Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Փոլ Գրիգորեանի Ընտրապայքարին
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւելեան Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի մասնաճիւղը որոշած է 3 մարտ 2020-ին տեղի ունենալիք Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն նեցուկ կանգնիլ անդամ Փոլ Գրիգորեանի վերընտրութեան:
Գրիգորեան թեկնածու է քաղաքին երկրորդ ընտրատարածքի աթոռին:
Մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Արտալճեան դրուատեց քաղաքին եւ յատկապէս քաղաքի հայութեան ի նպաստ Գրիգորեանին որդեգրած քայլերը` վստահեցնելով, որ Հայ դատը պիտի շարունակէ անոր հետ գործակցիլ շրջանի հայութեան կարիքներուն հասնելու համար:
Իր կարգին, մասնաճիւղի ատենապետ Վիգէն Սոնենց Փափազեան յայտնեց, որ Գրիգորեան 1990-ականներէն ի վեր մօտէն գործակցած է Հայ դատին հետ, յատկապէս` հայութիւնը քաղաքականապէս աւելի գործօն դարձնելու ջանքերուն մէջ, աւելցնելով, որ ինչպէս անցեալին, այս ընտրութիւններուն եւս Հայ դատը պիտի զօրակցի անոր ընտրապայքարին:
Յիշեցնենք, որ դեկտեմբեր 2009-ին Գրիգորեան պարտութեան մատնած էր իրմէ երեք անգամ աւելի ծախսած թեկնածուն` թափուր մնացած քաղաքապետական խորհուրդի աթոռի մը համար տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան, շեշտը դնելով քաղաքապետութեան ընթացքը բարեփոխութեան ենթարկելու կարեւորութեան վրայ: Ան առաջին հայն է, որ մաս կը կազմէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին:
Գրիգորեան կարեւոր դեր խաղցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պատմական քայլարշաւին կազմակերպումին ընթացքին քաղաքէն յատկանշական աջակցութիւն ապահովելու գործին մէջ` ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս-Երեւան եւ Լոս Անճելըս-Շուշի քոյր քաղաքներ համաձայնութիւններուն իրականացման մէջ` տարբեր առիթներով Հայաստան եւ Արցախ այցելելով:
Փոլ Գրիգորեան իր կեցուածքներով, իր արտայայտութիւններով, համայնքային կեանքին մէջ իր մշտական ներկայութեամբ, երիտասարդները քաղաքական ասպարէզ մղելու իր խրախուսանքով շահած է հայութեան զօրակցութիւնը եւ նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը ստանալու իրաւունքը:
Կարօ Քիւրէճեան Ընտրուեցաւ Ֆիլմորի Ոստիկանապետ
Վերջերս Քալիֆորնիոյ Ֆիլմոր քաղաքի իշխանութիւնները ոստիկանապետ նշանակեցին Կարօ Քիւրէճեանը, որ պիտի փոխարինէ Էրիք Թենըսընը:
Քիւրէճեան տնտեսագիտութեան մէջ պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, իսկ հանրային վարչութեան մասնագիտութեամբ մագիստրոսի վկայականը` Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն: Ան 25 տարիներու սպասարկութիւն ունի Վենթուրա գաւառի ոստիկանութեան մէջ` ստանձնելով շարք մը պատասխանատու պաշտօններ: Գաւառի տարածքին ունեցած գործունէութեան կողքին, ան աշխատած է նաեւ Թաուզընտ Օքս եւ Մուրփարք քաղաքներուն մէջ:
Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն Կ՛արժանանայ «Առողջապահութեան Կամուրջ»-ի «Մարդասիրութեան Մրցանակ»-ին
8 սեպտեմբերին Թահանկայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու դարմանումին աջակցող «Առողջապահութեան կամուրջ» բարեսիրական կազմակերպութեան ի նպաստ տարեկան 5-րդ ձեռնարկը:
«Արմատային կալա» անունով մկրտուած սոյն ձեռնարկին ընթացքին կազմակերպութեան «Մարդասիրութեան մրցանակ»-ը շնորհուեցաւ Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընին` իբրեւ գնահատանք կեանքեր փրկող այդ առաքելութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած երկար տարիներու նուիրումին:
Ցուցադրուեցաւ նաեւ Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկին գործունէութեան մասին պատմող տեսանիւթ մը:
Կամաւորներու ջանքերով գործող «Առողջապահութեան կամուրջ» կազմակերպութիւնը ցարդ կրցած է օժանդակութիւն ապահովել բազմաթիւ երեխաներու: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.bridgeofhealth.org կայքը, իսկ Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկին համար` www.abmdr.am կայքը:
Քուէյթ
Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը Ընդունեց ՀՕՄ-ի Քուէյթի Մասնաճիւղին Վարչութիւնը
24 սեպտեմբերին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՕՄ-ի Քուէյթի մասնաճիւղին վարչութիւնը: Հանդիպման ընթացքին հայր սուրբը անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի ընդհանուր առաքելութեան` բարձր գնահատելով Քուէյթի մասնաճիւղին գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում` յառաջիկայ ծրագիրներու շուրջ:
Քուէյթահայութիւնը Կը Խոստանայ Վերանորոգ Հաւատքով Եւ Յանձնառութեամբ Մասնակցիլ Հայրենիքի Պաշտպանութեան, Շինութեան Եւ Պահանջատիրական Պայքարի Սրբազան Աշխատանքներուն
20 սեպտեմբերին Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի նորանշանակ կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց իր անդրանիկ պատարագը, որուն ընթացքին, Հայաստանի վերանկախացման 28-ամեակին առիթով, տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք եւ օրհնուեցաւ Հայաստանի դրօշը:
Հայր սուրբը իր քարոզին սկիզբը վերանորոգեց իր ծառայական ուխտը` վերանորոգ հաւատքով ծառայելու ժողովուրդին թեմին մէջ: Ան նաեւ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` այս պատասխանատու պաշտօնը իրեն վստահելուն համար:
Ան յորդորեց ներկաները` շինելու մեր հոգիի խորանը` մեր եկեղեցին եւ Ազգային առաջնորդարանը, խոստանալով առաւել եւս ծաղկեցնել եւ պայծառացնել Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցին ու Ազգային առաջնորդարանը` զարկ տալով քրիստոնէական դաստիարակութեան, վերակազմակերպելով կիրակնօրեայ վարժարանը եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով երիտասարդութեան: Ան վստահեցուց, որ քուէյթահայութիւնը պիտի շարունակէ միասնաբար վերաշինել Քուէյթի Ազգային վարժարանը` զարկ տալով անոր կրթական ու դաստիարակչական առաքելութեան:
Հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի հիւրընկալ ժողովուրդին, պետութեան եւ անոր իշխանին` շէյխ Սապահ Ալ-Ահմատ Ալ-Ժապէր Ալ-Սապահին, որոնք տարիներ շարունակ ամէն տեսակի դիւրութիւններ ընծայած են հայութեան` ապրելու եւ աշխատելու Քուէյթի հողին վրայ:
Ապա անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` Հայաստանի վերանկախացման 28-ամեակին, ան շեշտեց, որ քուէյթահայութիւնը առաջին իսկ օրէն գործօն մասնակցութիւն բերած է հայրենիքի պաշտպանութեան, շինութեան եւ պահանջատիրական պայքարի սրբազան աշխատանքներուն եւ պիտի շարունակէ իր ամբողջական զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը բերել հայրենիքի կերտման սրբազան առաքելութեան: Այս առիթով հայր սուրբը վստահեցուց, որ հայ գաղութի եւ Հայաստանի դեսպանութեան գործակցութեամբ առաւել եւս պիտի ամրապնդուին զոյգ երկիրներու` Հայաստանի եւ Քուէյթի յարաբերութիւնները:
Պատարագի աւարտին հայր սուրբը շնորհաւորութիւնները ընդունեց Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:
Կիպրոս
Պատուելի Արիստոթէլիս Ցինօղլուի Այցելութիւնը
19 սեպտեմբերին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան ընդունեց Աւետարանական եկեղեցւոյ Կիպրոսի ներկայացուցիչ պատուելի Արիստոթէլիս Ցինօղլուի այցելութիւնը: Պատուելին ներկայացուցիչն է նաեւ Կիպրոսի մէջ համաշխարհային «ԱԿԱԲԻ» բարեսիրական միութեան եւ անդամ է Յունաստանի կառոյցին:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու համայնքներու աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութեանց մասին, ապա անոնք միասնաբար աղօթեցին աշխարհի խաղաղութեան եւ յատկապէս հիւանդներու բժշկութեան համար: Պատուելին սրբազան հօր խնդրանքին ընդառաջելով` իրենց հաւաքական աղօթքին ժամանակ մասնաւոր աղօթք պիտի կատարեն սրբազանի կողմէ առաջարկուած ծանր հիւանդութիւններէ տառապող քանի մը անձերու բժշկութեան եւ բարեյաջող վիրաբուժական գործողութեանց համար: Սրբազան հայրը իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց եւ խնդրեց, որ իր սիրոյ ողջոյնները փոխանցէ իր հաւատացեալներուն:
Ռումանիա
Պատգամաւորներու Պալատը Ընդունած Է 12 Հոկտեմբերը «Հայոց Լեզուի Օր» Հռչակելու Օրինագիծը
24 սեպտեմբերին Ռումանիոյ Պատգամաւորներու պալատին մէջ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ 12 հոկտեմբերը Ռումանիոյ մէջ «Հայոց լեզուի, այբուբենի եւ մշակոյթի օր» հռչակելու օրինագիծը:
Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սերգէյ Մինասեան հպարտութեամբ յայտնեց, որ ինք ներկայ գտնուած էր Ռումանիոյ մէջ «Հայոց լեզուի, այբուբենի եւ մշակոյթի օր» հռչակելու օրինագիծի քննարկման, որ միաձայնութեամբ ընդունուած է Պատգամաւորներու պալատին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի բոլոր անդամներուն, յատկապէս` օրինագիծը նախաձեռնած Ռումանիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորներ Վարուժան Փամպուքճեանին եւ Վարուժան Ոսկանեանին:
Մինասեան նաեւ յայտնեց, որ հանդիպում ունեցած է Ռումանիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Իոնմարչել Չիոլակուի եւ խորհրդարանին անդամներու հետ եւ քննարկած է յիշեալ օրինագիծը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին հանդիպումին համար` յոյս յայտնելով, որ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատը, հետեւելով ծերակոյտի օրինակին, կ՛ընդունի 12 հոկտեմբերը Ռումանիոյ մէջ «Հայոց լեզուի, այբուբենի եւ մշակոյթի օր» հռչակելու օրինագիծը: Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով Հայաստանի եւ Ռումանիոյ օրէնսդիր մարմիններու համագործակցութեան հեռանկարները` յատուկ կարեւորութիւն տալով երկու երկիրներու խորհրդարաններու միջեւ գործօն համագործակցութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան:
Յայտնենք, որ Ռումանիոյ ծերակոյտը 18 սեպտեմբեր 2019-ին միաձայնութեամբ ընդունած էր 12 հոկտեմբերը Ռումանիոյ մէջ «Հայոց լեզուի, այբուբենի եւ մշակոյթի օր» հռչակելու օրինագիծը:
Վրաստան
Հայաստանի Անկախութեան Նուիրուած Ընդունելութիւն
Կազմակերպութեամբ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 23 սեպտեմբերին Թիֆլիսի Շոթա Ռուսթաւելիի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն եւ տօնական համերգ` մասնակցութեամբ Հայաստանի պարի պետական համոյթին:
Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեան բացման իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին եւ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ անոր նշանակութեան: Ան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն մասին` միաժամանակ անդրադառնալով նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ձեռքբերումներուն:
Հայ-վրացական դարաւոր բարեկամութեան ծիրին մէջ դեսպանը անդրադարձաւ երկու եղբայրական ժողովուրդներու ընդհանրութիւններուն եւ այդ յարաբերութիւններուն մէջ վիրահայ համայնքին կամրջող նշանակութեան մասին:
Վրաստանի փոխվարչապետ, տարածքային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Մայա Ցքիտիշվիլի իր ելոյթին մէջ շնորհաւորելով հայ ժողովուրդը` մաղթեց բարգաւաճում եւ նորանոր յաջողութիւններ: Ան խօսեցաւ նաեւ հայ եւ վրացի ժողովուրդներու դարերու խորքէն եկող յարաբերութիւններուն եւ ընդհանրութիւններուն մասին:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի պարի պետական համոյթը անզուգական կատարումներով: