Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Ռազմական Բաժինը (Բ.)

$
0
0

UAV-40816

Հայկական բանակի մարտունակութեան անգերազանցելիութիւնը ենթակայական կամ կողմնակալ գնահատական չէ: Ռազմագիտական հանդէսներու մէջ հրապարակուած նիւթերը, ռազմագէտներն ու պատերազմներու վերլուծաբանները գերմարտունակութեան ընդգծումներ կատարած են այս առումով: Հայկական զինեալ ուժերու հրասայլի բաժանմունքի համապատասխան մրցումներուն մասնակիցները գրաւած են ընդհանուր արդիւնքներուն առաջին հորիզոնականները:

Աշխարհը ականատես դարձաւ 21-րդ դարու գերժամանակակից ռազմարդիւնաբերութեան նմուշներու օգտագործման, յատկապէս օդային հարուածներու, անօդաչու սարքերու յաճախակի շրջագայութիւններուն: Պարզ դարձաւ պատերազմի եղանակի որոշակի փոփոխութիւն: Ցամաքային ճակատումներն ու դիրքերու փոխգրաւումները տեղի ունեցան ոչ անպայման օդային հարուածներու ենթահողի ձեւաւորումով ցամաքային ճամբայ հարթող մարտավարութեան, այլ անօդաչու սարքերով թիրախներ խփելով տեղաշարժեր ապահովելու միջոցով: Նկատելի դարձաւ մարդկային գործօնի ազդեցիկութեան նուազում: Մինչ մարտունակութիւնը պայմանաւորուած է զուտ մարդկային գործօնով:

Պատերազմական արհեստագիտութեան գերյագեցուածութիւնը պարտադիր է. ժամանակները կը փոխուին եւ երկիրները կը զինուին նաեւ ըստ իրենց զինեալ ուժերու մարտունակութեան. յայտնապէս Ազրպէյճանը պէտք ունի հեռակառավարուող համակարգերու եւ սարքերու: Փաստ է, որ համեմատած հայկական ուժերուն, անոնք կը կռուին իրենց համար անկենդան եւ գուցէ նաեւ նշանակութիւն չունեցող տարածքներու համար. քանի մը անգամ նաեւ կոչեր հնչեցին լեզկիներէն եւ թալիշներէն` չմեկնելու սահմանագիծ եւ չկռուելու պատերազմի մը համար, որ իրենցը չեն սեպեր: Բայց խօսքը այս մասին միայն այդ ազգաբնակչութիւններուն չի վերաբերիր, այլ նաեւ թաթար ազրպէյճանցիներուն:

Այս բոլորով հանդերձ, թարմացուող տուեալներով իսկ հակառակորդին պատկանող 12 անօդաչու սարքերու ոչնչացման մասին հայկական պաշտօնական լրահոսին հաստատումով, ա՛յս առումով եւս արցախեան գերակայութիւնը կը շեշտուի: Խոցուած ուղղաթիռներ, ոչնչացուած անօդաչու սարքեր, շարքէ դուրս եկած հրասայլեր: Այս բոլորին հանրագումարը համեմատած հայկական կորուստներուն շատ աւելին են եւ կը խօսին հայկական կողմի պաշտպանական համակարգին ապահոված գերակայութեան մասին:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ որոշ վերահաշուարկներու խնդիր չկայ. այդ հարցը ամէն մարդէ առաջ համապատասխան գերատեսչութիւններու պատասխանատուները իրե՛նք գիտեն եւ կ՛ընեն արդէն: Վերլուծումներուն մէջ երեւցաւ նաեւ այն բաժինը, որ ապրիլեան պատերազմական արարը փորձարկումի նպատակ կը հետապնդէր եւ ազրպէյճանական կողմը փորձարկումով նոր զինատեսակներու դիմաց հայկական պաշարներու համարժէքութեան մասին գաղափար պիտի կազմէր. բնականաբար զինանոցէն դուրս չեկան բոլոր ռազմագործիքները:

Բացայայտ է, որ օգտագործուած են բազմաթիւ անօդաչու ժամանակակից ռմբարկուներ` իսրայէլական արտադրութեան ղեկավարուող ռմբարկուներ` ընդգծելով, թէ ինչպիսի՛ առաջադրանք կ՛ուզէր իրականացնել Պաքուն:

Ամփոփելով եռօրեայ պատերազմի արդիւնքները` Արցախի նախագահը մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կը յայտարարէր, որ Պաքուի առաջադրած ռազմական գործողութիւնը չէ յաջողած, շնորհիւ Արցախի Հանրապետութեան զինեալ ուժերուն, հրամանատարական կազմին, Արցախ այցելած տարբեր կամաւորական ջոկատներու, տարբեր երկիրներէ իրենց նախնիներու կանչով արագ արձագանգած եւ Արցախի մէջ յայտնուած հայորդիներու եւ այդ ամբողջի դրսեւորումն է, որ կանգնեցուցած է Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած լայնածաւալ գործողութիւնները:

Նոյնքան յստակ է արցախեան կողմին համար, որ եթէ Ազրպէյճանը նորէն փորձէ խախտել հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը, արցախեան զինեալ ուժերը կ՛իրականացնեն յաջորդ անհրաժեշտ հակահարուածը, որ պիտի շարունակէ կազմել  Արցախի ռազմավարութեան հիմքը. մանաւանդ, երբ Արցախը գործ ունի պայմանաւորուածութիւնները անդադար խախտող հակառակորդի հետ:

Գերարդիական սարքերու օգտագործումով ազրպէյճանական կողմը պատերազմի այս արարին առաւել ցուցադրելու նկրտումներու մէջ էր. խոցուած են տասնեակ մը անօդաչու սարքեր` հայկական հակաօդային ուժերուն կողմէ: Իսկ ցամաքային առումով ազրպէյճանական զօրամիաւորումներուն մէջ փոփոխութիւն չկայ. երեւցած պատկերները հերթական անգամ կը խօսին արագօրէն փախուստ տուող, խուճապահար եւ իրենց ետին դիակներ ու վիրաւորներ լքող ու փախչող ազրպէյճանցի զինուորներու մասին: Հետեւողները տեսան նաեւ հակոտնեայ այլ պատկեր հայկական կողմին մօտ: Մինչեւ վերջին շունչ դիրքն ու զինակիցները պաշտպանող եւ իբրեւ վերջին գործողութիւն չյանձնուելու համար ինքնազոհութեան առանց տատամսումի քայլ առնող հայ զինուորի  ռազմաբարոյականութեան փառահեղ օրինակը:

Ուրեմն. հայկական զինեալ ուժերը ձախողութեան մատնած են լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկելու Պաքուի մեծ ոտնձգութիւնը: Կը թուի սակայն, որ վարագոյրը չէ իջած տակաւին Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագօտիին վրայ: Հակառակորդը մեծ ակնկալութիւններ ունի իր անօդաչու սարքերէն եւ շփման գիծերու վրայ մութին մէջ գործող արձակազէններէն: Երկու գործօններն ալ կապ չունին մարտունակութեան հետ: Հայկական ուժերուն մօտ կը շարունակէ անգերազանցելի մնալ մարտունակութեան գերակայութիւնը: Իսկ մարտունակութիւնը, գումարած պատերազմի կառավարման հմտութիւնը,  ռազմական փորձագէտներու իսկ հաստատումով բանակներու յաջողութեան համար աւելի առաջնային դիրք ունին, քան ռազմարհեստագիտութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>