Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Ռազմական Յանցագործութիւններ Եւ Քրէականացման Առաջադրանքներ (Գ.)

$
0
0

Justice_41016

Թալիշի անզէն բնակչութեան դէմ կիրարկուած ժամանակակից ահաբեկչութեան յարիր եւ  անոր ձեռագիրը կրկնօրինակելու դէպքերը կարելի չէ մասնակիացնել եւ առանձնացնել: Թալիշը ունի իր պատմական եւ մօտ անցեալի հիմնաւորումները` Սումկայիթէն Կիրովապատ, Պաքու եւ Մատաղիս, անցնելով Պուտափեշտէն, քաղաքացիին զինուորական համազգեստ հագցնելով ռազմական գերի դարձնելու եւ ֆիզիքական չարչարանքներու ենթարկելու իրողութիւններէն, մինչեւ իսկ վարժողական ծրագիր իրականացնող ուղղաթիռ խփելէն եւ նահատակուած զինուորներու դիերն ու աճիւնները չյանձնելու մերժողական կեցուածքներէն: Այս վարքագիծին մէջ կը ներառուի նաեւ քնացած պահուն հայ զինուորի կացինահարումը, ոճրագործին արտայանձնման համար գումարներ տրամադրելն ու ապա ամէն պայմանաւորուածութիւն խախտելով զայն հերոսացնելը:

Այս բոլորը ստուար հատոր մը կը կազմեն Պաքուի պետական քաղաքականութեան միջազգային օրէնսդրութիւնը շրջիվար խախտելու, անպատժելիութեան հիմունքով շարունակելու ամէն տեսակի սանձարձակութիւն ինչպէս քաղաքական, այնպէս նաեւ զինուորական գործողութիւններու ընթացքին:

Այս բոլոր պատերազմական իրաւախախտումները այնքան շատ են, այնքան յատկանշական Պաքուի վարքագիծը բնութագրելու տեսակէտէն, որ պատերազմական ոճիրի վերաբերող իրաւադրոյթներուն մէջ կարելի է նման արարքները բանաձեւել իբրեւ ազրպէյճանական ռազմաահաբեկչութիւն. կամ աւելի պարզ ըսելաձեւով` ալիեւեան ոճիր: Եւ այսուհետեւ աշխարհի տարածքին պատահելիք որեւէ նման դէպքի լուսաբանման համար յղում ընել ալիեւեան ոճիր անունին տակ քրէական յօդուածին` բացատրելու համար տուեալ դէպքին յանցագործ բնոյթ ունենալը եւ իբրեւ այդպիսին ընկալումը` միջազգային օրէնսդրութեամբ:

Ժընեւեան ուխտ փաստօրէն գոյութիւն չունի Պաքուի համար: Պաքուն իրեն համար մշակած է յատուկ ուխտեր, որոնց հիման վրայ ալ կը շարունակէ գործել թէ՛ քաղաքականօրէն եւ թէ՛ պատերազմական գետնի վրայ:

Եւ ինչպէս Պաքուն քաղաքական գետնի վրայ նկատի չ՛ունենար միջազգային ընտանիքին կողմէ որդեգրուած բանակցային ձեւաչափը եւ անընդհատ գործընթացը տեղափոխելու նկրտումներ կը դրսեւորէ, ինչպէս չի յարգեր հրադադարի համաձայնագիրը, ինչպէս կը խախտէ տակաւին օրեր առաջ կայացած զինադուլի պայմանաւորուածութիւնը, ինչպէս կը հակասէ արտայանձնումի օրէնքը եւ պատիժի կրումի շարունակականութիւնը, այնպէս նաեւ զինուորական գործողութիւններու ընթացքին կը ռմբակոծէ դպրոցներ, հիւանդանոցներ, Արցախ-Ազրպէյճան շփման գօտիէն բախումները կը տեղափոխէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ պետական սահմանագիծ եւ սահմանամերձ գիւղեր, կը հակասէ ռազմագերիներու վերաբերող միջազգային օրէնքին:

Նախքան ապրիլեան պատերազմը զինուորական իրավիճակին մասին խօսելով, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը կը յայտարարէր սանձահարման եւ զսպման գործողութիւններու դիմելու հայկական որոշումը: Ազրպէյճանական վերջին նախայարձակողականութեան դիմաց հայկական կողմի սանձահարումն ու զսպումը համահունչ էր յայտարարուածին:

Այժմ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի նաեւ սանձահարելու պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին իրաւախախտումներու եւ պետական ահաբեկչութիւն իրականացնելու Ազրպէյճանի վարքագիծը: Զինուորական գործողութիւններու ընթացքին այն բոլոր իրաւախախտումները, զորս կատարեցին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը տեղեկահաւաքելու, իւրաքանչիւրին հակասութիւնը պատերազմի վերաբերող տուեալ օրէնքին հետ ընդգծելու, թղթածրար ամբողջացնելու եւ Ազրպէյճանի զինուորական քրէական ահաբեկչական դիմագիծն ու ձեռագիրը միջազգայնացնելու խնդիր ունի հայկական կողմը:

Այստեղ զուգահեռ աշխատանք կայ նաեւ դիւանագիտական-քաղաքական մակարդակներու վրայ` ձախողեցնելու պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման անհեթեթ եւ խորքին մէջ անպատժելիութեան մթնոլորտի ստեղծումով ազրպէյճանական յանցագործութիւնները քաջալերող ապադիրքորոշումները:

Ազրպէյճանական կողմը ի՛նք պէտք է հրթիռակոծէ իր գիւղերը, ի՛նք պէտք է ռմբակոծէ իր դպրոցներն ու դարմանատուները, որպէսզի կարենայ «փաստ»-եր հաւաքել պատասխանատուութեան համահաւասարեցման համար նիւթ տրամադրելու:

Հայ իրաւագիտական միտքը անպայման կ՛ուսումնասիրէ Ժընեւեան ուխտին կողմէ հակամարտող կողմերու յանձնառութեան համապատասխանող օրէնսդրութիւնը, օրէնքի կիրարկման ամրութիւնը եւ ռազմական յանցագործը միջազգային դատարանին առջեւ կանգնեցնելու օրինական հիմքերը: Փաստերու խնդիր չկայ. մասնագիտական մօտեցումի` այո՛, պետական ահաբեկչական արարքները օրէնքին կողմէ քրէականացնելու:

Ազրպէյճանը իբրեւ պետական ահաբեկչական միաւոր միջազգայնացնելու հրամայականին առջեւ ենք ազգովին: Ասիկա ինքնին կը նպաստէ արցախահայութեան ինքնորոշուելու եւ անկախանալու պահանջին օրինական արդարացիութիւնը:

Աշխարհը այսօր, թէկուզ տարբեր ընկալումներով պատերազմ յայտարարած է ահաբեկչութիւններու դէմ: Ազրպէյճանը Արցախի մէջ փաստացի օրինակներ տուած է ահաբեկչական ձեռագիրները կրկնօրինակելու եւ ստեղծելու ազրպէյճանական ռազմաահաբեկչութեան բնորդ:

Այս դիմագիծի բացայայտումը, շեշտումն ու միջազգայնացումը հայկական կողմին օրակարգային խնդիրն է. ընդհուպ հարցին մինչեւ միջազգային դատարան առաջնորդումը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles