյգ, կայտառ, փութկոտ քայլերով մուտք կը գործէր դասարան, մէկ ձեռքին` ջութակի տուփը եւ միւսին` պայուսակը: Բոլորս ոտքի կ՛ելլէինք, շարժական աթոռներու խլացուցիչ աղմուկով, բնազդական մեր յարգանքը արտայայտող «Բարե՛ւ, պարոն» խմբերգով:

Համակրելի մարդ էր պրն. Պէտէլեանը: «Պապայակա՛ն», անո՛ւշ, ազնի՛ւ, կարգ մը ուսուցիչներու, յատկապէս հերթապահներու խիստ վերաբերումը մեղմող տեսակէն, սփոփարար նոր թթուածին սրսկելով գիշերօթիկի մեր հոգեբանութեան եւ տրամադրութեան վրայ: Տուփը եւ պայուսակը կը դնէր սեղանին վրայ, մէկուն մէջէն կը հանէր նշանաւոր իր ջութակն ու աղեղը, միւսէն` իր նոթատետրերը: Թաւշանման փոքր լաթը ձախ ուսին եւ կզակին մէջտեղը տեղաւորելէն ետք, նոր խմբերգին եղանակը ջութակով ծայրէ ի ծայր կը նուագէր: Յետոյ գործիքը կը դնէր արմուկին տակ եւ շրթները կլորցնելով` մեղմօրէն կ՛երգէր խմբերգին բո՛ւն եղանակը, առհասարակ սոփրանօներուն մասը, անսեթեւե՛թ, պա՛րզ, մաքուր մթնոլորտ մը սփռելով դասարանին մէջ: Այսպիսով կը սկսէր խմբերգի ուսուցման արարողութիւնը, յամառ կրկնութիւններով, մինչեւ որ կարգը գար միւս ձայներուն: Անկարելի էր երկրորդ էջը անցնիլ` առանց իւրացնելու եւ կատարելագործելու առաջին մասը, Պէտէլեանի բծախնդրութիւնը գոհացնելու չափ:

Պահը կը վերջանար արդէն եւ անհամբեր կը խուժէինք դուրս, այս անգամ ֆութպոլի դաշտին վրայ «ձիգ տալ»-ու, «Շուշօ»-ն ու «Պճինկօ»-ն… Երբեմն անհամ բառերով խառն… կոլ մը կերած ըլլալու կամ փախցնելու պարագային:

Այս խումբին ալ ճակատագիրը ետ չէր մնար նուագախումբէն, երբ մեծերու մեկնումէն ետք նորեկներուն առջեւ կը բացուէր պարպուած աթոռները գրաւելու առիթը, պայմանաւ որ անոնք ունենային ե՛ւ լա՛ւ ձայն ե՛ւ լաւ ականջ…

ՄԿՀ-ի նուագախումբը` խմբավար պրն. Վ. Պէտէլեանի ձողիկին տակ, 1958

ՄԿՀ-ի նուագախումբը` խմբավար պրն. Վ. Պէտէլեանի ձողիկին տակ, 1958

Երգչախումբի փորձերը գլխաւորաբար կը ձգտէին յաջողութեամբ պսակել տարուան եզրափակիչ ձեռնարկը` աւանդութիւն դարձած «Տարեկան համերգ»-ը, հայ եւ օտար հասարակութեան, երբեմն մինչեւ իսկ Բրիտանիոյ կառավարիչի ներկայութեան: Սրահը կը յորդէր համակիրներու հաւատարիմ եւ անհամբեր բազմութեամբ: Պէտէլեանը երբ բեմ ելլէր, իրե՛ն կը կապէր սրահը` իր սուր ըմբռնողութենէն բխող վարպետութեամբ, հոգիներուն հետ խօսելու եւ զանոնք թրթռացնելու առանձնայատկութեամբ, հայ երգի անդաստանը հրամցնող իր նուրբ մատներուն կախարդական շարժումներով: «Պրաւօ՜», «պի՜զ» կը տեղային չորս անկիւններէն, մէն մի խմբերգի աւարտին, խո՛ւմբի մը, որուն անդամները տակաւին 13-18 տարեկան, իրենց կեանքի մատղաշ գարունը կ՛ապրէին երգեցողութեան ծիլ ու բողբոջ դասարանին մէջ…

Հարկաւ, մինչ մենք կղզիի մէջ կղզիացած մեր կեանքով սեփական մեր աշխարհը ունէինք, անգիտակից ու անտարբեր` դուրսի եղելութիւններուն, Կիպրոսը անդին, 50-ական թուականներու կէսերուն, քաղաքական իր ամէնէն տագնապալի օրերը կ՛ապրէր, բրիտանացիներու դէմ յոյն կիպրական ԷՕՔԱ գաղտնի կազմակերպութեան ազատագրական պայքարէն ստեղծուած ընդհանուր խառնաշփոթութեան եւ անապահովութեան մէջ: Կղզին կ՛եռար ու կը մխար, ամէնօրեայ աշակերտական ցոյցերով, բողոքներով, ոստիկանական միջոցառումներով, ահաբեկչութիւններով, ձերբակալութիւններով ժողովուրդը մխրճելով յոռետեսութեան եւ ահ ու սարսափի մէջ:

