Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 17620 articles
Browse latest View live

Ալեքսանտրեթի Հայերը Տեղի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Մասնակցած Են Ճրագալոյցի Արարողութեան

$
0
0

Ալեքսանտրեթի (թրք. անուանումը` Իսքենտերուն) հայերը 2019 յունուար 5-ի երեկոյեան տեղի Քառասուն Մանկանց հայկական եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած են Սուրբ Ծննդեան նախօրէին կատարուող Ճրագալոյցի պատարագին, որ մատուցուած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Թաբաշեանի ձեռամբ: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:

Ըստ աղբիւրին, հոգեւորական Թաբաշեանը արարողութեան ընթացքին խօսած է սոյն տօնի նշանակութեան մասին` մասնաւորապէս նշելով.

«Յիսուս Քրիստոսը մեզի սէր տուած է: Աստուած կ՛օրհնէ սիրով կատարուած ամէն բան: Ձեր կեանքին մէջ պահպանեցէք սէրը, եւ մնացած ամէն ինչ դիւրին կերպով կը տրուի ձեզի: Թող աստուածային սէրը աւելնայ ձեր հոգիներուն մէջ»:

Պատարագէն ետք կատարուած է նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Քրիստոսի ծնունդը աւետող շարականներու ուղեկցութեամբ օրհնուած աղը, հացն ու ջուրը բաժնուած է տեղի հայերուն:

Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս տօնական ձեռնարկներու ընթացքին յայտնուած է Կաղանդ պապան եւ նուէրներ բաժնած` ներկայ մանուկներուն:


Յուշերն Անուշ Են

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Գիշերը բաւական յառաջացած էր, երբ տղաս մտաւ տուն: Հասկնալի է: Երիտասարդ է, եւ շաբաթավերջերը ընկերներով դուրսը անցընելը բնական է, սակայն իբրեւ ծնող` նաեւ բնական է մտահոգուիլը:

Քանի մը անգամ իր սենեակի դռնէն ստուգեցի, թէ վերադարձա՞ծ է, թէ՞ ոչ, եւ ամէն անգամ նշմարեցի, որ տակաւին դատարկ էր իր անկողինը:

Անզգալաբար քունի անցած էի, երբ արեւածագի  մօտ դարձեալ ստուգեցի եւ ուրախութեամբ նկատեցի, որ արդէն իսկ անկողին մտած եւ խոր քունի մէջ էր, ես ալ իմ կարգիս հանգիստ սրտով կրկին մտայ անկողին:

Յաջորդ օրը մտերմաբար հարցուցի. «Երէկ իրիկուն բաւական ուշացար: Ո՞ր ժամուն մտար տուն»:

Իր յայտնած ժամէն շատ աւելի ուշ, քանի մը անգամ ստուգած եւ նկատած էի, որ տակաւին չէր եկած: Ստախօս չէ, սակայն ակներեւ էր, որ այդ վայրկեանին չուզեց կամ չհամարձակեցաւ յայտնել տուն մտած ճիշդ ժամը, հաւանաբար` զիս չմտահոգելու նպատակով: Ժպտեցայ եւ չուզեցի հակաճառել: Իւղոտ պատառի մը նման` «կլլեցի» այդ սուտը, կամ` ինքնապաշտպանութիւնը, եւ միեւնոյն վայրկեանին մտովի վերադարձայ երիտասարդութեանս «խենթ» տարիները, երբ ես ալ իմ կարգիս ոչ միայն շաբաթավերջերուն, այլ գրեթէ ամէն գիշերպզտիկ ժամերուն տուն կը մտնէի:

Լիբանանի ոսկի տարիներն էին: Քաղաքացիական պատերազմ չէինք տեսած, եւ Պէյրութ քաղաքը օրական 24 ժամ արթուն էր: Ամէնուրեք եռուզեռ էր ու ապահով:

Ամէն անգամ երբ ուշ մտնէի տուն, բարի հայրս յաջորդ օր միեւնոյն հարցումը կ՛ուղղէր ինծի. «Երէկ իրիկուն բաւական ուշացար: Ո՞ր ժամուն մտար տուն»:

Բնականաբար կը խուսափէի ճիշդ ժամը յայտնելէ, եւ «միամիտ» հայրս զարմանքով կ՛արտայայտուէր. «Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ գալդ չեմ զգացած: Երեւի քունի անցնելէս անմիջապէս ետք մտեր ես տուն»: Կ՛ուրախանայի, որ կարողացած էի «խաբել» զինք:

Այդ օր արեւածագի մօտ էր, երբ տուն մտայ: Սուսիկ փուսիկ կը պատրաստուէի անկողին մտնել, երբ հայրս անկողնին մէջէն հարցուց. «Այսօր կանո՞ւխ գործի կ՛երթաս»:

Անակնկալ հարցում մըն էր: Չէի համարձակեր ըսել ճշմարտութիւնը, որ նոր տուն կը մտնեմ: Ստախօս չեմ, սակայն… ստեցի:

– «Այո՛, հայրի՛կ, գործերը շատ են եւ այսօր քիչ մը կանուխ պիտի երթամ գործի», ըսելով, տակաւին գիշերազգեստս չհագած, ելայ տունէն դէպի … «գործատեղիս»:

Տակաւին շատ կանուխ էր: Ո՞ւր կրնայի անցընել այդ քանի մը ժամերը:

Փորձեցի ինքնաշարժիս մէջ քնանալ: Առտուան ցուրտը թոյլ չտուաւ, որ կարենամ քունի անցնիլ: Այնքա՜ն զղջացի հետս ծածկոց մը կամ վերարկու մը բերած չըլլալուս համար:

Բարի եւ հասկցող հայր մը ունէի, որուն կարելի էր յայտնել ճշմարտութիւնը եւ քանի մը ժամ հանգստանալէ ետք մեկնիլ գործի: Բայց… զլացայ: Յաջորդ օր դարձեալ քաջութիւնը չունեցայ ըսելու ճշմարտութիւնը: Վստահաբար կռահեց, որ այդ ժամուն գործի չէի գացած:

Կարծելով, որ կարողացայ խաբել բարի հայրս, խաբեցի ինքզինքս: Ինքնաշարժիս մէջ քանի մը ժամ քնանալու անյոյս փորձերս տակաւին թարմ են յիշողութեանս մէջ:

Անսահման բարի անձ մըն էր հայրս, սակայն, ըստ երեւոյթին, այդքան ալ միամիտ չէր:

Ջղայնանալու, կամ բարկանալու պարագային, վստահաբար կացութենէն ոչինչ պիտի փոխուէր: Պիտի շարունակէի գիշերները բարեկամներով անցընել եւ ուշ տուն վերադառնալ: Երեխայ չէի, որ զիս պատժելով կարենար կարգի մտցնել:

Ինքզինքը «միամիտ» ձեւացնելով, առանց բարկանալու, այնպիսի ձեւով մը «պատժեց», որ մինչեւ օրս կը յիշեմ այդ ցուրտ օրը ինքնաշարժիս մէջ դողալով քնանալու փորձերս:

Այդ օր գործի գացի անքուն: Դժուար օր մը անցուցի: Տուն վերադարձիս անմիջապէս մտայ անկողին: Խոհեմ հայրս չփորձեց հետաքրքրուիլ այնքան կանուխ անկողին մտնելուս պատճառով: Շատ լաւ գիտէր: Լռելեայն խոստովանած էի յանցանքս, եւ ինք լռելեայն ներած էր իր «անառակ» որդին:

Վերը յիշած դէպքս պատմեցի տղուս: Խնդացինք, սակայն զինք զուարճացնելու  միտումով չէր, որ պատմեցի: Վստահաբար հասկցաւ, թէ` «Առակս զի՞նչ ցուցանէ»:

Անկեղծութիւն` զաւկի եւ ծնողքի միջեւ: Հասկցող հայր մը միեւնոյն ժամանակ պարտի ըլլալ նաեւ իր զաւկին ընկերը:

Հօրս օրինակին հետեւելով` միեւնոյն ձեւով վարուեցայ տղուս հետ: Լաւ գիտէի, թէ ո՛ր ժամուն տուն մտած էր: Արգելք հանդիսանալս կացութենէն շատ բան պիտի չփոխէր: Երիտասարդ է: Երիտասարդ էի նաեւ ես: Ինչ որ ներկայիս կ՛ընէ ինք, միեւնոյնը ըրած եմ ես, երբ իր տարիքին էի:

Սիրելի հայրս որբանոցներու մէջ հասակ առած եւ մեզ նման երիտասարդական «խենթ» տարիներ անցընելու առիթը չէր ունեցած, սակայն կը հասկնար, որ օրերը փոխուած են, իսկ այսօր` կը հասկնամ նաեւ ես, որ շատ աւելի փոխուած են օրերը:

Ներկայիս որքա՜ն դժուար է զաւակ դաստիարակելը: Այդ տարիներուն հօրս ամենամեծ մտահոգութիւնը նիւթական ապահովելն էր, որպէսզի կարողանայ հոգալ ընտանիքին կարիքները: Ներկայիս մարտահրաւէրները այնքա՜ն շատ են, իսկ փորձութիւնները` բազմատեսակ: Ամենախելօք զաւակն անգամ, գէշ ընկերոջ մը հետեւելով, դիւրութեամբ կրնայ ճամբէ շեղիլ: Մեր տարիներուն նոյնիսկ տեղեակ չէինք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «գէշ ընկեր»: Ներկայ օրերու նման` թմրեցուցիչի գործածութիւնը չէր ընդհանրացած: Այսօր նոյնիսկ օրինաւոր դարձուցած են անոր գործածութիւնը: Ոչ միայն օրինաւոր, նաեւ ծանուցումներով կը քաջալերեն, որ մարդիկ «վայելեն» այդ մահացու «դեղը»:

* * *

Պահ մը վերադառնանք Լիբանան, երբ մեր «խենթ» օրերու յուշերը փոխարինուեցան տարբեր տեսակի յուշերով:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներն էին: Ձմրան ցուրտ գիշերները կ՛անցընէինք պահակութեամբ: Հայկական թաղերը կը պաշտպանէինք: Եռագոյն դրօշ ծածանած զինուորական «ճիփ»-երով շրջուն հայ պահակները կը ստուգէին հայկական դիրքերը:

«Ամէն ինչ կարգի՞ն է, տղա՛ք: Բանի մը պէտք ունի՞ք»:

Տխուր օրեր էին, սակայն ներկայիս դարձած են անուշ յուշեր:

Այդ օրերուն, երբ պզտիկ ժամերուն տուն մտնէի, սիրելի հայրս հպարտութեամբ կը դիմաւորէր զիս: Որքան ալ վտանգաւոր, գիտէր, որ երիտասարդական «խենթ» հաճոյքներու համար չէր, որ ուշ կը մտնէի տուն, իսկ ես ճակատաբաց կը յայտնէի տուն մտած ճշգրիտ ժամս:

Անուշ օրերը յանկարծ վերածուեցան տխուր յուշերու: Քաղաքացիական պատերազմ, ծննդավայրէ ակամայ գաղթ` դէպի հսկայ ձուլարան, կեանքը վերսկսելու դժուար պայմաններ, սակայն լաւ կամ վատ օրեր… յուշեր են, որոնք դրոշմուած են մեր ուղեղին մէջ:

Տակաւին կը յիշեմ երիտասարդական «խենթ» տարիներս, մասնաւորաբար յիշողութեանս մէջ միշտ թարմ մնացած է այն օրը, երբ առանց իսկ անկողին մտնելու, անքուն, գացի գործատեղի, որովհետեւ քաջութիւնը չէի ունեցած հասկցող հօրս յայտնելու ճշմարտութիւնը:

Լոս Անճելըս, 2019

Վարձքդ Կատար, «Նորմա՛»…

$
0
0

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ Լիբանան այցելեց «Նորմա» փոթորիկը… փոթորիկ մը, որ ճերմակով պարուրեց լիբանանեան բոլոր գիւղերը ու ծարաւը յագեցուց լիբանանեան վտանգուած բազմադարեան մայրիին… փոթորիկ մը, որ ողողեց ճամբաները իր յորդառատ անձրեւներով, ու լիբանանցի ժողովուրդին ուշադրութիւնը քանի մը օր շեղեց կառավարութեան կազմութեան հիմնահարցէն, որ վերածուած է թնճուկի մը: Սակա՜յն… աւելի կարեւորը, ան ի յայտ բերաւ բազմազան խնդիրներ, որոնցմէ են` օրինազանցութիւնը, կաշառակերութիւնն ու չարաշահութիւնը:

Կառավարութեան հանգոյցը, ըստ երեւոյթին, դարձած է գորդեան հանգոյց… սակայն կ՛արժէ յիշեցնել, որ Աղեքսանդր Մակեդոնացին, «Գորդիոսի հանգոյց»-ը լուծեց սուրի մէկ հարուածով եւ դարձաւ Ասիոյ տիրակալը:

Ինչ կը վերաբերի «Նորմա» փոթորիկին, ան եղաւ խիզախ, յանդուգն, անկեղծ ու ճշմարիտ հիւր մը, որ բնութեան ճամբով բացայայտեց բաւական հսկայ «ճարպիկութիւններ»: Լիբանանի գետերը մի՛շտ կը յորդին, սակայն լիճեր չեն ստեղծեր` շէնքերը վերածելով արշիպեղագոսի: Շնորհիւ անոր ի յայտ եկաւ, թէ ոմանք նոյնիսկ խաղցած են գետերու հունին լայնքով եւ հոսանքին ուղղութեամբ: Ճամբաներ փուլ եկած են, արդեօք որո՞նք են այդ ճամբաներու վկայեալ ճարտարապետները եւ անոնց նեցուկ կանգնողները: Լիբանանեան ենթակառոյցի իրականութեան յայտնաբերումով, զանազան հարցումներու դուռ բացուեցաւ: Ան բացայայտեց նաեւ ծովեզերեայ հանրային կալուածի մը բռնազաւթման խնդիրը, որ անցեալ ամառ վերածուեցաւ անձնական կալուածի, եւ որուն համար օրին ժողովուրդը բողոքեց ու ճամբայ իջաւ, սակայն միայն «Նորմա» փոթորիկի ալիքներն էին, որոնք կրցան այս հարցին իրականութիւնը երեւան բերել:

Բարով եկար ու գացիր, սիրելի՛ «Նորմա»:

Հիւրընկալ Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը գրկաբաց կը սպասեն շաբաթավերջին ժամանող նոր փոթորիկն ու անոր յաջորդները:

Բնութիւնը սանձելն ու կաշառելը անհնար է:

 

 

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ակադեմիային Մարզիկները Այցելեցին ՔԱՀԼ-ի Ծերանոց

$
0
0

Շաբաթ, 5 յունուար 2019-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային մարզիկները Ս. Ծննդեան տօնին առիթով յատուկ այցելութիւն մը տուին ՔԱՀԼ-ի ծերանոց` իրենց հետ տանելով տարբեր տեսակի նուէրներ եւ ուտեստեղէն:

Անոնք ուզեցին իրենց ուրախութիւնը բաժնել հայ ծերունի պապիկներուն եւ մամիկներուն հետ:

Հանդիպումը ընթացաւ շատ ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, որմէ ետք ակադեմիային մարզիկները իրենց հետ բերած նուէրները տուին ծերունիներուն: Այնուհետեւ անոնք միասնաբար կատարեցին կարկանդակի հատում եւ խոստացան այլ առիթներով ալ այցելել ՔԱՀԼ-ի  ծերանոց:

The Adana Massacres Օսմանեան Երեսփոխան Յակոբ Պապիկեանի Ատանայի Կոտորածին Տեղեկագիրը` Անգլերէն

$
0
0

Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունը 2018-ի վերջին օրերուն լոյս ընծայեց oսմանեան խորհրդարանի անդամ Յակոբ Պապիկեանի Ատանայի կոտորածին նուիրուած տեղեկագիրին անգլերէն ամբողջութիւնը` դոկտ. Ա. Կիւրեղեանի թարգմանութեամբ:

Տեղեկագրին ամբողջական այս թարգմանութեան կողքին, 114-էջանի գիրքը ունի ընդարձակ ներածական մը, նաեւ` յաւելուածներ, որոնք կը վերաբերին Պապիկեանի` ատենի վարչապետին ուղղած հեռագիրներուն, Ատանայէն վերադարձին իր ունեցած հարցազրոյցներուն: Թարգմանիչը յաւելումներու բաժնին մէջ զետեղած է նաեւ քննարկումներ, որոնք կը վերաբերին` Ատանայի պատերազմական ատեանի պատիժներուն, արեւմտեան մամուլին արձագանգներուն, բնակչութեան, զոհերու եւ նիւթաբարոյական վնասներու վիճակագրութեանց, Թուրքիոյ թիւ 301 յօդուածին եւ եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեանի Թուրքիոյ վերաբերող 2010-2011-ի տեղեկագրին: Թարգմանիչը կը քննարկէ նաեւ Ատանայի կոտորածներուն ծրագրուած ըլլալու վարկածը եւ կը հաստատէ պետութեան մասնակցութիւնը ջարդերուն: Գիրքին վերջաւորութեան դրուած են նաեւ յաւելեալ ընթերցանութեան համար գրականութեան հարուստ ցանկ մը եւ անուանացանկ մը:

Տեղին է յիշել, որ 2018-ին Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսան չորս գիրքեր.

1.- «Սուրիոյ հայերը. գիտաժողովի նիւթեր» (24-27 մայիս 2015)/Armenians of Syria: Proceedings of the Conference (24-27 May 2015):

2.- Aghop Der Karabetian, «Armenian Ethnic Identity in Context: Empirical and Psychosocial Perspective»:

3.- «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», հտր. ԼԸ.:

4.- Hagop Babiguian, «The Adana Massacres: An Eyewitness Account»,  translated and annotated by Dr. A. B. Gureghian, foreword (and Overview) by Dr. A. B. Gureghian, 2018, 140 pages:

Վերոյիշեալ հատորները, ինչպէս նաեւ հրատարակչատունէն լոյս տեսած գիրքերը ունենալու համար կարելի է դիմել համալսարանի քարտուղարութեան:

 

Ողջոյն` «Զմմառու Ջահակիրներ» Թերթօնին

$
0
0

ԵՂԲ. ՆՇԱՆ ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ

21-րդ դարու տեղեկատուական ոլորտին մէջ հանրային ծառայութիւնը առաջնահերթ դիրքը կը գրաւէ, բայց եւ այնպէս պէտք է ընդունիլ, որ տպագիր մամուլը իր տեղը չէ զիջած եւ կը մնայ պատուանդանի վրայ: Արդ, օրըստօրէ լոյս կը տեսնեն բազում եւ բազմապիսի անուններ` ըլլայ օրաթերթերու  եւ կամ պարբերականներու: Ի տես այս իրականութեան` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան Ս. Միքայէլ  ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տարեգիրք «Կանչ հրեշտակապետին» 19-րդ համարի յաջող  թիւի մեծ ընդունելութիւն գտնելը խանդավառեց  համանուն կրթօճախի պատրաստողական տարուան կիսասարկաւագները, որոնց մտայղացմամբ եւ նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ «Զմմառու Ջահակիրներ» թերթօնը:

Ամսական դրութեամբ տպագրուելիք սոյն պրակի դեկտեմբերին լոյս տեսած առաջին թիւը բաղկացած է 12 էջերէ, որ նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն:

Կողքը զարդարուած է մեսրոպեան այբուբենով պատրաստուած տօնածառով, որուն ներքեւ կ՛աւետուի սոյն համարի լոյս ընծայման լուրը:

Երկրորդ էջին մէջ դպրեվանքի տեսուչ հօր` Գրիգոր վրդ. Պատիշահի ողջոյնի խօսքն է` թերթօնի ծնունդին ի տես:

Երրորդ էջին մէջ` փոխտեսուչ Տիգրան վրդ. Ֆիլիպպոսեանին ստորագրած  «Յիսնակաց շրջանը» ծիսական յօդուածը:

Այնուհետեւ հերթաբար ստորագրած են կիսասարկաւագները` Լեւոն կիս. սրկ. Ստեֆան`  «Ինչո՞ւ Ս. Ծնունդը կը նշենք դեկտեմբեր 25-ին»,

Վարդան կիս. սրկ. Ճալլուֆ`  «Ինքզինք Տիրոջ ընծայաբերել», Կարօ կիս. սրկ. Գլընճեան` «Ճանապարհորդութիւն, որ կ՛աւարտի երկրպագութեամբ», Պետրոս կիս. սրկ. Մարաշլեան Հատտատ` «Ձմեռ պապի` Ս. Նիկողայոսի վարքը»:

Նման թերթօններ կամ պրակներ կը նպաստեն հայ գիրի եւ գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթին տարածման ու ծաղկման:

Թերթօնին ծնունդը կը զուգադիպէր այն պահուն, երբ աշխարհը կը տօնէ Տիրոջ Ս. Ծնունդն ու Յայտնութիւնը:

 

ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովի Առիթով

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՕՀԱՆԵԱՆ

Ըստ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական կանոնների յօդուած 20-ի, «Ընդհանուր ժողովը ՀՅ Դաշնակցութեան կամքը ներկայացնող գերագոյն ժողովն է, որի որոշումները անառարկելի ու պարտադիր են կուսակցութեան բոլոր ժողովների, բոլոր մարմինների եւ բոլոր ընկերների համար: Ընդհանուր ժողովը գերագոյն պահակն է Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան եւ բարոյական ըմբռնումներին»:

Այս «պարտադիր» բառը որոշ ոչ կուսակցական շրջանակների կողմից անախորժ մեկնաբանութեանց տեղիք են տալիս` կարծելով, որ այդ պարտադրանքը գալիս է կուսակցութեան «վերնախաւից», եւ կամ մի ինչ-որ բռնակալի կամքն է, որ դրւում է կուսակցականների ուսերին: Մինչդեռ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի այս պարտադրանքը, ինչպէս որ միշտ էլ ասուել է, գալիս է «վար»-ից դէպի «վեր», եւ ոչ թէ` «վեր»-ից դէպի «վար», այսինքն Ընդհանուր ժողովը նախ լսում է շրջանների ընկերների ու մարմինների տեսակէտները եւ ի մտի ունենալով ամէնքի կարծիքները, պահանջներն ու դիտողութիւնները, ապա երկար մտքերի փոխանակումներից յետոյ կայացնում է իր որոշում, որը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ` ժողովի մասնակիցների ներքուստ լիարժէք համոզումների արդիւնք եւ ոչ թէ` նրանց պարտադրուածի հետեւանք:

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր հայրենի բնութեանը պատկանող 28 գետեր ու գետակներ լափին տալով իրենց ջրերը լցնում են Սեւանայ լիճը, որտեղ այդ ջրերի խառնուրդից առաջանում է Հրազդան գետը, որը որպէս կենսատու աղբիւր` իր ոռոգմամբ կեանք է պարգեւում Հայաստանին, այնպէս էլ աշխարհի զանազան վայրերում գտնուած ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերն Ընդհանուր ժողովի օրակարգը ստանալուց յետոյ իրենց քննարկումների բանաձեւերը ուղարկում են Ընդհանուր ժողով, որտեղ խառնուելով միմեանց հետ` նոր ծիլ են արձակում եւ վերջնական կերպարանք ստանալով` դառնում են դաշնակցական միտք ու կամք եւ որպէս կենսատու գետ` յորդում են դէպի շրջաններ եւ հիմք ծառայում իրենց գալիք գործունէութիւնների համար:

Ըստ Դաշնակցութեան աստիճանական կարգի սկզբունքների, բոլոր ընկերներն ու մարմինները պատասխանատու են իրենց գերադաս մարմիններին ու ժողովներին, սակայն Ընդհանուր ժողովը պատասխանատու չէ ոչ ոքի առջեւ, որովհետեւ ինքն է միակ հեղինակութիւնն ու իշխանութիւնը եւ իր կայացրած որոշումների ու վճիռների համար պատասխանատու է միայն հայոց պատմութեան առջեւ, իսկ շրջաններից ընտրուած ժողովին մասնակցող պատգամաւորները ժողովի ընթացքում ազատ ու անկաշկանդ են որեւէ կանոնագրային սահմանափակումից, եւ ոչ ոք չի կարող նրանց մտքի ու խղճի ազատութեան վրայ արգելք դնել եւ քուէի վրայ ազդեցութիւն բանեցնել:

