ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ
Դժուար է հաւատալ, թէ արդէն չորս տարիներ անցած են այն օրէն, երբ Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի անդամ Ռազմիկ Մնացականեան կը ներկայացնէր խմբակի առաջին հաւաքին նիւթը` Վահան Տէրեան, 19 փետրուար 2012-ին: Քիչեր համոզուած էին, որ հաւաքներու շարքը կրնայ գոյատեւել. շատեր դիտել կու տային, որ այսօրուան երիտասարդը գրականութեամբ հետաքրքրուած չէ, լեզուն դժուար կը հասկնայ, եւ որ մեր գրականութեան մէջ շօշափուած նիւթերը ընդհանրապէս մատչելի չեն այսօրուան երիտասարդին: Ի հարկէ այս բոլորը կրնան ճիշդ ըլլալ. սակայն բնաւ պատճառ պէտք չէ ըլլան չփորձելու, ջանք չթափելու, երբ նպատակին` հայ երիտասարդին եւ հայ գրականութեան միջեւ կամուրջ ստեղծելու կարեւորութեան հաւատացողը կայ: Եւ ահաւասիկ այդ փորձը իր արդիւնքը կը շարունակէ տալ մինչ օրս. Տէրեանէն անցանք դէպի Հ. Սահեան, Ա. Ահարոնեան, Սիամանթօ, Ա. Ծառուկեան, Գ. Էմին, Պ. Դուրեան, Յ. Թումանեան, Յ. Շիրազ, Վ. Դաւթեան, Գ. Զօհրապ, Յ. Պարոնեան, Զ. Եսայեան, Զ. Ասատուր, Ջիւանի, Վ. Շուշանեան, Դ. Վարուժան, Ռուբէն Զարդարեան…
Շարքը երկար է գրողներուն, որոնց ստեղծագործութիւններն ու գրական յատկանիշները ներկայացուցին գաղութիս գրասէր երիտասարդները, անցած երեսունհինգ հաւաքներուն ընդմէջէն, մերթ ընդ մերթ մասնակից դարձնելով նաեւ մեր խոստմնալից փոքրերը: Զրուցեցինք բազմաթիւ նիւթերու շուրջ, ներառեալ` հայոց լեզուի անցեալը, ներկան ու ապագան եւ այսպէս, հաւաքները իրենց թեւերը լայն բացին ընդգրկելու համար մեր գրականութեան բոլոր խաւերը` արեւմտեան, արեւելեան թէ սփիւռքեան. կարգը հասաւ Գէորգ Ճորճ Աբէլեանի:
Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, կիրակի, 13 մարտի յետմիջօրէին սկիզբ առաւ Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հինգերորդ տարեշրջանի առաջին հաւաքը` իբրեւ նիւթ ունենալով գրող եւ ուսուցիչ Գէորգ Ճորճ Աբէլեանի գրականութիւնը (1941-2011): Աբէլեան կու գար Քեսապէն` իրեն հետ բերելով նաեւ Այնճարի շունչը. զարմանալի չէր ուրեմն, որ ութսունէ աւելի ներկաներուն մեծամասնութիւնը Քեսապէն կամ Մուսա Լեռէն սերած գրասէրներ էին, որոնց մէջ էր այս առիթով Թորոնթօ ժամանած հեղինակին քոյրը` Անահիտ Աբէլեան-Թութիկեան: Ներկայացնողն էր Թորոնթոյի ծնունդ, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը յաճախած, ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի խմբապետուհի եւ երկարամեայ անդամ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբին` Ռուբինա Սարգիսեան: Ռուբինա ուսում ստացած է Թորոնթոյի համալսարանին մէջ եւ մօտ ապագային խօսելավարժութեան (speech therapy) պիտի հետեւի. ծնողքը կու գան Քեսապէն:
Հաւաքին բացումը կատարեց գրական յանձնախումբի եւ Գրասէրներու խմբակի անդամ Ռուբէն Ճանպազեան. ապա գրակալին ետեւ անցաւ Ռուբինա Սարգիսեան: Ան ժամակագրական կարգով, սահիկներու օգնութեամբ եւ վերլուծական բացատրութիւններով սկսաւ ներկայացնել Գէորգ Աբէլեանի կեանքն ու գրական գործունէութիւնը` զուգահեռներ գծելով հեղինակին շօշափած նիւթերուն եւ այսօրուան իրականութեան միջեւ, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի Քեսապի իրադարձութիւններուն եւ իսլամացուած հայերու դառն վիճակին: Ռուբինա սկսաւ Աբէլեանի ծննդավայր Քէօրքիւնայէն համայնապատկերով մը ու հանգրուան առ հանգրուան հանդիսատեսը փոխադրեց դէպի Աբէլեանի աշխարհը: Անդրադարձաւ ուսուցչական ասպարէզին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, «Սփիւռք», «Բագին», «Ազդակ» եւ այլ հրատարակութիւններու մէջ ունեցած անոր երկարամեայ վաստակին: Ռուբինա նշեց Աբէլեանի գիրքերը` իւրաքանչիւրին մասին հակիրճ բացատրական մը տալով, ինչպէս` «Աննա հարսը», «Մաքարոնի թիլէկ թիլէկ», «Ցկեանս նահատակութիւն», «Քոյրիկս մի ծախեր, մա՜մ», «Նետենք-բռնենք», «Պէյրութ», «Աղբարի՛կ, ափիկ մը ջուր», «Հելէ, հելէ, հելէ Քեսապ»:
Պարբերութիւններ կարդալով` օրինակներ տուաւ անոր պարզ ու հաղորդական լեզուին, երգիծախառն գրելաոճին, բարբառի գործածութեան եւ կեանքի կոչած հերոսներուն, որոնք վերապրող հայու յամառութեամբ կառչած կը մնային հողին, ընտանեկան սրբութիւններուն: Ռուբինա Աբէլեանը կը ներկայացնէ նաեւ իբրեւ վաւերագիր` նշելով, թէ ինչպէ՛ս Սուրիոյ զանազան շրջանները պտտելով` ան գրի առած է իսլամացուած հայերու պատմութիւններ: Առաւել, անդրադարձաւ անոր հեքիաթներուն` մեր առջեւ պարզելով բազմակողմանի գրողի մը կերպարը, գրող, որուն գրիչը, սակայն, անժամանակ ընդհատուեցաւ, նախքան հասնիլը Հայոց ցեղասպանութեան առիթով մտադրած իր նպատակակէտին` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր պատմուածքներուն թիւը հարիւրի հասցնելու, ի յարգանս մեր նահատակներուն:
Հանդիսավարը հրաւիրեց ներկաներէն Սիրվարդ Միքայէլեանը. ան կարդաց յատուկ շնորհակալական նամակ մը, որ ղրկուած էր հեղինակին կնոջ եւ զաւակներուն կողմէ, Այնճարէն, ուղղուած` Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին: Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի գնահատական խօսքին յաջորդեց տոքթ. Անի Հասըրճեանի խօսքը. ան ներկաներուն հետ բաժնեց իր յուշերը` իր քիմիագիտութեան եւ հայերէնի ուսուցիչ Գէորգ Աբէլեանի մասին: Ապա Յակոբ Ճանպազեանն ու Մուշեղ Գարագաշեանը իրենց յուշերը պատմեցին ներկաներուն: Մեղեդի Էթիեմեզեան գրական յանձնախումբին կողմէ Նիկողոս Սարաֆեանի «Վենսենի անտառը» հատորէն օրինակ մը նուիրեց Ռուբինային` առ ի գնահատանք անոր տարած բծախնդիր աշխատանքին:
Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբի անդամակցութենէն ի վեր Ռուբինայի մէջ հայ մշակոյթին հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը սկսած է աճիլ. ան շատ խանդավառ է Գրասէրներու խմբակին մաս կազմելով եւ ներկայ գտնուող երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը` կ՛ըսէ, որ իր ներկայացումով ինք կը յուսայ ներշնչել երիտասարդները, որ հայերէն կարդան եւ մաս կազմեն խմբակին: Գնահատական խօսքերով վերջ գտաւ հաւաքը. անգամ մը եւս կեանքի կոչուեցան Գէորգ Աբէլեանի գործերը, այս պարագային` Գրասէրներու խմբակի նորագոյն անդամ Ռուբինա Սարգիսեանին կողմէ: Գրատարած յանձնախումբին կողմէ գիրքերու վաճառքը շարունակուեցաւ, մինչ ոմանք սուրճի շուրջ կը շարունակէին Աբէլեանի մասին իրենց զրոյցը: