Անցնող օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած գործողութիւնները ետ մղուեցան, եւ Ազրպէյճան այնպիսի պատասխան ստացաւ, որուն պատճառով ոչ միայն մեծաթիւ կորուստներ ունեցաւ, այլեւ չյաջողեցաւ վերջնականապէս գրաւել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող որեւէ դիրք, ստիպուած եղաւ քանի մը անգամ զինադադար խնդրել, գնդակահարել իր իսկ նահանջող զինուորները ու պայթեցնել սահմանագիծի վրայ գտնուող կամուրջները` հայկական ստորաբաժանումներուն յառաջխաղացքը դադրեցնելու համար:
Ազրպէյճան պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններով, ծանր հրետանիի օգտագործումով եւ հայկական տարածքներ գրաւելու հեռանկարով կը միտէր նախ պատերազմական սպառնալիքի գործօնը օգտագործել` ներքաղաքական արեւելում ապահովելու եւ բռնատիրական իր վարչակարգէն ու երկրի տնտեսական ծանր վիճակէն դժգոհ իր ժողովուրդը լռեցնելու համար:
Վերջին շրջանին Արցախի միջազգային ճանաչման գծով արձանագրուող յաջողութիւնները ձեռնտու չէին Ազրպէյճանին, ուստի նման սադրանքով մը Ալիեւ կը յուսար խանգարել Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներն ու Արցախի հետզհետէ բարգաւաճող կեանքը:
Նախայարձակ Ազրպէյճանի այս քայլին մէջ յստակօրէն կ՛արտացոլայ նաեւ թրքական գործօնը:
Թուրքիան Սուրիոյ մէջ իր ձախողութիւններուն դիմաց ղարաբաղեան խաղաքարտի օգտագործումով կը ջանար խախտել հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնն ու անուղղակի նամակ մը յղել Ռուսիոյ` հնարաւորինս մեղմացնելու Թուրքիոյ նկատմամբ ռուսական պատժամիջոցներն ու վերյիշեցնելու տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն ունենալու (թէկուզ` միայն բացասական) իր հանգամանքը:
Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի անմեղ բնակչութեան դէմ ի գործ դրուած ոճրագործութիւններն ու ազերիական հորդաներու յանցագործական արարքները խլելով հանդերձ անմեղ քաղաքացիներու, հայրենասէր հայ զինուորներու կեանքեր, բախեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի ուժեղ հակահարուածին ու վասն արդարութեան համայն հայութեան միասնական պոռթկումին:
Հայրենիքին համար իր գերագոյնը զոհած հայ զինուորին սխրագործութեան ի տես` համայն հայութիւնը օրհասական այս պահուն մէկ բռունցք դարձաւ, հարիւրաւոր կամաւորներ, կղերական, զինուորական կողք-կողքի անվարան ճակատ փութացին: Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր ժողովուրդը միասնական հակազդեցութեամբ դատապարտեց ու միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց Ազրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւնները:
Հայութեան համախմբումն ու միասնական պայքարը ոգեւորիչ ուժ դարձան Արցախի մարտնչող բանակին ու մեր ժողովուրդը, յաճախ հիասթափուելով միջազգային հանրութեան թոյլ արձագանգէն, վերահաստատեց, որ «թուղթէ շերեփ»-ի օրերը անցեալին կը պատկանին, եւ ինք «երկաթեայ շերեփ»-ով, իր սեփական ուժերուն վստահելով կը պաշտպանէ հայրենի հողը:
Աւելի քան ողջունելի է միասնական այս պայքարը, որ իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդի զաւակներուն խոնարհումն է Արցախի հերոս նահատակներուն յիշատակին ընդառաջ:
Զ. Պ.