Դաշնակցական բոլոր ժողովները, մարմիններն ու ընկերները պարտաւոր են քայլել այն ուղղութեամբ միայն, որ ճշդել ու սահմանել է Ընդհանուր ժողովը, իսկ ինքը` Ընդհանուր ժողովն, իր ընթացքը որոշում է առանց որեւէ պարտաւորութեան եւ ազատ ու անկախ կերպով:

Ահա այսպիսի ազատ ու անկաշկանդ պայմաններում է, որ ՀՅԴ-ի Ընդհանուր ժողովը իր «դաշնակցական» որոշումներն է կայացնում ի խնդիր հայ ժողովրդի բարօրութեան, ազատութեան եւ իր դարերի իղձերի իրականացման եւ վերջում որոշումների գործադրման համար ընտրում է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրօ:

Համաձայն ՀՅ Դաշնակցութեան ապակենտրոն սկզբունքների, ընդհանրական բնոյթ կրող քաղաքական որոշումների իրագործողը ՀՅ  Դաշնակցութեան Բիւրոն է, իսկ Հայաստանին եւ շրջաններին վերաբերող որոշումների իրագործողներն են Հայաստանի եւ շրջանների պատասխանատու մարմինները` Բիւրոյի հետ համախորհուրդ:

Նոր Ջուղա
8-1-2019

Հենրիկ Էդոյեանի «Հատընտիր»-ը*

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Աւելի քան տասնամեակ մը Խորհրդային Հայաստանի հրատարակչական գզրոցներուն մէջ մնալէ ետք, 1977-ին լոյս կը տեսնէր Հենրիկ Էդոյեանի «Անդրադարձումներ»-ը: Գործը քանի մը ամիս ետք ինծի կը տրամադրուէր Պօղոս Սնապեանի կողմէ` «Բագին» ամսագրին մէջ գրախօսուելու համար: Նոյն օրերուն ձեռքս կ՛անցնէր նաեւ Յովհաննէս Գրիգորեանի «Երգեր առանց երաժշտութեան» հատորը, եւ «Բագին»-ին համար յստակ կը դառնար, որ քերթողական նոր մտածողութեամբ բանաստեղծական նոր սերունդ մը կը կազմաւորուէր հայրենիքի մէջ, որուն մաս կը կազմէին յա՛տկապէս վերոյիշեալ երկուքը, առաւել` Արտեմ Յարութիւնեան, Արմէն Մարտիրոսեան եւ ուրիշներ: Ի՞նչ կը նշանակէր` «Երգեր առանց երաժշտութեան», կամ ինչպէ՞ս կարելի էր այդ ձեւով մօտենալ բանաստեղծութեան. փաստօրէն կը խնդրականացուէր բանաստեղծութեան յղացքը եւ թատերականացուած` անհեթեթ իրականութեան մը դիմաց հետզհետէ սեւ երգիծանքով մօտեցում մը կը գտնէինք: Իսկ Էդոյեանի «Անդրադարձումներ» խորագիրը կը մատնէր այս քերթողութեան անհատական կամ հաւաքական կենսափորձին ո՛չ թէ զգացական, այլ մտածողական-խորհրդածողական մօտեցումը, ուր բազմաթիւ յղումներ կային այլ մշակոյթներու առասպելներուն ու գրականութեան, յա՛տկապէս` յունականին:

Հասկնալիօրէն, սակայն` անընդունելիօրէն, այս շարժումին դէմ գրական հաստատութիւնը սուր պայքար կը բանար, որուն հետեւանքը որոշ երիտասարդներու հատորներուն տպագրութեան ուշացումն էր, սակայն այս կացութիւնը պատճառ կը դառնար նաեւ, որ այս տղաքը, գրաքննադատ Ա. Թոփչեանի հետ, յստակացնէին իրենց  ըմբռնումները եւ խորացնէին զանոնք: Այս քննարկումներու ծիրին մէջ Էդոյեան 1971-ին իսկ «Սովետական գրականութիւն» ամսաթերթին մէջ հրատարակած էր «Երկրորդ հնարաւորութիւն»-ը վերնագրով յօդուած մը, ուր կը շեշտէր արուեստի պայմանականութիւնը` օրինակ տալով օփերան եւ դիտել տալով, որ մարդիկ կեանքի մէջ երգելով չեն խօսիր, սակայն օփերայի մէջ երգելով կ՛արտայայտուին, եւ մենք կ՛ընդունինք զայն, ինչ որ օփերայի պայմանականութիւնն է, արուեստի՛ պայմանականութիւնը, եւ բանաստեղծը հարց կու տար. «Բայց մի՞թէ ամենապայմանական արուեստներից մէկը` պոէտական խօսքը պէտք է ընկալել իր ուղղակի իմաստով, ինչպէս անում են մեզ մօտ շատերը: Այս դէպքում մի թեթեւ շարժումով կարելի է ոչնչացնել ողջ պոէզիան, եգիպտական պապիրոսներից մինչեւ մեր ժամանակները»: Աւելի ուշ, երբ Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութեան արուեստին նուիրուած ուսումնասիրութեան  մէջ Էդոյեան կը վերլուծէ քերթողին պատկերի, առասպելի եւ փոխաբերութեան յարաբերութիւնները կամ «սինթետիկ արուեստը», կ՛անդրադառնանք, թէ Էդոյեան որքա՛ն խորունկ ծանօթութիւն ունի բանաստեղծական արուեստին, անոր տեսութեան ու մեքանիզմին:

Էդոյեանի մօտ կը հանդիպէինք հնչեակներէն, նոյնիսկ «սոնետների պսակ»-էն սկսեալ մինչեւ արձակի սահմաններուն հասնող ազատ տողերու, ուր իրականութիւնը լեզուի-արուեստի մակարդակին կը վերստեղծուէր, եւ միշտ ալ տուեալ կացութեան գիտակցումը, անդրադարձը կար: Այսպէս, ան պիտի ըսէր. Քո անունը եւ քո բառը առաջին/  խտանում են իմ օրերի անտառում, / անառարկայ ստուերներ են թափառում / եւ հանգչում են գիտակցութեան կամուրջին: /Ծառերն արագ բարձրանում են դէպի վեր, /քայքայելով սիրտը մարդու եւ հողի, /իսկ աչքերը որոնում են այլ ուղի / եւ իրենց մէջ յայտնաբերում նոր իրեր:

Հոն կը հանդիպէինք «Ֆլամինգօ»-ի պէս հնչեակներու, ուր թռչունին պատկերը ամէն տունի հետ կը կերպարանափոխուէր, կը վերայայտնուէր այլ համեմատութիւններով` նոր զգայնութիւններ փոխանցելով ընթերցողին:

794 էջ հաշուող «Հատընտիր»-ին մէջ տասնեակ մը հատորներէ բանաստեղծութիւններ կան, որոնց կարգ մը խորագիրներն անգամ թելադրական են, ինչպէս` «Պատկեր եւ կէսօր», «Երկրային ժամանակ», «Այժմ եւ միշտ», «Քայլեր եւ ստուերներ», «Երեք օր առանց ժամանակի», «Յենման կէտ» եւ այլն: Հոս երկու նիւթի կ՛ուզեմ անդրադառնալ գէթ այս սահմաններուն մէջ: Առաջինը սեփական կենսափորձի հարցն է, որուն յաճախ կ՛անդրադառնայ բանաստեղծը իր հարցազրոյցներուն ընթացքին, սակայն զայն պէտք է հասկնալ ոչ միայն առօրեայի առումով կամ ներքին կեանքի իմաստով, նոյնիսկ` երազանքով կամ երեւակայութեամբ ապրուած կեանքով, այլեւ` մտային մակարդակի, մշակութային ընկալումներու հարստութեամբ, որոնց հետ փորձառութեանց բաղդատութիւնները, յղումները, փոխաբերական պատկերները ներկայ են միշտ:

Երկրորդը ժամանակի գիտակցութիւնն է, նոյնիսկ` տագնապը կամ անձկութիւնը, ապրուող ներկայ պահուն առնչուած, կամ` անցեալին, որ ներկայ կրնայ ըլլալ ժամանակին հետ: Այսպէս, Էդոյեան կ՛արձանագրէ` «Ես վերադառնում եմ դէպի օրն իմ նախկին», քիչ ետք աւելցնելու համար` «Ես հեռանում եմ, հեռանում, որովհետեւ / ամէն վերադարձ նոյն շարժումն է առաջ, / եւ չկայ վերադարձ, այլ կայ միայն անցում»:

Հետզհետէ քաղաքային առօրեան կամ կենցաղը աւելի տեսանելի կը դառնան իր գործերուն մէջ, սակայն արագօրէն կը վերածուին փոխաբերական պատկերի կամ այլ իրականութեան, ինչպէս` շուկայէն վերադարձող երիտասարդ կինը, որ պատերազմի վեթերաններուն մէջ յուշեր, մարած ապրումներ կ՛արթնցնէ եւ ծառէն ինկած տերեւին մէջ կը չքանայ…

Այս հատորը թերթատելու ատեն պէտք չէ մոռնալ, որ աւելի քան կէս դարու վաստակ մը ունինք մեր դիմաց: Հոն երբեմն նոյնիսկ խոստովանական նկարագրի էջերու կը հանդիպինք, ինչպէս` «Գիշերուայ նախադրան առջեւ» գրութեան մէջ. «Մի ժամանակ այստեղ ես մենակ չէի,/ բայց այսպէս էլ կ՛ապրեմ, պառկում եմ քնելու / մեքենաների խուլ աղմուկի տակ – / «Իր երիտասարդութիւնը արդէն ապրեց նա», / «Այնքան հանգիստ է, կարծես մեռած լինի», / ես ձեւացնում եմ, թէ չեմ լսում նրանց,  / բայց իմ բարեկամները ինձ լաւ են հասկանում, / ես աւելի խորամանկ եմ, քան ցոյց եմ տալիս»:

Կամ այլուր պիտի գրէ. «Գնալով աւելի դժուար է դառնում / պոեզիա գրել / կամ ապրել` հայեացքդ աշնան նուրբ շողին / կամ Աւետարանի /  բացուած էջերին: Գնալով աւելի դժուար է քայլել / փողոցում, ուր չկան ծանօթ բարեկամներ, / եւ ամէն խօսք, / ամէն լռութիւն / դառնում է չարագուշակ  / մոռացութեան քող («Գնալով աւելի դժուար է դառնում»):

Հոս ուշադրութիւն պէտք է դարձնել, ինչպէս Էդոյեանի մօտ յաճախ կը պատահի, նախադասութիւնը կը շարունակուի յաջորդ տողին վրայ, խախտելով սահմանները արձակի եւ քերթողութեան, ինչ որ աւելի բնական կամ անմիջական լեզու մը կը ստեղծէ: Ճիշդ է որ ասոր ծանօթ ենք արեւմտեան, մասնաւորաբար ամերիկեան գրականութեան մէջ, բայց, կարծէք, ամէնէն յաջող կիրարկումներէն մէկը գտած է իր կողմէ հայաստանեան բանաստեղծութեան մէջ:

«Հատընտիր»-ը երկար տասնամեակներու ստեղծագործական աշխատանքի եւ պայքարի բեղմնաւոր արգասիքն է, որուն արդիւնքը մտածողական նկարագրով, ընդարձակ մշակոյթի մը արձագանգները բերող, ինքնուրոյն բանաստեղծութեան մը իրականացումն է:

————–

* Էդոյեան, Հենրիկ. «Ընտրանի», «Հայագիտակ», «Գիր» հրատ., Երեւան, 2016:

ՖԼԱՄԻՆԳՕ

Ամպերի միջից ելնում է նա դուրս,
երկու թեւեր է օդում նկարում,
նայում է մի պահ, յետոյ չքանում
ինչպէս քնի մէջ յայտնուող մի լոյս:

Թափառաշրջիկ երկնային, բայց կոյս,
մի ծաղիկ` բացուած քամու սահմանում,
նա իր գոյութեան թռիչքն է պահում
ծնուած օդային աշխարհի ոգուց:

Ներքեւ է իջնում երկնքից անխօս,
լճի վրայով ընթանում, ինչպէս
ջրերի վրայ քայլող Քրիստոս:

Շուրջը մի երգ է ծնւում մահուան պէս,
նա լուռ քաշւում է խորքում թեւերի,
ձուլւում հմայքին մեղեդիների:

ARS POETICA

Փողոցային լապտերների անշեղ լոյսերից
պատկերները խառնւում են, շփոթեցնում ինձ,
ես մի վայրկեան կարկամում եմ, բայց նոյն վայրկեանում
ինձ մի մեռած բանաստեղծի աչքերն են նայում:

«Շատ մի նայիր այդ լոյսերին,- ասում է նա ինձ,-
գեղեցիկը քո միջով է դառնում առօրեայ,
բայց նրա մէջ քո աշխարհը եթէ չմեռնի
մեծ աշխարհը քո խօսքի մէջ երբեք չի յառնի:

Թող իրերը քո մէջ խօսեն, ոչ թէ դու խօսես,
քո փոխարէն աշխարհն ինքը թող մօտենայ քեզ,
քո մի բառում թող յայտնուի տիեզերքը մեծ» –
պոետն ասաց ու ժպտալով ինձ ձեռքով արեց:

ԴԱ ՊԱՏԱՀԵՑ ՅՈՒԼԻՍԻՆ

Կինը վերադառնում է շուկայից, զամբիւղը
լցուած է մրգերով,
յոգնած է, կարծես թէ ոտքերն էլ ցաւում են,
արեւից դեղնել են այգու խոտերը, բայց նա
գալիս է շուկայից եւ անցնում այգու միջով,
զամբիւղի մէջ ծիծաղում են մրգերը, իսկ մազերը
թռչկոտում են, ճախրում, ինչպէս թռչուններ,
որոնք ճիւղերի միջից նայում են նրան
եւ աչքով անում, փողոցի անկիւնից
գալիս է մեքենան, բայց նրան տեսնելով
դառնում է եղջերու եւ երկար արտասւում
անտառի ծառերի մէջ, իսկ նա շուկայից
տուն է վերադառնում, անցնում այգու միջով,
ուր պատերազմի վետերանները տեսնելով նրան
անցեալն են յիշում եւ փնտռում զէնքերը,
իսկ երբ նա անցնում է` բոլորն էլ սպաննւում են,
բայց կինը վերադառնում է շուկայից, մարմնի մէջ
աղմկում է շուկան, վառւում են մրգերը թարմ,
վիճում են, վազվզում, յոգնած է, կարծես թէ
ոտքերն էլ ցաւում են, ցանկապատի մօտ
մի տերեւ ընկնում է ծառի վրայից,
եւ կինը մտնում է նրա մէջ, չքանում:

ՅԵՆՄԱՆ ԿԷՏ

Դու յենման կէտ ես փնտռում,
բայց նաւի վրայ ես դու,
իսկ նաւը` ջրի վրայ,
իսկ ջուրը` երկրի, որը սլանում է մոլեգին վազքով
տիեզերքի սոսկալի
ամայութեան մէջ: Դու յենման կէտ ես փնտռում
օրերիդ փոշու մէջ: Քո կեանքը մի օր է`
ծածկուած օրերով, ինչպէս վարդի սիրտը – նրա թերթերով, մի անշարժ
աստղի տակ, որի շողերի մէջ
ամէն ինչ հոսում է անսկիզբ,
անծրագիր,
եւ չունի յենման կէտ
ոչ կեանքի, ոչ մահուան մէջ:

ՀԵՆՐԻԿ ԷԴՈՅԵԱՆ


Համեստ, Նուիրաբեր Ու Օրինակելի Էյպեզցի Փանոս Մամիկոնեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

$
0
0

«Մենք ամէնքս հիւր ենք կեանքում
Մեր ծննդեան փուճ օրից,
Հերթով գալիս, անց ենք կենում
Էս անցաւոր աշխարհից:
Անց ենք կենում… միայն անմահ
Գործն է խօսում լաւ ու վատ,
Ա՜խ երանի ով մարդ կը գայ
Ու մարդ կ՛երթայ անարատ»:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Անսակարկ ծառայութեան մարմնացում… Ոչինչէն շատ բաներ կերտեցիր եւ բարի յիշատակներով հեռացար, սիրեցիր ու սիրուեցար բոլորէն:

Որքան դժուար եղաւ այս տողերը գրել, երբ վերջին հրաժեշտով քառասուն օրեր առաջ լքեցիր այս աշխարհը` անդենականին մէջ ապահովելու անկիւն մը ու վայելելու յաւիտենական լոյսն ու խաղաղութիւնը:

Մահը դարձած է ամէնօրեայ ներկայութիւն մեր կեանքին մէջ. հարազատի մը մահագոյժը կը յուշէ, որ մահը անբաժան ստուեր մը ըլլալէ աւելի` կը դառնայ մեր ուղեկիցը: Մահուան քմահաճոյքին միշտ ենթակայ դարձած ենք, բայց անոր դէմ կը պայքարինք մեր անցաւոր կեանքին իմաստ մը տալու համար:

Փանոս Մամիկոնեանը ծնած է Իթալիան թաղ, Տորա, Լիբանան, 14 նոյեմբեր 1935-ին: Ան զաւակն է Յովսէփ եւ Նուրիձա Մամիկոնեաններուն: Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը կը ստանայ Ճեմարանին մէջ, ուր կը վայելէ, հայաշունչ դաստիարակութեան զուգահեռ, ազգանուէր, վաստակաշատ գրագէտ եւ մտաւորական Լեւոն Շանթի ներկայութիւնը եւ ապա շրջանաւարտ կը դառնայ 1955-ին:

Փանոս հետաքրքրուած էր օդանաւորդութեան ճիւղով մասնագիտանալ եւ պաշտօնավարել իբրեւ ճարտարագէտ: Հետեւաբար ան 1957-2000 կը պաշտօնավարէ MEA ընկերութեան զանազան մարզերուն մէջ: Ան շատ մը հայ երիտասարդներու օգտակար կը դառնայ` դիւրացնելով անոնց պաշտօնավարութիւնը եւ մուտքը վերոյիշեալ ընկերութեան մէջ:

Յետ վերոնշեալ թուականին, Փանոս կը կանչուի օդանաւային անձնական ակադեմիա` «Private Academy», որ կարիքը ունէր իր փորձառութեան: Ան կը սկսի գործել եւ օգտակար դառնալ այն օդաչուներուն, որոնք գաղափար չունէին հին օդանաւերու գործելակերպէն, անոնց կու տար ցուցմունքներ` գիտելիքներու եւ գործընթացի:

24 սեպտեմբեր 1962-ին Փանոս կ՛ամուսնանայ Մէյպըլ Խաչերեանի հետ, որոնք կը բախտաւորուին երկու աղջիկ զաւակներով` Օտրի եւ Լարա: Փանոսը աշխատեցաւ ոչ միայն ընտանիքին բեռը շալկել, այլ ամբողջ էութեամբ հետեւեցաւ իր զաւակներուն դաստիարակութեան:

Սիրելի՛ Փանոս, դուն եղար քու արմատներուդ կապուած հայը: Եղար հաւատաւոր անդամը Ամանոսի Հայ աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որուն կազմին մէջ մեծ հաւատքով աշխատեցար եւ անոր բարգաւաճման արգասիքը վայելեցիր: Որպէս վարչական Էյպեզի հայրենակցական միութեան` երկար տարիներ աշխատեցար` բերելով համեստ ներդրումդ քեզի շատ սիրելի միութեանդ:

Մենք կը հաւատանք մեզմէ անվերադարձ բաժնուողներուն յարգանքի տուրք տալու աւանդութեան, եւ այսօր մենք ալ, մեր կարգին, այդ աւանդը պահելով, կու գանք ոգեկոչելու ննջեցեալ մեր վարչական եղբօր` Փանոս Մամիկոնեանին յիշատակը:

Նկարագրելով անոր յատկութիւնները եւ շեշտուած հայրենասիրութիւնը` պէտք է նկատի առնել ու ընդգծել մեր եղբօր անբասիր շաղուածքը, բարի, հիւրասէր եւ հայրենասէր ոգին, հարցերը իրենց յատուկ եղանակային բարեմասնութեամբ դիտելու կերտուածքը, գաղտնապահ ու եսասիրութենէ եւ ինքնագովութենէ հեռու մնալու հայու կերպարը:

Փանոսը ունէր խիզախ արտայայտութիւններ եւ շինիչ առաջարկներ: Այսուհաներձ, ան կը յարգէր իր հաղորդակիցին կարծիքը: Ան ունէր բարեհամբաւ ծառայութիւններ, ինչպիսիք են` օգտակար դառնալ կարիքաւորին, չքաւոր սանը հասցնել ուսման բարձր վկայականներու եւ մասամբ նորին:

Այսօր անգամ մը եւս, սիրելի՛ Փանոս, կը վերահաստատենք մարդկային արժանիքներուդ գնահատանքը, թէեւ` մեզմէ հեռու, անքակտելիօրէն կառչած մնացիր քու հաւատքիդ, համոզումներուդ, գիտակից եւ էյպեզցիասէր ծառայութեանդ ոգիին, եւ աշխարհի բոլոր էյպեզցիներուն եւ անոնց հարազատներուն յիշողութեանց մէջ քու բարի դիմագիծիդ ժպիտը միշտ պիտի յիշուի:

Ամէն անգամ երբ պիտի յիշենք քեզ, խնկելի յիշատակդ մեր հոգիները պիտի լեցնէ ակնածանքով ու պարծանքով:

Սիրելի՛ Փանոս, անպայման քու շիրիմիդ այցելուներ պիտի ունենաս, հետեւաբար ազատ ու հանգիստ ննջէ, քանի ընտանիքիդ, ազգիդ, համայնքիդ եւ միութեանդ պարտքը տալէ ետք դուն նաեւ քու զոհողութիւններովդ եւ հայրենասիրութեամբդ բարի օրինակ դարձար շա՜տ շատերուն:

Մենք կը հայցենք ամենակարող Արարիչին, որ շնորհէ լուսահոգիին ընտանիքին ու հարազատներուն հոգեկան այն ուժը, որ կարենան իմացականութեամբ եւ համբերութեամբ տոկալ այս դաժան պայմաններուն տակ, ցաւալի ու անժամանակ պատահարին:

Վարձքդ կատար, շա՛տ սիրելի հաւատաւոր վարչական եղբայր: Այս հիւրընկալ հողը թեթեւ ճնշէ յոգնատանջ ուսերուդ:

Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակիդ:
Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի:

ԷՅՊԵԶԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ակնարկ. Իշխանութիւնը Պէտք Է Ուսին Ետին Զգայ Առողջ Քննադատողին Աչքերը

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի քաղաքական ու յարակից կեանքերը 2018-ի ապրիլէն ի վեր նորանոր զարգացումներու տանող շոգեկառքը 14 յունուարին պիտի անցնի նորագոյն կայարանէ մը, երբ անցեալ դեկտեմբերին ընտրուած խորհրդարանը բանայ իր առաջին նստաշրջանը:

Ինչպէս «թաւշեայ յեղափոխութեան» նախընթաց փուլերուն, այսօր ալ 14 յունուարով բացուող փուլին կապուած են նոր յոյսեր, ակնկալութիւններ, սակայն նաեւ կան մտավախութիւններ. մամուլը ողողուած է օր աւուր «դէպքերու» շուրջ լուրերով եւ աւելի հեռահաս մեկնաբանութիւններով: Օրինակի համար, լուսարձակներ կեդրոնացած են խորհրդարանէն հրաժարողներու, խորհրդարանի անդամներուն մէջ կիներու թիւին յաւելման, մեծ թիւով երիտասարդներու խորհրդարան մուտքին, փորձառու-անփորձ երեսփոխաններու, անուն ու վաստակ կերտածներու տեղ անծանօթ մասնագէտներու Ազգային ժողով մուտքին եւ նմանօրինակ բազմագոյն երեւոյթներու վրայ. իւրաքանչիւրը արդարօրէն արժանի է ուշադրութեան, գնահատումի, վերլուծումի:

Ինչպէս ապրիլի շարժումէն ի վեր, նոր խորհրդարանի պաշտօնավարութեան սկզբնաւորութեան նախօրեակին ալ, Հայաստանի ու անոր զարգացումներուն ակնդէտ հետեւող հայկական աշխարհին մէջ ստեղծուած են երկու գլխաւոր ալիքներ, որոնք անպայման պէտք չէ դիտել իբրեւ ներհակ ու զիրար չէզոքացնող, սակայն անոնց միջեւ տարբերութիւնը ակներեւ է: Առաջինը լաւատեսութեան եւ յոյսի մակընթացութիւնն է, իսկ երկրորդը` վերապահութեան ու թերահաւատութեան ալիքը:

Առաջին ալիքը` յոյսի ու լաւատեսութեան մթնոլորտը, ունի իր հիմնաւորումները: Նորութիւն արձանագրած պիտի չըլլանք, եթէ անգամ մը եւս հաստատենք, որ այս ալիքը կը մեկնի շարք մը շօշափելի իրականութիւններէ, ինչպէս` փտածութեան եւ մենաշնորհներու, չարաշահութեանց եւ պաշտօնի շահագործման դէմ բացուած պայքարի ճամբուն մէջ արձանագրուած յաջողութիւններէն: «Թաւշեայ յեղափոխութեան» շահած ժողովրդականութիւնը մեծ մասամբ արդիւնք էր այն ատելութեան, որ նախկին իշխանութիւնը ստեղծած էր իր ծանօթ արարքներով, հետեւաբար, զանոնք հեռացնելու համար պայքար բացողը բնականաբար պիտի գտնէր լայն համակրանք, որ իրեն ապահովեց նոր խորհրդարանի աթոռներուն` իր նախատեսածէն շատ աւելի մեծ մասը: Յետոյ, նոր իշխանութեան կողմէ կը բերուին բազմաթիւ խոստումներ, որոնք օրէնքի ու ժողովրդավարութեան ամրակայման, ապրուստի եւ ընկերային վիճակի բարելաւման, Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին միջեւ յարաբերութիւններուն նոր մղում տալու եւ տնտեսական վիճակի բարեշրջման (նաեւ` աւելի տարածուն) հորիզոններ կը բանան: Հայաստանի մասին արտաքին աշխարհի գնահատականները, թէ` անարիւն յեղափոխութեամբ դէպի աւելի լաւ ապագայ գացող երկիր մը կայ Կովկասի շրջանին մէջ, անիկա սկսած է աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ ներգրաւել, նաեւ ներդրումներու դիմաց դուռեր կրնայ բանալ. տակաւին, գիտական նորութիւնները մեր հայրենիքը կը դնեն ժամանակակից աշխարհին հետ քայլ պահելու վազքի մը մէջ, բնականաբար կը նպաստեն յուսատու ապագայի մը մասին յոյսերու ալիքին բարձրացման: Վստահաբար կարելի չէ գտնել ոեւէ իրա՛ւ հայ, որ տխրի նման վիճակներով ու խոստումներով, եւ նոյն վստահութեամբ կարելի է ձայնակցիլ բոլոր անոնց, որոնք գրաւ կը դնեն այս երթին յաջողութեան վրայ, կ՛ըսեն, որ երիտասարդ, թէեւ` անփորձ, իշխանութիւնը ժամանակի կը կարօտի իր խոստումները իրականացնելու, զանոնք շօշափելի ծրագիրներով մարմնաւորելու համար, որպէսզի Հայաստան իսկապէս մտնէ «աւետեաց երկիր»-ի հունին մէջ: Իշխանութեան համակիրները պատրաստ են հանդուրժողութեամբ դիտելու կարգ մը սխալներ, խոտորումներ` մտածելով, որ` «աճող մանուկը իյնալ-ելլելով քալել կը սորվի», հոգ չէ, թէ երկիր ղեկավարելու համար նման տրամաբանութիւն կրնայ շատ ալ օգտակար չըլլալ (ի վերջոյ, արցախեան շարժումէն ասդին արդէն կերտուած է աւելի քան երեք տասնամեակի փորձառութիւն):

Դրական երեւոյթներու շարքը կարելի է երկարել` ցոյց տալու համար, թէ խանդավառութիւնն ու զգացականութիւնը ինչպիսի՛ աղբիւրներէ կը բխին, սակայն մեր նպատակը բարեշրջման երեւոյթներուն ցանկագրումը չէ, այլ` պարզապէս մատնացոյց ընել Հայաստանին ու ողջ հայութեան տրամադրութիւններուն տիրապետող ալիքները:

Երկրորդ ալիքը վերապահութեան ու կասկածոտ վերաբերումի մօտեցումն է, որ իր կարգին կը մեկնի շօշափելի իրականութիւններէ: Այս գիծին վրայ ալ նպատակ չունինք ցանկագրելու արտայայտուող բոլոր կարծիքներն ու մտավախութիւնները, այլ կը բաւականանանք մէկ քանի նշումով:

Կարելի է սկսիլ նոյնինքն խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքով ստեղծուած պատկերէն: Նախորդ խորհրդարանին մէջ կային քաղաքական չորս ուժեր, որոնցմէ երկուքը այսօր տեղ չեն գտած նորին մէջ. նման վիճակ ի՞նչ եւ որքա՞ն արդարացում ունի` այլ հարց: Խորհրդարան մտած են միայն երեք կուսակցութիւն-միաւոր, մինչդեռ ժողովրդավարութեան ամրակայում` պիտի նշանակէր աւելի մեծ թիւով ուժերու (հետեւաբար նաեւ մտածողութեանց) ներկայութիւնը ժողովուրդը ներկայացնող օրէնսդիր իշխանութեան մէջ: Խորհրդարան մուտք գործողները այսօր աւելի՛ «միագոյն» պատկեր մը կը ներկայացնեն, քան ինչ որ էր նախորդ խորհրդարանը. նորին մէջ պիտի չըլլայ իսկական ընդդիմադրութիւն, այն առումով, որ վարչապետութեան թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանի Քաղաքացիական պայմանագրութիւն կուսակցութիւնը թէ՛ նախորդ խորհրդարանին եւ թէ՛ «թաւշեայ յեղափոխութեան» իրերայաջորդ փուլերուն, սերտ գործակից ունէր Էդմոն Մարուքեանն ու կուսակիցները, ու թէեւ վերջին ամիսներուն, յատկապէս` ընտրութեանց հանգրուանին, որոշ տարակարծութիւններ ծագեցան նախկին դաշնակիցներուն միջեւ, սակայն այդ տարբերութիւնները հազիւ թէ բաւարար ենթահող ծառայեն իսկական ընդդիմութեան մը ձեւաւորման: Իսկ Գագիկ Ծառուկեանին Բարգաւաճ Հայաստանը, որ յաջողութեամբ «շոգեկառք փոխեց» նախորդ իշխանութենէն դէպի նորը, ո՛չ անցեալին, ո՛չ ալ ներկայիս ի յայտ բերած է իսկական ընդդիմադիրի դեր ստանձնելու ատակութիւն. կարելի չէ անտեսել այս կուսակցութեան դրական որոշ գործերը` ի խնդիր երկրի ու ժողովուրդի որոշ մէկ խաւին օգտակար հանդիսանալուն մէջ, սակայն ընտրապայքարի օրերուն պերճախօս էր Մարուքեանի քննադատութեանց դէմ Ծառուկեանին պատասխանը. ան ամենայն անկեղծութեամբ հաստատեց, որ զինք հիմնականօրէն կը շահագրգռէ իր գործարարութիւնը, որովհետեւ ինք ունի նիւթական կարողութիւններ, կրնայ զանոնք հաւաքել ու հեռանալ Հայաստանէն ու շահարկել որեւէ այլ տեղ, մինչդեռ կը նախընտրէ օգտակար ըլլալ Հայաստանին: (Արձանագրենք նաեւ, որ նախորդ իշխանութեան օրերուն ամէն բան սեւ չէր Հայաստանի ու Արցախի մէջ` հակառակ բոլոր ծանօթ բացասական իրականութիւններուն):

Յետխորհրդային Հայաստանը 90-ական տարիներուն ինկաւ միակուսակցական ծայրայեղութենէ բազմակուսակցականութեան այլ «ցամաքամաս» մը. բարի նպատակներով ծնունդ առին խմբաւորումներ, որոնք կոչուեցան կուսակցութիւն, դարձան կամ յաւակնեցան դառնալ քաղաքական ուժ. կուսակցութեանց թիւը հասաւ բազմատասնեակներու: Մինչեւ այսօր ալ փոքր է թիւը ի՛սկապէս կուսակցութիւն կոչուելու արժանի միաւորներու, որովհետեւ անդամներու եւ համակիր-հետեւորդներու թիւէն աւելի` կուսակցութեան մը համար հիմնական ենթահող է գաղափարականը, անոնց վրայ ծրագիրներու մշակումն ու այդ ծրագիրներուն եւ ո՛չ թէ անհատներու միջեւ մրցակցութիւնը, որքան ալ որ հմայող ըլլան (կամ չըլլան) անոնց ղեկավարներն ու առաջնորդող դէմքերը (այլապէս, Հենրիկ Մխիթարեան մը կրնար մեծ կուսակցութեան մը պետը ըլլալ…): Այլ խօսքով, որոշ հիմնաւորում կը գտնէ այն մտավախութիւնը, որ Հայաստան նոր խորհրդարանի «դարաշրջան»-ին հետ կը վերադառնայ որոշակիօրէն միակուսակցական դրութեան մը, ուր մեծագոյն բացական ընկերային-տնտեսական ծրագիրներն ու անոնց լուծման նպաստող ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ենթահողն են: Մինչդեռ ժողովրդավարութեան վիճակի բարելաւում` պիտի նշանակէր ո՛չ միայն աւելի բազմերանգ խորհրդարանի մը կազմութիւնը, այլ` խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական կուսակցութեանց, քաղաքական խմբաւորումներուն գաղափարական հիմքերու ապահովումն ու զարգացումը, ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ հայեցակէտերու միջեւ հակամարտութենէ սպասուող բարելաւումներ, ինչպէս որ տեղի կ՛ունենան ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ երկար ճամբայ կտրած երկիրներու մէջ (առաւելաբար` Եւրոպայի մէջ. Միացեալ Նահանգները դադրած են տիպար օրինակ ծառայելէ, բազմաթիւ պատճառներով…):

Այս պատկերին մէջ քաղաքական ընդդիմադրութեան համար կը մնայ արտախորհրդարանական բեմը: Սակայն հոս ալ կայ կարեւոր նախադրեալ մը` շինիչ ու բարելաւման մղող քննարկումի ու քննադատութեան հրամայականը. մինչդեռ ընդդիմադրութիւնը ցարդ առաւելաբար տարուած է խորհրդարանական ընտրութեանց նախօրեակին ու անոր հետեւող շաբաթներու տրամադրութիւններով, հոգ չէ, թէ ունի իր կեցուածքները հիմնաւորող տուեալներ: Քննարկումներն ու քննադատութիւնները մեծ մասամբ կը պահուին տեսակ մը «քինախնդրութեան» ոլորտին մէջ: Նախկին իշխանութեան կարգ մը դէմքերն ու անոնց հետեւող մամուլը, օրինակի համար, որոշ պրիսմակէ մը կը դիտեն-կը ներկայացնեն Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան հաւանականութիւններու գիծը,  ահազանգ կը հնչեցնեն Ազրպէյճանի զինուորական գերակայութեան ու անկէ բխող մտավախութիւններուն մասին` տողատակի ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ ազերիական նոր թշնամանք մը անխուսափելի է, մեծապէս պիտի վնասէ Հայաստանին, իսկ նոր վարչախումբը անտարբեր կը կանգնի նման սպառնալիքի դիմաց. մինչեւ իսկ կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը (չմեղանչենք Արարատին), որ կարգ մը ուժեր գոհունակ պիտի զգային, եթէ նոր իշխանութեան օրով Ազրպէյճան հարուած մը հասցնէր Հայաստանին ու Արցախին…

Մտավախութիւններուն համար ցոյց կը տրուին նաեւ այլ յենակներ: Օրինակ, Հայաստան կը շարունակէ մնալ մանր ցոյցերով հաշիւներ-հարցեր դասաւորել նախընտրող երկիր. գիւղապետի մը կամ մարզպետի մը դէմ դժգոհութիւնները արտայայտութիւն կը գտնեն ցուցական արարքներով, մինչեւ իսկ դպրոցի մը տնօրէնին պաշտօնազրկման-պաշտօնի վրայ պահուելուն համար կը դիմուի վարչապետին միջամտութեան, ու ան կ՛ընդառաջէ նման հրաւէրներու: Իսկական դժգոհութեան շարժառիթներ նոյնքան չեն «խանդավառեր» ցուցարարները: Նման նախանձախնդրութիւն` անձնապէս հարցերու լուծում բերելու տենդ, բնականաբար ողջունելի է, սակայն նաեւ կ՛արժէ մտածել, թէ արդեօք նախարարներ կամ պետական այլ պաշտօնատարներ ինչո՞ւ պաշտօնի կոչուած են, եթէ ամէնէն մեծ ու ամէնէն երկրորդական դասուած հարցերուն լուծման համար պիտի դիմուի վարչապետին կարգադրութեանց:

Մտավախութիւններուն ու վերապահութիւններուն յենակ ծառայող այլ տուեալներ կը ստեղծուին աւելի յաճախակիօրէն: Ամանորի նախօրեակին ու անկէ ասդին` սկսած է գլուխ ցցել ապրուստի սղութիւնը. կան սպառողական նիւթերու, ներառեալ բնական կազի սակագիներու բարձրացման, որոշ տուրքերու յաւելման եւ աշխատանքի որոշ կալուածներու (օրինակի համար` փոխադրամիջոցներու) մասին նոր տնօրինումները: Իշխանութեան մօտիկ կանգնող լրատու աղբիւրներ իսկ սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ դժգոհութեան նոր խմորումներու եւ բողոքի դրսեւորումներու հաւանականութեանց մասին, որովհետեւ որդեգրուած կարգ մը քայլեր կը սպառնան աւելցնել գործազուրկներու թիւը (օրինակ` ճաշարաններու կալուածին մէջ): Վարչապետին ու գործակիցներուն բացատրականները սկսած են նուազ համոզիչ թուիլ: Երբ ապրուստի հարցեր կը բերուին առաջին գիծի վրայ, ձեւով մը կը լուսանցքայնացուին… Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ապահովութեան, արտաքին յարաբերութեանց մէջ նոր նուաճումներու առաջադրանքները, ալ ո՜ւր մնաց սփիւռքի ու մշակոյթի նախարարութեանց վերաձեւաւորման որոշումէն բխող մտահոգութիւնները:

Եթէ 14 յունուարը պիտի ըլլայ ապրիլէն ասդին տեղի ունեցող զարգացումներու ճամբուն նոր փուլի մը մեկնարկը, մտավախութեանց չէզոքացման եւ լաւատեսութեան, յոյսի ալիքներուն անվերադարձ բարձրացման համար, անհրաժեշտ են վիհերուն դարմանումը, ապահովութեան թէ տնտեսական-ընկերային, քաղաքական ու դիւանագիտական կալուածներու մէջ դրապաշտ գործակցութեան ու մրցակցութեան ձեւաւորումը` այն տրամաբանութեամբ, որ Հայաստան ու Արցախ կը կարօտին հայրենի հողերուն վրայ ապրողներուն ու աշխարհատարած հայութեան բոլոր կարելիութիւններուն մէկտեղման, բոլոր ձեռքերու միացման, եւ սա անբովանդակ նշանախօսք չէ: Նոր հորիզոնին յստակացման մէջ շատ կարեւոր դեր պիտի ունենայ, պէ՛տք է ունենայ ընդդիմութիւնը, որպէսզի չարդարանան միակուսակցականութեան «վարկած»-ը յառաջ քշողները, աւելի՛ն, իշխանութիւնը իր բոլոր ոլորտներուն մէջ պէտք է զգայ, թէ ուսին ետին կան իր գործերուն արդարօրէ՛ն հետեւող, իր սխալները ճշմարտացիօրէ՛ն քննադատող եւ բարեփոխում պահանջող գլուխներ, որոնց աչքերը ակնդէտ կը հետեւին իր իւրաքանչիւր քայլին, պատրաստ են ծափահարելու դրական քայլերը, բայց նաեւ` արդար քննարկումի ու քննադատութեան ենթարկելու կամայականութիւններն ու սխալները: Այլ խօսքով, ընդդիմադիր ճակատը, խորհրդարանին մէջ թէ դուրսը, պարտի լիարժէքօրէն վերականգնել արդար ու տեղին քննադատութիւնը, իշխանութեան հետ ապրիլ յաջողութիւններու բերկրանքը, զայն զգուշացնել խոտորումներէ: Բնականաբար մամուլէն ալ կը սպասուի աժան «սրամտութիւններու» վարքագիծէն հրաժարում եւ առողջ քննարկումներու բեմ դառնալ, դուրս գալ իշխանութեան որեւէ քայլը ծափահարողի կամ քննադատողի խրամատներէն:

… Մեր մանկութեան օրերուն երէց հարազատէ մը լսած ենք հետեւեալ մանրավէպը: Իմաստուն մարդ մը ամէն օր աղբիւր կը ղրկէր իր դեռատի զաւակը, որպէսզի կուժով ջուր բերէ: Տղան ճամբայ դնելէ առաջ հայրը աղուոր ապտակ մը կու տար զաւկին` զգուշացնելով, որ կուժը չկոտրէ: Դրացիները մեղքնալով մանուկին` փորձած են միջամտել ու պահանջած են հօրմէն, որ ա՛լ չապտակէ տղեկը: Հայրը տեղի տուած է եւ յաջորդ օրը առանց ապտակելու աղբիւր ղրկած է տղեկը: Վերադարձին մանչուկը անուշադիր գտնուած է ու կոտրած է կուժը: Դրացիները իմանալով պատահածը` մտավախութիւն յայտնած են, թէ արդեօք դաժան հայրը որքա՞ն պիտի ծեծէ անուշադիր տղան: Հայրը ձեռք չէ բարձրացուցած եւ դրացիներուն բացատրած է. «Կուժը կոտրուելէն ետք ապտակը ի՞նչ իմաստ ունի. կ՛ապտակէի, որպէսզի ուշադիր ըլլար եւ ջուր բերէր…»:

Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, վստահաբար ոչ ոք նպատակ ունի ֆիզիքապէս ապտակելու ջուրի գացողները, սակայն 14 յունուարի նախօրեակին մանրավէպը մտածելու առիթ կու տայ:

6-8 յունուար 2019

2019. Ամբողջ Հայ Երիտասարդութիւնը Հիմն Է Ուժեղ Լիբանանահայութեան Վերաթարմացումին (Բ.)

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Երբ կը խօսինք ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացման մասին, տրամաբանականօրէն եւ բնականաբար առաջնահերթութեամբ կը կարեւորենք հայ երիտասարդ զանգուած մը:

Կեանքի, բնութեան օրէնքով, այս զանգուածն է, որ գիտութեան եւ նորարար սկզբունքներու զրահումով, նաեւ նախաձեռնելու, աշխատելու, ստեղծագործելու, սրբագրելու եւ նոր աւիւն տալու յատկանիշներով պէտք է ըլլայ տիրական ներկայութիւն եւ պարտադրէ սերնդափոխութիւն, քարացած մտքերու եւ գործելաձեւերու փոփոխութիւն, եւ յառաջացնէ գնահատելի կատարուածէն աւելի լաւ, աւելի ուժեղ եւ աւելի ստեղծագործ իրագործումներ:

Այս ակնկալութիւնը մեր երիտասարդութենէն, լիբանանեան մեր իրականութեան չի պատկանիր միայն, այլ նաեւ համայն հայութեան խնդիրն է անտարակոյս:

Ու բնական է նաեւ, որ չի պատկանիր եւ չ՛իրականանար կուսակցութեան մը, միութեան մը, կազմակերպութեան մը կողմէ միայն, այլեւ ամբողջ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ գործող դերակատարութիւն վերցուցած զանազան ոլորտներու մէջ գործող իւրաքանչիւր միաւորի:

Երիտասարդութիւն հասկացողութիւնը տարիքային իր սահմաններէն անդին հոգեվիճակի, մտածողութեան, փոփոխութիւն կատարելու ընդունակութեան, պատրաստակամութեան եւ կարողութեան ու համոզումի հասկացողութիւն է, որուն հիմնական առանցքը կը կազմեն ծանօթութիւնն ու գիտութիւնը եւ մանաւանդ` յանձնառութիւնը:

Կը խօսինք Լիբանանի հայ երիտասարդութեան մասին, իգական թէ արական, ուսանող թէ բանուոր, բարձրագոյն կրթութիւնը աւարտած ու կեանքի ասպարէզ նետուած, զանազան պաշտօններու տէր, պատասխանատու դիրքեր գրաւած, ամուրի կամ ընտանիք կազմած, իրենց քոյրերուն, եղբայրներուն կամ զաւակներուն օրինակ դարձող, միութենական կամ ոչ միութենական, ազգային-հասարակական կեանքով հետաքրքրուող, կրաւորական, անտարբեր կամ անհոգ, հայախօս եւ օտարախօս, հայութեան մօտ կամ հայկական շրջանակներէ հեռու մնացող, խառն ամուսնութիւն կնքած եւ հայկական կամ ոչ հայկական վարժարան յաճախած երիտասարդներու մասին:

Այլ խօսքով` Լիբանանի հայութեան ուժեղացման մէջ երիտասարդ իւրաքանչիւր տարրի մասնակցութեան, բաժնեկցութեան եւ աշխատանքային դերակատարութեան մասին:

Անպատասխանատու կեցուածք է միայն դժգոհիլ: Անպատասխանատու կեցուածք է միայն նեղ շրջանակներու մէջ տեսնել աշխատանքի ծաւալում: Նոյնքան եւ աւելի անպատասխանատու կեցուածք է աշխատանքները կեդրոնացնել փոքր խմբակներու մէջ եւ սահմանափակուիլ միայն «իւրայիններով»:

Կարելի է դժգոհիլ, բայց կարելի չէ չմտահոգուիլ:

Կարելի է ժխտական տեսնել շրջապատը, բայց կարելի չէ չփորձել բարելաւել իրականութիւնը:

Կարելի է յուսախաբ ըլլալ, բայց ընդունելի չէ յուսահատիլ:

Կարելի է լոզունգներ արձանագրել, բայց կարելի չէ լոզունգներով բաւարարուիլ, միայն կարծիքներ հրապարակ նետել ու գործնական ծրագրումներ եւ ճիգ չթափել:

Դժուարութիւններու մէջ գտնուող լիբանանահայութիւնը կը գոյատեւէ եւ աւելիով կ՛ուժեղանայ, երբ կ՛ընդլայնի աշխատողներու շրջանակը, կը տարբերին մտածողութիւնները, կարծիքներու եւ տեսակէտներու բախումէն կը ծնին շինիչ նորութիւնները, մեր շուրջը եղող արագասոյր փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելու հարկադրանքն ու այդ փոփոխութեանց արդիւնքներն ու ազդեցութիւնները հայացնելու, ազգայնացնելու ծրագրումն ու գործնականացումը կ՛ըլլայ:

Անհրաժեշտ է հաւաքել բոլորը: Չբաւարարուիլ միայն եկեղեցւոյ կապուած, կուսակցական կամ միութենական երիտասարդներով: Անոնք կան, կը գործեն, կ՛արդիւնաւորեն, դերակատար են:

Բայց կան նաեւ ուրիշներ, մեզմէ հեռու, տեղ մը, կամ ոչ մէկ տեղ, հայ են ու կ՛ուզեն հայ մնալ, կրնան ճանաչումի պակասի հետեւանքով, սրտնեղութեան կամ պարզ յուսախաբութեան պատճառով հեռացած ըլլալ: Կրնան կեանքի պայմաններու կամ բնակութեան վայրի անյարմարութեամբ մեր մօտ չըլլալ:

Բայց բոլորն ալ հայ են, Հայ երիտասարդներ են:

Պէտք է գան մեր մօտ:

Պէտք է բերել զանոնք մեր մօտ: Խօսիլ, հասկնալ, առիթ տալ արտայայտուելու, լսել զիրենք, ճանչցնել մեր իրականութիւնը, գնահատել ճիշդը, հասկացողութիւն ցուցաբերել սխալին նկատմամբ, բացատրելով սրբագրել խուսանաւումները:

Բայց ի գին ամէն բանի հասնիլ բոլորին:

Առանց երիտասարդութեան կարելի չէ խօսիլ ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացման մասին:

Ու այս մէկը բոլորիս պարտականութիւնն է:

 

 

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի (Յովհաննու Կարապետ) Խրոխտ Նկարագիրն Ու Սրբակենցաղ Կեանքը Ներշնչման Աղբիւր` Քրիստոնեայ Աշխարհին

$
0
0

Պատրաստեց ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Քրիստոնեայ աշխարհին այս մեծագոյն հերոսը` Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ (Յովհաննու Կարապետ) դարեր շարունակ ոգեշնչած է արուեստագէտներ, գրողներ, հաւատացեալներ: Ան, ըստ Նոր կտակարանին կը նկատուէր ամենամեծը կիներու ծնածներէն եւ երկրորդ Եղիա մարգարէն: Իսկ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ան արժանացած է մեծ յարգանքի եւ տօնակատարութեան, կառուցուած են տաճարներ եւ խորաններ` պանծացնելու համար մեծ սուրբին յիշատակը:

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի Ծնունդն Ու Մանկութիւնը

Յովհաննէս Մկրտիչ որդին էր արդար կեանք ապրող Զաքարիա քահանային եւ Եղիսաբէթին: Անոնք ամուլ էին եւ երկար տարիներ զաւակ չէին ունեցած: Յովհաննէսի ծննդեան լուրը Զաքարիան ստացաւ Աստուծմէ` Գաբրիէլ հրեշտակին միջոցով, տաճարին մէջ ծիսական խնկարկութիւն կատարելու ժամանակ: Գաբրիէլ հրեշտակին խօսքերը, թէ` մանուկը մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ շատերուն համար եւ Ս. Հոգիով լեցուած` մարդիկը պիտի պատրաստէ երկար սպասուած Մեսիային գալուստին, կասկածներ ստեղծեցին Զաքարիայի մէջ, որուն համար հրեշտակապետը համրութեամբ պատժեց Զաքարիան` մինչեւ Յովհաննէսին ծնիլը: Յովհաննէսի Աստուծոյ ընտրեալ ըլլալու հանգամանքը առաջին անգամ կ՛երեւի Եղիսաբէթին որովայնին մէջ մանուկը գտնուած ժամանակ, երբ Եղիսաբէթ Ս. Կոյս Մարիամին հանդիպեցաւ, որ յղի էր Յիսուսին, այդ ատեն իր որովայինին մէջ երեխան շարժեցաւ (Ղուկաս 1:45): Յովհաննէսի ծնունդէն ետք Զաքարիային լեզուն բացուեցաւ եւ սկսաւ օրհնաբանել զԱստուած: Մանուկը, համաձայն Գաբրիէլ հրեշտակի հրամանին, անուանեցին Յովհաննէս, որ կը նշանակէ` աստուածաշնորհ, Աստուծոյ ողորմութիւն: Աւետարանին մէջ վերջին տուեալը Յովհաննէսի մասին այն էր, որ ան կը բնակէր անապատին մէջ, մինչեւ այն օրը, երբ երեւցաւ Իսրայէլի մէջ:

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի Քարոզութիւնը

Նոր մարգարէն ասպարէզ ելաւ, երբ արդէն երեսուն տարեկան էր: Հրէական միջավայրին մէջ Յովհաննէս Մկրտիչին յայտնուիլը մեծ կարեւորութիւն ունէր` նկատի ունենալով, որ չորս հարիւր տարի Հրէաստանի մէջ մարգարէ չէր յայտնուած եւ Ղուկաս Աւետարանիչ պատմական վեց հանգամանքներով այս փաստին մասին կ՛արձագանգէ: Յովհաննէս Մկրտիչի յայտնուելուն մասին հիմնաւորած են նաեւ Հին կտակարանի մարգարէութիւնները: Եսայի մարգարէն այսպէս կը վկայէ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին. «Ահաւասիկ քու առջեւէդ կը ղրկեմ իմ պատգամաբերս, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ»: Իսկ Յովհաննէս Աւետարանիչ կը նշէ. «Յովհաննէս, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարդ մըն էր, եկաւ լոյսին համար վկայութիւն տալու, որպէսզի ամէն մարդ անոր միջոցով հաւատայ: Ինք Լոյսը չէր, այլ` Լոյսին համար վկայ մը» (Յովհաննէս 1:6-8): Լոյսին` Քրիստոսի նախորդելու այս հանգամանքը պատճառ կը դառնայ, որ Յովհաննէսին տրուի նաեւ Յովհաննու Կարապետ (նախակարապետ) անուանումը, որ կը նշանակէ առաջնորդ:

Յովհաննէսի քարոզչութեան նպատակն էր ապաշխարութեան մղել մեղաւոր ժողովուրդը մկրտութեան ճամբով եւ պատրաստել Իսրայէլի Մեսիայի գալուստին: Ապաշխարութիւն ըսելով` Յովհաննէս նկատի ունէր հրաժարիլ նախկին սխալ կեանքէն եւ դառնալ դէպի Աստուած, որովհետեւ հրեաները իրենք զիրենք ընտրեալ եւ փրկուած ժողովուրդ կը նկատէին: Մկրտութեան ժամանակ ջուրի գործածութիւնը խորհրդաւոր իմաստ ունի. անիկա արտաքինէն ներքին մաքրութեան կը տանի: Յովհաննէս Մկրտիչ նաեւ կը խօսի դատաստանի մասին, թէ` ժամը հասած է խոստովանելու: Հրեաները դիւրին չընկալեցին Յովհաննէսի խօսքերը եւ անոր հարցաքննութեան կանչեցին: Իսկ Յովհաննէս փաստեց, որ ինք կը պատրաստէ Քրիստոսի ճանապարհը:

Յիսուսի Մկրտութիւնը Յովհաննէս Մկրտիչէն

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Յիսուսի մկրտութիւնը Յովհաննէս Մկրտիչին կողմէ տեղի ունեցած է 6 յունուարին` Ս. Ծնունդէն ճիշդ երեսուն տարի ետք, նոյն օրը: Մկրտութեան մասին ընդարձակ կերպով կը խօսի Մատթէոս Աւետարանիչը. «Այդ օրերուն Յիսուս Գալիլիայէն Յորդանան գետ եկաւ Յովհաննէսի մօտ` անկէ մկրտուելու համար: Բայց Յովհաննէս ընդդիմացաւ անոր` ըսելով. «Ե՛ս պէտք ունիմ քեզմէ մկրտուելու, եւ դո՞ւն ինծի կու գաս»: Յիսուս պատասխանեց.  «Հիմա թո՛յլ տուր, որ այսպէս ըլլայ, որովհետեւ այսպիսով կատարած պիտի ըլլանք Աստուծոյ արդար կամքը»: Եւ Յովհաննէս թոյլ տուաւ: Յիսուս մկրտուելէ ետք անմիջապէս ջուրէն դուրս ելաւ: Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ, եւ տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի նման կ՛իջնէր եւ կու գար իր վրայ: Եւ ահա երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՛ըսէր. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն եւ հաճեցայ»: Համաձայն Յովհաննէս Աւետարանիչի, աղաւնիին երկինքէն իջնելը նշան էր Յովհաննէսի համար, որպէսզի ան գիտնար, որ Յիսուսն է Աստուծոյ որդին:

Յովհաննէս Մկրտիչի Բանտարկութիւնը Եւ Գլխատումը

Քրիստոսի մասին վկայութիւն տալէն ետք Յովհաննէս Մկրտիչը կը գտնենք բանտարկուած վիճակի մէջ, որովհետեւ յանդիմանած էր Հերովդէս չորրորդապետը` իր եղբօր կնոջ հետ ամուսնութեան պատճառով: Հերովդէսի եղբօր աղջիկը երբ իր ծննդեան տարեդարձին իր պարով հրապուրեց ներկաները, Հերովդէս երդում տուաւ կատարել անոր ուզածը: Հերովդէսի կինը առիթը յարմար նկատեց եւ ուզեց Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը սկուտեղի վրայ: Թագաւորը տրտմեցաւ, սակայն չկարենալով խախտել իր խոստումը` դահիճը ղրկեց եւ գլխատել տուաւ Յովհաննէս Մկրտիչը:

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին Նուիրուած Տօները

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին սուրբին յիշատակին սահմանած է չորս տօն`

1.- Տօն ծննդեան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի, որ կը կատարուի Քրիստոսի ծննդեան ութօրէքի յաջորդ օրը, 14 յունուարին (անշարժ տօն):
2.- Յիշատակութիւն գլխատման Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի, որ կը տօնուի Ս. Զատիկին յաջորդող շաբաթ օրը (շարժական տօն):
3.- Տօն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Աթանագինէ եպիսկոպոսի` Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնին հինգշաբթի օրը (շարժական տօն):
4.- Տօն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Յոբ արդարի` Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի յաջորդող երրորդ շաբթուան հինգշաբթի օրը (շարժական տօն):

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին Նուիրուած Շարականները

Հայոց եկեղեցին Աստուածածինէն ետք Ս. Յովհաննէսը կը նկատէ մեծագոյն սուրբերէն մէկը: Հայ հոգեւոր երաժշտութեան ամէնէն սիրուած հերոսներէն մէկն է: Ան արժանացած է բազմաթիւ գովեստներու, եւ անոր ձօնուած են բազմաթիւ շարականներ, ինչպէս` «Երկնաքաղաքացի» (Կանոն «Յիշատակ գլխատման Յովհաննու Մկրտչին»), «Հողանիւթ հրեշտակ» (Կանոն ծննդեան Յովհաննու Մկրտչի), «Զմարգարէ բարձրելոյն եւ զթագաւորն զինաւոր» («Կանոն Յովհաննու Մկրտչին»): Շարականները լաւագոյնս կ՛արտացոլացնեն Յովհաննէս Մկրտիչի հաստատակամ եւ մարտնչող նկարագիրը:

Ս. Կարապետի «Մուրազ» Կատարող Ըլլալու Հանգամանքը

Քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու հետ բաղդատած` հայոց եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը Ս. Կարապետը ընդունած է իբրեւ տարբեր փափաքներ եւ իղձեր կատարող եւ բժշկող սուրբ: Հին ատեն Մշոյ Ս. Կարապետ վանք անդադար ուխտագնացութիւններ կը կատարուէին, յատկապէս` ամրան, սուրբի տօնին յիշատակութեան ժամանակ: Դարեր շարունակ ուխտագնացութեան հոսքը շարունակուած է, եւ ասոր ապացոյցը կու գայ Ս. Կարապետին նուիրուած երգերէն: Ս. Կարապետին նուիրուած ժողովրդային երգերը 18 հատ են, որոնց մէջ յաճախ կ՛ընդգծուի սուրբին ժողովուրդին կողմէ սիրուած ըլլալու հանգամանքը: Օրինակ` երգերէն մէկուն մէջ այսպէս նկարագրուած է Ս. Կարապետի վանքը.

«Սուրբ Կարապետ խորան խորան,
Մէջը կէրրվի օսկի օրան,
Եօթը գըլուխ սուրբ աւտըրան,
Մուրազս տուր, սուրբ Կարապետ»:

Ուխտը կը հետապնդէր տարբեր նպատակներ, ինչպէս` հիւանդութեան բուժում եւ սուրբին հովանաւորութեան աղերսում: Ամէնէն կարեւորը տարբեր իղձերու կատարումն էր, որուն շնորհիւ ժողովուրդը Ս. Կարապետը անուանած էր «մուրազատուր» կամ «մուրատատուր»: Երգերուն մէջ նշուած է նաեւ, որ սուրբը ոչ մէկը անտեսած է` «ձիաւորին ճուաբ կու տայ, ոտաւորին մուրատ կու տայ»: Ուխտագնացներու ձիաւոր երթալը կը խորհրդանշէ մեծ տարածութիւն կտրելը, իսկ ոտաւորի  երթալը` հետիոտն, բոպիկ զոհաբերութեամբ սուրբին ուխտի երթալը:

Քրիստոնէութեան նախակարապետ Ս. Յովհաննու Կարապետին յիշատակը եւ տօնակատարութիւնը առիթ է քրիստոնեայ հաւատացեալներուն` խոկալու աստուածային ճշմարտութիւններուն եւ կեանքի ընթացքը շարունակելու Քրիստոսի ուսուցումներուն հետեւելով:

 

 

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Պատուոյ Դոկտորայի Տուչութիւն` Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին

$
0
0

Հինգշաբթի, 10 յունուար 2019-ի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատուաւոր դոկտորայի կոչման տուչութիւն` լիբանանահայ քաղաքական եւ ազգային գործիչ, պատմաբան, 17 տարիներ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կողմէ ստացաւ պատմական գիտութիւններու պատուոյ դոկտորայի կոչում:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ գրասէր եւ պատմասէր հասարակութեան մը ներկայութեան ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի պատասխանատու դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը, որ հակիրճ խօսքով բացատրեց օրուան հաւաքին նպատակը:

Հայկազեան հայագիտական հանդէսի խմբագրական կազմի անդամ եւ Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան ներկայացուց «Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի պատմագիտական հետազօտութիւններու արժեւորումը»` շեշտելով անոր գիտականութիւնը, ժամանակի ընթացքին նոյն նիւթը զարգացնելու ձգտումը եւ համագործակցութեան ոգին:

Հայկազեանի ուսանողներէն Լոռի Պիլալեան (սրինգ) եւ Վահան Սաղտըճեան (դաշնամուր), արհեստավարժ մակարդակով կատարեցին «Երեւան-Էրեբունի»-ն:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան կարդաց տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին տրուած կոչումին որոշումը: Ան բարձր գնահատեց հայ ազգային-ազատագրական պայքարը համիտեան բռնատիրութեան դէմ, եւ` այդ պայքարին մէջ ծնունդ առած կուսակցութիւններուն խաղցած դժուարին, բայց պատուաբեր դերը: Փրոֆ. Մելքոնեան նկատել տուաւ, որ պէտք է արդար արժեւորումը կատարել ազատագրական պայքարի ինքնազոհ նուիրեալներուն. գործ մը, որ շրջանէ մը ի վեր կը կատարէ տոքթ. Ե. Ճէրէճեանը:

Իր շնորհակալական խօսքին մէջ տոքթ. Ե. Ճէրէճեան հակիրճ բացատրեց, թէ ատամնաբուժական եւ երեսփոխանական ասպարէզներէն ետք ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ անցում կատարած է դէպի պատմագրութիւն: Ան իր պարտաւորութիւնը յայտնեց այսուհետեւ բարձր պահել զինք պարգեւատրող հաստատութեան` ԳԱԱ եւ Պատմութեան հիմնարկին վարկը:

Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նշեց, որ Հայկազեանը միշտ ալ պատրաստ է ծառայելու իբրեւ նման ուսումնական եւ գիտական ձեռնարկներու հանդիսաբեմ: Իսկ տոքթ. Ե. Ճէրէճեանին Հայկազեանը ծանօթ է շատոնց, երբ ան սկսած է աշխատակցիլ Հայկազեան հայագիտական հանդէսին եւ յաճախել համալսարանին գրադարանը:

Ներկաներուն միջեւ մտերմիկ խօսակցութիւնները շարունակուեցան ընդունելութեան սեղանին շուրջ:

Դաշնակցութիւնը ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովն Է

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Սովորական կամ ընթացիկ հասկացողութեամբ կուսակցական համագումար մը չէ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը: Անոր օրակարգը, քննութեան դաշտը եւ որոշումներու բնագաւառները այնքան ընդարձակ են, որքան ընդարձակ են հայրենիքն ու սփիւռքը: Անոնք այնքան տարածուն են, որքան տարածուն են համայն հայութեան պետական եւ գաղութային կառոյցները: Անոնք այնքան համապարփակ են, որքան համապարփակ են մեր հայրենական եւ սփիւռքեան ազգային կեանքի պահանջները:

Այս բոլոր առումներով, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը ամբողջական Հայաստանին եւ ամբողջական հայութեան առնչուող համընդհանուր օրակարգերը քննող, համընդհանուր լուծումներ որոնող եւ աշխատանքային համընդհանուր ուղեգիծ ճշդող Դաշնակցութեան գերագոյն համագումարն է: Անոր օրակարգի բոլոր կէտերը համարժէք եւ համանշանակ են: Ան չէ ու չէ եղած մասնակի հարցեր քննող եւ մասնակի լուծումներու յանգող դաշնակցական հաւաք, ինչպէս կը փորձեն պատկերացնել որոշ թերամիտ մարդիկ, որոնց մօտ կը պակսի այս դաշնակցական ժողովին էութիւնը խորաչափելու կարողութիւնը:

Իբրեւ կուսակցութիւն` դաշնակցական մարմինները եւ անդամները ունին իրենց կազմակերպական սեփական օրակարգերը եւ աշխատանքները: Անոնք կը մտածեն, կը ծրագրեն ու կը գործեն Դաշնակցութեան գաղափարական կեդրոնացումի եւ կազմակերպական ապակեդրոնացումի երկաթեայ սկզբունքով:

Այդ նպատակին համար Դաշնակցութեան կառոյցներէն ներս խօսքի եւ մտածումի ազատութիւնը հիմնական սկզբունքներ են իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար: Դաշնակցութեան գաղափարական կեդրոնացումը ռազմավարական առաջնահերթ ուղեցոյցն է իւրաքանչիւր շարքայինի եւ դաշնակցական մարմինի համար, իսկ կազմակերպական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը կ՛ապահովէ որոշումներու գործադրութեան մարտավարական թոյլտուութիւնը բոլոր միաւորներու համար: Ուստի, իր ղեկավարման մէջ Դաշնակցութիւնը մենատիրութեան ձգտումներ չի թոյլատրեր` շնորհիւ իր դաւանած գաղափարական հիմունքներուն եւ իր կիրարկած կանոնագրային ժողովրդավար ենթահողին: Դաշնակցական մարմինները գործադիրներն են որդեգրուած որոշումներուն եւ ուղղութեանց, սակայն անոնք ստորադաս եւ համարատու են զիրենք ընտրող ժողովներուն: Իսկ դաշնակցական ժողովները դարբնոցն են դաշնակցականներու կամքին ու վճիռին, որոնց պէտք է ենթարկուին դաշնակցական շարքայինն ու մարմինը:

Անշուշտ այս բոլորը կը պարզեն Դաշնակցութիւն կուսակցութեան հանգամանքը: Սակայն անոնք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը չեն: Եւ «ո՞րն է Դաշնակցութիւնը», ինչպէս կը հարցադրէ Նիկոլ Աղբալեան եւ կու տայ անոր պատասխանն ու բացատրութիւնը.-

«… բայց ո՞րն է Դաշնակցութիւնը, ոչ թէ կուսակցութիւնը, այլ` Դաշնակցութիւնն իր էութեան մէջ: Բոլոր հին ու նոր ընկերները, բոլոր հին ու նոր մարմիններն իրենց գործերով միասին կազմում են մեր կուսակցութիւնը: … Այստեղ մտնում են թէ՛ մեր Ծրագիրը, թէ՛ մեր Կանոնագիրը, թէ՛ մեր որոշումները: Բայց ո՞րն է սրանցից Դաշնակցութիւնը. արդեօք այս կամ այն կեդրոնական կոմիտէն կամ Շրջանային ժողո՞վը: Այս մարմիններն ու ժողովները դաշնակցական գործ են կատարում, բայց զատ զատ կամ միասին առած` Դաշնակցութիւն չեն, թէեւ կուսակցութիւնն են: Դաշնակցութիւնը կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովն է» (Նիկոլ Աղբալեան, «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին»):

Հարցադրումը չի վերաբերիր Դաշնակցութեան կուսակցութիւն ըլլալու փաստին ու հանգամանքին, որոնք կը դրսեւորուին` իր Ծրագիրով, Կանոնագիրով, պատմութեամբ, նահատակներով, հերոսներով, իրագործումներով, ձախողութիւններով, որոշումներով եւ մարմիններով: Հարցադրումը կը վերաբերի Դաշնակցութեան էութեան:

Աղբալեանի պատասխանը յստակ է` ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՆ Է:

ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը Դաշնակցութիւնն է, որովհետեւ հոն կը խտանան, կը բիւրեղանան եւ կը հաստատուին բոլոր դաշնակցականներուն եւ դաշնակցական մարմիններուն միտքերը, որոշումները, վճիռները եւ կամքը:

ա.- Ընդհանուր ժողովի որոշումներն ու վճիռներն են միայն, որոնք կը ճանչցուին իբրեւ դաշնակցական: Անոնք պարտադիր են բոլոր շարքայիններուն, մարմիններուն եւ ժողովներուն: Որեւէ ստորադաս ժողով կամ մարմին կրնայ բիւրաւոր որոշումներ կայացնել, սակայն անոնք դաշնակցական կը ճանչցուին այն չափով, որ չեն հակասեր Ընդհանուր ժողովի որոշումներուն:

բ.- Անհատ կուսակցականները կամ մարմինները կրնան բիւրաւոր գործեր ծրագրել եւ գործադրել, սակայն անոնք դաշնակցական գործ եւ յղացում չեն համարուիր, եթէ կը հակասեն Ընդհանուր ժողովի գծած ուղղութեան, որոշումներուն եւ աւանդութեանց:

գ.- Միայն Ընդհանուր ժողովն է, որ հիմք ունենալով բոլոր դաշնակցականներու առաջադրանքները` կը մշակէ, կը կազմէ ու կը հաստատէ ՀՅԴ Ծրագիրն ու Կանոնագիրը, որոնք պարտադիր կը դառնան բոլոր դաշնակցականներուն, դաշնակցական ժողովներուն եւ մարմիններուն: Որեւէ այլ ժողով, մարմին կամ շրջան չի կրնար իր սեփական ծրագիրն ու կանոնագիրը ունենալ, եթէ անոնք կը հակասեն ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի որդեգրած ծրագրային ու կանոնագրային սկզբունքներուն:

դ.- Ամէն դաշնակցականի, դաշնակցական մարմինի եւ ժողովի ընթացքը պէտք է համընկնի ու համապատասխանէ Ընդհանուր ժողովին ճշդած ուղղութեան: Իսկ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը իր ընթացքը կ՛որոշէ ազատ եւ անկախ: Իր այս որոշումին մէջ «Նա յենւում է իր անդամների իմացական կարողութեան եւ փորձառութեան, լսում է բոլոր շրջանների ու մարմինների կարծիքն ու տրամադրութիւնը, նկատի ունի ամէնքի պահանջն ու դիտողութիւնը, բայց ենթակայ չէ նրանց»: (Աղբալեան, նոյն):

ե.- Բոլոր դաշնակցականները եւ մարմինները պատասխանատու են իրենց գերադաս մարմիններուն եւ ժողովներուն: Սակայն «միմիայն Ընդհանուր ժողովն է, որ պատասխանատու չէ ոչ ոքի առջեւ: Նրա դատաւորը հայոց պատմութիւնն է, մինչդեռ մարմինների եւ ընկերների գերագոյն դատաւորը Ընդհանուր ժողովն է»: (Աղբալեան, նոյն):

Արդ, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը «բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, նրա միտքն ու կամքը: Նա Դաշնակցութիւնն է իր ներկայ կազմով եւ անցեալ պատմութեամբ»: Այս գերագոյն ժողովին ներկայ են ոչ միայն բոլոր դաշնակցականները, այլեւ հոն կը շնչեն Դաշնակցութեան «հազարաւոր հերոսների եւ նահատակների յիշատակը»: (Աղբալեան, նոյն):

Երբ աւարտած է Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը, անոր վճիռները վերջնական են ու անառարկելի` հետեւող քառամեակին համար, այսինքն` մինչեւ յաջորդ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը: Անոր աւարտին կը դադրին «բոլոր ինքնասիրութիւններն ու յաւակնութիւնները»: (Աղբալեան, նոյն):

Առ այդ, կը սկսի դաշնակցական գործի նոր փուլ` իրագործելու համար ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին որոշումները, վճիռները եւ գծած վարքագիծը, որոնք կը հանդիսանան բոլոր դաշնակցականներուն կամքն ու պարտաւորութիւնը:

ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, որովհետեւ ան կ՛իմաստաւորէ ու կը հաստատէ Դաշնակցութեան գոյութիւնը` ի սպաս Հայաստանի ու հայութեան Դատին, որոնք պատուանդանը կը կազմեն Դաշնակցութեան գաղափարական նպատակներուն եւ գործնական աշխատանքներուն: Եւ ինչպէս Ռուբէն Տէր Մինասեան կը բացատրէ («ՀՅԴ կազմակերպութիւնը»), այդ գոյութեան չորս անփոփոխելի հիմքերն են.