Մեր աւարտական տարին` 1959-ին, պրն. Պէտէլեանը օր մըն ալ երբ դասարան եկաւ, փորձը չսկսած, սա անակնկալ յայտարարութիւնը կատարեց:

– Ձեզի կարեւոր լուր մը պիտի տամ: Ուրեմն, Կիպրոսի անկախութեան հիմնադրութեան արարողութեան, Կառավարիչի Տան մէջ, հրաւիրուած ենք երգելու «Կատ սէյվ տը քուին» քայլերգը, պաշտօնապէ՛ս, վերջին անգամ ըլլալով կղզիէն ներս, մի քանի խմբերգներէ ետք: Ասիկա մեծ պատիւ մըն է մեզի համար` թէ՛ Մելգոնեանին, թէ՛ գաղութին, թէ հայերուս համար: Հպա՜րտ եմ, հպա՜րտ եմ: Ջանա՛նք մեր լաւագոյնը ընել` արդարացնելու համար այս հրաւէրը… Ձե՛զ տեսնեմ…

Որքան տեղին էր Պէտէլեանի այս հաստատումը, երբ, անտարակոյս, տրամաբանօրէն, այս հրաւէրը դիւրաւ կրնար ուղղուած ըլլալ այլ հասցէի` կա՛մ անգլիական եւ կա՛մ ալ տեղական երգչախումբի մը:

Հարկաւ այս քայլերգը նորութիւն մը չէր մեզի համար: Միշտ կ՛երգէինք ձեռնարկներու աւարտին` որպէս պետական քայլերգ, քանի որ Կիպրոս կղզին տակաւին կը գտնուէր բրիտանական տիրապետութեան տակ եւ անոր երգեցողութիւնը բնական պահանջ ու պարտադրանք կ՛ենթադրէր ամէնուրեք:

Անսովոր խանդավառութիւն մը կլանեց մեզ: Կառավարիչի տունը (այժմ` Կիպրոսի նախագահական պալատ), անհասանելի վայր մը կը նկատուէր մեզի համար: Անոր պատկերը, սեւ ճերմակ, տեղական թերթերու մէջ կը տեսնէինք յաճախ, կառավարիչ Սըր Հիու Ֆութը  պաշտօնական մարդոց հետ, բայց մեր երեւակայութեան սահմաններէն դուրս կը մնար մեր ալ կարգին օր մը շնչելու անոր սուղ օդը, ճարտարապետական իր գեղեցիկ կառոյցին տակ:

Հասաւ պատմական օրը: Օրուան գլխաւոր լուրն էր: Տարիներ տեւող խլրտումներէ ետք, կողմերու միջեւ գոյացած համաձայնութեամբ, Կիպրոս կը դառնար անկախ պետութիւն, բրիտանական դրօշը իր տեղը կուտար նորաստեղծ հանրապետութեան դրօշին եւ Մելգոնեանի երգչախումբը իր վկայութիւնն ու ձայնը կը միացնէր պատմական արարողութեան…

Նիկոսիոյ նեղ պողոտաներէն պարտապանաց «Պետֆորտ» օթոպիւսներու մէջ թխմուած` պալատ բարձրացող ոլոր մոլոր ծառուղիին վրայ, լայնաբաց մեր աչքերը նեղլիկ պատուհաններէն կը հետախուզէին դուրսի անգլիական մաքրութիւնն ու կարգապահութիւնը, բնութեան գեղեցկութեան հետ հիացում առթելով բոլորիս: Քիչ մը կանուխ հասանք հոն, վայրին ընտելանալու եւ վերջին փորձ մը կատարելու համար: Պատշաճօրէն դիմաւորուեցանք եւ առաջնորդուեցանք պալատին վերնայարկը, գմբէթի կից փոքր պատշգամը, ուրկէ կ՛երեւէին յետնամասի ընդարձակ պարտէզները, մարգագետինը եւ կամարաձեւ սիւները:

Արարողութիւնը եւ ընդունելութիւնը բացօթեայ ըլլալուն` նշմարելի էին պաշտօնական հիւրերը: Հոն առաջին անգամ ըլլալով տեսանք Մակարիոս արքեպիսկոպոսը, որ պետութեան ղեկը ձեռք պիտի առնէր որպէս առաջին նախագահ եւ կիպրացի թուրք ղեկավարը` տոքթ. Ֆազըլ Քիւչիւքը, որ կը դառնար փոխ-նախագահ: Օրուան ճառերէն ետք, երբ կարգը մեզի եկաւ, պալատի բարձունքէն սկսանք բարձրաձայն հնչել դարեր ճեղքած երգը, շինականին սրտի տրոփը շեփորող մեր գանձերը, անմահն Կոմիտասի «Հորովել»ը, մեծանուն Կանաչեանի «Տալիլօ»-ն եւ ժողովրդական «Հոպինա»-ն, որուն արական մենակատարումը տրուած էր ինծի… Կարծես «Ձայն մըն էր, որ կը հնչէր Էրզրումի հայոց լեռներէն»… Վարէն, ժողովուրդին ելեկտրականացած նայուածքները քաշելով դէպի վեր, քար լռութեան եւ կեդրոնացումի մէջ: Հենտըլի «Հալելուիա»-ն  շեփորելէն եւ երկարատեւ ծափերէն ետք, կարգը եկաւ դրօշի արարողութեան եւ քայլերգին…

Վերջին քայլերգը…

Ո՜հ, ինչ յուզում եւ ապրում դրինք մեր մեկնաբանութեան մէջ: Կարծես մեր ազգային քայլերգը ըլլար ատիկա:

Նիկոսիոյ աստղածորան գիշերուան քնքուշ զեփիւռին թեւատուր, անոր սօսափիւնին հետ «Կատ սէյվ տը քուիւն»-ին մէն մի բառը, «Send her victorious, happy and glorious»… տարտղնուեցան հոս ու հոն, ներկաներուն հոգիներէն մինչեւ պարտէզի աննշան քարին ու բոյսին վրայ մաղելու օրուան խորհուրդը: Մինչ բրիտանական դրօշը յամրօրէն կը սահէր վար` հրաժեշտ տալով պալատին, տարիներու ծածանումէն ետք:

– Ապրի՛ք, ապրի՛ք…- շշնջաց Պէտէլեանը` յատնապէս գոհացած:

Մեր առաքելութիւնը աւարտած` մեզ առաջնորդեցին վերնայարկի ընդարձակ մէկ սենեակը, որուն կեդրոնը լայնատարած սեղանի մը վրայ ճոխ ուտելիքներու շարանը ապացոյց էր գործնական գնահատանքի: Հրաւիրեցին մեզ ընտրելու եւ ճաշակելու, ինչ որ կ՛ուզէինք, որքան որ կրնայինք: Ամչկոտ ու քաղաքավար` զգուշացանք յարձակում գործելէ սեղանին վրայ, ինչ որ սովորաբար եւ «սովահար» տեղի կ՛ունենար հաստատութեան ճաշարանին մէջ, օրուան դասերէն կամ խաղերէն ետք:

Շատ չանցած` ներս մտան կառավարիչը` Սըր Հիու Ֆութը եւ իր կինը: Մեծ եղաւ իրենց զարմանքը, երբ նկատեցին մեր ձեռքերուն պարապութիւնը: Տէր եւ տիկին, մէկական լեցուն ափսէ վերցնելով սեղանէն, սկսան մէկ առ մէկ մեզի սպասարկել «Փլիզ, հելփ եուրսելվզ, թենք եու» կրկնելով շարունակ: Ի՜նչ գեղեցիկ առաքինութիւն է համեստութիւնը, որքան շնորհալի, նոյնքան յարգելի` մարդկային յարաբերութիւններու բնականութեան եւ բանականութեան սիրոյն…

Ո՛չ միայն հայ երգը անգամ մը եւս թնդաց օտար հասարակութեան առջեւ, պատմական այդ արարողութեան, ո՛չ միայն հայկական երգչախումբի մը վստահուեցաւ «վերջին քայլերգ»-ի երգեցողութիւնը, ո՛չ միայն երկրին բարձրագոյն անձնաւորութիւնը` կառավարիչը, ափսէ ի ձեռին մեզ պատուեց ու բարձրացուց, այլեւ անգամ մը եւս մեր մէջ նորոգուեցաւ հայ ծնած ըլլալու հպարտութիւնը եւ մեր պաշտելի բարերարներուն հոգիները ցնծացին իրենց մեծ տեսլականի իրականացման ճամբուն վրայ:

Տեղին է նշել, թէ առաջին անգամը չէր, որ հայերը կը փայլէին Կիպրոսի մէջ: Տարիներով միշտ լաւագոյններէն եղած են, եթէ ոչ առաջինը` արհեստներու մէջ, առեւտուրի եւ վաճառականութեան մէջ, երաժշտութեան մէջ, մարզականի մէջ, բայց ժամանակի սահանքին հետ եւ մրցակցութեան անգութ ցանցին մէջ, ափսոս, շա՜տ, շա՛տ բան փոխուեցաւ կացութենէն ու մեր ձեռքէն մէկիկ մէկիկ սկսան հեռանալ այդ բոլորը:

Հիմա անցած են յիսուն եւ աւելի տարիներ այդ օրէն: Ամէն անգամ որ առիթով մը կը գտնուիմ նախագահական պալատին պարտէզը, նայուածքս բնազդաբար կ՛ուղղեմ այդ պատշգամը, կը թեւածեմ յիշողութեանս հետ, յուզումով կը մտաբերեմ ձայնակիցներս, օթոպիւսը, սեղանը, ափսէն… ապա կը նայիմ աւելի վե՜ր, դէպի երկինք եւ անջրպետի անսահմանութեան մէջ կը փնտռեմ սրբադէմքը մեր սիրելի խմբավարին, անզուգական Վահան Պէտէլեանին, քաղցր ժպիտը` երեսին, բարակ ձողիկը` ձեռքին եւ անբաժան ջութակը` ուսին…

14 փետրուար 2016
Նիկոսիա


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>