Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2017-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԼԷ. (37-րդ) հատորին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ ՄԱՀԱԵ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, կրթական ու մամլոյ մշակներու եւ բարեկամներու:
Մեծ բացական, ցաւօք սրտի, «Հանդէս»-ի նախորդ 26 տարիներու նուիրեալ պատասխանատու խմբագիր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանն էր, որ վախճանած էր օրեր առաջ: Հայր Անդրանիկ, որ 1978-ին միացած էր Հայկազեանի ընտանիքին` իբրեւ գրաբարի դասախօս, 1991-ին ստանձնած էր «Հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը եւ իր գործակիցներուն հետ կրցած էր ապահովել անոր անխափան հրատարակութիւնը: Իր խմբագրապետութեան օրերուն «Հանդէս»-ը ձեռք ձգած էր բովանդակային հարստութիւն եւ որակային խորք` դառնալով փնտռուած հրատարակութիւն հայագիտական շրջանակներու մէջ: Հ. Անդրանիկին վախճանումին առթիւ շնորհահանդէսի կազմակերպիչները պարտք սեպած էին ոգեկոչելու անոր յիշատակը` համալսարանին մէջ վարդապետին տարիներու գործունէութիւնը ցոլացնող լուսանկարներու ցուցադրութեամբ: Սեղաններու վրայ ներկայացուած էին նաեւ Անդրանիկին հեղինակած ու թարգմանած գիրքերը եւ խմբագրած «Մասիս» շաբաթաթերթէն նմուշներ:
Ապա «Հանդէս»-ի պատասխանատու քարտուղար դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան լուսանկարներով ներկայացուց հայր Կռանեանի Հայկազեան համալսարանին մէջ ունեցած գործունէութեան զանազան դրուագներ` շեշտը դնելով մանաւանդ 1990-2016 տարիներուն վրայ:
Շնորհահանդէսին բացման խօսքը կատարեց համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ դոկտ. Նանոր Գարակէօզեանը, որ ի պաշտօնէ անցեալ տարի միացած էր խմբագրական կազմին: Ան, ողջունելէ ետք ներկաները, կեդրոնացաւ Հանդէսին աշխատանքային իւրայատկութիւններուն վրայ` շեշտելով, որ` «Միացեալ ուժերով աշխատիլը, տարբեր մասնագիտութիւններէ հմտութիւններ քաղելը եւ բազմակողմանի մօտեցումներով խմբագրելը անհրաժեշտ ազդակներ են մանաւանդ հայագիտութեան բնագաւառին մէջ, ուր աշխատանքներն ու հետազօտութիւնները կ՛իրականան բազմաուսմունք (multidisciplinary) ճիգերով եւ միջմասնագիտական հաղորդակցութեամբ»: Ապա դոկտ. Գարակէօզեան հակիրճ կերպով ներկայացուց հատորը, որ կը բաղկանայ` 18 յօդուած-ուսումնասիրութիւններէ, 5 քննարկումներէ, 3 հրապարակումներէ, 7 հաղորդումներէ, 6 գրախօսականներէ եւ 16 մահագրականներէ`գրուած Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, 43 տարբեր աշխատակիցներու կողմէ:
Օրուան բանախօսն էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կցորդ, աստուածաբանութեան մասնագէտ, փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու դոկտ. Վլատիմիր Պօղոսեանը, որ ներկայացուց սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն մասին համապարփակ զեկուցում մը` նկատել տալով, որ հայագիտութիւնը համաշխարհայնացման դէմ պայքարի լաւագոյն զէնքերէն մին է, որ` «պէտք է զարգանայ ժամանակի պահանջներին համահունչ»: Պօղոսեան արագ ակնարկով ներկայացուց նախորդ դարերու հայագիտական կեդրոններու գործունէութիւնը` կարեւորելով յատկապէս Մխիթարեաններուն աշխատանքը: Իսկ Ի. դարուն` ան դրուատեց Հայաստանի ակադեմիային, Մատենադարանին, համալսարանին եւ այլ գիտական հաստատութիւններու հսկայական նպաստը` հայագիտութեան հզօր վերելքին: Պօղոսեան նշեց, թէ այսօր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը գործեն 107 հայագիտական կեդրոններ, ամպիոններ, բաժիններ, ծրագիրեր եւ դասընթացքներ: Ոմանց պարագային կը նկատուի նահանջի երեւոյթ մը (մասնագէտներու պակաս, տնտեսական տագնապ), ոմանք ալ կ՛արձանագրեն դրական տեղաշարժեր: Պօղոսեան կարեւոր նկատեց Հայկազեան համալսարանին դերը: Համալսարանի հայագիտական ամպիոնին դասաւանդութիւնները, Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին ծաւալած գործունէութիւնները եւ գործակցութիւնները, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի հրատարակութիւնը եւ աշխատակիցներու մեծ պարագիծը, ըստ բանախօսին, «մեծապէս նպաստում են հայագիտութեան եւ հայապահպանութեան զարգացմանը»: Պօղոսեան նշեց. «Հայագիտութիւնը որպէս գիտական համակարգ եւ պետական-ազգային քաղաքականութեան ու գաղափարախօսութեան ծրագրի էական բաղադրիչ` մեծ կարեւորութիւն է ստանում յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան պայմաններում»: Բանախօսը կարեւորեց, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի հայագիտական կեդրոնները, բոլոր ուղղութիւններով համաշխարհային գիտութեան հետ համընթաց քալելով, իրենց նուաճումները պէտք է ի սպաս դնեն հայոց պետականութեան ամրապնդումին ու անվտանգութեան ապահովումին, ինչպէս նաեւ` հայապահպանութեան եւ հայկական քաղաքակրթութեան տարածումին:
Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց հայր Անդրանիկին յիշատակը. ան նշեց, որ վարդապետին ներկայութիւնը ունէր ազնուացնող, զարգացնող, հայացնող, քաջալերող եւ աշխատանքի մղող ազդեցութիւն` բոլորին մէջ: Ապա նախագահը յայտնեց, որ Հայկազեանի առաքելութեան մաս կը կազմէ յատկապէս հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ոլորտը, քանի որ հայագիտութիւնը իսկապէս գիտութիւն է, իսկ գիտութիւնը` «Ընդհանրապէս հայու զարգացման նպաստող վարք է»: Ան յիշեցուց, որ` «Համալսարաններ եւ ժամանակակից քաղաքակրթութիւններ առանց ուսումնասիրութեանց եւ ուսումնասիրութեան կեդրոններու չեն կրնար իրենց օրերու համապատասխան մտածողութիւն կամ ուսումնական ծրագիր եւ գիտութիւն գոյացնել»: Այս պարունակին մէջ վերապատուելին կարեւորեց «Հանդէս»-ը յատկապէս իբրեւ հասցէն այն հայագէտներուն, որոնք արեւմտահայերէնով աշխատասիրութիւններ կը կատարեն: Հուսկ, նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց «Հանդէս»-ի խմբագրական կազմին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն:
Շնորհանդէսը աւարտեցաւ կարկանդակի հատումով:
Հարկ է նշել, որ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը արդէն ունի իր միջազգային արժեչափերու համապատասխանութեան շարաթիւը (ISSN):
————-
Խմբագրական
Հայագիտական Շտեմարան
Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, հայութիւնը աշխարհացրիւ վիճակ մը ունի, նոյնիսկ եթէ շուրջ 120 երկիրներու մէջ տարաբնոյթ կազմակերպուածութեամբ հայկական միաւորներ կամ խմբաւորումներ կը գործեն: Աշխարհասփռումի, համաշխարհայնացումի եւ այլ գործօններու պատճառով հայութիւնը աննախընթացօրէն ընդգրկուած է միջազգային տնտեսական, քաղաքական, մշակութային, ընկերային, գիտական, արուեստի, հաղորդակցութեանց, պետական եւ այլ բնագաւառներու մէջ:
Հետեւաբար, առաւել քան երբեք, այսօր անհրաժեշտ է, որ հայութեան ստեղծագործական եւ արտադրական բազմապիսի ցրուածութիւնը ենթարկուի համահաւաքումի, համակարգումի եւ ըստ այդմ` որակաւորումի:
Օրինակ մը տալու համար մատնանշենք, որ աշխարհի գէթ յիսնեակ մը երկիրներու մէջ հայերէն եւ հայկական գիրքեր կը տպուին, սակայն անոնք չունին ընդհանուր հաւաքավայր, ուր մարդիկ կարենան հանդիպիլ, փնտռել ու ձեռք բերել իրենց փափաքածը:
Աւելի որոշակիացնելով մեր խօսքը հայագիտութեան բնագաւառով` ակներեւ է, որ այսօր բազմաթիւ մասնագիտական գիրքեր կը հրատարակուին շատ մը վայրերու մէջ: Գիտահետազօտական կեդրոններ կը գումարեն պարբերական գիտաժողովներ ու կը հրատարակեն զեկոյցներու ժողովածուներ: Հայագիտական թէ այլ պարբերաթերթեր ուսումնասիրութիւններ եւ արխիւային մեծաքանակ նիւթ կը հրատարակեն: Հայագիտական զանազան թեմաներ վերակենդանացում եւ վերածնունդ կ՛ապրին: Բազմալեզու հայագիտութիւնը աճ կ՛արձանագրէ, ինչպէս եւ` հայագիտութեամբ զբաղող ոչ հայերու թիւը: Միջմասնագիտական հաղորդակցութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի բազմաբնոյթ է եւ հեշտ: Հայագիտութիւնը դարձած է բազմաուսմունք (multidisciplinary) բնագաւառ: Հայագիտական ուսումնասիրութիւններուն ոլորտը կը ծաւալի աւելի հորիզոնական, քան` ուղղահայեաց դրութեամբ:
Այս բոլորը, սակայն, հայագիտութեան շարք մը հին խնդիրներ ոչ թէ կը վերացնեն, այլ նոր հրատապութեամբ, նոր մարտահրաւէրներ կը բարդեն նախորդներուն վրայ: Օրինակ, դժուար է այսօր բաւարար ու համապարփակ տեղեկութիւն եւ գիտելիք ձեռք ձգել որոշակի նիւթի մը շուրջ ցարդ կատարուած հայագիտական հետազօտութեանց մասին: Ճիշդ է` կան պարբերականներու, հրատարակուած գիրքերու մատենագիտական ցանկեր եւ արխիւային ցուցակներ, սակայն անոնք շեշտակիօրէն տեղայնական, երբեմն նոյնիսկ առանձնակի (եւ անաւարտ) բնոյթ ունին, ուստի եւ շատ հեռու են համապարփակ եւ ամբողջական ըլլալէ: Մերօրեայ հետազօտողը միայն մասնակի եւ անբաւարար տեղեկութիւն կրնայ ունենալ, թէ ի՛նչ, ե՛րբ, ո՛ւր եւ որո՛ւ կողմէ գրուած է իր հետազօտելիք նիւթին մասին:
Այսօր, երբ արհեստագիտական եւ մեթոտաբանական նորարարութիւնները հնարաւորութիւն կու տան հայագիտութիւնը ծաղկեցնելու եւ նոր որակի ու հարթակի բարձրացնելու, որեւէ ժամանակէ աւելի վճռորոշ կը դառնայ հայագիտական շտեմարանի մը անհրաժեշտութիւնը, ուր արձանագրուին եւ խմբաւորուին հրատարակուած հայագիտական նիւթերը` գիրք, յօդուած, քննարկում, ուսումնասիրութիւն, հրապարակում, արխիւային նիւթ եւ այլն:
Հայագիտական շտեմարանի մը գոյացումին մանրամասնութիւններուն այստեղ անդրադառնալը եթէ նոյնիսկ երկրորդական է, սակայն անոր անյապաղ նախաձեռնումը սկզբունքային է` Հայաստանի թէ սփիւռքի գիտամշակութային, կրթական ներուժին գործօն մասնակցութեամբ եւ համահայկական հովանաւորութեամբ:
ԺԸ. դարուն հայագիտութիւնը կարեւոր դեր ունեցաւ հայկական ինքնութեան եւ ինքնաճանաչումին մշակումին ու ազգային նկարագրի վերակերտումին մէջ: Այդ զարգացումները եւ անոնցմով յառաջացած հայկական զարթօնքը կը պարտինք առաւելաբար Մխիթարեաններուն, որոնք, ի շարս այլ երախտաշատ աշխատանքներու, համադրելով մէկտեղեցին եւ ուսումնասիրեցին հայագիտական հումքը: Իսկ Ի. դարու երկրորդ կիսուն, մանաւանդ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան եւ Մատենադարանը, հայագիտական նիւթի խորացումով եւ համակարգումով, նոր վերելք հաղորդեցին հայագիտութեան, որ յիրաւի դարձաւ ազգային-հասարակական կեանքին ներազդող, զայն ուղղորդող հզօր գործօն:
Այսօր, հայագիտութիւնը կոչուած է նոր թափով, դարձեալ խթանել հոգեւոր-մշակութային վերազարթնումը, իր ծանրակշիռ նպաստը բերել համազգային հոգեբանութեան մշակումին, ազգային միասնութեան ամրապնդումին եւ պետականակիր ազգի յանձնառութեան ստանձնումին: Քանի որ հայագիտական նիւթի համատեղումն ու համակարգումը եղան առարկայական գլխաւոր մղումները հայագիտութեան նոր ուժականութեամբ եւ ուժգնութեամբ վերատարածումին, ապա, անտարակոյս, հայագիտական կայքէջային շտեմարանին ընդմէջէն հայագիտական ժառանգին մէկտեղումը նմանատիպ եւ յաւելեալ թափ ու վերելք պիտի հաղորդէ մերօրեայ հայագիտութեան:
Հայագիտական շտեմարանի մը գոյացումին, յաջող օգտագործումին, ճոխացումին եւ յարատեւումին համար բոլորս բերենք մեր մասնակցութիւնը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԽՄԲԱԳԻՐ
Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
Արտա Էքմեքճի (ի պաշտօնէ), Նանոր Գարակէօզեան (ի պաշտօնէ),
Արշալոյս Թոփալեան, Արմէն Իւրնէշլեան,
Անդրանիկ Տագէսեան (պատ. քարտուղար)
ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒ ՄԱՐՄԻՆ
Սիլվիա Աճեմեան, Ժիրայր Դանիէլեան,
Երուանդ, Երկանեան, Հրանուշ Խառատեան,
Մուրատ, Հասրաթեան, Հրաչ Չիլինկիրեան,
Մկրտիչ, Պուլտուքեան, Սեդա Տատոյեան, Սուզըն Փեթի
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՀՀ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ`
Արծուի Բախչինեան
Բովանդակութիւն
Խմբագրական Հայագիտութեան շտեմարան
Յօդուած-Ուսումնասիրութիւններ
- Հրանուշ Յակոբեան Հայ ինքնութեան հիմնահարցեր
- Վաչագան Աւագեան Ջուրը հայոց հաւատալիքներում եւ կենցաղավարող ծէսերում
- Գայիանէ Գէորգեան Հայերէնի բարբառների եղանակաժամանակային կառուցատիպերի պատմական զարգացումը
- Հենրիկ Բախչինեան Ֆրիկի «Գանգատ»-ը
- Աշոտ Մանուչարեան Աստուածամարտական երեւոյթ հայոց մէջ ԺԳ. դարում
- Զաւէն Կնեազեան Միջնադարեան Հայաստանի «Դուինի ջութակ» նուագարանի մասին
- Կարինէ Քոստիկեան Հայոց վանքերի ու բնակավայրերի անուանումներ պարսկերէն վաւերագրերում
- Արման Մալոյեան Հայերի դերը Օսմանեան կայսրութեան առեւտրական կեանքում եւ պոլսահայ գաղթօճախի թուաքանակը (1780-1820-ականներ)
- Արմէն Հայրապետեան ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան Ալեքսանդրապոլի «Արագած» մասնաճիւղի 1895-1904 շրջանի գործունէութիւնից
- Գեղամ Յովհաննիսեան Հնչակեանների գործունէութիւնը 1917-ի Ռուսական յեղափոխութիւնների շրջանում (1917 փետրուար-1918 մայիս)
- Գայեանէ Մախմուրեան Նախիջեւանն` ըստ Մ. Նահանգների պետքարտուղարութեան եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի փաստաթղթերի (1918-1920)
- Տ. Ներսէս քհնյ. Ասրեան Արցախի փակուած թեմի պատմութիւնից (1933-1988)
- Զաւէն Մսըրլեան Համօ Օհանջանեանի նամակները զօր. Քէյսիի եւ Դրոյի (Բ. Համաշխարհային պատերազմի շրջան)
- Կարինէ Ռաֆայէլեան Հայոց ցեղասպանութեան եւ վերապրումի թեման Դերենիկ Դեմիրճեանի ստեղծագործութիւններում
- Վաչագան Գրիգորեան Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածները» եւ եւրոպական թատրերգութիւնը
- Անուշ Ասլիբէկեան Փաստը որպէս դրամատիկական հիմք Ուիլիըմ Սարոյեանի հայկական եռագրութիւն թատերախաղերում
- Գրիգոր Արշակեան Թուրք-հայկական յարաբերութիւնները Թուրքիայի տարածաշրջանային քաղաքականութեան ենթախորքում (մինչեւ 2008 օգոստոսի ռուս-վրացական «հնգօրեայ պատերազմ»-ը)
- Արմենակ Եղիայեան Բազմաձեւ գրուող բառեր (Ա. – Ծ.)
Քննարկումներ
- Փառանձեմ Մէյթիխանեան Սուրբ Գրքի հայերէն թարգմանութեան խնդիրը եւ Մաշտոցի դերը այդ գործում
- Դաւիթ Գասպարեան Հայկական վերածնունդ (ժամանակը եւ առանձնայատկութիւնները)
- Վեներա Մակարեան Կիլիկիոյ Ազարիա Կարկառեցու հակաթոռութեան թուականը (ԺԷ.-ԺԸ. դդ.) (Ըստ Հալէպի Շարիա դատարանի արաբերէն արձանագրութեան
- Կարինէ Ալեքսանեան Ժխտողականութեան դրսեւորումներն Ալեքսանդրապոլի գաւառում 1918-1921` թուրքական ռազմակալումների շրջանում
- Մարինէ Մուշեղեան Հարիւրամեայ շփոթ. Կոմիտասի քիւրտ երաժշտութեան թէզը
Հրապարակումներ
- Հայկ Աւագեան Արշակ Չօպանեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի նամակները Արփիար Արփիարեանին
- Միհրան Մինասեան Անտիպ փաստաթուղթեր Կիլիկեան կոտորածներու օրերուն Քիլիսի հայութեան իրավիճակին մասին
- Վարդան Մատթէոսեան Համաստեղին ուղղուած նորայայտ նամակներ
Հաղորդումներ
- Արսէն Յարութիւնեան Ս. Պանդալէոնի (Պանտաղիոն) անուան յիշատակմամբ նորայայտ վիմագիր Տաթեւի վանքից (895թ.)
- Նորայր Պօղոսեան Գրիգոր շղթայակիր պատրիարքի հետ կապուած հրաշքը
- Անի Աւետիսեան Պուրսա նահանգում կազմակերպուած ցուցահանդէսները եւ հայերի մասնակցութիւնը
- Արեւիկ Մելիքեան Վանայ Իշխանի (Նիկոլ Միքայէլեան) անձնական արխիւը
- Պետրոս Թորոսեան Տարբեր մեկնաբանութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան դրդապատճառներու
- Սուսաննա Խաչատրեան Թիֆլիս
- Անդրանիկ Տագէսեան Յաւելումներ` լիբանանահայ գիրքը. մատենագիտական ցանկ 1894-2012 հատորին
Գրախօսականներ
- Աշոտ Գրիգորեան Եղիկ Ճերէճեան, Մեծն Մուրատ (Համբարձում Պոյաճեան)
- Արշակ Պօղոսեան Նորայր Պօղոսեան, Հայ բառարանագրութեան պատմութեան դրուագներ (Պրակ Ա.)
- Զօհրապ Գէորգեան Վլադիմիր Բարխուդարեան, Ուրուագիծ միջնադարեան, Հայկական մշակոյթի պատմութեան X-XIV դդ.
- Եւա Զաքարեան Նուարդ Վարդանեան, Ալվարդ Սեմիրջեան-Բեքմէզեան, Նարինէ Վարդանեան, Հայ ժողովրդական եւ գրական հեքիաթի արդի հիմնախնդիրները
- Վանօ Եղիազարեան Հենրիկ Բախչինեան, Գրիգոր Նարեկացու գանձարանը. վերծանութիւն եւ քննութիւն
- Արծուի Բախչինեան С.A. Магарян, Варианы-викинги на Кавказе (Վարեագ-Վիկինգները Կովկասում (ԺԱ. դար)]
Մահագրականներ
Մհեր Կարապետեան (1939-2013), Մարգարիտա Եախոնտովա (1935-2014), Վլադիմիր Ղազախէցեան (1926-2015), Բաբկէն Յարութիւնեան (1925-2015),
Յակոբ Խաչիկեան (1931-2015), Հրաչիկ Սիմոնեան (1928-2016), Պետրոս Յովհաննիսեան (1944-2016),
Ջոն Գրեպին (1937-2016), Մարտիրոս Մինասեան (1926-2016), Անժէլ Քիւրքճեան (1927-2016), Աննա Բարսամեան (1915-2016), Լեւոն Եզեկեան (1941-2016), Հրաչեայ Թամրազեան (1953-2016), Յակոբ Օրմանճեան (1935-2016), Գաբրիէլլա Ուլոհոճեան (1934-2016), Բարսեղ Թուղլաճեան (1933-2016)
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի
ԺԶ. հատորի շնորհահանդէսները Գիւմրիի եւ Պէյրութի մէջ
Աշխատակիցներու Ուշադրութեան