1) Հայութեան պահպանում
2) Հայաստանը` հայութեան
3) Ուժ եւ կազմակերպութիւն
4) Արդար աշխատանք

Մեկնելով այդ չորս հիմքերէն` յաջորդական եւ յառաջիկայ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովները կը շարունակեն որոշել ու գործել դաշնակցական կազմակերպութեամբ կերտելու հայութեան ուժը` ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան համար: Այդ ճանապարհի ծրագրումին եւ գործադրումին մէջ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը կ՛առաջնորդուի եռագոյն դրօշով, որուն վրայ գրուած է «Լեռնային Ղարաբաղ, Նախիջեւան, Ախալքալաք` մէկ կողմէ եւ Տաճկահայաստանի գաւառներ` միւս կողմէ, որոնք պիտի միացուին բուն հայրենիքին» (Ռուբէն Տէր Մինասեան, նոյն):

Լոս Անճելըս
7 յունուար  2019

Հեշտ Չէ, Բայց…Դժուար Ալ Չէ (Հայաստանի Հանրապետութեան Լեզուի Կոմիտէին Հրապարակած Կոչին Առիթով)*

$
0
0

 ՆՈՐԱ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ-ԳՈՅՈՒՄՃԵԱՆ

Միջնակարգի աշակերտ էի, երբ «փոփոխութիւն» կամ «յեղաշրջում» կարգախօսով իշխանութեան նոր  տիրացած Յունաստանի ընկերվարական կառավարութիւնը  ուսումնական ոլորտին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու  որոշումներ  տուաւ: Դպրոցական կեանքի սովորութիւններէն եւ համալսարան մուտք գործելու համակարգէն անդին` անոնք կը վերաբերէին նաեւ յունարէն լեզուին եւ քերականական խնդիրներու:

Նախ օտար բառերու գործածութեան դէմ «մտայնութիւն  մշակելու պայքար» մը սկսաւ: Նորեկ  ղեկավար մտաւորականութիւնը «օտարամոլութիւն» անուանեց օտար բառերու գործածութիւնը յունարէնի մէջ: Նախարարութեան ուղեգիծին հետեւեցան ուսուցիչները: Լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս շարադրութեան դասի պահուն այս նիւթի մասին յաճախ վերլուծում ընելու եւ առաջարկներ կատարելու պարտականութիւններ կը տրուէին մեզի` աշակերտներուս:

Կա՞յ աւելի ազդեցիկ միջոց, քան կրթական միջավայրը` մտայնութեան փոփոխութիւններ յաջողցնելու համար: Եւ իսկապէս ատիկա իր արդիւնքները  տուաւ համեմատաբար շատ կարճ ժամանակի մէջ:

Բացի օտար բառերէ` նաե՛ւ քերականական կարգ մը  կանոններ պարզացուց նախարարութիւնը եւ որոշ բառերու ուղղագրութիւնը փոխեց:  Սերունդին համար մեծ բարիք մը եղաւ յատկապէս վերացումը խազերու եւ  շեշտադրումներու, որ մինչ այդ կը կրէին  յունարէն բառերը իրենց ձայնաւորներուն վրայ` բարդութիւններ  պատճառելով աշակերտներուն:

Օրին այդօրինակ բարեփոխումներուն դէմ բուռն առարկողներ չպակսեցան, յատկապէս` կղերի ու աջակողմեան շրջանակներու կողմէ: Բայց կառավարութիւնը կը վայելէր համակրանքը ժողովուրդի մեծամասնութեան, որ յուսադրիչ ակնկալութիւններով կը վստահէր բոլոր մարզերէն ներս տրուող նոր որոշումներուն: Պէտք է անշուշտ աւելցնել, որ այս փոփոխութիւններով հանդերձ,  պահուեցաւ դասաւանդութիւնը հին (գրաբար) յունարէն լեզուին` անիկա սեպելով ժամանակակից լեզուին եւ ազգային գրականութեան հիմքը:

Մենք եղանք այն սերունդը, որ նախակրթարանի մէջ այնքան մեծ ճիգերով մեր սորվածները վերատեսութեան ենթարկելով` պէտք էր սորվէինք նո՛րը, փոխուա՛ծը եւ առանց  առարկելու, պարտադրաբար պէտք էր վարժուէինք նոր կանոններուն եւ անոնցմով  մեր քննութիւնները անցընէինք-յաջողէինք:

Խոստովանիմ, որ հեշտ չեղաւ, բայց… այնքան դժուար ալ չեղաւ: Շատ չանցած` արդէն վարժուեցանք, իսկ յաջորդ սերունդներուն համար ամէն բան բնականոն դարձաւ: Այնուհետեւ ամէն ինչ պարզացուած է, ինչ կը վերաբերի լեզուին:  Նախապէս ալ արդէն բարեփոխութեան ենթարկուած էր յունարէնը` անոր «մաքուր-գրական» կոչուածն ու խօսակցականը միախառնելու-նոյնացնելու տեսակէտէ: Այս վերջին բարեփոխութենէն ետք, պաշտօնատուներու թէ  հրատարակութիւններու մէջ այլեւս գործածական չեն հին-գրաբար, մաքուր-գրական յունարէններ: Կը գրեն այն յունարէնով, որ կը խօսին եւ կը խօսին այն յունարէնով, որ կը գրեն…

Այս յուշերս յայտնելով` կը փորձեմ  ըսել, թէ  կարծուածին կամ կատարուած ինչ-ինչ առարկութիւններուն չափ դժուար չէ  լեզուական խնդիրներու մէջ փոփոխութիւններու ձեռնարկելն ու յաջողիլը, եթէ կան անշուշտ որոշում տալու քաղաքական վճռակամութիւն եւ մտաւորական շրջանակներուն կողմէ աջակցելու կամք:

Հինէն ի վեր ունինք հայոց լեզուի երկու տարբերակներ, որոնք պէտք է սեպենք մեր լեզուի հարստութիւնը եւ ոչ` բացասական երեւոյթ: Բացասականը այն միտումնաւոր միջամտութիւններն են, որոնք եղած են ատենին` ազգային ինքնութիւնը տկարացնելու եւ այն ժամանակուան սփիւռքը հայրենիքէն առաւել հեռացնելու նպատակով:

Հայաստանի Հանրապետութեան Լեզուի կոմիտէին ներկայ կոչը  հայերուն, որ օտար բառեր չխառնեն հայերէնին, տատամսոտ, այլեւ առաջին քայլ մըն է, որ լեզուն առողջանայ եւ բառամթերքը պահպանուի-հարստացուի,  մանաւանդ` նոյնինքն հայրենիքին մէջ: Սփիւռքի մէջ ծնած-մեծցած եղողներս թէեւ յաճախ մեր ապրած երկրի լեզուն կը խառնենք մեր խօսքին մէջ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ չենք մտահոգուիր եւ հարցը արծարծելու աւելի ազդու միջոցներ չենք ակնկալեր Հայաստանի իշխանաւոր ու մտաւորական շրջանակներէ:

Կու գա՞յ արդեօք ուղղագրութեան հարցն ալ քննարկելու պահը եւ` համապատասխան քայլեր առնելու:  Լաւատես ենք:

Գիտեմ, որ հեշտ չէ, բայց… այնքան դժուար ալ չէ: Թերեւս Քոլոմպոսի հաւկիթին կը նմանի…

*Կոչը տեսնել ստորեւ։

————

Լեզուի Կոմիտէի Նոր Յորդորակը – Գործածէք Օտար Բառերի Հայերէն Համարժէքները

Լեզուի կոմիտէն հաղորդագրութիւն է հրապարակել, որն ամբողջութեամբ ներկայացնում ենք.

«Յայտնի իրողութիւն է, որ լեզուներն առանց փոխառութիւնների չեն լինում: Դրանք  եղել են, կը լինեն եւ մերժելի չեն, եթէ անհրաժեշտաբար են փոխառուել: Իրողութիւն է նաեւ, որ ամէն լեզու փորձում է հնարաւորինս զերծ մնալ օտար բառերից` ստեղծելով դրանց համարժէքները: Երբ տուեալ լեզւում ստեղծւում է համապատասխան բառը, որը հասարակութիւնն ընդունում է, փոխառութիւնը դառնում է օտարաբանութիւն:

Ի տարբերութիւն փոխառութեան` օտարաբանութիւնը մերժելի է, որովհետեւ նախընտրելով օտարաբանութիւնը` նսեմացնում ենք մայրենի լեզուն, խանգարում նրա բնականոն ընթացքը:

Հայերէն շատ բառեր, ցաւօք, երբեմն անտեսւում են:

Նկատի ունենալով վերը ասուածը`

ՅՈՐԴՈՐՈՒՄ ԵՆՔ

ստորեւ  բերուած օտար բառերի փոխարէն` գործածել հայերէն համարժէքները.

աբոնեմենտ – բաժանորդագիր
աբստրակտ – վերացական
աբսուրդ – անհեթեթութիւն, անհեթեթ
ամբիցիոզ – յաւակնոտ
աւտոռեֆերատ – սեղմագիր
ատեստատ – վկայական
բալանս – հաշուեկշիռ
դեֆիցիտ – պակասուրդ
դիւիդենտ – շահաբաժին
դիսերտացիա – ատենախօսութիւն
դիսպետչեր – կարգավար
էմոցիա – յոյզ
իմիջ – կերպար
ինվալիդ – հաշմանդամ
ինվեստիցիա – ներդրում
լեգիտիմ – օրինական, օրինակարգ
լոգիկա – տրամաբանութիւն
կոլեգիա – վարչանի
կոմպետենտ – 1. իրազեկ, 2. իրաւասու
կոմպրոմիս – փոխզիջում
կոնցեպցիա – հայեցակարգ
կրէատիւ – ստեղծագործ
մաքսիմում – առաւելագոյն
մենեջմենտ / մենեջմենթ – կառավարում
մոնոպոլիա – 1. մենաշնորհ, 2. մենատիրութիւն
մոնոպոլիստ – 1. մենաշնորհեալ, 2. մենաշնորհատէր
մենտալիտետ / մենթալիտետ – մտածելակերպ
մինիմում – նուազագոյն
նեգատիւ – բացասական
շանս – հնարաւորութիւն
չէկ / չէք – վճարագիր, անդորրագիր
պոզիտիւ – դրական
պոպուլիզմ – ամբոխահաճութիւն
պոպուլիստ – ամբոխահաճ
պրակտիկ – գործնական
պրինտեր – տպիչ
ռէալ – իրական
ռեյտինգ – վարկանիշ
սանկցիա(ներ) – պատժամիջոց(ներ)
սիմվոլ – խորհրդանիշ
սիմվոլիկ – խորհրդանշական
սիստեմ – համակարգ
սիտուացիա – իրադրութիւն, իրավիճակ
ստատիստիկա – վիճակագրութիւն
տրենաժոր – մարզասարք
քսերոքս – պատճէնահան
քրոնիկոն – ժամանակագրութիւն
օպոնենտ – ընդդիմախօս
ֆէյք – կեղծ
ֆորում – համաժողով»:

 

 

 


«Քաղաքապետութեան Առաքելութիւնն Է` Ժողովուրդին Ծառայել Եւ Անոր Կեանքը Դիւրացնել, Առանց Խտրութեան» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Մարտիկ Պօղոսեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան աշխատանքները բազմազան են եւ ընդարձակ, բացի շրջանին կարիքները հոգալէ, շրջանը բարգաւաճեցնելէ եւ քաղաքացիներուն կեանքը դիւրացնելէ` քաղաքապետարանը կը հովանաւորէ, նեցուկ կը կանգնի եւ կ՛օժանդակէ իր շրջանին մէջ գործող բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն ձեռնարկներուն եւ իր ներկայութիւնը կը փաստէ բոլոր բնակիչներուն կեանքին մէջ:

Լուսարձակի տակ առնելու համար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան աշխատանքները` «Ազդակ» նախաձեռնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին հետ հարցազրոյցի մը, որուն ընթացքին ամբողջական անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքապետարանին կատարած աշխատանքներուն, առաքելութեան եւ յատկապէս ապագայի ծրագիրներուն:

Շինարարական Աշխատանք

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին ամէնէն հսկայ եւ կարեւոր ծրագիրին` «Սեն Ժաք փլազա» բնակարանային համալիրի կառուցման մասին Մ. Պօղոսեան յայտնեց, որ «Սեն Ժաք փլազա»-ի շինարարական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են:

Ան հաստատեց, որ «Սեն Ժաք փլազա»-ի ծրագիրը տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունէր եւ վերջին 12 տարիներուն ընթացքին այս ծրագիրը հետապնդուած, սակայն այդ իմաստով յստակ որոշում չէ տրուած:

«Վերջին տարիներուն, սակայն, քաղաքապետարանը որոշեց թիթեղաշէն տուները, որուն վայրը Թիրօ քեմփ կը կոչուէր, ամբողջութեամբ վերացնել եւ կառուցել նոր բնակարաններ: Քեմփի գոյութեան երեւոյթը խորթ էր հայ մարդուն համար: Ճի՛շդ է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերս 100 տարի առաջ հասանք Լիբանան, սակայն թիթաղաշէն տուներուն մէջ ապրիլը այլեւս խորթ է հայուն համար», շեշտեց Մ. Պօղոսեան:

Աւելի եւս կեդրոնանալով «Սեն Ժաք փլազա»-ի բնակարաններու կառուցման վրայ` Մարտիկ Պօղոսեան հաստատեց, որ թիթաղաշէն բնակարանները վերացնելու ծրագիրը պէտք էր գործադրուէր մինչեւ 2016-ին աւարտը: «Նկատի ունենալով, որ այդ հողի 10 տարուան տիրացումի ժամկէտը կը հասնէր իր աւարտին, եւ մնացած էր միայն 6-7 ամիս, եւ քաղաքապետութիւնը պէտք էր, որ անմիջական որոշում տար տակաւին մնացած քանի մը հարիւր տուները վերացնելու եւ հոն ապրող ժողովուրդին ժամանակաւոր բնակարաններ հայթայթէր` հասկնալով անոնց տնտեսական վիճակը: Քեմփի բնակիչներուն հատուցումներ տրուեցան օրին տիրող պայմաններուն համաձայն, եւ ըստ դատական որոշումներու, այլ խօսքով, բնակարաններու գնահատումները կատարուեցան օրինական դատարաններուն միջոցով եւ ոչ թէ` քաղաքապետութեան: Անշուշտ մենք կը խօսինք 35 կամ 25 քառ. մեթր բնկարաններու մասին, որ շատ քիչ անգամ 40 քառ. մեթրի կը հասնէր: Ոմանք` մեծ թիւով բնակիչներ մերժեցին հատուցումներ», ըսաւ ան:

Մ. Պօղոսեան հաստատեց, որ երբ ինք ստանձնած էր քաղաքապետի պաշտօնը, շատ կարճ էր հողի տիրացման ժամկէտը եւ պէտք էր արագ որոշում կայացնել, այլապէս հողատէրերը կրնային իրենց իրաւունքները պահանջել:

Ան յայտնեց, որ «Սեն Ժաք փլազա» բնակարանային համալիրի շինարարական աշխատանքները ստանձնած է «Խուրի» ընկերութիւնը, որ երեք ամիսէն սկսաւ իր աշխատանքներուն:

«Քաղաքապետարանը իր մօտ հրաւիրեց շրջանի բնակիչները եւ անոնց հետ ունեցաւ  իրերայաջորդ հանդիպումներ, որոնք բաւական առողջ էին: Ճի՛շդ է, որ սկիզբը մթնոլորտը բաւական թէժ էր, սակայն իբրեւ քաղաքապետութիւն` մենք որոշում տուինք անոնց տուներ տրամադրելու` մինչեւ «Սեն Ժաք փլազա»-ի բնակարաններու շինութեան աւարտը: Այդ իմաստով քաղաքապետարանը յաջողեցաւ, եւ քեմփի բնակիչները այդ բնակարաններուն մէջ պիտի շարունակեն ապրիլ, մինչեւ «Սեն Ժաք փլազա» համալիրի իրենց նոր բնակարանները փոխադրուիլը», հաստատեց Մ. Պօղոսեան:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետը ընդգծեց, որ «Սեն Ժաք փլազա» նորակառոյց ժողովրդային տուներուն պարագային, նախապատուութիւնը տրուած է իր թիթաղեշէն տուներէն դուրս եկած քաղաքացիին:

Բնակարաններու աշխատանքին ներկայ փուլին մասին անդրադառնալով` Մարտիկ Պօղոսեան շեշտեց, որ կառուցուած շէնքերուն պեթոնի աշխատանքը հասած է իր աւարտին: ««Խուրի» շինարարական ընկերութեան հետ ստորագրուած պայմանագիրին համաձայն, մեր նախատեսութիւնը այն է, որ բնակարաններու ներքին աշխատանքները եւս աւարտին յառաջիկայ տարի, այսինքն` 2019-ին, եւ ըստ այնմ, բնակարանները յանձնուին անոնց տէրերուն», ըսաւ քաղաքապետը` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանումին:

Ան նշեց, որ «Սեն Ժաք փլազա»-ի յարկաբաժինները պիտի ծառայեն իբրեւ բնակարաններ` առանց առեւտրական նպատակներ հետապնդելու: «Բնակարանները թիւով 184 են, իսկ անոնց ներքեւ կը գտնուին 70 փոքր խանութներ, ինչպէս նաեւ` 600 ինքնաշարժի յատուկ կառատուն մը: Հոս կ՛ուզեմ յստակացնել, որ շէնքերուն բնակիչները իրենց կառատուները ունին, իսկ 600 ինքնաշարժի համար կառուցուած կառատունը առանձին համալիր մըն է, որուն նպատակն է Պուրճ Համուտ այցելողներուն կայանելու տրամադրել», ըսաւ ան:

Այդ բնակարանները աշխատանքային գրասենեակներու համար պիտի չօգտագործուին:

Այս շրջագիծին մէջ Մ. Պօղոսեան հաստատեց, որ գրեթէ բոլոր յարկաբաժինները վաճառուած են եւ այդ իմաստով արձանագրութիւնները կատարուած են:

Անդրադառնալով շինարարական աշխատանքի դիմագրաւած դժուարութեան` Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ հիմնական դժուարութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է բնակարանային վարկեր տրամադրող դրամատան ծառայութեան կասեցումին, որ խորքին մէջ համալիբանանեան մակարդակի հարց է: Ան նկատել տուաւ, որ այդ երեւոյթը բաւական մտահոգիչ է, սակայն քաղաքապետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ եւ կը յուսայ, որ մօտիկ ապագային այս դժուարութիւնը կրնայ յաղթահարել:

Բարեկարգման Աշխատանքներ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան իրականացուցած շինարարական  աշխատանքներուն կողքին, Մ. Պօղոսեան անդրադարձաւ նաեւ բարեկարգման աշխատանքներուն: Ան ակնարկեց Արաքս փողոցին մէջ մայթերը լայնցնելու եւ զանոնք շուքի դրութեամբ օժտելու ծրագիրին, որպէսզի Պուրճ Համուտի շուկայի այցելուները կարենան հանգիստ իրենց գնումները կատարել:

Բարեկարգման աշխատանքներու ծիրին մէջ քաղաքապետը անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի երկու գլխաւոր մուտքերուն բարեզարդման աշխատանքներուն` լուսաւորում, ներկ եւ ասֆալթապատում:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Նահրի կամուրջին տակ լուսաւորելու եւ ներկի աշխատանքին, պատերու մաքրութեան եւ սալապատումին:

Մ. Պօղոսեան ակնարկեց նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կից գտնուող եւ դէպի Էշրեֆիէ տանող կամուրջին պատերը ներկելու եւ կամուրջին տակի լուսաւորումը ապահովելու, ինչպէս նաեւ կամուրջին տակ ոստիկանական նոր կէտ մը հաստատելու իրականութեան, շրջանի բնակիչներուն ու անցորդներուն յաւելեալ ապահովութիւն ներշնչելու նպատակով:

Ան նշեց նաեւ, որ կատարուեցաւ Մարաշ թաղի նորոգութեան եւ բարելաւման աշխատանք: «Փոխուեցան ճամբուն սալիկները, մայթերը, ապականած եւ անձրեւի ջուրի ցանցերը: Ներկուեցան եւ նորոգուեցան շէնքերու արտաքին պատկերը», ըսաւ ան:

Մ. Պօղոսեան նշեց, որ կատարուած են Քաղաքապետարանի շէնքերուն վերաբերող նորոգութիւններ, ինչպէս նաեւ` Քաղաքապետարանի շէնքերուն կից գտնուող հանրային պարտէզի նորոգութիւն:

«Այս շրջագիծին մէջ, Մարաշ թաղի վերջաւորութեան գտնուող պարտէզը տրամադրուեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որ որոշեց զայն օգտագործել իբրեւ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարան», աւելցուց քաղաքապետը:

Բարենորոգման աշխատանքներուն շարքին ան անդրադարձաւ նաեւ «Շաղզոյեան» կեդրոնի, ԼԵՄ-ի կեդրոնի, չքաւոր ընտանիքներու եւ ծերերով բնակուած բնակարաններու նորոգութեան աշխատանքներուն, կարգ մը թաղամասեր ճամբու լոյսերով օժտելու աշխատանքին, Տորայի հրապարակին վրայ հանրային փոխադրակառքերու կեդրոնի հաստատումին, ծովային մայրուղիի կից հանրային փոխադրակառքերու կառատան հաստատումին, շրջանին մէջ չորս ոստիկանական կէտերու հաստատում, «Արաքս» շուկայի մօտ հանրային արտաքնոցի կառուցում, տարբեր թաղերու կուպրապատման աշխատանքին, ինչպէս նաեւ` շրջանին պողոտաներու եւ ճամբաներու դասաւորման:

Միւս կողմէ` Մարտիկ Պօղոսեան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի սպանդանոցին փակումը եղած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին կարեւոր աշխատանքներէն մէկը: «Մեր վարկին համար սպանդանոցը բաւական անխնամ, ապառողջ եւ անհանդուրժելի վիճակի մէջ կը գտնուէր», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Պուրճ Համուտի կոյուղիներու մաքրութեան աշխատանքներուն` քաղաքապետը հաստատեց, որ այդ աշխատանքը կը սկսի օգոստոս ամսուան ընթացքին եւ երեք ամսուան աշխատանքէ ետք, նոյեմբերի սկիզբ արդէն իսկ աւարտած կ՛ըլլայ: «Այդպիսով կը կանխարգիլենք ձմեռնամուտի անձրեւներուն պատճառով ողողումներու հարցը, եւ փաստօրէն տարիներէ ի վեր Պուրճ Համուտի մէջ այդ խնդիրը գոյութիւն չունի», ըսաւ ան:

Պաշտօնէութեան Եւ Գրասենեակներու Աշխատանք

Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ քաղաքապետարանի շէնքին մէջ աւելցուցած են կէս յարկ, որպէսզի անձնակազմին թիւը արհեստավարժ կերպով կարելի ըլլայ աւելցնել, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդին պահանջներուն աւելի արագ կերպով ծառայել ու հասնիլ:

«Նոր պաշտօնէութիւնը աշխուժութիւն բերաւ քաղաքապետութեան աշխատանքներուն եւ ոստիկաններու ու պահակներու յարատեւ ներկայութեամբ, շրջանին մէջ առաւել ապահովութիւն ստեղծուեցաւ», յայտնեց Մ. Պօղոսեան:

Պաշտօնէութեան ու գրասենեակներու աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ քաղաքապետը անդրադարձաւ Լիբանանի տարածքին առաջին անգամ ըլլալով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ իգական սեռի ոստիկաններու նշանակումը եւ օրէնքի պարտադրութեան ու երթեւեկի դիւրացման իմաստով անոնց աշխատանքներ վստահելու նախաձեռնութիւնը, որ տեղական մակարդակով գնահատուած է եւ արժանացած` տեղական եւ օտար լրատուամիջոցներուն անդրադարձին:

Ան նշեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական ոստիկանութիւնը ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրներուն կողմէ ընտրուած է հանդիսանալու Լիբանանի քաղաքապետական ոստիկանութեան արդիականացման ծրագիրի առաջին մասնակիցը: «Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին մասնակցութեամբ, հինգ նոր ոստիկանական գրասենեակներ զետեղեց տարբեր թաղամասերու մէջ», ըսաւ ան:

Մ. Պօղոսեան յայտնեց նաեւ, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան 15 ոստիկաններ հետեւած են Ներքին ապահովութեան ուժերու ակադեմիայի խտացեալ դասընթացքին, աւելցնելով, որ դասընթացքին մասնակիցներուն մէջ առաջնութիւնը ապահոված է Պուրճ Համուտի ոստիկանուհիներէն մէկը:

Ան կարեւոր նկատեց նաեւ գործունէութիւնը տեղեկատուական գրասենեակին, որ ընկերային ցանցին ընդմէջէն աշխուժ գործունէութեամբ հանրութեան կը ծանօթացնէ քաղաքապետութեան աշխատանքները:

Աղբահանութեան Հարց

Աղբահանութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Մ. Պօղոսեան շեշտեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը սկսած է նոր ծրագիր մը, որ մաքրութեան արշաւն է: «Այդ արշաւը կը միտի ամսուան առաջին կիրակին փողոցները մաքրել: Մեր նպատակն է, որ Պուրճ Համուտի քաղաքացին ամսուան կիրակիներէն մէկուն ընթացքին քառորդ ժամուան համար փողոց իջնէ եւ իր թաղը մաքրէ: Այս հոլովոյթին ընթացքին ան պիտի հանդիպի նաեւ իր դրացիներուն, որոնք հոն են եւ թաղը կը մաքրեն: Այս քայլը պիտի մղէ, որ անոնք զգաստանան եւ իրենց թաղը մաքուր պահեն` տունէն աղբի տոպրակը առնելու եւ զայն փողոցին մէջ նետելու փոխարէն: Այս արշաւին նպատակն է նաեւ մղել Պուրճ Համուտի բնակիչը, որ աստիճանաբար զգուշանայ եւ ի վերջոյ հասնի այն փուլին, որ տան մէջ աղբը տեսակաւորելէ ետք զայն նետէ համապատասխան աղբամաններու մէջ: Եթէ մենք իրապէս կը փափաքինք աղբահանութեան տագնապը լուծել, ապա այդ լուծումը պէտք է սկսի իւրաքանչիւրին տան մէջ», հաստատեց ան:

Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ մաքրութեան արշաւը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ ինք քաղաքապետ է: «Աղբահանութեան հարցին լուծումը տունէն կու գայ, իր տունը եւ թաղը մաքուր պահող քաղաքացին կամ բնակիչը, մաքուր կը պահէ նաեւ իր հայրենիքը` աղբահանութեան տագնապին լուծումը սկսելով իր բնակարանէն: Այս մէկը պարտադիր է բոլոր բնակիչներուն», ըսաւ ան:

Մաքրութեան արշաւի յաջորդող փուլերուն անդրադառնալով` քաղաքապետը յայտնեց, որ քաղաքապետարանը դիմած է Պուրճ Համուտի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն` մասնակցելու այս արշաւին: Ան աւելցուց, որ մաքրութեան արշաւին մասնակցելու ծիրին մէջ պիտի դիմուի նաեւ բանակին ու ոստիկանութեան, որպէսզի անոնք եւս իրենց մասնակցութիւնը բերեն եւ, ի վերջոյ, օր մը այդ աւանդութիւնը վերածուի ամբողջ երկրին մակարդակով մաքրութեան արշաւի, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերեն նաեւ հանրապետութեան նախագահն ու պետական պաշտօնատարները: «Աղբահանութեան տագնապը ամբողջ երկրի մակարդակին վրայ տիրող տագնապ է: Իսկ Լիբանանը մեր երկիրն է, բոլորս կ՛ապրինք այս երկրին մէջ, եւ մե՛նք է, որ մաքուր պիտի պահենք զայն», հաստատեց Մ. Պօղոսեան:

Մ. Պօղոսեան ընդգծեց նաեւ, որ տան մէջ աղբի տեսակաւորման աշխատանքին մասին ժողովուրդը լուսաբանելու եւ անոնց օժանդակելու նպատակով քաղաքապետարանը կը գործակցի նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ:

Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին մասին Մ. Պօղոսեան ըսաւ, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան տարածքին մէջ աղբ թափելը վերջ գտած է: Տակաւին կայ աղբի փոքր բլուր մը, որ հետեւանքն էր կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ գործադուլ եւ նստացոյց կատարելու արարքին:

«Իսկ Պուրճ Համուտի աղբի լեռը գոյութիւն ունենալէ դադրեցաւ անցեալ յունիսին: Քաղաքապետարանը կը հաստատէ, որ երկու ամիս ետք Պուրճ Համուտի մէջ աղբի լեռներու գոյութիւնը հարիւր տոկոսով կ՛աւարտի: Ընդհակառակն, արդէն իսկ սկսած ենք կանաչութեան ցանքին: Այսինքն կը գործենք այդ ուղղութեամբ, որ ժողովուրդը ծովեզերքը քալելու կանաչապատուած հաճելի տեղ մը ունենայ, այնպէս, ինչպէս խոստացուած էր անոր», ըսաւ ան:

Ապահովութիւն

Պուրճ Համուտի ապահովութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մ. Պօղոսեան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտը ապահով է, հակառակ անոր որ կան ապահովական որոշ բացթողումներ:

«Պէտք է նկատի ունենալ, որ Պուրճ Համուտը 130 հազար բնակիչ ունի, որոնցմէ 20 հազարը սուրիացի, իրաքցի եւ քիւրտ տեղահանուածներ են. անոնց վրայ կ՛աւելնան նաեւ եթովպիացի, ափրիկեցի, հնդիկ, փաքիստանցի, սրիլանքացի աշխատաւորներ, որոնց թիւը կը հասնի 12 հազարի: Հակառակ այս թիւերուն` Պուրճ Համուտի ապահովական կացութիւնը շատ մը այլ շրջաններէ շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պուրճհամուտցիին համար շատ նեղացուցիչ դարձած է մեծաթիւ օտարներ տեսնել Պուրճ Համուտի մէջ, Մ. Պօղոսեան ըսաւ. «Կացութիւնը միշտ ալ նոյնը եղած է, սակայն երկրին մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին եւ պայմաններուն պատճառով մենք ստիպուած կացութիւնը տարբեր ակնոցով կը դիտենք: Օրին մենք չէինք զատորոշուիր իրարմէ, սակայն դժբախտաբար այս վերջին տարիներուն այս երեւոյթը ցցուն է: Քաղաքական տուեալներուն կողքին, կայ նաեւ տնտեսականը, որուն հիման վրայ Պուրճ Համուտի մէջ բնակարանները կամ վաճառատուները առանց փաստաթուղթերու կատարեալ դիւրութեամբ վարձու կը տրուին: Այս իմաստով, քաղաքապետարանը բաւական մեծ աշխատանք կը տանի, սակայն այդ գործը իր կարողութիւններէն վեր է, եւ կարիքը ունի պետութեան ապահովական գրասենեակներուն հետեւողական աշխատանքին, որպէսզի ապօրինութիւնները սանձուին, եւ առանց փաստաթուղթի Լիբանան մուտք գործած անհատներ հետապնդուին: Այս իմաստով, Պուրճ Համուտի բնակիչներուն գործակցութիւնը քաղաքապետարանին հետ խոցելի է, որովհետեւ տիրող ներկայ տնտեսական ծանր վիճակին, սղաճին եւ անգործութեան լոյսին տակ, երբ ապօրինի Լիբանան մուտք գործած անհատ մը 150-200 տոլար արժող բնակարանի մը կրկնապատիկը վճարէ` 300-400 տոլար, ապա ան բաղձալի կ՛ըլլայ տանտիրոջ համար, որովհետեւ անոր լուրջ եկամուտ մը կ՛ապահովէ», ընդգծեց քաղաքապետը:

Յարաբերական

Մ. Պօղոսեան շեշտեց, որ շրջանին մէջ գտնուող քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն հետ քաղաքապետութեան յարաբերութիւնները բնականոն են եւ հեզասահ:

Ան նշեց, որ քաղաքապետութիւնը իրեն ներկայացուած բողոքներուն նկատմամբ բարւոք լուծումներ կը փորձէ գտնել` յօգուտ շրջանի բնակչութեան:

Ան աւելցուց, որ քաղաքապետութիւնը կը գործակցի նաեւ համալսարանական ուսանողներու հետ` շրջանին մասին զեկուցումներ պատրաստելու նպատակով:

«Քաղաքապետութիւնը հետեւողական աշխատանք կը տանի նաեւ շրջանի դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն առողջութիւնը հսկող ծրագիրին: Պուրճ Համուտ այցելեցին արտերկրի լիբանանցի հարիւրաւոր երիտասարդներ` գործակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան: Այս բոլորին կողքին, Պուրճ Համուտ կ՛այցելեն նաեւ տարբեր շրջաններէ միութիւններ, դպրոցներ, որոնք մօտէն կը ծանօթանան շրջանին եւ հայկական աւանդութիւններուն», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ Մ. Պօղոսեան կարեւոր նկատեց Մարտակերտի եւ Պուրճ Համուտի միջեւ ստորագրուած գործակցութեան համաձայնագիրը:

Ան անդրադարձաւ նաեւ քաղաքապետութեան եւ տարբեր դեսպանատուներուն միջեւ գործակցութեան` նշելով, որ քաղաքապետարանը պատուիրակութեամբ մը մասնակցած է Գերմանիոյ դեսպանատան եւ Գերմանիոյ բարգաւաճման վարչութեան կազմակերպութեամբ Գերմանիոյ մէջ կատարուած աշխատանքներուն եւ ապա գերմանացի փորձագէտներ եւ քաղաքապետեր հրաւիրած է Պուրճ Համուտ` գործակցութեան հեռանկարները քննարկելու համար:

«Այս առումով ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ընդհանուր տնօրէն` Ախիմ Շթայնը այցելեց Պուրճ Համուտ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ քննարկեց շրջանի բարգաւաճման կարիքները, ինչպէս նաեւ այցելեց Արաքս փողոց», ըսաւ քաղաքապետը:

Մ. Պօղոսեան աւելցուց նաեւ, որ քաղաքապետարանը կը գործակցի ամերիկեան, անգլիական, չինական, լեհական, աւստրալական, քանատական եւ այլ դեսպանատուներու հետ:

«Յարաբերական աշխատանքին առումով Պւորճ Համուտի քաղաքապետութիւնը Պաալպեքի լիբանանեան բանակի 6-րդ վաշտին նուիրեց 300 զինուորական ռէյնճըր եւ 500 թի-շըրթ, գնահատելու համար Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայի վրայ ահաբեկչութեան դէմ բանակի արձանագրած յաղթանակը: Այս քայլը արժանացաւ բանաի հրամանատարութեան գնահատանքին», ըսաւ ան:

Մ. Պօղոսեան նշեց նաեւ, որ քաղաքապետութիւնը կը կազմակերպէ ձեռնարկներ, որոնցմէ են Պուրճ Համուտի բնակիչ տարեցներուն աչքի անվճար քննութիւնը, Քաղաքապետարանի հրապարակի եւ տօնածառի լուսաւորումի պաշտօնական արարողութիւնը, Պուրճ Համուտի տարեց եւ մանաւանդ կարիքաւոր բնակիչներու Նոր Տարուան խրախճանքը, ամանորի առիթով Պուրճ Համուտի վարժարաններու, շրջանի հայկական վարժարաններու եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտներուն հազարաւոր նուէրներու ցրւումը եւ շարք մը այլ ձեռնարկներ:

Նոր Ծրագիրներ

Ապագայ ծրագիրներուն մասին խօսելով` Մ. Պօղոսեան յայտնեց, որ կառատուներ կառուցելու իմաստով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը արդէն իսկ ունի յատուկ ծրագիր: Այդ ծրագիրին համաձայն, կառատուն մը պիտի կառուցուի Թրատ շրջանին մէջ` քաղաքապետութեան պատկանող շուրջ երեք հազար քառ. մեթր տարածութեամբ հողի մը վրայ, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի մուտքին, գետին կից հինգ յարկանի կառատուն մը շինելու ծրագիր գոյութիւն ունի:

Շինարարական աշխատանքներուն ծիրին մէջ Մ. Պօղոսեան անդրադարձաւ նաեւ քաղաքապետարանի մարզադաշտի ծրագիրին, որուն շրջագիծին մէջ մարզադաշտը հիմնայատակ պիտի քանդուի եւ միջազգային չափանիշներ ամբողջացնող  ֆութպոլի նոր դաշտ մը պիտի կառուցուի` ընդգրկելով նաեւ պասքեթպոլի դաշտեր, ինչպէս նաեւ` մարմնամարզի կեդրոն:

«Ծրագիրը արդէն իսկ մշակուած է ու պատրաստ, իսկ այդ ծրագիրին գործադրութեամբ այլ երազ մը իրականացուցած պիտի ըլլանք», շեշտեց քաղաքապետը` հաստատելով, որ շուրջ մէկ տարիէն այդ ծրագիրը կարելի պիտի ըլլայ գործի դնել:

Քաղաքապեատարնի հիմնական ծրագիրներէն մէկն այն է նաեւ, որ Տորայի «Մախլուֆ» վաճառատունէն մինչեւ կամուրջ ամբողջ ճամբան` աջ եւ ձախ կողմերով, մայթերն ու շէնքերը ներկենք, վարագոյրները նորոգել տանք եւ, ինչո՞ւ ոչ, այս ճամբան շաբաթավերջին` շաբաթ եւ կիրակի օրերուն վերածենք շուկայի, ուր մարդիկ միայն հետիոտն կը կատարեն իրենց գնումները` առանց ինքնաշարժի գոյութեան:

Մեր ծրագիրները կը միտին Պուրճ Համուտը ամրապնդել եւ զայն առեւտրական հզօր կեդրոնի վերածել:

«Այս ծրագիրները ուսումնասիրուած են եւ քայլ առ քայլ պիտի գործադրուին: Հետեւաբար Պուրճ Համուտի բնակիչներուն համար այս բոլորը յուսադրիչ ծրագիրներ են, որոնց դիմաց անոնք պէտք չէ վաճառեն իրենց բնակարաններն ու վաճառատուները եւ լքեն Պուրճ Համուտը: Խորհուրդ կու տամ բոլոր հայորդիներուն` իրենց հաստատութիւններն ու բոնակարանները պահելու, որովհետեւ Պուրճ Համուտը պիտի ծաղկի եւ պիտի բարգաւաճի», ըսաւ ան:

Մ. Պօղոսեան աւելցուց նաեւ, որ լիբանանեան մնացեալ բոլոր շուկաներուն կողքին, Պուրճ Համուտի շուկային առաւելութիւնը այն է, որ ան վստահութիւն եւ ապահովութիւն կը ներշնչէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին իրենց գնումները կատարել:

«Պուրճ Համուտը փոքր Լիբանան մըն է, եւ մեր փափաքն է, որ այս իմաստով ամուր մնանք: Անշուշտ այս բոլորը կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել Պուրճ Համուտի բնակիչներուն գործակցութեամբ, թէ՛ քաղաքապետարանին ծրագիրներուն հանդէպ անոր դրական կեցուածքով, թէ՛ վարուելակերպով եւ մասնակցութեամբ», ըսաւ ան:

«Համոզուած ենք, որ Պուրճ Համուտը պիտի վերածուի առեւտրական հզօր կեդրոնի մը` բաց մոլ-ի մը, ուրկէ կրնան առեւտուր կատարել բոլոր դասակարգերը, որովհետեւ մենք արդէն իսկ լիբանանեան առեւտրական շուկայի քարտէսին վրայ ենք, եւ ինչպէս մենք զմեզ փաստած ենք, այժմ ժամանակն է, որ այլոց ալ փաստենք մեր կարողութիւնները` վերջ տալով անտարբերութեան, տեղի տալու եւ անձնատուր ըլլալու հոգեբանութեան, արտագաղթելու ընտրանքին», շեշտեց Մ. Պօղոսեան:

Ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ մնալը կարեւոր է, որովհետեւ անիկա ծննդավայր է: «Իսկ եթէ Պուրճ Համուտէն արտագաղթելու փափաք կայ, ապա անիկա պէտք է ըլլայ միայն Հայաստան երթալով: Լիբանանը իր դիմագրաւած ամէնէն դժուար ու ծանր պայմաններով շատ աւելի ապահով է, քան` շատ մը երկիրներ», յայտնեց ան:

Մ. Պօղոսեան հարցազրոյցը եզրափակեց` հաստատելով, որ քաղաքապետութեան առաքելութիւնն է ժողովուրդին ծառայել եւ անոր կեանքը դիւրացնել` առանց խտրութեան:

2019. Հայ Եկեղեցին Հիմնական Դերակատար` Ուժեղ Լիբանանահայութեան Վերաթարմացման Գործին Մէջ (Գ.)

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Անկախ հայ մարդու քրիստոնէական հաւատքի ամրութենէն կամ աստուածավախութեան եւ հաւատացեալութեան աստիճանէն ու հեռու աստուածաբանական տարազներէ, հայ մարդը իր էութիւնը կը գտնէ հայ եկեղեցւոյ մէջ:

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը միաձոյլ պատմութիւն մը եղած է դարերու ընթացքին, եւ հոն, ուր հայ եկեղեցին տկարացած է, տկարացած է նաեւ մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու ինքնութեան պահպանման կամքը, պայքարելու մարտունակութիւնն ու յարատեւելու ճիգը:

Կը խօսինք եկեղեցւոյ մասին, իր ընդհանրութեան մէջ, անկախ աստուածաբանական, ծիսական, կառուցային տարբերութիւններէն, կրօնական հաւատքի աստիճանաւորումէն եւ եկեղեցականներու ինքնադրսեւորումէն:

Այլապէս, խօսքը կը վերաբերի Ժողովուրդի եկեղեցւոյ, այն եկեղեցւոյ, որուն կը հաւատայ ժողովուրդը իբրեւ իր յաւերժականութեան հիմնաքար, իբրեւ իր գոյատեւումը ապահովող կառոյց, որ ազգային-հասարակական կառոյցներու կողքին յառաջատար դերակատարութիւն կը վայելէ եւ իբրեւ այդպիսին ժողովուրդը իրեն կը մօտենայ տեւական ակնկալութիւններով, յարաճուն սպասումներով եւ մշտական զարգացման ու ուժեղացման արդար պահանջով:

Լիբանանեան իւրայատուկ դրութիւնը աւելիով դերակատարութիւն վերապահած է համայնքային կառոյցներու, իսկ լիբանանահայութեան պարագային, եկեղեցին ու անոր հովանաւորութեան տակ գտնուող միաւորները միշտ ալ յարգանքի, ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի առարկայ դարձած են մեր ժողովուրդին, ժողովուրդը ներկայացնող կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն համար:

Ու եթէ 2019-ի առաջին օրերուն մենք կ՛անդրադառնանք ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացումին, ապա բնականաբար անհրաժեշտօրէն կ՛արձանագրենք այս իմաստով հայ եկեղեցւոյ եւ իր կառոյցներու դերակատարութեան, յաւելեալ ուժեղացման, յաւելեալ ժողովրդականացման, յաւելեալ հասանելիութեան եւ հայկականացման կարեւորութիւնը:

Արդարեւ, ցաւով պարտինք նշել, որ աղանդաւորական շարժումն ու հայ եկեղեցւոյ հաւատքին անյարիր, թէկուզ եւ քրիստոնէութեան անուան տակ գործող, բայց ապազգայնացնող ու տարբեր քաշողական գրգիռներով ապակողմնորոշող խմբակներ կը թափանցեն մեր իրականութեան մէջ:

Նոյն մտահոգութեամբ կարելի է արձանագրել նաեւ, որ հետզհետէ կ՛աւելնայ թիւը անոնց, տարեց թէ երիտասարդ, որոնք ենթակայական թէ առարկայական պատճառներով, տան բնակութեան յարմարութեան, օտար վարժարաններ յաճախելու, խառն ամուսնութեան թէ անհոգութեան պատճառով, կը հեռանան մեր եկեղեցիներէն, ու զիրենք կը գտնենք ոչ հայկական եկեղեցիներու մէջ ո՛չ միայն իբրեւ աղօթող, այլ նաեւ երբեմն ալ տիկնանց ու աղքատախնամ յանձնախումբերու, երիտասարդական խմբակներու թէ երգչախումբերու մէջ:

Երրորդ, աշխարհագրական վերադասաւորուող տեղաբաշխումը բնականաբար կը վտանգէ հայահոծ ապրելու կարելիութիւնը: Այլ խօսքով` դասական հայահոծ շրջաններէն հեռացող հայորդիներ կը հաստատուին այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր հայ եկեղեցին ու իր սպասաւորները կա՛մ անտեղեակութեան, կա՛մ անհոգութեան եւ կա՛մ ալ անհասանելիութեան պատճառով չեն կրնար անհրաժեշտ ներկայութիւնը ըլլալ:

Չորրորդ, յաճախ կը խօսուի, կը խօսինք նաեւ, որ եկեղեցին պարտի երթալ դէպի ժողովուրդ: Ու միաժամանակ անհրաժեշտ է, որ ժողովուրդը երթայ դէպի եկեղեցի: Երկու այս ուղղութիւններուն փոխներգործութեան բացակայութիւնը կը վնասէ հայ մարդուն հայկականութեան պահպանման: Եկեղեցական քարոզները, արարողութիւնները, ժողովուրդին  կողմէ անհասկնալի արարողակարգը, կարծրատիպերու գոյութիւնը, թերթերու հրահանգչային յայտարարութիւնները կամ քահանաներու միայն տօնական տնօրհնէքի այցելութիւնները, երբեմն եկեղեցականի վանողական տիպարը կամ ոչ ընդունելի վարքագիծը, պարզութիւնն ու խոնարհութիւնը ծանուցող, բայց ըստ էութեան զանոնք չապրող տիպարներու գոյութիւնը խնդիրներ են, որոնք չեն նպաստեր եկեղեցի-ժողովուրդ-հայկականութեան պահպանում եռանկիւնի զօրացման ու ամրապնդման:

Մեր ժողովուրդը հոգեւոր սնունդի պէտք ունի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս կարիքաւորը օժանդակութեան պէտք ունի: Հոգեւոր ծառայութիւնը ինքնաբերաբար կ՛ենթադրէ նաեւ աղքատին, թշուառին, հիւանդին, տառապողին ու տագնապողին հասնելու առաքելութիւն: Խօսիլ ծառայութեան մասին, սակայն չծառայել` քրիստոնէական հաւատքին հանդէպ մեղանչում է: Խօսիլ խոնարհութեան ու պարզութեան մասին, սակայն մնալ ժողովուրդէն հեռու, գոռոզ ու փառամոլ, հակաքրիստոնէական ընթացք է եւ վաւերականութեան պակաս:

Մենք կարիքը ունինք մեր եկեղեցւոյ ամրացման, զարգացման, հասանելիութեան ընդլայնման:

Կարիքը ունինք քաղաքէն ու Պուրճ Համուտէն դուրս ապրող Մեթնի ծովեզերեայ եւ լեռնային շրջաններու հայութեան համար նոր եկեղեցի-համայնքային կեդրոնի մը կառուցման:

Անհրաժեշտութիւնը ունինք երիտասարդութեան, մեր անմիջական շրջանակէն հեռու ապրող հայերու ներգրաւման` մեր եկեղեցական կեանքին մէջ: Հոգեւոր սնունդը բոլորին պէտք է հասանելի դառնայ:

Անհրաժեշտ է եկեղեցական-ազգային աւանդութիւնները վերյիշեցնելով պահել զանոնք ու փոխանցել նորարար ստեղծագործական մտքերով երիտասարդ մեր զանգուածներուն:

Չենք կրնար եկեղեցական մակարդակի վրայ ձեռնածալ մնալ հայ եկեղեցիէն հեռանալու ընթացքին ի տես, ըլլայ այդ դէպի աղանդաւորութիւն, կամ այլասերող խմբակներ կամ ոչ հայկական եկեղեցիներ:

Կարեւոր է բարեզարդել մեր եկեղեցիները, յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծել մեր կրօնաւորներուն, նոր կառոյցներ ապահովել, յուշարձաններ կառուցել, սակայն հիմնականը` այս բոլորին կողքին, զանոնք դնել ի խնդիր հայ մարդու հոգեւոր ամրոցին, հայ եկեղեցւոյ հզօրացման:

Հսկայական կարիքներ, որոնց մէկ մասը արդէն իսկ որոշ ժամանակէ ի վեր ուշադրութեան առարկան են, բայց միաժամանակ կը յամենան իրենք զիրենք պարտադրել լիբանանահայութեան մօտ:

2019-ին չենք կրնար ակնկալել արծարծուած եւ դեռ չարծարծուած հարցերու լուծումը: Գէթ սակայն, յիշեցումը զանոնք կը դնէ օրակարգի առաջնահերթութեան վրայ ու մղիչ ուժ կը դառնայ նոր մտածումներու եւ մտքերու:

Ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացման հաւաքական ճիգին մէջ, հայ եկեղեցին ունի հիմնական դերակատարութիւն:

 

2019 Խոզի Տարի

$
0
0

Պատրաստեց եւ համադրեց` ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս տարի չինական 4716-րդ տարին է, որուն լուսնային օրացոյցի համաձայն, նոր տարին, որ կը սկսի 5 փետրուար, 2019-ին, եւ վերջ կը գտնէ 20 յունուար 2020-ին: 2019 կ’անուանուի խոզի տարի: Խոզը չինական աղթարքին մէջ ամէնէն վերջին կենդանին է:

Չինական աղթարքը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս, չինական առաջին տարին սկսած է մուկով, անոր յաջորդած են` ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:

Այս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ:

Խոզը յայտնի է իբրեւ իր աղտոտ, ցեխերու մէջ հաճոյքով ապրող, խաղցող կամ տապլտկող անասունի կերպարով: Նոյնպէս հռչակաւոր է ամէն տեսակի ուտելիքներ ուտելու իր շատակեր, որկրամոլ ախորժակով: Այս պատճառով շատակեր մարդոց խոզի նման ուտող ածականը տուած են:

Բայց, երբ խոզի տարի կ՛ըսեն, այս բոլորէն տարբեր բաներու մասին կը խօսուի:

Այսպէս, ըստ չինական աղթարքին խոզի տարին ծնածները կ՛ըլլան մարդասէր, ընկերասէր եւ ընտանիքին համար զոհուած անձեր: Անոնք, մարդոց իրենց հանդիպման առաջին իսկ վայրկեանին, առանց դիմացինը լաւ ճանչնալու, կը վստահին անոր: Այս մէկը շուտով իրենց համար կը ստեղծէ նոր հարցեր եւ յուսախաբութեան դռներ կը բանայ:

Ընկերային կեանքը կը սիրեն ու գրեթէ կը պաշտեն: Կը սիրեն միշտ օգնել: Նախանձ ըսուածը իրենց բառարանին մէջ գոյութիւն չունի:  Հաւասարակշռութիւնը պահող են: Չարքաշ աշխատող ըլլալով հանդերձ որեւէ հարցի մը պարագային կ՛ուզեն զայն աստիճան առ աստիճան լուծել: Բախտախաղի կամ թուղթի չեն հաւատար: Ընտանիքը իրենց համար սրբութիւն է, եւ այդ պատճառով ալ մարդկային ու ընկերային յարաբերութեանց մէջ օրինակելի են:

Խոզի տարին ծնողները ընդհանրապէս կ՛ըլլան դերասան կամ երաժիշտ, շատ քիչ` գրող, գիտնական, փաստաբան:

Անոնք քաջատեղեակ են, որ ոչ մէկ տարի առանց հարցերու եւ դժուարութիւններու կ՛անցնի, բայց կը մտածեն, թէ քանի որ մարդ առանձինը չապրիր, ուստի այս հարցերը կրնան լուծուիլ մարդուն անմիջական շրջապատին օգնութեամբ:

Ահա թէ ինչո՛ւ «Խոզ»-երը նոր հորիզոններ եւ բարեկամութիւններ ստեղծելու հետամուտ եղած են: Անոնք չարքաշ եւ աշխատունակ են: Նիւթապէս ապահով կեանք մը կ՛ունենան, որովհետեւ շատ չեն ծախսեր, կամ ալ հաշիւով կը ծախսեն ու երկար ժամանակ կը յատկացնեն որեւէ գնումէ առաջ:

Ասոր կողքին, անոնք ծնած են կարծես մարդոց օգնելու կամ օգտակար հանդիսանալու համար: Անոնց հետ  բարեկամութիւնը կ՛ըլլայ խոր եւ երկար տարիներու վրայ տարածուած:

Ամէն բան ի գործ կը դնեն իրենց անմիջական շրջապատին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Նախաձեռնող ըլլալով հանդերձ, վստահելի ալ են: Շատախօս չեն, բայց երբ իրենց խօսելու առիթ տրուի, երկար կը խօսին:

Մտային զարգացումը իրենց համար էական է: Մեծ ծարաւ ու փափաք ունին ուսման եւ գիտութեան: Ինքզինքնին ուրիշներէ աւելի գերադաս չեն նկատեր սակայն կը զգաս, որ գիտութեան տէր մարդիկ են: Շատ լաւ ընթերցողներ են:

Անոնց մէջ հաւատքը տարիքի հետ կապուած չէ: Անոնց համոզումը միշտ անխախտ մնացած է, նոյնիսկ` յառաջացած տարիքին:

Անոնք ծնած վայրկեանին մարդոց օգտակար դառնալու մասին մտածած են: Այս մէկը յատկանշական նկարագիր մըն է, որ ուրիշներու մէջ հազուադէպ է: Իրենց աշխարհը կը բանան նոյնիսկ օտարին դիմաց: Շատեր այս մէկը կը շահագործեն:

Խոզի տարին նաեւ յատկանշուած է` իբրեւ յաջողութեան, մեծ գումարներ ձեռք ձգելու, ուրախութեան եւ ցնծութեան տարի:

Խոզի լաւ ամիսներն են` մայիսը, յունիսը եւ նոյեմբերը:

Բախտաւոր թիւերն են` 1-3-5-34-41-48

Խոզի տարին ծնածները կը սիրեն`

– Ներկայութիւն ըլլալ,
– Հաւաքոյթներ կազմակերպել,
–  Ընթերցասէր են, անոր համար բացայայտ ու նշանաւոր դէմքեր կ՛ըլլան,
– Ծափահարուիլն ալ կը սիրեն,
–  Խմբական աշխատանքներուն միշտ մասնակից կ՛ուզեն դառնալ,
–  Նուէրներ կը բաշխեն, նաեւ երախտապարտ են,
–  Փոխվրէժի չեն հաւատար,
– Հարցերէ հեռու կը մնան:

Խոզի տարին ծնածները չեն սիրեր`

– Վէճ եւ վիճաբանութիւն,
–  Դժուար որոշումներ տալ,
–  Ժխտական մարդիկը,
–  Մարդոց դէմ խօսողներն ու բանբասողները,
–  Շուարումի մատնուիլ,
–  Անբարեացակամ մարդիկ:

Խոզի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր`

Հենրի Քիսինճըր, Ժորժ Փոմփիտու, Թենըսի Ուիլիըմզ, Ֆահտ թագաւոր, Էռնեստ Հեմինկուէյ,  Առնորլտ Շուացենեկըր, Էլթըն Ճոն, Լուսիլ Պոլ, Ճիւլի Էնտրուզ:

Հետեւեալ տարիները խոզի տարի կոչուած են կամ կը կոչուին.-

1911 – 1923 – 1935 – 1947- 1959- 1971- 1983 – 1995 – 2007 – 2019

***

Խոյ (մարտ 21 – ապրիլ 19)

Տարուան առաջին երեք ամիսներուն արդէն պիտի կարողանաս ձեռք ձգել առողջութիւնդ եւ մանաւանդ, նիւթապէս պիտի դառնաս բաւարարուած: Այս մէկը պիտի գերազանցէ անցեալ տարիդ: Ինքնավստահութիւնդ մտքի ապահովութիւն եւ խոր իմաստութիւն պիտի շնորհէ: Գործերդ պիտի ընդարձակուին եւ յաջողութենէ յաջողութիւն պիտի անցնին: Սիրոյ մէջ ալ նոյն բախտին պիտի արժանանաս: Նոյեմբերի շրջանին ճամբորդութիւններ պիտի կատարես: Շատ հաւանաբար յուսախաբութիւննեով լեցուիս տարուան կիսուն, սակայն, շնորհիւ զանազան երազներուդ, տարիդ պիտի ըլլայ յաջողութիւններով լեցուն: Յոռետես մի՛ ըլլար: Յարատեւութիւնդ իր բարերար դերը պիտի ունենայ ամբողջ տարուան ընթացքին:

Բախտաւոր թիւեր` 2-16-31 բախտաւոր օրեր` չորեքշաբթի եւ կիրակի

Ցուլ (ապրիլ 20 – մայիս 20)

Տարիդ բաւական ջղային վիճակով պիտի սկսիս: Անցեալ տարուան հարցերդ շուտով պիտի չկարենաս լուծել: Զգուշութիւնը մեծ դեր պիտի խաղայ ամբողջ տարուան ընթացքին: Ուստի մարզանքներդ շարունակէ: Տարուան կիսուն ընտանեկան հարցերդ ամբողջութեամբ պիտի լուծուին: Յունիս եւ յուլիս ամիսները յաղթանակի ամիսներ պիտի ըլլան: Հոկտեմբերը քեզի պիտի բերէ նոր ծրագիրներու մը ծրարը: Աշխատէ զանոնք կարգով իրագործել: Այս տարի ոչ միայն հին պարտքերդ պիտի փակես, այլեւ տնտեսապէս լաւ վիճակ մը պիտի ունենաս: Նոր գործի մը առաջարկը շփոթի պիտի մատնէ քեզ: Յաջորդ տարուան ձգէ այս մէկը: Սիրային արկածախնդրութիւն մը պիտի խանգարէ կեանքիդ խաղաղ ընթացքը: Զգուշ եւ գաղտնապահ եղիր:

Բախտաւոր թիւեր.` 9-10-12 բախտաւոր օրեր` երկուշաբթի եւ չորեքշաբթի

Երկուորեակ (մայիս 21 – յունիս  21)

Բաւականին յաջող տարի մը կրնաս ունենալ, եթէ փորձես նախկին եւ անոնց հետ կապուած բոլոր խնդիրներդ, ըսի-ըսաւներն ու վէճերդ ամբողջովին մոռնալ: Համբերութիւնը մեծ դեր կրնայ խաղալ այս բոլորին մէջ, անշուշտ եթէ համբերել գիտնաս: Օգոստոսին գեղեցիկ անակնկալ մը քեզ պիտի փոխէ, ու դուն քու աչքերուդ նոյնիսկ պիտի չհաւատաս: Վիճակահանութենէն որոշ գումար մը պիտի շահիս, որուն շնորհիւ` պարտք պիտի չունենաս: Տանդ եւ գործատեղիիդ մէջ փոփոխութիւններ պիտի կատարես եւ նիւթապէս աւելի ապահով պիտի ապրիս: Մի՛ փորձեր մինակդ դիմագրաւել ամէն դժուարութիւն: Մէկ ձեռքով երկու ձմերուկ պիտի չկարենաս վերցնել: Մտերիմիդ կարծիքը միշտ էական պիտի ըլլայ:

Բախտաւոր թիւեր` 5-20-35 բախտաւոր օրեր` կիրակի եւ հինգշաբթի

Խեցգետին (յունիս 22 – յուլիս 22)

Այս տարուան բոլոր ամիսներուն նորանոր դժուարութիւններ կրնան ծնիլ, ուրեմն պէտք է կիրարկել համակերպումի գաղափարն ու դրութիւնը:

Բախտաւոր թիւեր.` 7-16-33 բախտաւոր օրեր` երկուշաբթի եւ հինգշաբթի

Առիւծ (յուլիս 23 – օգոստոս 22)

Յուանուարի կիսուն նոր կապեր պիտի հաստատուին` բարեկամական թէ գործի մարզին մէջ: Բարեկամական այս հանդիպումները օգտակար պիտի ըլլան, որ նոյնիսկ գործդ փոխելու մասին մտածես: Կը թելադրուի համբերութիւն: Տարուան լաւագոյն ամիսները սեպտեմբերէն ետք պիտի սկսին, որոնց ընթացքին կեանքդ հիմնովին պիտի բարեփոխուի, եւ տնտեսապէս պիտի հարստանաս: Միայն գործերդ լաւ հսկէ, յանձնառութիւններդ կատարէ, տուած խոստումներդ յարգէ եւ ունեցած ինչքերուդ տէրը եղիր: Տարին կը պահանջէ կատարեալ պարկեշտութիւն եւ յարգանք: Ընտանեկան ներքին հարցեր պիտի ծագին, ջանա՛ մէկ կողմ կենալ նման հարցերու պարագային եւ թոյլ տալ, որ ժամանակը կարգադրէ, լուծէ հարցերը:

Բախտաւոր թիւեր` 1-9-15 բախտաւոր օրեր` չորեքշաբթի եւ կիրակի

Կոյս (օգոստոս 23 – սեպտեմբեր 22)

Տարուան առաջին ամսուան ընթացքին առողջութիւնդ իր նախկին վիճակին պիտի վերադառնայ, եւ դուն, ստիպուած, ամբողջ տարին զգուշ պիտի ըլլաս կեանքը լաւ ապրելու ու վայելելու համար: Գործիդ մէջ նոր հարցեր պիտի ցնցեն էութիւնդ: Քու չափաւոր եւ հաւասարակշռուած կեցուածքովդ պիտի կարենաս յաղթահարել ամէն դժուարութիւն: Նիւթականի որոշ բարելաւում մը կը տեսնուի տարեվերջին: Համբերատար ըլլալդ շատ յաճախ քեզ հարցերէն հեռու պիտի պահէ: Եթէ ամուսնացած չես, 10-րդ եւ 11-րդ ամիսները այս ծրագրին համար ամէնէն յարմարագոյնը կը նկատուին: Նիւթական վիճակդ պիտի բարելաւես, եթէ ծախսերդ թեթեւցնելու մասին մտածես:

Բախտաւոր թիւեր` 1-3-4  բախտաւոր օրեր` կիրակի եւ ուրբաթ

Կշիռք (սեպտեմբեր 23 – հոկտեմբեր 23)

Անմիջական շրջապատդ եւ բարեկամներդ նիւթապէս նեցուկ պիտի կանգնին քու բոլոր ծրագիրներուդ: Մայիսէն ետք կեանքդ աւելի հեզասահ պիտի ընթանայ, եւ տնտեսական վիճակդ պիտի բարելաւուի: Տարուան վերջին ամիսներուն կարճ շրջապտոյտի մը ծրագիրներ պիտի որոնուին: Լաւ կ՛ընես, եթէ իրագործես, որովհետեւ չես գիտեր` յառաջիկայ տարի պայմանները ինչե՜ր կրնան բերել: Հեռուէն ազգականի մը հիւանդութիւնը քեզ հոգեպէս պիտի ցնցէ: Յոռետես մի ըլլար: Շուտով պիտի բժշկուի: Լաւ կ՛ընես, եթէ միշտ բժիշկներուդ խորհուրդները կատարես: Դեղերուն կողքին, մարզանքներդ էական են: Յիշէ՛:

Բախտաւոր թիւեր` 6-11-23 բախտաւոր օրեր`  շաբաթ եւ հինգշաբթի

Կարիճ (հոկտեմբեր 24 – նոյեմբեր 21)

Տարուան ընթացքին ինքնավստահութիւնդ մտքի ապահովութիւն եւ խոր իմաստութիւն պիտի շնորհէ: Գործերդ պիտի ընդարձակուին եւ յաջողութենէ  յաջողութիւն պիտի անցնին: Սիրոյ մէջ երբեմն յուսախաբութիւններ պիտի ունենաս, սակայն ինքզինքդ պիտի վերագտնես: Սեպտեմբերէն սկսեալ գործիդ մէջ ներքին տարակարծութիւնները պիտի հարթուին: Ասոր իբրեւ արդիւնք` պիտի կարենաս նոր երազներ հիւսել եւ նոյնիսկ ապրիլ: Ծտագիրներուդ իրագործման համար լաւ տարի մը պիտի ըլլայ այս մէկը միայն թէ առողջութեանդ հոգ տանելու չմոռնաս:

Բախտաւոր թիւեր` 3-7-21 բախտաւոր օրեր`  չորեքշաբթի եւ կիրակի

Աղեղնաւոր (նոյեմբեր 22 – դեկտեմբեր 21)

Անցեալ տարի քեզի համար լաւ տարի մըն էր: Այս տարի անոր շարունակութիւնը պիտի ըլլայ: Եթէ գործատէր ես, բաւական ճամբորդութիւններ պիտի կատարես, որոնց շնորհիւ նոր բարեկամներու պիտի ծանօթանաս եւ միաժամանակ նիւթականդ մեծապէս պիտի բարելաւես: Մի՛ մոռնար առողջական վիճակիդ աւելի մօտէն հետեւիլ: Այս պարագային, անհոգութիւնդ մեծ հարցերու դռներ կրնայ բանալ: Այս տարի բոլոր զոյգերը շատ ներդաշնակ կեանք մը պիտի ունենան, ջերմօրէն պիտի կապուին իրարու: Անոնք պիտի պատրաստեն աղուոր ծրագիրներ: Իսկ ամուրիները շնորհիւ նոր հանդիպումներու` պիտի կարենան փայլուն եւ նոր հորիզոններ ծրագրել: Թէեւ քանի մը առիթներով աննպաստ կացութիւններ պիտի խանգարեն կեանքի ընթացքը, սակայն շուտով պիտի վերադառանաս նախկին վիճակիդ:

Բախտաւոր թիւեր` 5-14-41 բախտաւոր օրեր`  երկուշաբթի եւ ուրբաթ

Այծեղջիւր (դեկտեմբեր 22 – յունուար 19)

Անցեալ տարի շփոթութիւնը քեզի նետած էր ընդհանուր անորոշութեան մը գիրկը: Ապրիլ ամիսը քեզի բախտ պիտի բերէ: Բայց մինչ այդ անմիջական շրջապատդ եւ յատկապէս մտերիմ բարեկամներէդ մէկը, նիւթապէս նեցուկ պիտի կանգնի քու բոլոր ծրագիրներուդ: Սիրոյ մէջ փոքր հարցեր պիտի խանգարեն քեզ: Յոռետես մի՛ ըլլար: Յարատեւութիւնդ իր բարերար դերը պիտի ունենայ ամբողջ տարուան ընթացքին: Նոր գործիդ մէջ հորիզոնը պիտի պայծառանայ, եւ պիտի հասնիս նպատակիդ: Պիտի առաջարկուի շատ հետաքրքրական պաշտօն մը, որ պիտի օգնէ ապագայիդ կերտումին: Տնտեսական վիճակդ պիտի բարելաւուի, շնորհիւ նոր կնքած համաձայնագիրիդ:

Բախտաւոր թիւեր` 7-16-24 Բախտաւոր օրեր`  երեքշաբթի եւ հինգշաբթի

Ծովանուշ (յունուար 20 – փետրուար 19)

Նոր տարուան օգոստոսէն ետք երկար ճամբորդութիւն մը պիտի առաջարկուի, որուն պիտի ընկերանայ նաեւ հաճոյքը: Առիթը մի փախցներ: Նորանոր համդիպումներ ոչ միայն յաջողութիւններու ճամբայ պիտի բանան այլեւ առիթ տան, որ նոր մղումով եւ խանդավառութեամբ լծուիս գործերուդ: Առողջական գետնի վրայ, որպէսզի տարուան ընթացքին զանազան մտահոգութիւններով չապրիս, շարունակէ չափաւորել ուտելիքդ եւ կիրարկել մարզանքներդ:

Տարուան կէսէն ետք հաւասարակշռութիւնդ եւ ուղղամտութիւնդ գործի դնելով` պիտի կարենաս նիւթապէս վիճակդ բարելաւել: Յարատեւութիւնդ իր մեծ դերը պիտի ունենայ:

Բախտաւոր թիւեր` 9-27-32 բախտաւոր օրեր` երկուշաբթի եւ չորեքշաբթի

Ձուկ (փետրուար 20 – մարտ 20)

Այս տարուան երկրորդ ամսուան սկիզբը արդէն գործդ պիտի փոխես: Այս մէկը լաւ եկամուտի աղբիւր պիտի դառնայ: Սիրելիիդ կամ կողակիցիդ ու յատկապէս անոր ազգականներուն հետ հարցերդ կրնան բարդանալ, եթէ աւելի խոհեմ չմտածես: Տարուան կիսուն գեղեցիկ անակնկալ մը` ամուսնութեան լուր, նորածին եւ այլն, քեզ հոգեպէս հիմնովին պիտի փոխէ: Յուլիսը պիտի ըլլայ նաեւ լաւագոյն ամիսներէն մէկը, որուն ընթացքին պիտի կարենաս նոր ծրագիրներ մշակել: Այս բոլորը նոր եկամուտներու աղբիւր պիտի դառնան: Շատ հաւանաբար ամրան աւարտին բնակարանիդ մէջ կենսական նկատուած փոփոխութիւններ մտցնես եւ կամ բնակարանդ փոխես: Այս տարի ոեւէ մէկէն դրամ փոխ մի՛ առներ, որովհետեւ կրնայ քեզի աւելի սուղ արժել:

Բախտաւոր թիւեր` 4-8-12 բախտաւոր օրեր` ուրբաթ եւ կիրակի

 

 

Վերյիշելով Եփրեմ Վրդ. Տէր Ղազարեանը (Վախճանման 25-ամեակին Առիթով)

$
0
0

Գրեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Հալէպի պատերազմը ծանր հարուած հասցուց մեր հայկական վարժարաններուն:

Այս սքանչելի դպրոցները, որոնք հիմնուեր էին արիւն-քրտինքով, եւ որոնք 90, 80 կամ 70 տարիէ ի վեր գիրկ բացեր էին իրերայաջորդ բազմաթիւ սերունդներու, յանկարծ ամայացան: Նօսրացաւ աշակերտութեան թիւը, հայաթափուեցան երբեմնի հայահոծ ու յորդուն թաղամասերը, շէնքերը: Իրենց դռները ընդմիշտ փակեցին քանի մը պատմական վարժարաններ…

Աւերի, լքումի ու տագնապի այդ դժխեմ տարիներուն (2012-2016), մինչ իւրաքանչիւր վերամուտին սրտատրոփ կը սպասէինք տեսնելու,  թէ սա կամ նա դպրոցը քանի՞ աշակերտ պիտի ունենայ, ես անպայման երկա՜ր-երկար կը մտածէի նաեւ ԷշրեՖիէի բարձունքին թառած Մխիթարեան վարժարանին մասին:

Կը լսէի, որ ա՛ն եւս կը գտնուէր անբաղձալի վիճակի մը մէջ: Շրջանը ամայացեր էր, աշակերտները մնացեր էին բուռ մը, մեծաւ մասամբ` օտարախօս: Տեսուչ-վարդապետ ալ չկար:

– Աստուա՜ծ իմ,- կը մտածէի,- այս փառաւոր կրթօճախը` իր նո՛յնքան փառաւոր ու սքանչատեսիլ դպրոցաշէնքով, չըլլա՛յ, որ օր մը ստիպուի փակ…

Վերահաս աղէտին առաջքն առնելու համար է երեւի, որ Ս. Ղազարու մայրավանքէն Հալէպ կը գործուղուէր երիտասարդ ու շատ համակրելի Մխիթարեան մը` Համազասպ վրդ. Քէշիշեան:

Իր ազնիւ հրաւէրին ընդառաջելով է, որ ամիսներ առաջ բարեկամական այց մը տուի դպրոց: Սիրալիր ու անմոռանալի հանդիպում մը եղաւ ատիկա: Վարդապետը գիտակից էր այն գրեթէ անյաղթահարելի ու լեռնակուտակ դժուարութիւններուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի 80-ամեայ դպրոցը: Ներքին դպրոցավարական իմաստով,  ամէն ինչ պէտք էր սկսիլ զերոյէն: Բայց ո՞ւր էր այն մարդուժը, որ թափուր շէնքը ԴՊՐՈՑԻ կը փոխակերպէ…

*

Երբ հրաժեշտ կ՛առնէի իրմէ, հ. Համազասպ ինծի կ՛երկարէր հաստափոր հատոր մը` իբրեւ յիշատակի նուէր: Խորագիրը` «Գանձարան 3300 իմաստուն խօսքերու»: Տպագրութեան թուական` 1992: Հեղինակ` Եփրեմ վրդ. Տէր Ղազարեան…

*

Քաղցր յուշերու կծիկ մը քակուիլ սկսաւ, երբ նայեցայ իմ ափին մէջ դրուած գիրքի անուանաթերթին: Յիշեցի հ. Եփրեմին բարի ու մշտաժպիտ դէմքը:

Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին խորհրդանիշն էր ան, ու այդպէս մնաց, մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը:

Հալէպի մէջ կա՞ր մէկը, որ չէր ճանչցած հայր Եփրեմը: Ամէնո՜ւն հայր Եփրեմը:

Մեր սերունդը բախտն ունեցած չէր ճանչնալու Մխիթարի տան երեւելի դէմքերը: Մենք գիրքերու էջերուն վրայ է միայն, որ կը դիտէինք լուսանկարները Միքայէլ Չամչեանին, Ղեւոնդ Ալիշանին, Արսէն Բագրատունիին, Հացունիին, Ղազիկեանին եւ միւսներուն… Մեզի համար ԿԵՆԴԱՆԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԸ մէկ հոգի էր` Եփրեմ վրդ. Տէր Ղազարեանը, Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի մեծաւորը:

Առաջին անգամ զինք տեսած եմ իմ պատանի տարիքին, 70-ական թուականներու վերջերը: Նոր աւարտեր էի Ազգ. Հայկազեան վարժարանը ու անյագ յափշտակութեամբ սկսեր էի «լափել» Սիմոն Սիմոնեանի հայոց պատմութեան դասագիրքերը, դիտել սքանչացումով` անոնց դեղնորակ էջերը զարդարող պատմական տպաւորիչ գծանկարները:

Օրերէն օր մըն ալ աւելի արդիաշունչ ու գունատիպ «Հայոց պատմութիւն» մը տեսայ բարեկամի մը տան մէջ: Ըսին ինծի, որ Մխիթարեան հրատարակութիւն էր ատիկա: Ըսին նաեւ, որ անկէ օրինակներ կը վաճառուէին քաղաքիս Մխիթարեան վարժարանին մէջ:

Կիրակի առաւօտ մը բարձրացայ ԷշրեՖիէի նորակառոյց Մխիթարեան վարժարանը: Առաջին անգամ է, որ մուտք կը գործէի անոր դարպասէն ներս: Գեղակերտ կառուցուածքով երկյարկանի հրաշալի դպրոցաշէնք մը գտայ իմ առջեւ, ընդարձակ ու ծառազարդ շրջափակով եզերուած:

Վանատան բաժնին մէջ քիչ մը վարանումով թակեցի դուռը հ. Եփրեմի սենեակին: Ի՛նք էր, որ բացաւ դուռը: Հսկայակազմ, բաց գոյն աչքերով, կզակին վրայ սպիտակ փոքր մօրուքով պատկառելի վանական մըն էր: Սեւ սքեմ կը կրէր վրան` կաշիէ հաստ գօտիով մը ամրացուած: Ոտքին` ձմեռնային հողաթափներ:

– Վա՛րդապետ, հայոց պատմութեան գիրքեր առնելու եկած եմ, ունիք չէ՞…

Հ. Եփրեմ զարմացաւ պահ մը: Հարցուց, թէ գիրքերը ե՞ս պիտի կարդայի: Յետոյ հարցուց իմ անուն-մականունը. ուզեց գիտնալ, թէ ո՞ր դպրոցէն շրջանաւարտ եմ: Յետոյ պահ մը դուրս ելաւ սենեակէն ու թելադրեց, որ երկու վայրկեան սպասեմ զինք այնտեղ:

Շուտով վերադարձաւ` գիրքեր ի ձեռին: Սեղանին վրայ` իմ առջեւ դրաւ հ. Վահան Յովհաննէսեանի «Հայոց պատմութիւն» շարքին գունաւոր 6  հատորները (Վենետիկ տպուած) ու խնդրեց, որ վճարեմ խորհրդանշական գին մը…

Հրաշալի գիրքեր էին, գեղատիպ ու փայլուն:

Շաբաթներ, այլեւ ամիսներ շարունակ իմ ձեռքէն վար չէի դներ զանոնք: Գիշերներն ալ` բարձի գիրք դարձած էին բնականաբար…

Տարիները սահեցան արագ-արագ:

Օր մըն ալ, Ճեմարանը հազիւ աւարտած,  ուսուցչական պաշտօնի հրաւիրուեցայ Մխիթարեանէ ներս, հ. Յարութիւն Պզտիկեանի տեսչութեան շրջանին (80-ականներ): Հ. Եփրեմ, այդ օրերուն, քիչ մը աւելի ալեւորած ու կքած, քաշուած էր վարչական պաշտօններէ ու կ՛ապրէր վանատան իր փոքրիկ սենեակին մտերմութեան մէջ: Առիթը չէի փախցներ թակելու իր սենեակին դուռը ու զրոյցի նստելու իրեն հետ: Սենեակը կը յորդէր գիրքերու եւ թերթերու խառնիխուռն դէզերով: Միշտ նորութիւններ ունէր պատմելիք եւ կ՛ուրախանար զինք ուշադրութեամբ ու հաճոյքով մտիկ ընող մը գտած ըլլալուն համար…

Իրեն կը հանդիպէի մշակութային ձեռնարկներու ընթացքին ալ: Կը սիրէր ներկայ ըլլալ հայկական ամէն բնոյթի ձեռնարկներու` դասախօսականէն մինչեւ երաժշտական, թատերականէն մինչեւ ոգեկոչական:

Պարկեշտ ու համեստ հոգեւորական, աստուածաբան ու հայ գիրի վաստակաւոր սպասարկու մըն էր հ. Եփրեմ:

«Գանձարան 3300 իմաստուն խօսքերու» ժողովածուն իր հրատարակած վերջին գիրքն էր հաւանաբար: Ասոր նախաբանին մէջ ան կը գրէր որ` «Ամէն իմաստուն խօսք կը նմանի դեղահատի մը: Դեղահատեր կան, որոնցմէ մէկ հատը ա՜յնքան կենսանիւթ կը պարունակէ իր մէջ, որքան պնակ մը կերակուրը»: Ու կ՛առաջարկէր, որ ամէն օր կուլ տանք իր այս սթափեցնող «դեղահատ»-երէն, որոնք փիլիսոփայական եւ կրօնաբարոյական խոկումներու գրգիռներ կրնային յառաջացնել մեր մէջ ու ըմպել տալ մեզի երեւելի դէմքերու մտածումներէն շիթերու կայլակներ…

Ո՞վ կը հաւատայ, որ արդէն 25 տարի սահեր-անցեր է իր վախճանումի թուականէն: 1993-2018:

Յարգանքով ու կարօտով կ՛ոգեկոչեմ զինք:

*

Բնիկ մարաշցի էր, ծնած` 1920-ին: Կ՛ըսուէր, որ ազգականական շատ մօտիկ կապ ունէր հալէպաբնակ հին սերունդի նշանաւոր ազգային դէմք ու «Հայկական Կիլիկիա»(1966) տեղագրական պատմագիրքի հեղինակ տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեանին հետ: Կ՛ըսուէր նաեւ, որ Տէր Ղազարեաններու համբաւաւոր այս տոհմին մէկ շառաւիղն ալ զէյթունցի նահատակ վիպագիր Սմբատ Բիւրատն էր` «Եըլտըզէ Սասուն», «Բանտէ բանտ» եւ «Դիակապուտները» գիրքերուն հեղինակը:

Տասներեք տարեկանին մտած էր Ս. Ղազարու վանքը, որուն ընթացքը բոլորելէ ետք մեկնած էր Հռոմ եւ յաճախած` տեղւոյն Գրիգորեան համալսարանը: 1946-ին ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ, իսկ յաջորդ տարի ալ աւարտած էր համալսարանի աստուածաբանութեան եւ իմաստասիրութեան ճիւղերը: Նոյն տարին` 1947, ուսուցչական պաշտօնի կը կոչուէր արդէն Հալէպի Մխիթարեան վարժարանը, որուն հետ իր անունը պիտի նոյնանար հետագայ տասնամեակներուն:

Տէր Ղազարեան վարդապետին անդրանիկ հատորը քերթողագիրք մըն էր` «Թափառող ալիքներ», տպուած` 1951-ին: Ուշագրաւ յայտնութիւն մըն էր այս, մանաւանդ որ Վենետիկի Մխիթարեան ուխտին մէջ, Ալիշանէն ետք, շատ քիչեր համարձակեր էին տաւիղ ու քնար ձեռք առնել… «Թափառող ալիքներ»-ը, իր հայրենատենչ ու քնարաշունչ տաղերով, Տէր Ղազարեան վարդապետին անունը կու գար ագուցել Բ. Աշխարհամարտի յետպատերազմեան շրջանի Մխիթարեան միւս երկու բանաստեղծներուն` հ. Մեսրոպ Ճանաշեանի ու հ. Վահան Յովհաննէսեանի անունին:

Գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար մը գրականութիւն»-ի Ա. հատորին մէջ (Գահիրէ, 1956) հ. Եփրեմին յատկացուցած է առանձին գլուխ` հակիրճ անդրադարձումով ու լուսանկարով: Թէօլէօլեանի արժեւորումը բարձր է. «Հ. Եփրեմ Տ. Ղազարեանի քերթուածը սեթեւեթ չունի. զուսպ յուզումի եւ հաղորդական ապրումներու գծով մը կը զարգանան անոնք, մասնաւորաբար` Վարուժանի ձգողութեան ենթակայ: Կշռոյթ ունին եւ` յղկուած լեզու»:

Եւ սխալ ալ չէ այս գնահատականը: Կարդանք, օրինակ, իր «Սիրոյ փեթակ»ը.

Բերէ՛ք ինծի դառնութիւննե՛րը բոլոր,
Բերէ՛ք սրտիս փեթակին
Կ՛ուզեմ քամել խորիսխներ ու մեղրը լոյս,
Վէրքերու մէջ մթագին:

Ա՜հ, թող հալի ամբողջ փեթակը սրտիս,
Սիրոյ անմար բոցերով.
Ու թող ձուլուին մեղրամոմէն մնացորդ
Յոյսի մոմեր հոգեթով:

Միայն թէ զարմանալին ա՛յն եղաւ, որ այս օժտեալ վանական բանաստեղծը աւելի ուշ չշարունակեց իր քերթողական տպաւորիչ երթը, կամ եթէ շարունակեց իսկ, տուաւ շատ քիչ ու պատահական բխումով միայն: Բանաստեղծական նոր հատոր ալ չհրատարակեց այնուհետեւ: Ու հաւանաբար այս էր պատճառը, որ Թէօլէօլեանը իր պատկառելի երկհատորեակին Բ. վերանայեալ հրատարակութեան մէջ (Ամերիկա, 1977), խուսափեցաւ հ. Եփրեմը կրկին հիւրընկալելէ սփիւռքահայ գրողներու նոր դասաւորեալ իր ցուցակին մէջ…

1953-ին հ. Եփրեմ ընթերցողին սեղանին դրաւ նոր գիրք մը` «Դէպի աղբիւրը լոյսին»: Ասով բանաստեղծական կալուածէն ոստում մը կը կատարէր ան դէպի խոհափիլիսոփայական ածու` քննելու համար «տիեզերքի առեղծուածը»: Հատորը իմաստասիրական մտածումներու եւ խորհրդածութեանց մատեան մըն էր, որ կ՛ուզէր «ապացուցել Աստուծոյ գոյութիւնը, բանականութեան յագուրդ տուող փաստերով»: Դիւրամատչելի լեզուով ու ոճով հ. Եփրեմ նախ կը յիշեցնէր Աստուծոյ գոյութիւնը ժխտող տեսութիւններն ու սխալ վարդապետութիւնները, այնուհետեւ ալ, հակադրաբար, մի առ մի կը շարայարէր բոլոր այն ապացոյցները, որոնք կը հաստատեն Գերագոյն Էակին` Աստուծոյ գոյութիւնը: 230 էջանի այս հետաքրքրական գիրքը Բ. հրատարակութիւն մըն ալ ունեցաւ 1991-ին:

Վերինին օրկանական մէկ շարունակութիւնն էր «Ես եմ լոյս աշխարհի» հատորը, որ հրատարակուեցաւ 1988-ին: Հոս ալ սեւեռումի կ՛ենթարկուէր  Քրիստոս` «գիտութեան լոյսին դիմաց»: Այս վերջին զոյգ հատորներով հ. Եփրեմ մեր առջեւ կը կանգնէր որպէս արդիաշունչ աստուածաբան մը, որ կը սիրէ դեգերիլ բնութեան, գիտութեան, ինչպէս նաեւ մտքի բոլոր օրէնքներուն միջեւ:

 

Ինծի կը թուի սակայն, որ հ. Եփրեմի ամէնէն գործնապաշտ ու ժողովրդական աշխատասիրութիւնը իր ֆրանսերէնէ-հայերէն բառարանը եղաւ, զոր հրատարակեց Պէյրութի մէջ, 1957-ին, եւ որ վերատպուեցաւ 1983-ին ալ: Շատ գործնական բառարան մըն էր այս, մօտ 700 էջանի, օժտուած` դժուար կարդացուող ֆրանսերէն բառերուն դիմաց դրուած հայատառ ճշգրիտ հնչումներով, ինչ որ դիւրութիւն մըն էր ուսանողներու եւ սկսնակներու համար:

Բայց նուազ ժողովրդական չեղաւ նաեւ այն փառաւոր ու մեծղի դպրոցական «Յուշամատեան»-ը, զոր հ. Եփրեմ պատրաստեց ու հրատարակեց Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի յիսնամեակին առիթով, 1990-ին, որոշ յապաղումով մը: Լա՛ւ որ գրուեցաւ այդ յուշամատեանը այդ տարիներուն: Այլապէս, այսօր ո՞վ պիտի համարձակէր ձեռնարկել այդպիսի ծաւալուն գիրքի մը գրառումին…

Գիտենք, որ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանը հիմնուած էր 1936-ին, ու առաջին տեսուչն ալ եղած էր տրապիզոնցի հ. Վրթանէս Խանպէկեանը: Տասնամեակ մը անց սակայն, երբ հ. Եփրեմ պիտի գար միանալու ուսուցչական կազմին, ա՛լ պիտի դառնար դպրոցին ամէնէն սիրական ու տիրական դէմքը:

Կրթական մարզի իսկական նուիրեալ մըն էր ան: Ճիգ ու քրտինք չէր խնայած Մխիթարեանի նորշէնքին կառուցման ու վերաբացման կնճռոտ աշխատանքներուն մէջ եւս, 70-ական թուականներու կէսերուն, անմիջական գործակից ունենալով հ. Արիստակէս Մանուկեանը (այս մասին հաւաստի վկայութիւններ ունի հ. Աւետիք Թալաթինեանը «Գեղարդ» սուրիահայ տարեգիրքի Բ. հատորին մէջ, 1978): Կը սիրէր շրջապատուիլ աշակերտներով, հաճոյք կը զգար` դիտելով երեխաները, լսելով անոնց ճռուողիւնը:

Կարդացէ՛ք իր «Հայ դպրոցը» քերթուածը, ուր դիւրաւ պիտի շօշափէք ո՛չ միայն բանաստեղծական տաքուկ ու վարակիչ շունչ մը, լեզուական վեհութիւն մը, արուեստի ու մտածումի կայլակներ, այլեւ` հայկական վարժարանին ու անոր գիրկին մէջ աճող դեռատի սերունդներուն նկատմամբ խորունկ հաւատք մը.

Տեսէ՛ք, ո՜րքան հոն գարուններ դեռատի
Կը բերեն երգ ու բերկրանք,
Քարայատակ բակը յանկարծ կը ծաղկի
Ծիծաղներով վարդերանգ:

Տեսէ՛ք, ի՜նչպէս հոն արփիներ հրաչուի,
Կը յորդին կեանք,- եւ ահա,
Կ՛ալեկոծի գաւիթն յանկարծ ամայի
Քրքիջներով արծաթեայ:

Հոն, քով քովի` ինչպէս աստղերն երկինքի,
Կ՛ըմպեն գաղտնիքն արարչին,
Եւ իրենց վառ աչքերուն մէջ կը բացուի
Գոց վարագոյրն Անցեալին:

Հոն, սիրտ սրտի, կարծես վարդեր հրեղէն,
Զուարթ յոյսեր կը ծլին,
Օր մը պիտի անոնց ճակտի բոցերէն
Առկայծ ճրագներ արծարծին:

Հոն, ձեռք ձեռքի` ինչպէս շղթայ մը լերան
Կան Վարդաններ ծաղկատի,
Պիտի ցոլայ աչքերնուն մէջ յաղթական
Ժպիտը գոհ Մասիսի:

Յատակն անոր թող սալարկուի սաթերով,
Ծեփուին պատերն ոսկիէ,
Այնտեղ լոյսի ջերմ օրրանն է, ուր երգով
Ցեղի հոգին կ՛երազէ…

Թող յորդի հոն գգուանքն,- ինչպէս ոսկեգոյն
Մեղրը կ՛իջնէ փեթակէ,
Այնտեղ բոյնն է, ուր յոյսերով ակաղձուն
Սիրտը ցեղին կը տրոփէ…

 

Չեմ մոռնար, որ հ. Եփրեմ «Բազմավէպ»-ի խմբագիր ալ եղած է երկու տարի, 1965-67: Ս. Ղազարու հայագիտական պաշտօնաթերթին այս շրջանի թիւերուն մէջ աւելի յաճախ կարելի է հանդիպիլ հ. Եփրեմի ստորագրութեան` գրական այլատեսակ յօդուածներու ներքեւ:

*

Հ. Եփրեմ Տէր Ղազարեան վախճանեցաւ 6 դեկտեմբեր 1993-ին, Հալէպ, կարճատեւ անհանգստութենէ մը ետք:

Երիտասարդ լրագրող մըն էի ու յաջորդ առաւօտուն իսկ պարտք սեպեցի հեռաձայնել Փարիզ` «Յառաջ»-ի խմբագրապետ Արփիկ Միսաքեանին` հաղորդելու համար Մխիթարեան այս սիրուած վարդապետին մահուան գոյժը: «Յառաջ» 8 դեկտեմբեր 1993-ի իր թիւին Ա. էջին վրայ լոյս ընծայեց վարդապետին մահագրականը: Սփիւռքահայ մամուլի այլ անուններ բան մը գրեցի՞ն կեանքէն հեռացող գիրի այս սպասաւորին մասին. չեմ տեսած: թերեւս բացառութիւն մը եղաւ Հալէպի «Գանձասար»-ին մէջ լոյս ընծայուած այն սեղմ յօդուածը, որով տպարանատէր Յովհ. Պասմաճեանը քանի մը տողով կ՛ողբար կորուստը իր վաղեմի բարեկամին: Զարմանալիօրէն լուռ մնաց նաեւ վենետիկեան «Բազմավէպ»-ը, ու կարծէք մոռցաւ, որ բարունակ մը  եւս փրթած-ինկած էր Ս. Ղազարու հաստարմատ կաղնիէն վար…

Հայ կաթողիկէ Զուարթնոց եկեղեցւոյ մէջ կայացած բազմամարդ յուղարկաւորութիւնը, որուն ընթացքին շատ յուզիչ դամբանախօսութիւն մը  կատարեց երկար տարիներու իր ուխտակիցն ու լծակիցը` հ. Արիստակէս, ապացոյցն էր այն սիրոյն, զոր ժողովրդական շրջանակներու մէջ վայելած էր հ. Եփրեմ,  տասնամեակներու տեւողութեան:

Այսօր կարօտն ունինք նո՛ր հայր եփրեմներու…

Հալէպ

ՀՕՄ-ը ՄԱԿ-ի Մէջ Իր Գործունէութեան Նոր Համադրողներ Նշանակեց

$
0
0

Ձախէն աջ՝ Քրիստինա Մեհրանպոտ եւ Մարալ Թիւթիւնճեան

Վերջերս Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) նշանակեց Քրիստինա Մեհրանպոտը` իբրեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ տարուող ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն համադրող եւ Մարալ Թիւթիւնճեանը` իբրեւ օգնական համադրիչ:

Մեհրանպոտը եւ Թիւթիւնճեանը Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ պիտի ներկայացնեն ՀՕՄ-ը` զանազան ժողովներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի մէջ այլազան գործակալութիւններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ընթացիկ ծրագիրներու իրականացման աշխատանքներուն ընթացքին:

Միասնաբար, զոյգ համադրողները կը տիրապետեն հայերէնին, անգլերէնին, սպաներէնին, արաբերէնին, պարսկերէնին եւ թրքերէնին:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Վերժինի Թուլումեանը նկատել տուաւ, որ անոնց նշանակումը առաւել եւս կ՛ամրացնէ ՀՕՄ-ի նուիրումը` հանդէպ այն սկզբունքներուն, որոնք ՀՕՄ-ը կը բաժնէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հետ, աւելցնելով, որ  նոր համադրողները իրենց որակաւոր դաստիարակութեամբ ու փորձառութեամբ պիտի արժեւորեն ՀՕՄ-ի գործունեայ ներկայութիւնը համաշխարհային այդ կազմակերպութեան մէջ:

Մեհրանպոտը եւ Թիւթիւնճեանը պիտի ջանան ռազմավարական գործակցութիւններ զարգացնել ՀՕՄ-ի համար ՄԱԿ-ի մէջ` ամրացնելով ՀՕՄ-ի նուիրումը` հանդէպ տիեզերական արժէքներու, ինչպէս` մարդկային իրաւունքներու, կիներու եւ մանուկներու ընկերային, առողջական եւ դաստիարակչական ու տնտեսական կարիքներու գոհացման եւ պահպանման ու աշխարհի տարածքին ապահովումը, պայքարելով նոյն ատեն կենսոլորտին սպառնացող բոլո՛ր վտանգներուն դէմ:

Մեհրանպոտը պատիւ համարեց, որ առիթը կը տրուի իրեն` ՄԱԿ-ի մէջ ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն իբրեւ համադրող, աւելցնելով, որ ինք անհամբեր է` ծառայելու կազմակերպութեան մը, որ ամբողջական, աշխարհածիր նուիրումով կը ծառայէ Հայաստանին եւ հայութեան` իր մարդկային իրաւունքներու, ընկերային արդարութեան, սեռերու հաւասարութեան, տնտեսական ու մշակութային զարգացման ի խնդիր հաստատած ծրագիրներով ու հաստատութիւններով, եւ  ինք պատրաստ է ՀՕՄ-ը ներկայացնելու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ:

 

Viewing all 17620 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>