Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Քաղաքակրթական Տարբերութիւններ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այսօրուան իրավիճակը` անցնող եօթը օրերու իրավիճակէն տարբեր է:

Այսօր մենք իբրեւ հաւաքականութիւն քանի մը քայլ վեր ենք արդէն:

Այսօր մեր քաղաքակրթական վարքագիծը նոր ոստում արձանագրած է:

Բնաւ մտածեցի՞նք, որ հայ զինուոր մը օր մը կրնայ 92 տարեկան պապուկ մը նստած տեղը սպաննել եւ անոր ականջները կտրել…

Բնաւ մտածեցի՞նք, որ հայ սպայ մը կամ զինուոր մը, վիրաւոր վիճակով, անձնական նուիրումով կ՛ազատէ իր ընկերները եւ ինքզինք պայթեցնէ ու սպաննէ հակառակորդները: Նուիրումի, զոհողութեան եւ մարտունակութեան ի՜նչ աստիճան կրնայ ըլլալ:

Սփիւռքի ամէնէն փոքր գաղութներէն մինչեւ ամէնէն կազմակերպուածին հակազդեցութիւնը յոյս եւ շունչ կու տայ բոլորիս: Խորքին մէջ հայութեան կազմակերպուած եւ միասնական ուժն է ասիկա: Բոլորս ալ մենք մեզ ռազմաճակատի վրայ կը զգանք: Բոլորս ալ զինուոր էինք:

Վերջին տարիներուն, երբ Հայաստան կ՛այցելէինք, հոս ու հոն դժգոհութիւններ կը լսէինք, նոյնիսկ ըսող կ՛ըլլար, որ այսօր եթէ բան մը պատահի, նոյն նուիրումը եւ զոհողութիւնը չեն ցուցաբերուիր:

Առաջին ժամերէն արդէն մթնոլորտը եւ թափը ուրիշ էր: Ամէն բան մոռցուած էր: Միակամ, միասնական, նուիրուած, սերունդները համախմբուած եւ բոլորը Արցախին հետ միաձուլուած` նոր քաղաքակրթութիւն մը կերտեցինք:

Մոռցուեցաւ ամէն բան: Երկրորդական եղան բոլորը: Առաջնահերթութիւնը հայրենիքի կանչն էր:

Կամաւորներուն մէջ ինծի համար ուշագրաւ էր նաեւ սուրիահայերուն կեցուածքը: Տագնապէ տագնապ անցնող, բայց հայրենիքին համար նուիրուող այդ մատղաշ տղոց միայն սէր եւ յարգանք կրնաս տալ:

Փաստօրէն պատերազմը մեզ զօրաւոր կը դարձնէ: Բոլորս ալ մենք մեզի զինուոր կը զգանք: Բոլորին զաւակները մեր զաւակներն են: Ապրած են, տեսած են, վայելած եւ շնչած են ազատ Հայաստանն ու Արցախը, այդ պատճառով ալ աւելի զօրաւոր ենք: Անկախութեան եւ ազատութեան արժէքը գիտցող սերունդը այսօր պիտի պաշտպանէ մեր Արցախը` շատ աւելի ինքնավստահ ու վճռական:

Քաղաքակրթութեան տարբերութիւնը այս է: Այսպէս պէտք է կռուիլ եւ այս իմաստով դժուարութիւնները յաղթահարել: Պատմութիւնը կ՛ապրինք այսօր, ապահով զգանք, որ սերունդներու օղակը անքակտելի է եւ մշտավառ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>